Վեր­ջերս, Ատ­տի­կէի մարզ­պետ Եոր­ղոս ­Փա­թու­լիս հրա­պա­րա­կած է ո­րո­շում մը, ո­րու հա­մա­ձայն ընկ. ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան նշա­նա­կո­ւած է մարզ­պե­տի յա­տուկ խորհր­դա­կան։ Ինչ­պէս նշո­ւած է ո­րո­շու­մին մէջ, նշա­նա­կու­մը տե­ղի ու­նե­ցած է տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան ծրագ­րու­մի շրջա­գի­ծէն ներս։ ­Կը շեշ­տո­ւի, թէ ստանձ­նե­լիք պաշ­տօ­նը չի նա­խա­տե­սեր ո­րե­ւէ նիւ­թա­կան վար­ձատ­րու­թիւն, այլ յե­նո­ւած է կա­մա­ւոր ծա­ռա­յու­թեան վրայ։
Ընկ. ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան պա­տա­նի տա­րի­քէն մաս­նակ­ցած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ին եւ Ե­րիտ. ­Միու­թեան, ա­պա ան­ցած է Հ.Յ.Դ. շար­քե­րը։ ­Յատ­կա­պէս, իր ծա­ռա­յու­թիւ­նը ծա­ւա­լած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաու­տու­թեան եւ վար­չա­կան բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս։ Ե­ղած է սկաուտ ընդհ. պետ, ինչ­պէս նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջ. վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ։ Ս­տանձ­նած է կու­սակ­ցա­կան պաշ­տօն­ներ, այ­նու­հե­տեւ գոր­ծած է ­Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին վար­չու­թեան տար­բեր կազ­մե­րէն ներս, հաս­նե­լով մին­չեւ ա­տե­նա­պե­տի պաշ­տօ­նը։
Ատ­տի­կէի մարզ­պե­տի ո­րո­շու­մը նաեւ նկա­տի ա­ռած է ընկ. Պ. ­Չո­լա­քեա­նի բազ­մա­մեայ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը հա­ւա­քա­կան մի­ջա­վայ­րին մէջ եւ ձեռք բե­րած փոր­ձա­ռու­թիւ­նը յու­նա­հայ կեան­քէն ներս։