­Հայ ­Դա­տի Եւ­րո­պա­յի Գ­րա­սե­նեա­կը ­Պեր­լի­նի մէջ ­Գեր­մա­նիոյ ­Կա­նաչ­նե­րու ­Կու­սակ­ցու­թեան հա­մա­նա­խա­գահ, ­Պուն­տես­թա­կի թուրք ե­րես­փո­խան ­Ճեմ Էօզ­տե­մի­րին յանձ­նած է ­Հայ ­Դա­տի Ա.Մ.Ն. Ա­րեւմ­տեան Ա­փի յանձ­նա­խում­բի շնոր­հած «Ա­զա­տու­թեան մրցա­նակ»ը:
Մր­ցա­նա­կը Էօզ­տե­մի­րին շնոր­հո­ւած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան բա­նա­ձե­ւի ըն­դուն­ման հար­ցով իր գոր­ծադ­րած ջան­քե­րուն հա­մար: Մր­ցա­նա­կը Էօզ­տե­մի­րին յանձ­նած է ­Հայ ­Դա­տի Եւ­րո­պա­յի Գ­րա­սե­նեա­կի նա­խա­գահ ­Գաս­պար ­Կա­րա­պե­տեան: «­Պա­տիւ ու­նիմ։ ­Հա­յե­րու տա­ռա­պանք­նե­րը մոռ­ցո­ւած չեն»,- նշած է ծա­գու­մով թուրք գեր­ման ե­րես­փո­խա­նը: Մր­ցա­նա­կին նա­խա­պէս ար­ժա­նա­ցած են ի­րա­ւա­բան, գրող, մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց գոր­ծիչ ­Ֆեթ­հիէ ­Չե­թին, ծա­նօթ ի­րա­ւա­բան ­Ռա­պըրթ ­Մոր­կըն­թաու, ­Հա­յաս­տա­նի մօտ Ա.Մ.Ն. նախ­կին դես­պան ­Ճոն Է­վընս, ­Փու­լի­ցե­րեան, գրող եւ Մ.Ա.Կ.ի մօտ Ա.Մ.Ն. այժ­մու դես­պան ­Սա­ման­թա ­Փաո­ւըր, ինչ­պէս նաեւ՝ Լ.Ղ.Հ. նա­խա­գահ ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեան եւ ու­րիշ­ներ։