Քանի մը օրէ ի վեր Աթէնք կը գտնուի Հայաստանի Մանկավարժական համալսարանի համաշխարհային պատմութեան ամպիոնի տնօրէն փրոֆ. Խաչատուր Ստեփանեան, որ իր գիտահետազօտական աշխատանքներու ծիրէն ներս պիտի ուսումնասիրէ յունահայ գաղութի պատմութեան հետ առնչուող նիւթեր, ինչպէս նաեւ դասախօսութիւն մը պիտի տայ Յունաստանի պետական համալսարանին մէջ։
Նախատեսուած էր, որ ընկ. Խաչատուր Ստեփանեան պիտի ներկայացնէր պատմական բնոյթի երկու շահեկան դասախօսութիններ, որոնք կապ ունին 1918-1920 տարիներու Հայաստանի Հանրապետութեան պատմութեան հետ։
Առաջին դասախօսութիւնը նիւթ ունենալով «Թուրքիա եւ Անդրկովկասը 1918-ին» պիտի ներկայացուէր այսօր, սակայն համալսարանները փակ պահելու՝ վերջին պահուն առնուած որոշումին պատճառով, ընկերոջ ներկայացումը առկախուած է: Երկրորդ դասախօսութիւնը պիտի տրուի Երեքշաբթի, 22 Նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 6-ին, Աթէնքի համալսարանի մայր շէնքի «Ալքիս Արղիրիատիս» ամփիթատրոնին մէջ (Փանեթիսթիմիու 30), նիւթ ունենալով «Հայաստանի խորհրդայնացումը»։
Նշենք, որ ընկ. Խաչատուր Ստեփանեան առիթը պիտի ունենայ այցելելու գաղութային կառոյցները եւ մօտէն ծանօթանալու անոնց գործունէութեան։ Նաեւ, Շաբաթ, 12 Նոյեմբերին, ան խօսողն էր Հ.Յ.Դ հիմնադրութեան 132-ամեակի ելոյթի ընթացքին։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Ընկ. Խաչատուր Ստեփանեանի դասախօսութիւնները Աթէնքի համալսարանէն ներս