ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

­Տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր աշ­խար­հի դի­մա­գի­ծը ա­րա­գօ­րէն կը փո­խո­ւի` բա­զում ու տար­բեր ու­ղի­նե­րով դէ­պի լու­սանցք մղե­լով երկ­րա­գուն­դի բնակ­չու­թեան լայն շեր­տեր: ­Վայ­րի ու վայ­րագ դրա­մա­տի­րու­թիւ­նը իր ա­ւե­տած հա­մա­մարդ­կա­յին բա­րօ­րու­թեան փո­խա­րէն պար­գե­ւեց հա­մա­տա­րած թշո­ւա­ռու­թիւն. դեռ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին ա­ռողջ հա­սա­րա­կու­թիւն­ներ հա­սած են սնան­կու­թեան սե­մին, երբ ան­դին ու­րիշ­ներ կը լո­ղան նար­գի­սա­կան պեր­ճան­քի մէջ:
Ի­րե­րու այս տխուր ըն­թաց­քին հա­մար, դրա­մա­տի­րա­կան շրջա­նակ­նե­րու կող­քին, ար­հա­մար­հե­լի չէ նաեւ եր­բեմ­նի ըն­կեր­վա­րա­կան շար­ժում­նե­րու եւ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը: ­Նա­խորդ դա­րու ութ­սու­նա­կան թո­ւա­կան­նե­րէն սկսեալ ա­նոնք մէկ առ մէկ անձ­նա­տուր ե­ղան վա­տա­ռողջ ձե­ւով հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցող տնտե­սու­թեան մար­գա­րէ­նե­րու շին­ծու տե­սու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք, այ­սօր ար­դէն փաստ է, աշ­խար­հը հաս­ցու­ցած են նոր ա­ղէտ­նե­րու նա­խօ­րեա­կին: Ա­մէ­նու­րեք խա­ղա­ղու­թիւ­նը ար­հա­մար­հող ծայ­րա­յե­ղա­կան շար­ժում­նե­րը վե­րել­քի մէջ են: Այս կեր­պա­րա­նա­փո­խու­թե­նէն զերծ չեն մնար ի­րենք ի­րենց ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան փա­րո­սի եւ դաս­տիա­րա­կի դե­րա­կա­տա­րու­թիւն սահ­մա­նած ա­րեւմ­տեան պե­տու­թիւն­նե­րը:
­Ներ­կա­յի մի­ջազ­գա­յին տխուր ու մտա­հո­գիչ հար­թա­կին վրայ յոյ­սի նշոյլ մը ե­րե­ւաց, երբ ե­րեք շա­բաթ­ներ ա­ռաջ ­Գեր­մա­նիոյ Ըն­կեր­վար-ժո­ղովրդա­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թեան նա­խա­գահ ­Զիգ­մար ­Գաբ­րիէլ ինք­նագ­լուխ եւ բո­լո­րո­վին ա­նակն­կալ կեր­պով յայ­տա­րա­րեց, թէ աշ­նան հա­մար նա­խա­տե­սո­ւած ե­րես­փո­խա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն թեկ­նա­ծուն ինք պի­տի չըլ­լայ, այլ` Եւ­րո­պա­կան խորհր­դա­րա­նի նախ­կին նա­խա­գահ ­Մար­թին ­Շուլց: ­Յա­ջորդ օրն իսկ կու­սակ­ցու­թեան վար­կա­նիշ­նե­րը հսկա­յա­կան ոս­տում ար­ձա­նագ­րե­ցին, իսկ մաս­նա­գի­տա­կան հաս­տա­տու­թիւն­ներ նա­խա­տե­սե­ցին, թէ ուղ­ղա­կի ընտ­րու­թեան պա­րա­գա­յին ժո­ղովր­դա­յին կամ­քը լայն  մե­ծա­մաս­նու­թեամբ իբ­րեւ վար­չա­պետ (կանց­լեր) պի­տի ընտ­րէր ­Մար­թին ­Շուլ­ցը:
Ք­րիս­տո­նեայ-ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թեան մե­քե­նան շո­ւա­րու­մի եւ ի­րա­րան­ցու­մի պա­հէ մը ետք սկսաւ ըն­դօ­րի­նա­կել ա­մե­րի­կեան ընտ­րա­պայ­քա­րի մե­թոտ­ներ` մատ­նա­ցոյց ը­նե­լով ըն­կեր­վա­րա­կան թեկ­նա­ծո­ւի  են­թադ­րա­բար «քրէա­կան»  գոր­ծե­լա­ձե­ւը: Իսկ վար­չա­պետ ­Մեր­քել հասկցուց, թէ ինք հա­մա­ձայն չէ ընտ­րա­պայ­քա­րի այս ձե­ւին:
­Մար­դոց տե­սա՞կն է, թէ՞ հա­մաշ­խար­հա­յին վի­ճա­կի լրջու­թիւնն է, որ երկ­րի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը կը դնէ բա­րո­յա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան օ­րէնք­նե­րուն հե­տե­ւե­լու պար­տադ­րան­քին տակ: ­Մէկ կող­մէն Զ. ­Գաբ­րիէ­լի իբ­րեւ իր կու­սակ­ցու­թեան երկ­րի գրա­ւիչ պաշ­տօ­նին հա­մար թեկ­նա­ծու ներ­կա­յա­նա­լու ա­նա­ռար­կե­լի ի­րա­ւուն­քէն հրա­ժա­րու­մը, իսկ միւս կող­մէ` Ա. ­Մեր­քե­լի ընտ­րա­պայ­քա­րի ա­մէն մի­ջոց չըն­դու­նե­լու կե­ցո­ւած­քը, երբ դի­մա­ցի նոր թեկ­նա­ծուն լուրջ կեր­պով կը վտան­գէ իր վե­րընտ­րու­թիւ­նը: ­Զոյգ ե­րե­ւոյթ­նե­րը ան­հե­տա­ցած էին եւ­րո­պա­կան քա­ղա­քա­կան բե­մէն վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին:
­Նոյն ձե­ւով ան­հե­տա­ցած էր ըն­կեր­վար կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­կեր­վար գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թիւ­նը: ­Շուլց կրկին կը խօ­սի ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թեան մա­սին, իր երկ­րին մէջ տի­րա­կան դար­ձած ա­նար­դա­րու­թեան մթնո­լոր­տին մա­սին, զանց կ­՛առ­նէ վեր­ջին ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին իր կու­սակ­ցու­թե­նէն նե՛րս ալ մուտք գոր­ծած շու­կա­յա­կան բա­ռամ­թեր­քը: Ակն­բախ է, որ ­Գեր­մա­նիոյ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը իբ­րեւ ա­պա­գա­յի յոյս կ­՛ըն­կա­լէ ­Շուլ­ցի խօս­քը: Իր ե­րի­տա­սար­դու­թեան ըն­թաց­քին կեան­քի դժո­ւար հանգ­րո­ւան­նե­րէ ան­ցած, ու­սու­մը կի­սատ թո­ղած, ալ­քո­լի մո­լու­թե­նէն ինք­զինք փրկած եւ մին­չեւ Եւ­րո­պա­յի խորհր­դա­րան հա­սած եւ ա­նոր նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նը յա­ջո­ղու­թեամբ վա­րած Մ. ­Շուլց ա­ռայժմ գո­նէ կը գրա­ւէ վեր­ջին ժա­մա­նակ­նե­րը ձանձ­րոյթ պատ­ճա­ռող ­Գեր­մա­նիոյ քա­ղա­քա­կան ա­ռօ­րեան:
­Ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րուն, երբ մեծ պե­տու­թիւն­ներ կը պատ­րաս­տո­ւին ի­րենք ի­րենց մոր­թին մէջ պատս­պա­րո­ւե­լու, երբ հա­զա­րու­մէկ դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րով, համ­բե­րու­թեան ծով քա­նակ­նե­րով ու տե­ւա­կան խա­ղա­ղու­թեան տես­լա­կա­նով մէջ­տեղ ե­կած Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւ­նը ինք­նաս­պա­նու­թեան վտան­գը կը դի­մագ­րա­ւէ, ­Գեր­մա­նիոյ մէջ ա­ռողջ ինք­նա­գի­տակ­ցու­թիւն փաս­տող, ­Մար­թին ­Շուլ­ցի բեր­նով  ար­տա­յայ­տո­ւող եւ ու­րիշ­նե­րու կող­մէ մե­ռած յայ­տա­րա­րո­ւած ըն­կեր­վա­րու­թիւ­նը իր յա­րու­թիւ­նը կ­՛ա­ւե­տէ` միա­ժա­մա­նակ ե­րաշ­խա­ւո­րե­լով ցա­մա­քա­մա­սին վրայ նո՛յն­պէս վտան­գուած ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը: