Երեքշաբթի՝ 18 Յունիս 2019ի կէսօրին, Նէոս Գոզմոսի «Ս. Կարապետ» եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ «Ազատ Օր»ի բազմավաստակ խմբագիր եւ յունահայ յայտնի գործիչ ընկ. Յովսէփ Պարազեանի թաղման կարգը։
Արարողութեան նախագահեց յունահայոց թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, իր կողքին ունենալով հոգեւորականներու դասը։ Ներկայ եղան նաեւ հայ կաթողիկէ համայնքապետ Յովսէփ ծ.վրդ. Պէզազեան, հայ աւետարանական եկեղեցւոյ վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, Ազգային Վարչութեան եւ յարակից խորհուրդներու, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի, Հ.Կ.Խաչի, «Համազգային»ի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Հ.Յ.Դ. Երիտ. եւ Պատան. Միութեան վարչութիւններու անդամները, «Ազատ Օր»ի ընտանիքը, «Արմենիքա» պարբերաթերթի եւ «Հայ Կեանք» ելեկտրոնային երկշաբաթաթերթի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով գաղափարի ընկերներ, միութեանց անդամներ եւ ընտանեկան բարեկամներ։
Առաջնորդ Սրբազան հայրը, իր քարոզին մէջ, վեր առաւ հանգուցեալ ընկերոջ արժանիքները՝ բոլոր բնագաւառներէն ներս ուր ան գործեց, մէկ առ մէկ նշելով իր 50ամեայ ծառայութեան հանգրուանները՝ «Ազատ Օր»ի, ինչպէս նաեւ՝ յունահայ գաղութի կուսակցական եւ միութենական կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ։
Ապա, Յովհաննէս վրդ. Սաղտըճեան ընթերցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի ցաւակցական գիրը (կարդալ 5րդ էջին վրայ)։
Գաղափարի ընկերներու անունով խօսեցաւ Հ.Յ.Դ. Կեդր. Կոմիտէի անդամ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան։
Ընկ. Միհրան Քիւրտօղլեան ընթերցեց ընկ. Շաղիկ Մարուխեանի սրտի խօսքը, որպէս «Ազատ Օր»ի մէջ ընկ. Յովսէփ Պարազեանի նախկին գործակից։
Ապա, թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Ա. գերեզմանատուն, ուր Հ.Յ.Դ. դրօշով ծածկուած դագաղը գաղափարի ընկերներու կողմէ ուսամբարձ տարուեցաւ մինչեւ վերջին հանգստարան ու ներկաները յուզուած միասնաբար երգեցին «Վէրքերով լի» երգը։
Տեղւոյն վրայ, Լոռի Պարազեան ընթերցեց ընկ. Յովսէփի սանին՝ Թալին Թաշճեանի խօսքը ապա՝ իր սրտի խօսքը կարդաց Փարիզէն ընկ. Վահէ Թաշճեան ու դողդոջուն ձայնով երգեց ընկ. Յովսէփ Պարազեանի ամէնասիրած «Կիկոն» սրտառուչ երգը։
Ստորեւ կը ներկայացնենք գաղափարի ընկերներու անունով ընթերցուած, ընկ. Հ. Յարութիւնեանի դամբանական խօսքը։
Սգակիցներ,
Հանգիստ ու բախտաւոր էինք, մեր բազմազբաղ առօրեայով ու արեւոտ օրերով։ Երջանիկ էինք, զինք մեր քով ունենալով, այն զգացողութեամբ՝ թէ կեանքը սահմաններ չունի… թէ սովորական մեր պահերը դեռ երկար պիտի տեւեն… Որքա՜ն խաբուած էինք…
Անժամանակ հեռացաւ մեր ընկերը, մեր վստահելի գործընկերը, ստեղծագործական մեր բոլոր միութիւններու շարժիչ ուժը, մարտնչողը։ Կեանքով ու եռանդով լեցուն, մի՛շտ շարժման մէջ, մի՛շտ նախաձեռնող ընկ. Յովսէփը։ Չկայ այլեւս անհանգիստ, պրպտող, հասնող ու պայքարող մեր ընկերը։
Համակերպումը դժուար է՝ իր բացակայութեան ստեղծած նոր պայմաններուն։ Որքան ծրագրեր կիսատ մնացին, որքան անկատար ստեղծագործութիւններ, ..դեռ չգրուած տողեր…
Հաճելի էր իր աշխուժութիւնը, ջերմութիւնը եւ իր սիրալիր վերաբերմունքը։
Մենք դեռ շատ պիտի փնտռենք իրեն «Ազատ Օր»ի գրասենեակին մէջ, ակումբներուն, ժողովներուն, մեր զրոյցներուն, մեր հեռաւոր ու մօտիկ աշխատանքներուն, արտերկրի հայկական համայնքներուն մօտ, … բայց աւաղ, պիտի չգտնենք զինք ֆիզիքապէս։ Բայց չենք յուսալքուիր։ Որովհետեւ ան իր դրոշմը մեր բոլորին մօտ զօրաւոր կերպով զետեղած է։ Մեր ականջներուն մէջ երկար պիտի հնչեն իր յորդորները, իր թելադրանքները, իր դիտողութիւնները, որ շուտով՝ յանդիմանութենէն քաջալերական խօսքի կը վերածուէին։ Որովհետեւ, ճշմարտութեան եւ արդարութեան օրինակելի մարտիկ մըն էր ընկ. Յովսէփը, այն խոր համոզումով, թէ ազգային, գաղութային եւ կուսակցական մեր պարտաւորութիւններուն մէջ կարելի է սխալիլ, բայց կարելի չէ երբե՛ք անտարբեր մնալ ու խղճմտութեամբ չաշխատիլ։
Ընկ. Յովսէփին համար չկար բնագաւառ մը, ուր ան իր ստեղծագործական ու կազմակերպական ներդրումը բերած չըլլար։
Բոլոր այն պահերուն, երբ մենք իր շուրջ կը հաւաքուէինք միասնաբար մտորելու եւ փորձելու համար կազմակերպել մեր ընելիքն ու ծրագիրը, յայտնի էր, թէ ինք արդէն կրակի մէջ էր, յաջորդ վայրկեանին արդէն որոշած էր, թէ ի՛նչ եւ ինչպէ՛ս պէտք է ընել։ Դուն իր հետ կը խօսէիր այստեղ, իսկ ան արդէն յաջորդ հանգրուանին անցած էր, գիտէ՛ր, թէ ապագան ինչ պիտի բերէ։ Եւ միշտ աճապարանքով, միշտ շտապելով, որովհետեւ այլ աշխատանք մը ունէր անմիջապէս ետք։ Կրկնապատկուած, եռապատկուած աշխուժութեամբ: Որովհետեւ նախաձեռնող էր, գաղափարներով ու ծրագրերով լեցուն մտածումներով, իսկ գործադրութեան արագ կշռոյթով։ Իր կեանքի բանաձեւը՝ շարժումն էր։ Իսկ երեւի միակ անծանօթ բառը` «հանգիստ»:
Կը քալէր արագ։ Միշտ արագ։ Կը գրէր նոյնքան արագ։ Կ’ապրէր արագ։ Եւ այդպէս արագ ալ հեռացաւ: Ժողովուրդը իմաստութեամբ կ’ըսէ «Լեցուն կեանք մը երկար կը տեւէ, նոյնիսկ եթէ թուային համրանքով կարճ ըլլայ»։
Այս բառերը սովորական կրնան ըլլալ, բայց ընկեր Յովսէփին վաստակը իր ապրածէն շատ աւելին էր, որովհետեւ ան կատարելապէս լեցուց իր կեանքը: Ուր որ ալ գործեց, իր շուրջ համախմբեց եւ ներշնչեց ապագայ սերունդները։ Որպէս Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Պատանեկան Միութեան Ֆիքսի «Զարթօնք» խումբի հիմնադիր, Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզիկ, Դաշնակցական շարքային ընկեր, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի հիմնադիր անդամ, Համազգայինի տաղանդաւոր անդամ եւ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ, Հայ Կապոյտ Խաչի գործունեայ համակիր, եւ դաստիարակչական, բանախօսական, յանձնախմբային շատ շատ այլ պարտականութիւններով, ան ոգեշնչեց, կազմակերպեց, նորարական միտքեր յղացաւ, գործելաոճ ստեղծեց, բարոյականութիւն ու սկզբունքայնութիւն պարտադրեց։
Հայ Դատի աշխատանքներուն երբ կուգար խօսքը, ան միշտ կ’ըսէր. «Մշակոյթ կ’ըսենք, բայց մենք Հայ Դատ կ’ընենք. Հայապահպանում կ’ըսենք, բայց մեր ազգի պահանջատիրութիւնն ու ազգային դատերն ենք որ կը հետապնդենք»։
«Ազատ Օր»ի խմբագրութեան մէջ իր մօտ եւ իր շուքին տակ մեր ապրած օրերը, մեր հետագայ գործունէութեան վառելանիւթը եղան։ Ամէնօրեայ թերթի հրատարակութեան երբեք չդադրող եռուզեռին մէջ` թափ կար, մասշտապ ու բազմազանութիւն, որ վերակենդանացուց ու թռիչք տուաւ կուսակցական եւ ազգային մեր ամբողջ գործունէութեան։ Ան որպէս 40 տարուայ խմբագիր եւ հետագային՝ թերթի մշտական աշխատակից, հսկայական փորձառութիւն ձեռք ձգեց, իր ներդրումը բերելով կուսակցական եւ մամլոյ խորհրդաժողովներու, Սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ հաւաքներու։ Մամլոյ արժանաւոր այս երախտաւորը, մեծ պաշարի տէր անձնաւորութիւն մըն էր, որու հետաքրքրութեան մարզը միշտ հայ մշակոյթն էր, հայերէն լեզուով եւ հայկական ազգային արժէքներով ու բարքերով։ Նոյն պահուն, ան կեանքի ու մարդոց մեծ սիրահար մըն էր, որ սէր ու յարգանք կը վայելէր իր հայ եւ յոյն բարեկամներուն մօտ։
Արժէք էր՝ ոչ միայն յունահայութեան, այլ նաեւ այլ գաղութներու համար։ «Ազատ Օր»ի պաշտօնակից հայկական բոլոր թերթերուն համար վստահելի յօդուածագիր, փնտռուած դասախօս։
Ան երկար տարիներ գործեց Համազգային հայ մշակութային միութեան մէջ, եւ մինչեւ իր վաղաժամ կորուստը, վարեց ատենապետի պաշտօնը։
Խորապէս հաւատաց մեր գաղութային կառոյցներու գործունէութեան կարեւորութեան եւ անոնց միջոցաւ տարուող կազմակերպական գործին։ Գործերը ղեկավարելու, համադրելու, կազմակերպելու պարտականութեամբ բոլորին կողքին գտնուեցաւ։ Իր ընտանիքի անդամները՝ Մայտան, Արմիկը, Լոռին, Ռեփեկան, նոյն բարձրամակարդակ ծառայութեան ճամբէն կ’ուղղուին, օրինակելի նուիրումով։
Յունահայութեան կառոյցներու կենսունակութիւնն ու աշխուժութիւնը մեծ խնդիր մըն էր իրեն համար: Գաղութային մեր հարցերու դիմագրաւումը, դժուարութեանց յաղթահարումը իր մտածումներուն մաս կը կազմէին: Հայութեան ուժի ամբողջական ճառագայթումը իր նպատակն ու թիրախն էր:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հաւատարիմ զինուորի հանգամանքով, ան այս ուղղութեամբ ամէն օր կը վերանորոգէր իր ուխտը՝ ընդմիշտ եւ նուիրաբար ծառայելով, երիտասարդներուն յորդորելով:
Դաշնակցական անկեղծ զինուոր մըն էր ընկեր Յովսէփը, որ ամբողջ հոգիով ու հաւատքով տարաւ իր պարտականութիւնները։
Ականջիս մէջ կը հնչէ մեր վերջին խօսակցութենէն պահ մը. «Պիտի գործենք, այլընտրանք չկայ։ Որքան ալ այլափոխուին պայմանները, մենք գործ ունինք կատարելիք»
Բայց տեսէք. իր տոկունութեան մէջ ան չափազանց փխրուն էր։ Մէկ ակնթարթ բաւեց, որ ան մեկնի, անդարձ…
Այնուամենայնիւ, զինք ճնշող ու տագնապեցնող բազմաթիւ հարցերը, երբեք չկարողացան ճնշել այս մարդու հոգեկան եւ էնէրգետիկ հզօր պաշարները, որ իր մանկութենէն սկսեալ՝ լա՛ւ իմացաւ պատասխանատուութեան բեռը։
Ան լոյս սփռելով իր շուրջ՝ սպառեցաւ…
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի, Հ.Յ.Դ. «Արամ Մանուկեան» Կոմիտէութեան, գաղափարի բոլոր ընկերներուն, «Ազատ Օր»ի խմբագրութեան, Համազգային հայ մշակութային եւ կրթական միութեան Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան եւ իր մասնաճիւղերուն ու միաւորներուն, Հայ Կապոյտ Խաչի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեանց ու անդամներուն, Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական եւ Պատանեկան Միութիւններուն եւ յունահայութեան անունով խորին ցաւակցութիւններ կը փոխանցենք ընկ. Յովսէփի ընտանիքի անդամներուն, մօտիկ ու հեռաւոր ընկերներուն եւ գործընկերներուն։
Յիշատակը վառ պիտի մնայ մեր հոգիներուն մէջ։