­Նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան՝ Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Գա­րե­գին Բ. ­Կա­թո­ղի­կո­սի, բա­րե­րար Է­տո­ւար­տօ Էօր­նե­կեա­նի, շարք մը պաշ­տօ­նա­տար ան­ձե­րու եւ պա­տո­ւոյ հիւ­րե­րու հետ, ­Հինգ­շաբ­թի՝ 14 ­Սեպ­տեմ­բե­րին ներ­կայ գտնո­ւե­ցաւ ­Մայր Ա­թոռ ­Սուրբ Էջ­միած­նի «Էօր­նե­կեան» հան­րակր­թա­կան դպրո­ցի ու­սում­նա­կան հաս­տա­տու­թեան նոր մաս­նա­շէն­քի բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան: Դպ­րո­ցի օ­ծու­մը կա­տա­րեց Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սը: ­Հան­րակր­թա­կան ու­սում­նա­կան այս հաս­տա­տու­թիւ­նը հիմ­նադ­րո­ւած է ­Գա­րե­գին Բ.ի կող­մէ եւ Է­տո­ւար­տօ Էօր­նե­կեա­նի բա­րե­րա­րու­թեամբ՝ 1 ­Սեպ­տեմ­բեր 2009ին, ­Վա­ղար­շա­պա­տի թիւ 13 հան­րակր­թա­կան դպրո­ցի հիմ­քին վրայ: Դպ­րո­ցի ու­սում­նա­ռու­թեան պայ­ման­նե­րը բա­րե­լա­ւե­լու նպա­տա­կով՝ ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ Է­տո­ւար­տօ Էօր­նե­կեա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ՝ Էջ­միա­ծի­նի մէջ կա­ռու­ցո­ւած է «Էօր­նե­կեան» հան­րակր­թա­կան ու­սում­նա­կան հաս­տա­տու­թեան նոր եւ կա­հա­ւո­րո­ւած դա­սա­սե­նեակ­նե­րով ու տար­րա­լու­ծա­րան­նե­րով յա­գե­ցած շէն­քը, որ կրնայ իր յար­կին տակ ըն­դու­նիլ 500 եւ ա­ւե­լի ա­շա­կերտ:
­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը շրջայց կա­տա­րեց նո­րա­բաց դպրո­ցին մէջ, ծա­նօ­թա­ցաւ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ ու­սում­նա­ռու­թեան հա­մար ստեղ­ծո­ւած պայ­ման­նե­րուն, ա­պա մաս­նակ­ցե­ցաւ դպրո­ցի բա­կին մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւած ծա­ռա­տուն­կին: