Շաբաթ՝ 26 Յունուարին, իր աչքերը փակեց յունահայ գաղութի հաւատաւոր սպասարկուներէն ընկ. Օննիկ Շանկայեան։
Հանգուցեալը ծնած էր 1937ին, Գոքինիոյ մէջ, եւ փոքր տարիքէն իր ամբողջ կեանքը կապած էր գաղութի ազգային, կուսակցական եւ միութենական գործունէութեան հետ՝ դառնալով անդամ վարչութիւններու եւ կառոյցներու, ծառայասիրութեան խոր գիտակցութեամբ։ Կանուխէն մտած էր Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքերը եւ մինչեւ իր վերջին շունչը մասնակցած էր կուսակցական աշխատանքներուն։ Ծառայասիրութեան նոյն ոգին փոխանցած էր իր անմիջական ընտանիքի անդամներուն եւ հարազատներուն։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ պարգեւատրուած էր «Արժանեաց» շքանշանով, առ ի գնահատանք միութեան մէջ իր երկարամեայ ծառայութեան։
Թաղման տխուր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի՝ 29 Յունուար 2019ին, Գոքինիոյ «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ թեմակալ առաջնորդ Սրբազան Հօր։ Վերջին հրաժեշտին համար ներկայ էին գաղութի ազգային, կուսակցական եւ միութենական բոլոր գործօնները եւ շատ մեծ թիւով ազգայիններ ու ընտանեկան բարեկամներ։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը վեր առաւ հանգուցեալի արժանիքները իր ծառայութեան բոլոր բնագաւառներէն ներս։ Գաղափարի ընկերներուն կողմէ դամբանական խօսեցաւ ընկ. Քերոբ Էքիզեան, իսկ Հ.Մ.Ը.Մ.ի անունով՝ եղբ. Յակոբ Եդիմեան։
Ապա, հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Սխիսթոյի գերեզմանատունը, ուր գաղափարի ընկերներուն կողմէ երգուած «Վերքերով լի» երգով հողին յանձնուեցաւ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք ընկ. Քերոբ Էքիզեանի կողմէ արտասանուած դամբանականը, հանգուցեալի գաղափարի ընկերներու անունով։
Ընկ. Օննիկ Շանկայեանի յիշատակին
Ձմրան այս օրերուն ահա՛ կը խօսինք տերեւաթափի մասին՝ նայելով մեր գաղութի ծառին։ Միայն թէ ձմեռը շատոնց հասած է եւ արդէն տերեւներ չկան ծառին վրայ։ Բնութեան համար այս երեւոյթը բնական է, բայց մեր ազգային ու հասարակական կեանքին համար՝ ո՛չ։
Օննիկին տերեւն ալ ինկաւ, այլեւս։ Կը յուսայինք թէ անիկա տակաւին կը յամենայ մնալ հետզհետէ պարպուող ծառին վրայ, բայց այդ ալ գնաց։ Մենք ալ ապշահար կը դիտենք ծառի մերկ ճիւղերուն եւ կը հարցնենք մենք ըզմեզ.- «Արդեօ՞ք պիտի ծաղկի կրկին»։
Օննիկ Շանկայեան,
Յատկանշական անուն մը։ Պարզ, համեստ, ընկերային եւ սրտբաց անձնաւորութեան մը անունը, որուն համար մեծն ու փոքրիկը նոյն արժէքը ունէին, չկար խտրութիւն իր մէջ, չկար ոխ ու նախանձ, չկար մարդկային տկարութեան որեւէ մէկ նշոյլ։ Ան համակ սէր էր մարդուն հանդէպ, հայրենակիցին հանդէպ, իր սիրելի եւ ծառայասէր ընտանիքին հանդէպ, մանաւանդ՝ գաղութին հանդէպ։
Եթէ լեզու ունենար իր անշնչացած մարմինը, հիմա պիտի գանգատէր, թէ շռայլ խօսքեր կը թափին իրեն համար, մինչ ինք եղաւ ժուժկալ, ո՛չ միայն կենցաղով, այլեւ իր կեցուածքով եւ իր ծառայութեամբ գաղութէն ներս, որուն բազմաչարչար տարիները ապրեցաւ իր ողջ կեանքի ընթացքին։ Ժուժկալութիւն, նաեւ խօսքի շռայլութեան հանդէպ զսպուածութիւն, զոր պահանջեց բոլորէն, սկսեալ իր ընտանիքէն մինչեւ մեր հայրենակիցները, մանաւա՛նդ, երբ ազգային կեանքին մէջ դեր ու գործ ընելիք ունիս։
Օննիկի բնածին այս յատկութիւնները աւելի շեշտաւորուեցան, որովհետեւ ինք պատկանեցաւ սերունդի մը, որ այսպէ՜ս սորվեցաւ ապրիլ ու գործել։ Ամէն բանէ առաջ ու ամէն բանէ վեր՝ ծառայութիւն, առանց վարձատրութեան։ Առանց շռայլ խօսքի ու պերճ գովասանքներու։ Ինք մեծցաւ Օննիկ Զաքարեանի խստաբարոյ շունչին տակ, Եղիա Արշակունիի մեղմաբարոյ, բայց հաւատաւոր դաշնակցականի օրինակով, ինք սրտամօտիկ եղաւ Մինասեանին, Եզեկիէլեանին, Մովսէսեանին ու Սարաճեանին, որոնց հետ ճամբայ կտրեց ծառայութեան օրինակի ըմբռնումով, տակաւին քանի-քանի՜ դաշնակցական մեծութիւններ տեսաւ իր երիտասարդ կեանքի ընթացքին, որքա՜ն թրծուեցաւ անոնց օրինակով, որքա՜ն ուզեց անոնց նմանիլ, ու յաջողեցա՛ւ։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան բովանդակ էութիւնը, իր ազգային եւ ծառայական առաջադրանքներով, միս ու ջիղ դարձան Օննիկին համար, իր պատանի օրերէն մինչեւ իր վերջին շունչը։
Նայեցէ՛ք «Զաւարեան»ի բոլոր նկարներուն մէջ։ Անպակաս է Օննիկը։ Հոս ընկերներու հաւաքական պատկերներ, հոն սկաուտական եւ մարզական հաւաքներ, ժողովներ, ձեռնարկներ, թատերական եւ երգչախմբային ելոյթներ, արտասանութիւն, ամէն տեղ է Օննիկը, կարճ տաբատով պատանիի մը խանդավառութեամբ, մինչեւ հասուն երիտասարդի եւ կազմաւորուած մարդու ամբողջական կերպարով։
Այո՛, Օննիկը «Զաւարեան»ի մուկերէն էր։ Ամէն տեղ էր, ակումբի ամէն անկիւնը, ամէն մէկ աթոռին վրայ նստած, շէնքի կենարար շունչը իր մէջ կ՚ամբարէր։ Շունչ մը, որ փոխանցեց նոր սերունդին, ծառայութեան եւ անձնուիրութեան չափանիշը դնելով բարձր դիրքերու վրայ։
Ի՞նչ նշել Օննիկի ծառայութեան արժանիքներէն։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի գայլիկ, սկաուտ, փնտռուած մարզիկ ու վարչական, Հ.Յ.Դ. Երիտասարդաց «Համազասպ» խումբի անդամ, «Համազգային»ի երգչախումբի անդամ, թատերական ներկայացումներու երեւելի դերակատար, բանաստեղծութիւններու ճարտար արտասանող, կուսակցական պատասխանատու ընկեր, յունահայոց Թեմական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան անդամ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան անդամ, Հ.Կ.Խաչի գործունէութեան ջատագով, Ազգային Ծերանոցի խնամակալ, «Զաւարեան» Կեդրոնի շինութեան ժրաջան անդամ։ Գաղութային բոլոր ձեռնարկներուն ներկայ, միշտ՝ յարգանքով եւ պատկառանքով։ Ամէն տեղ էր եւ ամէն ինչ եղաւ Օննիկը։
Երկու մեծ սէրերով իր սիրտը կը տրոփէր.- «Ազատ Օր» օրաթերթը եւ «Զաւարեան» կեդրոնը։
Անյագ ընթերցողը՝ մեր թերթին, մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը, ուշի-ուշով հետեւող անոր մէջ լոյս տեսած բոլոր յօդուածներուն, բայց մանաւանդ՝ անոր անհամբեր սպասողը ամէն օր, որպէսզի բռնէ, շօշափէ ու կարդայ, կարծիք յայտնէ, բանաձեւ ունենայ։ Վա՛յ եկեր էր, եթէ օր մը թերթը ուշանար կամ չի հասներ։ Անհանգստութիւն մը կը տիրէր իր մէջ, անկուշտ սիրահարի մը նման կը փնտռէր զայն, կը շտապէր իր ձեռքին մէջ առնել, կարդալ, յագենալ։
Առանց երկրորդ խօսքի՝ մտաւ ու փարեցաւ «Զաւարեան»ի շինութեան գործին։ Եւ գլուխ հանեց այդ գործը՝ իր արժանի գործընկերներուն հետ։ Սկսաւ՝ անհամբեր, վերջացուց՝ հպարտութեամբ։
Նոյն հոգեկան հպարտութեան եւ բաւարարութեան շունչով կը մտնէր նոր շէնքէն ներս, կը զգայիր իր գոհունակութիւնը, իր մէջ կայծ մը կար վառուած, յար ու նման մեր ակումբներու լոյսերուն, որոնք ի գին ամէն զոհողութեան պէտք է վառուած մնան, պէտք չէ՛ մարին, իրաւունք չունի՛նք մարելու։
Ա՛յս էր Օննիկը։
Գիտցաւ տալ, ո՛չ միայն հոգուով ու սրտով, այլեւ՝ իր կեանքի վաստակով եւս։ Որեւէ հանգանակութեան կամ նուիրատուութեան դիմաց բացակայ չեղաւ։ Գիտէր տալ առատօրէն, բայց նաեւ գիտէր ուրիշին ալ փոխանցել նուիրելու ոգին։ Լաւապէս ըմբռնած էր բարոյական եւ նիւթական ծառայութեան անհերքելի գաղտնիքը, որ գրեթէ 100 տարիէ ի վեր մեր գաղութը կանգուն կը պահէ։ Գովասանքի մարդ չէր, սակայն Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արժանեաց» շքանշանը իր կուրծքին վրայ՝ եկաւ թարգմանը ըլլալու իր գաղութային համակ ծառայութեան։
Ընկեր Օննիկ, սկիզբի հարցումը քեզ կ՚ուղղեմ.- «Արդեօ՞ք մեր ծառի մերկ ճիւղերը պիտի ծաղկին կրկին»։
Լաւատես պատասխանդ կը լսենք արդէն։ «Ծառայեցէ՛ք, գործեցէ՛ք, տուէ՛ք, վարձատրութիւն մի՛ փնտռէք. ա՛յս էր իմ դաստիարակներուս պատգամը, նո՛յնը կը յանձնեմ նաեւ ձեզ, որպէս ապագայի ժառանգութիւն։ Հաւատացէ՛ք անոր, յուսախաբ չէ՛ք ըլլար»։
Երթաս բարո՜վ՝ սիրելի ընկեր Օննիկ, մեր ժողովները բան մը պակաս պիտի ունենան առանց քու ներկայութեանդ։ Գաղափարի ընկերներդ հոս են, շուրջդ, քեզ բարի ճանապարհ ըսելու համար։ Հանգիստ մեկնի՛ր. անոնք պիտի շարունակեն «վեհ, սուրբ գործը», դո՛ւն մեզ սորվեցուցիր թէ «նպատակը տկարութիւն չի ճանչնար»։
Յունաստանի Հ.Յ.Դաշնակցութեան կառոյցին, «Ազատ Օր»ին, Հ. Կ. Խաչին եւ «Համազգային»ին կողմէ ցաւակցութիւններ՝ իր կողակցին՝ ընկերուհի Լուսիին, իր զաւակներուն եւ թոռներուն, ամբողջ ընտանիքին։
Հանգի՜ստ՝ իր տառապած մարմնին։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Եդիմեանի կողմէ արտասանուած դամբանական խօսքը՝ Օննիկ Շանկայեանի թաղման արարողութեան ընթացքին.-
Այս պահը ծանր պահ մըն է ամբողջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքին եւ ինծի համար:
Մեզմէ յաւիտեանս կը բաժնուի վեթերան եւ վաստակաւոր եղբայրներէն եղբայր Օննիկ Շանկայեան:
Եղբայր Օննիկը փոքր տարիքէն մասնակցեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական շարքերուն, ապա՝ շարունակեց իր ծառայութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.ի վոլլէյ պոլի խումբին մէջ: Ան եղաւ մեր առաջին մարզիկներէն, որ մասնակցեցան 1956ին, յունական վոլլէյ պոլի ֆետերասիոնին կազմակերպած յատուկ մրցաշարքին: Տարիներ անցան եւ իր մարզական ծառայութիւններէն ետք, յաջորդաբար մաս կազմեց բազմիցս Գոքինիոյ վարչութեան, եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան:
Այսպէ՛ս, պատահական չէր, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը զինք պարգեւատրեց իր բարձրագոյն «Արժանեաց» շքանշանով:
Իր գործունէութիւնը չբաւարարուեցաւ միայն Հ.Մ.Ը.Մ.ով, այլ գաղութին բոլոր միութիւնները վայելեցին անոր աշխոյժ ծառայութիւնը:
Եղբայր Օննիկի գործունէութիւնը եւ ծառայութիւնը չէին միայն, որ զայն շատ սիրելի եւ յարգելի եղբօր մը դիրքին հասցուցին, այլ՝ հետը գործակցիլը, նոյնիսկ ամենադժուար հարցերու շուրջ հաճելի դէպք կը դառնար:
Ան իւրայատուկ յատկութիւն մը ունէր, զոր շատեր չէին հասկնար, սակայն կը զգային գործակցութեան ժամանակ: Ուժ կը ներշնչէր մեր բոլորին: Այս մէկը անձամբ նշմարեցի, երբ իր օգնութիւնը ուզեցինք համաձայնութիւն մը կնքելու համար…: Ամէն անգամ, որ դժուարութեան մը առջեւ գտնուէինք, նայուածքս իրեն կը դարձնէի եւ իր ազնիւ ժպիտով ան կը քաջալերէր՝ այո՛ յառաջացէք…
Այս ազնիւ ժպիտով տրուած հաւանութիւնը, լաւ գիտէինք, թէ՝ որեւէ դժուարութեան առջեւ ալ գտնուէինք, եղբայր Օննիկը մեզի թիկունք պիտի կանգնէր:
Ահա՛ իր մեծ ուժը, որ մեզ կը ներշնչէր: Գործել՝ առանց թմբկահարումներու. առանց յայտնի ընելու բարոյական, նիւթական եւ կամ անձնական գործունէութիւնը, ծառայութիւնը: Առաւելութիւն մը՝ որ վերջին տարիներուն դժբախտաբար, հազուագիւտ կը դառնայ:
Մեր շատ սիրելի եղբայր Օննիկ,
Այսօր, այս դժուար պահուն, կ՚ուզեմ հաւաստիացնել քեզ, ընտանիքիդ պարագաներուն եւ հարազատներուն, թէ՝
Տարիներու ընթացքին քու գործունէութեան, ծառայութեան եւ պարտաճանաչութեան փայլուն օրինակը անթառամ պիտի մնայ մեր միտքերուն եւ սրտերուն մէջ: Ուղղեցոյց պիտի դառնայ մեր եկող սերունդներուն. այս ձեւով դուն ալ մեզմէ միմիայն մարմնով հեռացած պիտի ըլլաս…
Աստուած հոգիդ լուսաւորէ…