­Սի­րե­լի ներ­կա­ներ,

­Նախ կը շնոր­հա­ւո­րենք բո­լոր մա­մա­նե­րը այ­սօ­րո­ւան տօ­նին՝ ­Մայ­րե­րու Օ­րո­ւան ա­ռի­թով: ­Կը շնոր­հա­ւո­րենք նաեւ մեզ­մէ ա­մէն մէկս, ո­րով­հե­տեւ բո­լո­րիս հա­մար եւ բո­լո­րիս կեան­քին մէջ օրհ­նու­թիւն է մօր շուն­չը եւ ան­գին գանձ՝ մայ­րա­կան սի­րոյ ջեր­մու­թիւ­նը, գուր­գու­րան­քի ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը, մօր մե­զի ջամ­բած դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը:
Ինչ ազ­գի ու ցե­ղի ալ պատ­կա­նին ա­նոնք, աշ­խար­հի բո­լոր մայ­րե­րուն ապ­րում­նե­րը, զգա­ցում­ներն ու տեն­չե­րը, անձ­կու­թիւն­ներն ու մղձա­ւանջ­նե­րը եւ ու­րա­խու­թիւն­նե­րը ի­րար­մէ չեն տար­բե­րիր եր­բե՚ք: Այն, ինչ որ կը զա­նա­զա­նէ զի­րենք, մայ­րա­կան օ­րօ­րին հետ զա­ւա­կին փո­խան­ցո­ւող ազ­գի իւ­րա­յատ­կու­թիւնն է, մշա­կու­թա­յին եւ բա­րո­յա­կան ժա­ռան­գու­թիւնն է, մայ­րե­նի լե­զուն ու ազ­գա­յին ինք­նու­թիւնն են: ­Մօր մեծ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը խո­րի­մաստ ձե­ւով կը հասկ­ցուի ֆրան­սա­ցի մտա­ւո­րա­կան ­Պո­սի­ւէի ճշմա­րիտ խօս­քով, թէ՝ «­Մայ­րը, որ իր ե­րե­խան գրկին ա­ռած կ­՛օ­րօ­րէ, խոր­քին մէջ տիե­զերքն է, որ իր ձեռ­քե­րուն ա­ռած կ­՚օ­րօ­րէ»:
­Հայ մայ­րը յա­ճախ ար­ժա­նա­ցած է յա­տուկ գով­քի, ո­րով­հե­տեւ մեր ժո­ղո­վուր­դի հա­ւա­քա­կան ու ա­ւան­դա­կան մտա­ծո­ղու­թեան մէջ ան ե­ղած է ըն­տա­նի­քին սիւ­նը եւ միա­ժա­մա­նակ՝ սե­րուն­դին դաս­տիա­րա­կը: Եւ իս­կա­պէս, հա­յոց պատ­մու­թեան ճա­կա­տագ­րա­կան պա­հե­րուն, նոյ­նիսկ ա­մէ­նէն դա­ժան պայ­ման­նե­րու մէջ, ­Մեծ Ե­ղեռ­նի ահ­ռե­լի օ­րե­րուն եւ յա­ջոր­դող տա­րի­նե­րուն, ան կրցաւ բարձր պա­հել ու պահ­պա­նել հա­յու հպար­տու­թիւ­նը, ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւ­նը, ջա­նաց իր զա­ւակ­նե­րուն ու թոռ­նե­րուն սոր­վեց­նել ազ­գա­յին լե­զուն ու զա­նոնք կրթել այն ար­ժէք­նե­րով, ո­րոնք մար­դը կը դարձ­նեն պա­տո­ւախն­դի՚ր, պար­կե՚շտ, հա­ւա­քա­կա­նին ծա­ռա­յող, հայ­րե­նա­սէ՚ր:
­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չը, իբ­րեւ կնո­ջա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն, իր ա­ռա­քե­լու­թեամբն ու նպա­տակ­նե­րով, իր մշա­կած ծրա­գիր­նե­րով ինք­զինք դրած է մայ­րա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թեան մէջ, գոր­ծած է ու կը գոր­ծէ իբ­րեւ հո­գա­ծու մայր՝ ազ­գա­յին ու հա­ւա­քա­կան մեր կեան­քին մէջ: Ա­հա նաեւ թէ ին­չո՛ւ միշտ կը յի­շա­տա­կէ ու կը տօ­նա­կա­տա­րէ այս օ­րը ա­մէն տա­րի: ­Կը պա­տո­ւէ հայ մայ­րը, ո­րով­հե­տեւ ինչ-ինչ կա­ցու­թիւն­նե­րու մէջ ալ որ գտնո­ւի, ան կ­՚ա­ռաջ­նոր­դո­ւի ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու զգա­ցո­ղու­թեամբ ու ատ­կէ բխող հպար­տու­թիւ­նը կը փոր­ձէ ներշն­չել նո­րե­րուն, նո­րեկ­նե­րուն:
­Հե­ռա­ւոր ան­ցեա­լը վկա­յա­կո­չե­լու պէտք չկայ ա­սոր հա­մար: ­Հա­զիւ 25 տա­րի ա­ռաջ, երբ ­Շու­շին կ­՛ա­զա­տագ­րո­ւէր ­Մա­յի­սի այս օ­րե­րուն, ինչ­պէս եւ ներ­կա­յիս, ա­զատ Ար­ցա­խի եւ ­Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նին վրայ հայ­րե­նիք պաշտ­պա­նե­լու կանգ­նած զի­նո­ւո­րին թի­կուն­քը ա­մուր պա­հո­ղը, մի՛ կաս­կա­ծիք, զի­նո­ւո­րին մօր յոր­դորն է: ­Դեռ մէկ տա­րի ա­ռաջ էր, Ապ­րի­լի քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մին, հա­մա­ցան­ցի ըն­ձե­ռած դիւ­րիւ­թիւն­նե­րուն շնոր­հիւ հե­տե­ւե­ցանք մենք, թէ ինչ­պէ՛ս ա­ռաջ­նա­գիծ ղրկո­ւած ե­րի­տա­սարդ­նե­րու մայ­րե­րը ի­րենց յու­զու­մը խեղ­դե­լով եւ ար­ցուն­քը կուլ տա­լով զի­րար կը մխի­թա­րէին, զի­րար կը քա­ջա­լե­րէին եւ կը յայ­տա­րա­րէին, թէ (ի­րենց սե­փա­կան խօս­քը կը կրկնեմ)՝ «այ­սօր մենք լա­ցող մայ­րե­րու պէտք չու­նինք, հայ զի­նո­ւո­րը զի­նո­ւոր մա­մա պի­տի ու­նե­նայ իր կող­քին…»:
­Բո­լո­րո­վին ա՛յլ պա­րա­գա­նե­րու մէջ, բայց նո՚յն ուժգ­նու­թեամբ, այդ ը­սո­ւա­ծին վկան է նաեւ այ­սօ­րո­ւան մեր պա­տո­ւոյ հիւ­րը՝ տի­կին ­Ֆէթ­հիէ ­Չե­թի­նը, ո­րուն մեծ մայ­րը իր կեն­դա­նու­թեան, տան­ջա­լից լռու­թեան մէջ, իր հո­գիին մէկ ան­կիւ­նը տա­րի­նե­րով սրբու­թեան պէս պա­հած է հայ­կա­կան զգա­ցո­ղու­թիւ­նը, հայ ըլ­լա­լու հպար­տու­թիւ­նը, որ չտես­նո­ւող, բայց ան­քակ­տե­լի կա­պով պա­հած է զինք ի՚ր իսկ ինք­նու­թեան եւ ան­ցեա­լին հետ: Իր ան­ցեալն ու կո­րած ըն­տա­նի­քը վե­րագտ­նե­լու յոյ­սը զինք մղած է իր սրբա­զան գաղտ­նի­քը խոս­տո­վա­նե­լու իր թոռ­նու­հիին: Ան բա­ցա­յայ­տած է, թէ իր իս­կա­կան ա­նու­նը ­Սե­հեր չէ, թէ ինք հա՚յ է, ­Կա­տա­րեան ըն­տա­նի­քի դու՚ստ­րը եւ կնքուած է Հ­րա­նոյշ ա­նու­նով…:
Այս տա­րի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չը իւ­րա­յա­տուկ ի­մաստ ու բո­վան­դա­կու­թիւն կու տայ ­Մայ­րե­րու Օ­րո­ւան՝ այս ե­րե­կոն ձօ­նե­լով այն բո­լոր հայ աղ­ջիկ­նե­րուն ու կի­նե­րուն, ո­րոնք ­Մեծ Ե­ղեռ­նի օ­րե­րուն ցե­ղաս­պա­նին կող­մէ ա­ռե­ւան­գո­ւե­ցան, բռնի կրօ­նա­փոխ ե­ղան, ի­րենց սի­րե­լի­նե­րէն բաժ­նո­ւե­ցան, ի­րենց ա­նուն­նե­րը պար­տադ­րա­բար փո­խո­ւած ու թրքա­ցած տե­սան, բռնի ա­մուս­նա­ցան: ­Դար­ձան մայ­րեր ու հա­կա­ռակ ըն­տա­նի­քի մէջ ըլ­լալ­նուն՝ կեանք մը ամ­բողջ ապ­րե­ցան տա­ռա­պա­լի ա­ռանձ­նու­թեան մէջ, լռու­թեամբ տո­կա­ցին ծանր մղձա­ւան­ջի ու ա­մէն տե­սակ ճնշու­մի, բայց եր­բեք չխզե­ցին կա­պը ի­րենց ազ­գա­յին ինք­նու­թեան հետ: Ա­նե­րե­ւա­կա­յե­լիօ­րէն շատ են ա­նոնք: Մ­նա­ցին պատ­մու­թեան շու­քին՝ տաս­նեակ տա­րի­ներ: Այ­սու­հան­դերձ… հա­յու ին­քու­թիւնն ու հպար­տու­թիւ­նը պա­հե­ցին ու պահ­պա­նե­ցին ի­րենց հո­գի­նե­րուն մէջ:
Ա­նոնք եր­բեք «օ­րօր, օ­րօր իմ բա­լիկ», մեր հրա­շա­լի օ­րօ­րը չկրցան եր­գել ի­րենց հո­գե­հա­տոր­նե­րուն, մայ­րե­նի լե­զո­ւով չկրցան փայ­փա­յել կամ յան­դի­մա­նել զա­նոնք, բայց գտան ձե­ւեր՝ այդ չեր­գո­ւած օ­րօր­նե­րը լսեց­նե­լու, չար­տօ­նո­ւած ա­ւանդ­նե­րը փո­խան­ցե­լու: Ո­մանք հայ­կա­կան մե­ղե­դի­ներ գաղ­տուկ մրմռա­լով, ու­րիշ­ներ՝ ­Զա­տի­կի զու­գա­դի­պող ա­ւան­դա­կան գա­թա-չէօ­րէկ պատ­րաս­տե­լով եւ բաժ­նե­լով, իսկ ա­ւե­լի յան­դուգն ու քաջ մեծ մայ­րե­րը՝ ճշմար­տու­թիւ­նը ի վեր­ջոյ բա­ցա­յայ­տե­լով:
­Լուռ ու մունջ, դա­ւադ­րա­բար զո­հի վի­ճա­կով ապ­րե­լու ա­նոնց ճա­կա­տա­գի­րը ար­գելք չե­ղաւ սա­կայն, որ մայ­րա­կան հո­գիին մէջ վառ մնա­ցած կայ­ծը վա­րա­կէ նաեւ թոռ­նիկ­նե­րու հո­գի­նե­րը, տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին բոց դառ­նայ ա­նի­կա ու բռնկի ա­հա:
­Գի­տէ՚ք, յու­նա­կան ժո­ղովր­դա­յին ի­մաս­տուն ա­սա­ցո­ւածք մը կայ՝ «­Զաւ­կիս զա­ւա­կը եր­կու ան­գամ զա­ւակս է»: ­Փաս­տօ­րէն այդ կա­պը այն­քան ուժ­գին է, որ զա­ւակ­նե­րուն պա­հած տա­րի­նե­րու քար լռու­թե­նէն ետք, թոռ­նե­րու սե­րունդն է, որ այ­սօր քան­դած է լռու­թեան այդ պա­տը եւ 100 տա­րի անց կը պա­հան­ջէ ար­դա­րու­թիւն՝ մեծ մայ­րե­րու հաշ­ւոյն:
Ե­կէք այ­սօր լսենք այդ տան­ջո­ւած ու ա­նի­րա­ւո­ւած հայ մայ­րե­րու թոռ­նե­րուն ձայ­նը:

***
­Ֆէթ­հիէ ­Չէ­թին ծնած է ա­րե­ւե­լեան ­Թուր­քիոյ ­Մա­տէն գիւ­ղա­քա­ղա­քը: Ա­ւար­տած է Ան­գա­րա­յի հա­մալսա­րա­նի ի­րա­ւա­բա­նա­կան ճիւ­ղը։ ­Հա­մալ­սա­րա­նա­կան ուս­ման զու­գա­հեռ աշ­խա­տած է իբ­րեւ ու­սուց­չու­հի:
1980ին, ­Թուր­քիոյ զի­նո­ւո­րա­կան պե­տա­կան հա­րո­ւա­ծէն ետք, ձեր­բա­կա­լո­ւած է եւ ե­րեք տա­րի բան­տար­կո­ւած, թրքա­կան օ­րէնսգ­րու­թեան մէջ ծա­նօթ թիւ 141 յօ­դո­ւա­ծին պատ­ճա­ռով, որ այժմ այ­լեւս վեր­ցո­ւած է:
Ան իր մաս­նա­գի­տու­թեամբ յանձ­նա­ռու ե­ղած է պայ­քա­րե­լու մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու եւ խօս­քի ու կար­ծի­քի ա­զա­տու­թեան հա­մար: Ե­ղած է ­­­Պո­լի­սի Ի­րա­ւա­բան­նե­րու ­Միու­թեան ­Մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան ­Գոր­ծա­դիր ­Մարմ­նի ան­դամ ­եւ Փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան Աշ­խա­տան­քա­յին խմբի խօս­նա­կը։
Դպ­րո­ցա­կան դա­սա­գիր­քե­րու մէջ ցե­ղա­պաշ­տա­կան խտրա­կա­նու­թեան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րու դէմ պայ­քա­րի նա­խա­ձեռ­նող­նե­րէն է, պայ­քար՝ որ ար­ծար­ծո­ւած է Ու­սու­ցիչ­նե­րու ­Միու­թեան եւ ­Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց ­Կազ­մա­կեր­պու­թեան կող­մէ «­Պատ­մու­թիւն՝ ­Խա­ղա­ղու­թեան հա­մար» խո­րա­գի­րով:
­Հե­ղի­նակ է եր­կու գիր­քե­րու, ո­րոնք կ­՛ընդգր­կեն բռնի թրքա­ցած, իս­լա­մա­ցած հա­յե­րու նիւ­թը: Իր ա­ռա­ջին գիր­քը՝ «Anneannem» (­Մեծ ­Մայրս), հրա­տա­րա­կո­ւած է 2004ին, թարգ­մա­նո­ւած է տաս­նեւ­մէկ լե­զու­նե­րու եւ վա­յե­լած է լայն ըն­դու­նե­լու­թիւն հան­րու­թեան կող­մէ: Երկ­րորդ գիր­քը՝ «­Թոռ­նե­րը», որ գրած է Այ­շէ ­Կիւլ Ալթ­նա­յի հետ միա­սին, կը ներ­կա­յաց­նէ 25 թոռ­նե­րու վկա­յու­թիւն­նե­րը եւ հրա­տա­րա­կո­ւած է 2009ին:
2011ին պար­գե­ւատ­րո­ւե­ցաւ ­Բա­տո­վա­յի Ա­ռա­քի­նու­թեան-Ար­դա­րա­սի­րու­թեան մրցա­նա­կով եւ իր ա­նու­նը ար­ձա­նագ­րո­ւե­ցաւ «աշ­խար­հի ա­ռա­քի­նի- ար­դա­րա­սէր մար­դոց» ­Բա­տո­վա­յի պար­տէ­զին մէջ, ուր կը յի­շա­տա­կո­ւին ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու դէմ պայ­քա­րող անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րը:
2015ին պար­գե­ւատ­րո­ւե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բին կող­մէ «Ա­զա­տու­թեան մրցա­նակ»ով, եւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի Ո­գե­կոչ­ման ­Մար­մի­նին կող­մէ՝ ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կոս Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փա­ռի ձե­ռամբ «­Հե­րոս մրցա­նակ»ով:
Հ­րանդ ­Տին­քի սպա­նու­թե­նէն աս­դին ­Ֆէթ­հիէ ­Չէ­թին ­Տին­քի ըն­տա­նի­քին եւ «Ա­կօս» թեր­թի փաս­տա­բանն է։ 2013ին հրա­տա­րա­կո­ւե­ցաւ ա­նոր «Կ­՚ամչ­նամ. Հ­րանդ ­Տին­քի ո­ճի­րին դա­տը» գիր­քը:
Այժմ՝ խօս­քը կու տանք ի­րեն:
­Տի­կին ­Չէ­թին պի­տի խօ­սի թրքե­րէն լե­զո­ւով: Իր խօս­քը պի­տի թարգ­մա­նէ Հ­րանդ ­Տինք հաս­տա­տու­թեան գոր­ծա­վար-քար­տու­ղար տի­կին ­Հեր­մի­նէ ­Սա­յեան, ո­րուն կը յայտ­նենք մեր ջերմ շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը: