ՌԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ*

­Մայր ­Հա­յաս­տա­նը՝ Ե­րե­ւա­նի թե­րեւս ա­մե­նա­բարձր ար­ձա­նը, իր բար­ձուն­քէն ու­շի-ու­շով կը հե­տե­ւի թրքա­կան սահ­մա­նին: Ազ­գա­յին այս խորհրդա­նի­շը նոյն պա­զալ­տէ պա­տո­ւան­դա­նին վրայ փո­խա­րի­նեց դա­ժան բռնա­պետ Եո­սիֆ Ս­թա­լի­նի ար­ձա­նը, վեր­ջի­նին մա­հէն ետք: ­Յու­շար­ձա­նը, որ իր մէջ կը կեր­պա­րա­նա­ւո­րէ խա­ղա­ղու­թիւն՝ ու­ժի մի­ջո­ցով, կար­ծես ­Հա­յաս­տա­նի կա­նա­ցի մարմ­նա­ւո­րումն է: Ան նաեւ դի­տո­ղին կրնայ յի­շեց­նել ա­ւե­լի քան մէկ դար ա­ռաջ եր­կա­րա­տեւ եւ ա­րիւ­նա­լի հայ­կա­կան ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման մէջ կի­նե­րուն ու­նե­ցած դե­րին մա­սին։ ­Պայ­քար, որ 1375էն սկսեալ դա­րեր շա­րու­նակ պե­տա­կա­նու­թե­նէ զուրկ ըլ­լա­լէ ետք ի վեր­ջոյ յան­գե­ցուց 1918ի ­Մա­յիս 28ին ­Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջին հան­րա­պե­տու­թեան ստեղծ­ման։
Եր­կու տա­րո­ւան կար­ճա­տեւ կեանք ու­նե­ցած ­Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջին հան­րա­պե­տու­թիւ­նը կի­նե­րուն ընտ­րա­կան՝ ընտ­րե­լու եւ ընտ­րո­ւե­լու ի­րա­ւուն­քով օժ­տած ա­ռա­ջին պե­տու­թիւն­նե­րէն էր, նոյ­նիսկ ա­ւե­լի կա­նուխ, քան Ա.Մ.Ն.ի կի­նե­րը, ո­րոնք ստի­պո­ւած էին սպա­սե­լու մին­չեւ 1920 թո­ւա­կա­նին ըն­դու­նո­ւած ­Տաս­նին­նե­րորդ սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւ­նը:
Այ­սօր ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի 105 պատ­գա­մա­ւոր­նե­րէն 19ն ­կի­ներ են։ 1919 թո­ւին ա­ռա­ջին հան­րա­պե­տու­թեան 80 հո­գի­նոց խորհր­դա­րա­նին մէջ եւս կա­յին կին պատ­գա­մա­ւոր­ներ՝ ­Պեր­ճու­հի ­Պար­տիզ­պա­նեան-­Բար­սե­ղեա­նը, ­Կա­տա­րի­նէ ­Զա­լեան-­Մա­նու­կեա­նը եւ ­Վար­վա­ռա ­Սա­հա­կեա­նը: Ա­ռա­ջին հան­րա­պե­տու­թիւ­նը նաեւ տո­ւած է ար­դի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի ա­ռա­ջին կին հիւ­պա­տո­սը (դի­ւա­նա­գէտ)… ­Տիա­նա Աբ­գա­րը ե­ղած է ­Ճա­բո­նի մէջ ­Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջին հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պա­նը։
Այս յօ­դո­ւա­ծը նպա­տակ ու­նի ընդգ­ծե­լու «Ըն­տա­նե­կան բռնու­թեան կան­խար­գիլ­ման եւ ըն­տա­նե­կան բռնու­թեան են­թար­կո­ւած ան­ձե­րու պաշտ­պա­նու­թեան մա­սին» օ­րէն­քին նա­խա­գի­ծին կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը՝ որ­պէս կի­նե­րու հզօ­րաց­ման ուղ­ղո­ւած ա­ռա­ջին քայ­լե­րէն մէ­կը. թե­մա, որ ա­ռաջ­նա­յին դեր ու­նի 21րդ ­դա­րուն ­Հա­յաս­տա­նի զար­գաց­ման հար­ցով։ Օ­րի­նա­գի­ծը մշա­կո­ւած է ան­ցեալ տա­րի Հ.Հ. ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ եւ վեր­ջերս ներ­կա­յա­ցո­ւած՝ խորհր­դա­րան: Կ­’ակն­կա­լո­ւի, որ քո­ւէար­կու­թեան կը դրո­ւի մին­չեւ 2017 թո­ւա­կա­նի տա­րե­վերջ։
Հ.Հ. խորհր­դա­րա­նին մէջ եօ­թը պատ­գա­մա­ւոր ու­նե­ցող ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թիւն (Հ.Յ.Դ.) խորհր­դա­րա­նա­կան խմբակ­ցու­թեան իր ա­ջակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նած է օ­րի­նա­գի­ծին ըն­դուն­ման՝ ակն­կա­լո­ւող ո­րո­շա­կի շտկում­նե­րէ ետք։ Հ.Յ.Դ.ն­ ա­ռա­ջար­կո­ւած օ­րի­նա­գի­ծը կը հա­մա­րէ հա­սա­րա­կա­կան ար­ժէ­քա­յին հա­մա­կար­գի կա­րե­ւոր մէկ մա­սը, որ անհ­րա­ժեշտ է ա­ռողջ հա­սա­րա­կու­թեան հա­մար: ­Վեր­ջերս Հ.Յ.Դ.ի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, ներ­կայ գտնո­ւե­լով Ս­պա­նիոյ ­Պար­չե­լո­նա քա­ղա­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ­Սո­ցիա­լիս­տա­կան ­Կի­նե­րու Ին­տեր­նա­ցիո­նա­լի (­Սո­ցիա­լիս­տա­կան Ին­տեր­նա­ցիո­նա­լին կից կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու՝ սո­ցիա­լիս­տա­կան, սո­ցիալ-դե­մոկ­րա­տա­կան եւ լէյ­պը­րիս­տա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու կի­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն) խոր­հուր­դի հա­մա­գու­մա­րին, հաս­տա­տեց իր ա­ջակ­ցու­թիւ­նը ա­մէ­նուր կի­նե­րուն նկատ­մամբ բռնու­թեան ջնջման։
Այս յօ­դո­ւա­ծը ժա­մա­նա­կա­կից հայ­կա­կան «ֆե­մի­նիս­տա­կան մա­նի­ֆեստ» հիմ­նե­լու կամ հայ կեան­քի «ինք­նու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան» մէջ ներգ­րա­ւուե­լու փորձ չէ: Ե­թէ հա­յե­րը կը ձգտին հաս­տա­տե­լու ար­դար հա­սա­րա­կու­թիւն, ա­պա ա­նոնք պէտք է ան­տար­բեր չըլ­լան ա­նար­դա­րու­թեան նկատ­մամբ եւ հա­մակ­րանք դրսե­ւո­րեն փո­խա­դարձ յար­գան­քի նկատ­մամբ։
­Թէեւ հայ քա­ղա­քա­կան կեան­քին մէջ կի­նե­րու օ­րա­կար­գը ընդ­հա­նուր առ­մամբ կը մնայ չսահ­մա­նո­ւած, բա­ւա­կա­նին մաս­նա­տո­ւած եւ եր­բեմն ան­տե­սո­ւած, դէ­պի հայ կի­նե­րու հզօ­րա­ցում տա­նող ու­ղին հայ­կա­կան քա­ղա­քա­կան օ­րա­կար­գին ան­բա­ժա­նե­լի մասն է: Այս հա­մա­տեքս­տին մէջ ժա­մա­նա­կա­կից հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը գեն­դե­րա­յին (սե­ռա­յին) ան­հա­ւա­սա­րու­թիւ­նը պէտք է դի­տար­կէ որ­պէս ու­ժե­րու ան­հա­ւա­սար բաշխ­ման ուղ­ղա­կի հե­տե­ւանք: Ան նաեւ պէտք է ներգ­րա­ւո­ւած ըլ­լայ՝ ա­ռա­ջին հեր­թին կեդ­րո­նա­նա­լով կի­նե­րու եւ աղ­ջիկ­նե­րու հան­դէպ բռնու­թեան վերջ տա­լու վրայ:

Ե­րեք նկա­տա­ռում­ներ

­Նախ՝ ակն­յայտ է, որ հա­սա­րա­կու­թեան մէջ խնդիր կայ, եւ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ առ­կայ օ­րէնսդրա­կան կար­գա­ւոր­ման դաշ­տը բա­ւա­րար չէ ա­նոր հա­մար­ժէք անդ­րա­դառ­նա­լու հա­մար։ Ըն­տա­նե­կան բռնու­թեան դէմ գոնգ­րետ (ո­րո­շա­կի) օ­րէնք անհ­րա­ժեշտ է՝ լրաց­նե­լու ըն­տա­նե­կան օ­րէս­գիր­քին մէջ եւ Հ.Հ. քրէա­կան օ­րէնս­գիր­քին առ­կայ դրոյթ­նե­րը: Այս հա­մա­տեքս­տին մէջ մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թիւ­նը կա­րե­ւոր է ոչ միայն այն պա­րա­գա­յին, երբ նիւ­թը բուռն քննար­կում­նե­րու ա­ռիթ կը դառ­նայ, այ­լեւ՝ ա­ռա­ւել կա­րե­ւոր է, երբ ա­նոր շուրջ քննար­կում­ներ չկան։
Երկ­րորդ՝ կի­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րը պէտք չէ դի­տար­կո­ւին աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կա­նու­թեան տե­սան­կիւ­նէն (այ­սինքն` տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին ու­ժերն ու Ա­րեւ­մուտ­քը), ո­րոնք եր­բեմն սխալ ե­րանգ կը հա­ղոր­դեն այս հար­ցե­րուն: ­Հա­յաս­տա­նի յետ-խորհրդա­յին հա­սա­րա­կու­թեան մէջ շա­տե­րը դե­ռեւս կի­նե­րու հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեանց (Հ.Կ.) ջան­քե­րը կը դի­տար­կեն որ­պէս օ­տա­րերկ­րեայ պե­տու­թիւն­նե­րու կող­մէ տնտե­սա­ւո­րո­ւող օ­րա­կարգ։
Չ­նա­յած ա­րեւմ­տեան կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րէն ո­մանք եւ ոչ-կա­ռա­վա­րա­կան դո­նոր­նե­րը (նո­ւի­րա­տու­նե­րը) զգա­լի ռե­սուր­սա­յին (աղ­բիւր­ներ, մի­ջոց­ներ) ա­ջակ­ցու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րեն ­Հա­յաս­տա­նի ռիս­քա­յին (վտան­գի են­թար­կո­ւած) կի­նե­րու ա­ջակ­ցող հա­յաս­տա­նեան Հ.Կ.նե­րուն, սա­կայն միեւ­նոյնն է, ան չի տար պատ­կե­րին ամ­բող­ջու­թիւ­նը։ ­Յա­տուկ ու­շադ­րու­թիւն պէտք է դարձ­նել ­Հա­յաս­տա­նի հետ «Եւ­րո­պա­կան հա­րե­ւա­նու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան»ն­ ու ա­նոր ընդ­լայն­ման բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն: Ինչ­պէս որ Եւ­րո­պա­կան ­Յանձ­նա­ժո­ղո­վի հա­րե­ւա­նու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ ընդ­լայն­ման բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու հար­ցե­րով Ե.Մ. յանձ­նա­կա­տար Եո­հան­նէս ­Հա­նը յայ­տա­րա­րած էր՝ Ե.Մ.-­Հա­յաս­տան «­Հա­մա­պար­փակ եւ ընդ­լայ­նո­ւած գոր­ծըն­կե­րու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գիր»ը ստո­րագ­րո­ւե­ցաւ Պ­րիւք­սէյ­լի մէջ: ­Յանձ­նա­կա­տա­րը շեշ­տած էր, որ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով Եւ­րա­սիա­կան ­Միու­թեան ան­դամ հան­դի­սա­ցող եր­կիր մը հե­ռա­հար հա­մա­ձայ­նա­գիր կը ստո­րագ­րէ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան հետ: Ան ա­ւել­ցու­ցած էր.- «Այդ ցոյց կու տայ, որ հա­մա­կե­ցու­թիւ­նը հնա­րա­ւոր է, եւ ան կրնայ օ­րի­նակ ծա­ռա­յել միւս­նե­րուն հա­մար»:
­Թէեւ ­Հա­յաս­տա­նի նե­րառ­ման ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը ող­ջու­նե­լի է, հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը պէտք է տար­բե­րա­կէ գեն­դե­րա­յին (սե­ռա­յին) քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կա­նու­թե­նէն:
­Վեր­ջին 10 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ­Հա­յաս­տա­նի մէջ կի­նե­րու շարժ­ման փոքր, բայց դրա­կան ա­ճի մի­տում կը նկա­տո­ւի:
Այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ, ­Հա­յաս­տա­նը դե­ռեւս կը գտնո­ւի տնտե­սա­կան անց­ման փու­լի մէջ, եւ քի­չեր կրցած են դրա­մատն­տե­սա­կան մի­ջոց­ներ յատ­կաց­նել` ա­ջակ­ցե­լու կի­նե­րու հզօ­րաց­ման ուղ­ղու­թեամբ աշ­խա­տող Հ.Կ.նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ՝ ըն­տա­նե­կան բռնու­թեան զո­հե­րու հա­մար ա­պաս­տա­նա­րան­ներ կա­ռու­ցե­լուն։ Այ­սօր ըն­դա­մէ­նը մի քա­նի նման ա­պաս­տա­նա­րան­ներ գո­յու­թիւն ու­նին։
Այս­տեղ դեր ու­նի նաեւ հայ­կա­կան սփիւռ­քը՝ իր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րով. օ­րի­նակ՝ ­Հայ Օգ­նու­թեան ­Միու­թիւ­նը (Հ.Օ.Մ.), որ հան­դէս ե­կած է ըն­տա­նե­կան բռնու­թեան օ­րի­նա­գի­ծին լիո­վին ա­ջակ­ցող յայ­տա­րա­րու­թեամբ, կրնայ ա­ւե­լին ը­նել: Ան կրնայ, օ­րի­նակ, վե­րա­նա­յիլ իր ծրա­գիր­նե­րը ­Հա­յաս­տա­նի մէջ եւ, ի լրումն ման­կա­պար­տէ­զի եւ ման­կա­տան ա­ւան­դա­կան ծրա­գիր­նե­րուն, մի­ջոց­ներ յատ­կաց­նել այն­պի­սի ծրա­գիր­նե­րու, ինչ­պի­սիք են տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին ա­պաս­տա­նա­րան­նե­րը, ո­րոնք անհ­րա­ժեշտ են նոր օ­րի­նա­գի­ծին ա­ջակ­ցե­լու հա­մար:
­Հայ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը չի կրնար փո­խա­կեր­պուիլ, ե­թէ չփո­խէ այդ հա­սա­րա­կու­թեան մէջ կի­նե­րուն դիր­քը։
Եր­րորդ` ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան սահ­մա­նադ­րու­թեան մէջ նշո­ւած ար­ժէք­նե­րու հա­մա­ձայն, ինչ­պէս նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի կող­մէ ստո­րագ­րուած մի­ջազ­գա­յին պայ­մա­նա­գիր­նե­րով սահ­մա­նո­ւած կար­գով, այս­պի­սի օ­րի­նա­գի­ծը լիո­վին օ­րի­նա­կան է:
­Հա­յաս­տա­նը ստո­րագ­րած է ­Միա­ցեալ Ազ­գե­րու ­Կազ­մա­կեր­պու­թեան (Մ.Ա.Կ.) Գլ­խա­ւոր ­Հա­մա­ժո­ղո­վին կող­մէ 1979ի ­Դեկ­տեմ­բեր 18ին ըն­դու­նո­ւած «­Կի­նե­րու նկատ­մամբ խտրա­կա­նու­թեան բո­լոր ձե­ւե­րու ջնջման մա­սին կոն­վեն­ցիան (պայ­մա­նա­գի­րը)», որ կը գոր­ծէ որ­պէս «կի­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րու մի­ջազ­գա­յին օ­րի­նա­գիծ»:
Որ­պէս ­Հա­յաս­տա­նի վե­րա­բե­րեալ Մ.Ա.Կ.ի յանձ­նա­ժո­ղով­նե­րու հին­գե­րորդ եւ վե­ցե­րորդ պար­բե­րա­կան զե­կոյց­նե­րու մաս՝ ա­ռա­ջար­կու­թիւն­ներ ե­ղած են ա­րա­գաց­նե­լու «յա­տուկ կի­նե­րու նկատ­մամբ գեն­դե­րա­յին (սե­ռա­յին) բռնու­թիւ­նը քրէա­կա­նաց­նող հա­մընդգր­կուն օ­րէն­քի ըն­դու­նու­մը»:
Ն­ման օ­րէնք մը նաեւ հա­մա­հունչ է Հ.Յ.Դ.ի տե­սա­կէտ­նե­րուն եւ ար­ժէք­նե­րուն: ­Դե­ռեւս 1909ի սկիզ­բը, իսկ յե­տոյ նաեւ ա­ռա­ջին հան­րա­պե­տու­թեան ըն­թաց­քին, Հ.Յ.Դ.ն ­պաշ­տօ­նա­պէս կ’ա­ջակ­ցէր կի­նե­րու եւ տղա­մար­դոց հա­ւա­սա­րու­թեան, կի­նե­րու քո­ւէար­կե­լու եւ ընտ­րո­ւե­լու ի­րա­ւուն­քին եւ աշ­խա­տա­վայ­րե­րու մէջ կի­նե­րու եւ ե­րե­խա­նե­րու վե­րա­բե­րող այլ ի­րա­ւունք­նե­րուն:
Չ­նա­յած ներ­կա­յիս իշ­խող ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան հետ կոա­լի­ցիա­յի (հա­մա­խո­հու­թեան) մէջ ըլ­լա­լուն՝ Հ.Յ.Դ.ն­ իր պատ­մու­թեան մէջ բազ­միցս աչ­քի ին­կած է ա­ռա­ջա­դէմ ար­ժէք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեամբ։ Ան կ’ար­ժե­ւո­րէ ­Հա­յաս­տա­նի ստանձ­նած պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան առ­ջեւ, քա­նի որ հասկցեր է, որ քա­ղա­քա­կիրթ հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րուն մեծ մա­սը ըն­դու­նած է ըն­տա­նե­կան բռնու­թեան կան­խար­գիլ­ման դէմ մե­խա­նիզմ­ներ (տե՛ս Հ.Յ.Դ. խորհր­դա­րա­նա­կան խմբակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը.- «­Մեր դա­շին­քը կ’ա­ջակ­ցի այս օ­րէն­քին ըն­դուն­ման, քա­նի որ մենք աշ­խար­հի մէկ մասն ենք»):
­Հա­յաս­տա­նի մէջ ըն­տա­նե­կան բռնու­թեան խնդի­րը կը շա­րու­նա­կէ մնալ ազ­գա­յին դիս­կուր­սի (բա­նա­վէ­ճի) սահ­ման­նե­րուն մէջ: Armenian weeklyի է­ջե­րուն 2014ին լոյս տե­սած յօ­դո­ւա­ծին մէջ քննար­կո­ւած էր խնդրին լրջու­թիւ­նը՝ եզ­րա­փա­կե­լով.- «Այս սար­սա­փե­լի յան­ցան­քին դէմ պայ­քա­րող նո­ւի­րեալ կի­ներ եւ տղա­մար­դիկ օգ­նու­թեան կա­րիք ու­նին»: ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ըն­տա­նե­կան բռնու­թեան կան­խար­գիլ­ման մա­սին օ­րէն­քի ներդ­րու­մը ­Հա­յաս­տա­նի հա­սա­րա­կու­թեան տար­բեր շեր­տե­րուն հնա­րա­ւո­րու­թիւն կու տայ մաս­նակ­ցե­լու այս գոր­ծըն­թա­ցին: Այս դիս­կուր­սը (բա­նա­վէ­ճը) պէտք է նե­րա­ռէ նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի սփիւռ­քը:
­Ջան­քե­րը ­Հա­յաս­տա­նի ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան, որ ան­ցեալ տա­րի մշա­կած է այս օ­րի­նա­գի­ծը, պէտք է ող­ջու­նո­ւին յա­րա­տեւ ար­ժէք­նե­րու յա­րող կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն կող­մէ, ինչ­պի­սին է Հ.Յ.Դ.ն: Հ.Յ.Դ.ի հա­մար ըն­տա­նե­կան բռնու­թեան մա­սին օ­րէն­քը իր հիմ­քով կրնայ դի­տար­կո­ւիլ որ­պէս սո­ցիա­լա­կան (ըն­կե­րա­յին) ար­դա­րու­թեան հարց: Ե­թէ ըն­տա­նե­կան բռնու­թեան ­Հա­յաս­տա­նի մէջ շա­րու­նա­կա­բար բա­ւա­կա­նա­չափ ու­շադ­րու­թիւն չդար­ձո­ւի, կը նշա­նա­կէ, որ հայ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը կը թե­րագ­նա­հա­տէ կի­նե­րը (ո­րոնք կը կազ­մեն ­Հա­յաս­տա­նի բնակ­չու­թեան մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը)՝ որ­պէս քա­ղա­քա­ցի­ներ եւ մարդ ա­րա­րած եւ ու­ղերձ կը յղէ, որ ա­նոնք տղա­մար­դոց­մէ ա­ւե­լի քիչ ար­ժէք ու­նին։ Այս մէ­կը իր հեր­թին կը խարխ­լէ ողջ հայ հա­սա­րա­կու­թեան հիմ­քե­րը։

Եզ­րա­յան­գում­ներ

Ար­դի հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը պէտք է վե­րա­կա­ռու­ցէ 1991 թո­ւա­կա­նէն ետք, խորհր­դա­յին կո­մու­նիս­տա­կան ան­ցու­մէն ի վեր, այս հար­ցին շուրջ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող պահ­պա­նո­ղա­կան դիս­կուր­սը (բա­նա­վէ­ճը): ­Թէեւ հա­յաս­տա­նեան հա­սա­րա­կու­թեան մէջ գեն­դե­րա­յին (սե­ռա­յին) ան­հա­ւա­սա­րու­թեան խնդի­րը բաղ­կա­ցած է բազ­մա­թիւ են­թախնդիր­նե­րէ, հե­ղի­նա­կը վճռա­կա­նօ­րէն կը հա­ւա­տայ, որ վե­րա­բեր­մուն­քի փո­փո­խու­թիւ­նը պէտք է ո­րե­ւէ տե­ղէ սկսիլ։ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ըն­տա­նե­կան բռնու­թեան կան­խար­գիլ­ման մա­սին օ­րէն­քը կրնայ այդ ա­ռու­մով կա­րե­ւոր մեկ­նա­կէտ դառ­նալ: Ի հար­կէ, ոչ մէկ օ­րի­նա­գիծ ի սկզբա­նէ կա­տա­րեալ չէ, բայց այդ պէտք չէ պատ­ճառ հան­դի­սա­նայ զայն մեր­ժե­լու հա­մար:
­Հայ պե­տա­կան ազ­գայ­նա­կա­նու­թեան նեղ, յետ-խորհր­դա­յին տար­բե­րա­կը ի զօ­րու չէ փո­խա­րի­նե­լու ազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան եւ ճշգրտօ­րէն ար­տա­ցո­լե­լու հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան ար­ժէք­նե­րը: ­Գեն­դե­րա­յին (սե­ռա­յին) հա­ւա­սա­րու­թիւ­նը պէտք է ար­ժե­ւո­րո­ւի հա­ւա­սար հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու հա­մա­տեքս­տին մէջ: ­Մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը «­Կի­նե­րու նկատ­մամբ խտրա­կա­նու­թեան բո­լոր ձե­ւե­րու ջնջման մա­սին կոն­վեն­ցիա­յի (ուխ­տա­գի­րի)», «­Հա­զա­րա­մեա­կի զար­գաց­ման նպա­տակ­ներ»ու եւ այլ պայ­մա­նա­գիր­նե­րու եւ պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցով, ո­րոնց ստո­րագ­րեալ կը հան­դի­սա­նայ նաեւ ­Հա­յաս­տա­նը, ճանչ­ցած է գեն­դե­րա­յին (սե­ռա­յին) հա­ւա­սա­րու­թեան ա­պա­հով­ման կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։
­Հայ­կա­կան պե­տա­կա­նու­թեան հա­րիւ­րա­մեայ յո­բե­լեա­նին ըն­դա­ռաջ՝ ար­դի հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը պէտք է այս օ­րի­նա­գի­ծէն այն կողմ ա­ւե­լի խոր­քա­յին հար­ցե­րու լու­ծում տայ, օ­րի­նակ՝ ին­չո՞ւ ­Հա­յաս­տա­նը աշ­խար­հի վրայ ­Չի­նաս­տա­նէն ու Ատր­պէյ­ճա­նէն ետք կը զբա­ղեց­նէ եր­րորդ տե­ղը պտու­ղի սե­ռով պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած (վի­ժում­նե­րու) ա­բորտ­նե­րու թի­ւով։ Ար­դեօ՞ք ­Հա­յաս­տա­նի կեն­սա­թո­շա­կա­յին հա­մա­կար­գը պատ­շաճ ու­շադ­րու­թիւն կը դարձ­նէ կի­նե­րուն։ Ին­չո՞ւ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ գոր­ծազր­կու­թեան մա­կար­դա­կը ա­ւե­լի բարձր է կի­նե­րու շրջա­նակ­նե­րուն մէջ։ Ինչ­պէ՞ս հայ կի­նե­րուն հետ Հ.Կ.նե­րը ա­ւե­լի սերտ կրնան փոխ-գոր­ծակ­ցիլ ի­րենց գոր­ծու­նէու­թեան տա­րածք­նե­րուն մէջ եւ նպաս­տել կի­նե­րու հզօ­րաց­ման ու ինք­նա­կա­ռա­վար­ման գիւ­ղա­կան հա­մայնք­նե­րուն մէջ, ուր ար­տեր­կիր ա­շա­տան­քի մեկ­նե­լու հե­տե­ւան­քով կը բա­ցա­կա­յին մեծ թի­ւով տղա­մար­դիկ։
2018ի շե­մին հայ­կա­կան քա­ղա­քա­կան միտ­քը պէտք է ա­ւե­լի լայ­նա­խոհ ըլ­լայ եւ տես­նէ, թէ կի­նե­րուն ա­ւե­լի լայն ներգ­րա­ւո­ւա­ծու­թիւ­նը ինչ­պէ՛ս կրնայ նպաս­տել հայ հա­սա­րա­կու­թեան զար­գաց­ման:
­Հա­յաս­տա­նի բնակ­չու­թեան ա­ւե­լի քան 55 տո­կո­սը կազ­մող կի­նե­րը ան­տե­սո­ւած են որ­պէս կեն­սու­նակ տա­ղան­դի աղ­բիւր:
­Հայ կի­նե­րը ան­ցեա­լին աշ­խա­տած են տղա­մար­դոց կող­քին, եւ նման աշ­խա­տանք հիե­րար­խիկ չէր, քա­նի որ նա­խար­դիւ­նա­բե­րա­կան շրջան­նե­րուն մէջ տղա­մար­դիկ եւ կի­ներ կ’աշ­խա­տէին տու­նե­րուն մէջ ու յա­րա­կից տնտե­սու­թիւն­նե­րով: ­Հայ կի­նե­րը աշ­խա­տած են հա­գուս­տի, օ­ճա­ռի, մո­մե­րու եւ այլ անհ­րա­ժեշտ կեն­ցա­ղա­յին ապ­րանք­նե­րու ար­տադ­րու­թեան մէջ: Ար­դիւ­նա­բե­րա­կան յե­ղա­փո­խու­թե­նէն ետք ար­տադ­րու­թիւ­նը տնա­յին տնտե­սու­թիւն­նե­րէն տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ գոր­ծա­րան­ներ, հայ կի­նե­րը խորհր­դա­յին ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին հա­ւա­սար ի­րա­ւունք­ներ ու­նե­ցան թէ՛ աշ­խա­տան­քի, թէ՛ կրթու­թեան բնա­գա­ւառ­նե­րուն մէջ, ու­նե­նա­լով նաեւ ար­տօ­նու­թիւն­ներ (օ­րի­նակ, նա­խածնն­դեան եւ յետ-ծննդեան ար­ձա­կուրդ, ինչ­պէս նաեւ ա­բոր­տի (վի­ժում­նե­րու) օ­րի­նա­կան ի­րա­ւունք 1920էն ի վեր): ­Սո­վե­տա­կան ­Հա­յաս­տա­նի մէջ կի­նե­րը չա­փա­զանց «նուրբ» չէին գոր­ծա­րան­նե­րուն մէջ աշ­խա­տե­լու, յա­ջո­ղակ ին­ժե­ներ­ներ (ճար­տա­րա­գէտ­ներ) ըլ­լա­լու կամ Երկ­րորդ ­Հա­մաշ­խար­հա­յին ­Պա­տե­րազ­մին մաս­նակ­ցե­լու հա­մար:
1991էն ետք ­Հա­յաս­տա­նի կի­նե­րուն ըն­կե­րատնտե­սա­կան վի­ճա­կը կտրա­կա­նա­պէս փո­խո­ւե­ցաւ, քա­նի որ ­Հա­յաս­տա­նի տնտե­սու­թիւ­նը ան­կում ապ­րե­ցաւ ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թեան փլուզ­ման հետ, նո­ւա­զե­ցան աշ­խա­տա­տեղ­ներն ու բարձ­րա­ցաւ աղ­քա­տու­թեան մա­կար­դա­կը։
Շատ ա­ռում­նե­րով նա­խա­գահ ­Լե­ւոն ­Տէր-­Պետ­րո­սեա­նի հապշ­տապ, ան­կա­նոն (եւ ի վեր­ջոյ ա­ղի­տա­լի) մաս­նա­ւո­րեց­ման ջան­քե­րը խո­րա­ցու­ցին ­Հա­յաս­տա­նի ա­պար­դիւ­նա­բե­րա­կա­նա­ցու­մը: Որ­պէս ­Հա­յաս­տա­նի յետ-խորհր­դա­յին կլա­նա­յին (խմբիշ­խա­նա­կան) նէօ-կա­պի­տա­լիզ­մի (նոր դրա­մա­տի­րու­թեան) հե­տե­ւանք՝ շատ կի­ներ կը շա­րու­նա­կէին կորսնց­նել աշ­խա­տան­քը, ինչ որ նպաս­տեց հայ հա­սա­րա­կու­թեան մէջ կի­նե­րու այ­սօ­րո­ւան դէ ֆակ­տօ (ի­րող­պէս) ցած կար­գա­վի­ճա­կին:
­Բա­ցի աս­կէ, գո­յու­թիւն ու­նին տար­բեր այլ հան­գա­մանք­ներ, ո­րոնք այ­սօր կը խո­չըն­դո­տեն կի­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան կեան­քին: Ա­նոնց կար­գին՝ գեն­դե­րա­յին (gender) կարծ­րա­տիպ­նե­րը, գեն­դե­րա­յին դե­րե­րը, կի­նե­րուն տնտե­սա­կան ան­կա­խու­թեան եւ սո­ցիա­լա­կան կա­պի­տա­լին (հա­սա­րա­կա­կան դրա­մագ­լու­խի) պա­կա­սը, ինչ­պէս նաեւ երկ­րին մէջ գե­րակշ­ռող քա­ղա­քա­կան մշա­կոյ­թը:
­Հայ կնոջ դե­րը հա­սա­րա­կու­թեան մէջ կար­ծես նո­ւա­զած է վատ կա­ռա­վար­ման, օ­լի­գարխ­նե­րու (ա­ռանձ­նաշ­նոր­հեալ իշ­խա­նա­ւոր­նե­րու) ղե­կա­վար­ման եւ անց­նող 25 տա­րի­նե­րու սին պե­տա­կան «ազ­գայ­նա­կա­նու­թեան» ազ­դե­ցու­թեան ներ­քոյ:
­Հայ ժո­ղո­վուր­դը ար­ժէ­քա­ւոր հա­ւա­քա­կան նա­խա­գիծ է։ Եւ կը նե­րա­ռէ հա­սա­րա­կու­թեան բո­լոր ան­դամ­նե­րը: ­Մենք պէտք է ճիշդ հի­մա գոր­ծենք, որ­պէս­զի ըստ ար­ժան­ւոյն գնա­հա­տենք այն զգա­լի եւ ակն­յայտ փո­փո­խու­թիւ­նը, զոր կի­նե­րը կրնան կա­տա­րել ­Հա­յաս­տա­նի մէջ։ ­Մենք չենք կրնար ար­դա­րա­ցում­ներ փնտռել կամ նա­հան­ջել: ­Մենք չենք կրնար պար­զա­պէս հա­ւա­սա­րու­թիւն հռչա­կել եւ ակն­կա­լել, որ խնդի­րը լու­ծո­ւի։ ­Մենք պէտք է ստեղ­ծենք անհ­րա­ժեշտ մի­ջա­վայր, ուր կրնայ ծաղ­կիլ հա­ւա­սա­րու­թիւ­նը:
­Հա­յաս­տա­նի մէջ կի­նե­րու օ­րա­կար­գին վե­րա­կեն­դա­նա­ցու­մը կրնայ մեր կին խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րուն եւ մեր ա­ռա­ջին հան­րա­պե­տու­թեան մա­տու­ցուե­լիք յար­գան­քին լա­ւա­գոյն տուր­քե­րէն մէ­կը ըլ­լալ: 2018ն ­հա­յե­րուն հա­մար ոչ միայն ի­րենց պե­տա­կա­նու­թեամբ հպար­տա­նա­լու տա­րի է։ 2018 թո­ւա­կա­նին հա­յե­րը նաեւ պէտք է նշեն ­Հա­յաս­տա­նի մէջ կի­նե­րու քո­ւէար­կու­թեան ի­րա­ւուն­քի 100ա­մեայ յո­բե­լեա­նը: Ըն­տա­նե­կան բռնու­թեան մա­սին օ­րէն­քը լուրջ եւ ու­շագ­րաւ հա­մազ­գա­յին դիս­կուր­սի (բա­նա­վէ­ճի) ա­ռիթ է բո­լոր դա­սե­րու ու ծագ­ման հա­յե­րու հա­մար։ Ան կրնայ նաեւ խթան հան­դի­սա­նալ՝ զբա­ղե­լու մշա­կու­թա­յին եւ հա­սա­րա­կա­կան այն նոր­մե­րու (չա­փա­կա­նոն­ներ) հար­ցով, ո­րոնք այ­լեւս դրա­կան դեր չու­նին հայ հա­սա­րա­կու­թեան հա­մար:

*­Ռաֆ­ֆի Արտ­հալ­ճեան ֆի­նանս­նե­րու (ե­լեւ­մուտ­քի) եւ գի­տա­րո­ւես­տի մաս­նա­գէտ ու սփիւռ­քա­հայ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ է, որ ան­կա­խու­թեան տա­րի­նե­րէն ի վեր ­Հա­յաս­տա­նի մէջ կը զբա­ղի հա­սա­րա­կա­կան ձեռ­նե­րէ­ցու­թեամբ: Ի­րա­ւուն­քի եւ դի­ւա­նա­գի­տու­թեան Ֆ­լե­չըր դպրո­ցի եւ ­Շի­քա­կո­յի հա­մալ­սա­րա­նի ­Բու­թի պիզ­նե­սի (գոր­ծա­րա­րա­կան) դպրո­ցէն շրջա­նա­ւարտ է: