Հանդիպում Յունաստանի մօտ Հ.Հ. դեսպանին հետ
Աշխատանքային քառօրեայ այցելութեամբ Աթէնք ժամանած Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Հինգշաբթի 5 Մարտ 2020ի առաւօտուն, հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի մօտ Հ.Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պրն. Ֆադէյ Չարչօղլեանի հետ, Աթէնքի մէջ Հ.Հ. դեսպանութեան շէնքէն ներս։
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչին կ՚ընկերակցէին Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Սերգօ Գույումճեան եւ անդամ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան։
Ողջունելէ ետք Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչի այցելութիւնը, Հ.Հ. դեսպանի հետ հանդիպումին ընթացքին, քննարկուեցան յունահայ գաղութի իրավիճակին, Հայաստան-Յունաստան յարաբերութիւններու լայն շրջագիծին, Արցախի հիմնահարցին, Հայ դատի աշխատանքներուն վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս եռակողմ համաձայնագիրէն թելադրուած աշխատանքներու նիւթեր։ Զրուցակիցները անդրադարձան Յունաստանի սահմաններուն վրայ ստեղծուած բարդ իրավիճակին եւ Թուրքիոյ բացասական դերակատարութեան ու կանխատեսելի զարգացումներուն։
Հանդիպումը անցաւ գործնական մթնոլորտի մէջ, շինիչ գաղափարներու փոխանակումով։
Այցելութիւն Ազգային Առաջնորդարան
Աշխատանքային քառօրեայ բազմազբաղ ծրագրով Աթէնք այցելող Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, յառաջիկայ օրերուն ընթացքին, Աթէնքի ու Թեսաղոնիկէի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ յունահայ համայնքի կառոյցներու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ յոյն քաղաքական անձնաւորութիւններու հետ։
Հինգշաբթի 5 Մարտի կէսօրուան ժամերուն, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչը, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի
անդամներու ընկերակցութեամբ, այցելութիւն մը տուաւ յունահայոց Ազգային Առաջնորդարան, ուր հանդիպում ունեցաւ թեմակալ առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանի եւ Ազգային վարչութեան
ատենապետ Պօղոս Չոլաքեանի, ատենադպիր Թագւոր Յովակիմեանի եւ անդամներ Նազար Աւագեանի եւ Ստեփան Փափազեանի հետ։
Սրբազան Հօր եւ Ազգային վարչութեան
կողմէ. սիրալիր ընդունելութեան ժամանակ, խօսակցութիւն ծաւալեցաւ յունահայ գաղութի իրավիճակին, ազգային, հոգեւոր ու կրթական կեանքին շուրջ։ Զրոյցը ընդգրկեց Սփիւռքի հայ գաղութներուն մէջ դիմագրաւուած հարցերու լայն շրջագիծը, ապագայի մարտահրաւէրներուն հանդէպ զգօն գտնուելու եւ համախումբ աշխատելու յստակ նպատակներով։
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչը գնահատեց յունահայ գաղութէն ներս մեծ թափով ու մղումով տարուող բոլոր աշխատանքները, կարեւորելով բոլորի ներդրումը այս ուղղութեամբ։