Ընկերվար Միջազգայնականի (Socialist International) Խորհուրդի ժողովը տեղի ունեցաւ 24էն 25 Նոյեմբեր 2017ին, Սպանիոյ Պարչելոնա քաղաքին մէջ, հիւրընկալութեամբ Սպանիոյ Ընկերվարական Կուսակցութեան:
Ժողովին ներկայ էին Ընկերվար Միջազգայնականի անդամ կուսակցութիւններու պատուիրակութիւններ եւ հրաւիրեալներ, որոնք կը ներկայացնէին աշխարհի զանազան ցամաքամասներ:
Ժողովականները քննարկեցին երեք գլխաւոր նիւթեր.- Ձախին հետ կերտել ապագան՝ ժողովրդավարութիւն, հաւասարութիւն եւ համերաշխութիւն. բազմաթիւ հակամարտութիւններով աշխարհի մը մէջ աշխատանք՝ կայունութեան եւ խաղաղութեան համար. մարդասիրական տագնապներուն՝ մարդկային վերաբերմունքի ջատագով:
Ժողովին մասնակցեցաւ նաեւ Հ.Յ.Դ. պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Ընկերվար Միջազգայնականի մօտ Հ.Յ.Դ.ի ներկայացուցիչ Մարիօ Նալպանտեանի: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ընկերվար Կանանց Միջազգայնականի մօտ Հ.Յ.Դ. ներկայացուցիչ Վերա Եագուպեան, ինչպէս նաեւ Նուպար Վարդանեան (Հոլանտայէն) եւ Տաթեւ Սուլեան (Պարչելոնայէն):
Ժողովի բացումին խօսք առին Ընկերվար Միջազգայնականի ընդհանուր քարտուղար Լուիս Այալա, Քաթալոնիոյ Ընկերվարական Կուսակցութեան ղեկավար Միկել Իսեթա եւ Ը.Մ. նախագահ ՃորՃ Փափանտրէօ:
Խորհուրդի նիստին նախորդող օրերուն տեղի ունեցած էր Ը.Մ. նախագահութեան նիստը, որուն մասնակցած էր Մ. Նալպանտեան՝ որպէս կազմակերպութեան փոխ-նախագահներէն մէկը:
Մ. Նալպանտեան ժողովի ընթացքին խօսք առնելով անդրադարձաւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան՝ զայն որակելով պատմական քայլ։ Ան նաեւ վերահաստատեց Արցախեան հիմնահարցին արդարացիութիւնը եւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին ամրապնդումը:
Ը.Մ. խորհուրդը որդեգրեց շարք մը բանաձեւեր, որոնց շարքին՝ քիւրտ ժողովուրդին վերաբերեալ բանաձեւ մը, որուն մէջ անդրադարձ կը կատարուի Իրանի, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ քիւրտերու հարցերուն եւ կոչ կÿուղղուի Թուրքիոյ իշխանութիւններուն՝ վերականգնելու քիւրտ ներկայացուցիչներուն հետ երկխօսութիւնը, Քրտական Հարցին խաղաղ կարգաւորում գտնելու համար: Թուրքիոյ կոչ կ’ուղղուի նաեւ ազատ արձակելու քաղաքական բանտարկեալներն ու ձերբակալուած լրագրողները: Բանաձեւը նաեւ կը վերականգնէ կազմակերպութեան աշխատանքային խումբը՝ Քրտական Հարցին մասին:
Իսկ 21էն 22 Նոյեմբեր 2017ին, Վերա Եագուպեան մասնակցեցաւ Կանանց Ընկերվար Միջազգայնականի խորհուրդի ժողովին, որու ընթացքին քննարկուեցաւ Ժողովրդավարութիւնը տագնապի մէջ՝ փոփիւլիզմի (ժողովրդապաշտութեան) աճ՝ կանանց իրաւունքները ո՞ւր կը տեղաւորուին:
Վ. Եագուպեան ժողովին ներկայացուց Հայաստանի Ազգային Ժողովին մէջ ընտանեկան բռնութեան կանխարգիլման մասին օրէնքի նախագիծին հիմնաւորումները եւ քննարկումները: «Նման նախագիծի մը ընդունումը հնարաւորութիւններ պիտի ստեղծէ պաշտպանելու կանանց իրաւունքները եւ կանխարգիլելու բռնութիւնը կնոջ եւ երեխային նկատմամբ: Հայ կանայք ունին կարողականութիւնը երկրի ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական կեանքին մէջ իրենց ներդրումը բերելու, սակայն անոնց կը պակսին առիթները: Կանանց իրաւոնքներու յարգումը ընկերութեան մը մէջ հիմը կը հանդիսանայ ժողովրդավարական սկզբունքներու հաստատման»,- յայտնեց Վ. Եագուպեան:
Ժողովներուն ընթացքին, Հ.Յ.Դ. պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ մեծ թիւով այլ պատուիրակութիւններու հետ:
Ընկերվար Միջազգայնականը ընկերվար-ժողովրդավարական, ընկերվարական եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններ համախմբող համաշխարհային կառոյց է, որ կը համախմբէ բոլոր երկրամասերէն աւելի քան 130 երկիրներու շուրջ 150 քաղաքական կուսակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ: Կազմակերպութեան մօտ Հ.Յ.Դ. ներկայացուցիչ Մարիօ Նալպանտեան կազմակերպութեան փոխ-նախագահ է: Հ.Յ.Դ. համապատասխան կառոյցները լիիրաւ անդամ են Կանանց Ընկերվար Միջազգայնականին (SIW) եւ Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան (IUSY): Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականին կողմէ Կարօ Շատոյեան (Աւստրիա) IUSYի փոխ-նախագահ է: Ընկերվար Միջազգայնականի Ա.Պ.Հ., Կովկասի եւ Սեւ-ծովեան յանձնախումբի համանախագահ է Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ եւ Հայաստանի Ազգային Ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան պատասխանատու Արմէն Ռուստամեան:
Ընկերվար Միջազգայնական ժողովներ
Հ.Յ.Դ. կը մասնակցի Ընկերվար Միջազգայնականի Խորհուրդի եւ Ընկերվար Կանանց Միջազգայնականի ժողովներուն