Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բին հրա­ւէ­րով Ար­ցա­խին նո­ւի­րո­ւած ե­լոյթ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեան հա­մար ­Յու­նաս­տան իր այ­ցե­լու­թեան ծի­րէն ներս, Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մշա­կոյ­թի, զբօ­սաշր­ջու­թեան եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան նա­խա­րար ըն­կեր ­Լեռ­նիկ ­Յով­հան­նի­սեան Եր­կու­շաբ­թի՝ 18 ­Մարտ 2019ին, այ­ցե­լեց Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի գրա­սե­նեա­կը, ուր ա­ռի­թը ու­նե­ցաւ տե­սակ­ցե­լու Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ըն­կեր­նե­րուն հետ:
­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­Սեր­գօ ­Գու­յում­ճեան՝ բա­րի գա­լուս­տի մաղ­թանք­նե­րէն ետք, շեշ­տեց Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին տա­րած պայ­քա­րի կա­րե­ւո­րու­թիւնն ու դե­րը ոչ միա­յին Ար­ցա­խի ա­պա­հո­վու­թեան ու գո­յա­տեւ­ման ճի­գե­րուն մէջ, այլ նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան անվ­տան­գու­թեան ուղ­ղու­թեամբ: Ըն­կե­րը անդ­րա­դար­ձաւ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ­Յու­նաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան-տնտե­սա­կան շրջա­նակ­նե­րու նկա­տե­լի մէկ հա­տո­ւա­ծին ժխտա­կան ըն­թաց­քին, որ կը հե­տապն­դէ որ­դեգ­րել մեր­ժո­ղա­կան կե­ցո­ւածք եւ կը ցու­ցա­բե­րէ չկա­մու­թիւն՝ սա­տա­րե­լու Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ճա­նաչ­ման գոր­ծի ըն­թաց­քին՝ Ատր­պէյ­ճա­նի հետ ­Յու­նաս­տա­նի տնտե­սա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան հտե­ւան­քով, ինչ որ կը հան­դի­պի մեր կող­մի հա­կազ­դե­ցու­թեան:
Իր կար­գին, ըն­կեր ­Յով­հան­նի­սեան կա­րե­ւո­րեց Ս­փիւռ­քի տա­րած աշ­խա­տան­քը, Հ.Յ.Դ. ­Հայ ­Դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րու մի­ջո­ցաւ ի նպաստ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին ու ­Հան­րա­պե­տու­թեան օ­րի­նա­կան ճա­նա­չու­մին: Ան շեշ­տեց Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին ու պե­տու­թեան բարձր տրա­մադ­րու­թիւ­նը պայ­քա­րե­լու ու չզի­ջե­լու իր ձեռք­բե­րած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րէն ու նշեց, թէ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը հաս­տատ քայ­լե­րով կը զար­գա­նայ տնտե­սա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ ըն­կե­րա­յին բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս: ­Նա­խա­րա­րը իր շնոր­հա­կա­լու­թեան խօս­քը փո­խան­ցեց Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի կա­ռոյ­ցին ի­րեն ուղ­ղած հրա­ւէ­րին նկատ­մամբ՝ յայտ­նե­լով, թէ նման այ­ցե­լու­թիւն­նե­րով օ­տար քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­նե­րուն ա­ռի­թը կը տրո­ւի ծա­նօ­թա­նա­լու Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան եւ իր բա­նակ­ցա­յին պա­հանջ­նե­րուն, սան­ձե­լու ա­զե­րի­նե­րու պե­տա­կան հա­կա­քա­րոզ­չու­թիւ­նը ու ստեղ­ծե­լու նա­խադ­րեալ­նե­րը Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ճա­նա­չու­մին:
­Տե­սակ­ցու­թիւ­նը իր ա­ւար­տին հա­սաւ այն յստակ հա­մո­զու­մով, որ թէ­կուզ դժո­ւար կրնայ թո­ւիլ, բայց Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան անվ­տան­գու­թիւ­նը ու ճա­նա­չու­մը կը հան­դի­սա­նան միակ այ­լընտ­րան­քը ա­պա­գա­յի ա­պա­հով ու բա­րօր ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հաս­տատ­ման: