Այսօր ա­ռա­ւօ­տուն, Ե­րե­ւա­նէն հա­սան ծանր լու­րե­րը ընկ. ­­Շա­ղիկ ­­Մա­րու­խեա­նի ա­նակն­կալ մա­հո­ւան մա­սին։ Ըն­կե­րու­հին դուստր էր Հ.Յ.Դ. հա­ւա­տա­ւոր ղե­կա­վար Հ­րայր ­­Մա­րու­խեա­նի։ ­­Բա­ւա­կան տա­րի­ներ ան աշ­խա­տե­ցաւ Ա­զատ Օ­րի խմբագ­րու­թեան կազ­մին մէջ որ­պէս օգ­նա­կան խմբա­գիր։ ­­Վերջ­նա­կա­նա­պէս ­­Հա­յաս­տան հաս­տա­տո­ւած ըլ­լա­լով, ան պա­տաս­խա­նա­տու պաշ­տօն­ներ ստանձ­նեց Հ.Յ.Դ. կազ­մա­կեր­պա­կան կա­ռոյ­ցէն ներս, ըլ­լա­լով Հ.Յ.Դ. ­­Գե­րա­գոյն մար­մի­նի ան­դամ եւ «Հ­րայր ­­Մա­րու­խեան» հիմ­նար­կու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու, «Եր­կիր» օ­րա­թեր­թի խմբա­գիր եւ վերջին շրջանի Հ.Օ.Մ.ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի:

­­Մեր խո­րին ցա­ւակ­ցու­թիւն­նե­րը կը յայտ­նենք հան­գու­ցեալ ընկ. ­­Շա­ղիկ ­­Մա­րու­խեա­նի ըն­տա­նի­քին եւ հա­րա­զատ­նե­րուն։