ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«­Քա­լի­ֆոր­նիա ­Քու­րիըր»

­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ Էր­տո­ղան «օրհ­նու­թիւն» է բո­լոր ա­նոնց հա­մար, ո­րոնք դէմ են թրքա­կան բռնա­տի­րու­թեան եւ մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու զան­գո­ւա­ծա­յին խախ­տում­նե­րուն:
Օր չկայ, որ ­Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը դա­ժա­նօ­րէն չվա­րո­ւի մտա­ւո­րա­կան­նե­րու, ի­րա­ւա­պաշտ­պան­նե­րու, հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու, լրագ­րող­նե­րու եւ քա­ղա­քա­կան հա­կա­ռա­կորդ­նե­րու հետ:
Էր­տո­ղան ա­ւե­լի շատ վնաս հաս­ցու­ցած է ­Թուր­քիոյ վար­կա­նի­շին, քան ոե­ւէ մէ­կը` օս­մա­նեան թուր­քե­րու կող­մէ 1915ի ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ի­րա­կա­նա­ցու­մէն ետք:
Ա­զատ խօս­քի եւ ա­կա­դե­մա­կան ա­զա­տու­թեան դէմ թրքա­կան ան­հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թեան վեր­ջին դրսե­ւո­րու­մը ար­ձա­նագ­րո­ւե­ցաւ 2017ի ­Սեպ­տեմ­բեր 15-18ին, երբ ­Մի­շի­կը­նի հա­մալ­սա­րա­նի «հայ-թրքա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թեան կեդ­րոն»ը (WATS) ո­րո­շեց հա­մա­ժո­ղով մը ի­րա­կա­նաց­նել ­Պեր­լի­նի Եւ­րո­պա­կան Ա­կա­դե­միա­յին մէջ: ­Հա­մա­ժո­ղո­վը կազ­մա­կեր­պո­ւած էր ­Մի­շի­կը­նի հա­մալ­սա­րա­նի, ­Հա­րա­ւա­յին ­Քա­լի­ֆոր­նիոյ հա­մալ­սա­րա­նի ­Տորն­սի­ֆի հայ­կա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու ու­սում­նա­րա­նի եւ ­Փոց­տա­մի «­Լեփ­սիուս­հաուզ» թան­գա­րա­նի կող­մէն` ­Գեր­մա­նիոյ Պ­րան­տըն­պուրկ նա­հան­գի գի­տու­թեան, հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու եւ մշա­կոյ­թի նա­խա­րար դոկտ. ­Մար­թի­նա ­Միւն­խի հո­վա­նիի ներ­քոյ:
Այս կա­րե­ւոր հա­մա­ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­լու հա­մար հրա­ւի­րո­ւած էին տար­բեր ազ­գե­րու հան­րա­ծա­նօթ մտա­ւո­րա­կան­ներ, նե­րա­ռեալ թուրք մտա­ւո­րա­կան­ներ: ­Սա­կայն, ­Թուր­քիոյ բարձ­րա­գոյն կրթու­թեան խոր­հուր­դը խո­չըն­դո­տած էր ­Թուր­քիոյ ա­կա­նա­ւոր փրո­ֆե­սըր­նե­րու ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը` մաս­նակ­ցե­լու «ան­ցեա­լը ներ­կայ է. ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ­րո­պա­կան մօ­տե­ցում­նե­րը» խո­րա­գի­րը կրող հա­մա­ժո­ղո­վին:
­Սեպ­տեմ­բե­րին, ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեան (MESA) նա­խա­գահ փրոֆ. ­Պեթ ­Պա­րոն, աշ­խար­հի 3000 ան­դամ­նե­րու ա­նու­նով, խիստ քննա­դա­տա­կան նա­մակ յղեց նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նին եւ վար­չա­պետ Եըլ­տը­րը­մին` հա­մա­ժո­ղո­վին դէմ ­Թուր­քիոյ ջան­քե­րը ո­րա­կե­լով իբ­րեւ «վի­րա­ւո­րանք ա­կա­դե­մա­կան ա­զա­տու­թեան ­Թուր­քիոյ մէջ եւ նոր սպառ­նա­լիք մը ճնշե­լու ա՛յն նիւ­թե­րով ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց վրայ ձեր կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ ար­գելք դրո­ւած է… ­Պեր­լի­նի մէջ ի­րա­կա­նա­ցուող WATS հա­մա­ժո­ղո­վին շուրջ տե­ղի ու­նե­ցող ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը մէկ ան­գամ եւս կը վկա­յեն ձեր կա­ռա­վա­րու­թեան ան­կա­րո­ղու­թեան մա­սին` յար­գե­լու մար­դու ի­րա­ւունք­ներն ու հիմ­նա­կան ա­զա­տու­թիւն­նե­րը՝ թրքա­կան օ­րէնք­նե­րուն հա­մա­ձայն, հա­կա­ռակ ­Թուր­քիոյ ստանձ­նած մի­ջազ­գա­յին յստակ պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն»:
­Թուրք ազ­գայ­նա­մոլ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ ­Տո­ղու ­Փէ­րին­չէ­քը յայ­տա­րա­րեց, որ հա­մա­ժո­ղո­վը «պի­տի ծա­ռա­յէ կայ­սե­րա­կա­նու­թեան եւ ­Քիւր­տիս­տա­նի շա­հե­րուն» եւ թուրք մաս­նա­կից­նե­րը ա­նո­ւա­նեց «դա­ւա­ճան­ներ»: ­Թուր­քիոյ մէջ ա­ջա­կող­մեան թե­ւի այլ ազ­գայ­նա­մոլ­ներ եւ իշ­խա­նա­մէտ լրա­տո­ւա­մի­ջոց­ներ եւս դա­տա­պար­տե­ցին հա­մա­ժո­ղո­վը: MESAի նա­խա­գա­հը իր քննա­դա­տա­կան նա­մա­կին պատ­ճէն­նե­րը ու­ղար­կեց ­Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հին, ­Թուր­քիոյ ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րա­րին, ­Թուր­քիոյ բարձ­րա­գոյն կրթու­թեան խոր­հուր­դի նա­խա­գա­հին, ­Մար­դու Ի­րա­ւունք­նե­րու Եւ­րո­պա­կան ­Խորհր­դա­րա­նի են­թա­յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գա­հին եւ փոխ-նա­խա­գա­հին, Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան ար­տա­քին գոր­ծոց եւ անվ­տան­գու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան բարձր ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին, Եւ­րո­պա­կան հա­րե­ւա­նու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ ընդ­լայն­ման բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­կա­տա­րին, Եւ­րո­պա­յի ­Խոր­հուր­դի մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու յանձ­նա­կա­տա­րին, Եւ­րո­պա­կան ­Խորհր­դա­րա­նի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վին, Մ.Ա.Կ.ի մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու գե­րա­գոյն յանձ­նա­կա­տա­րին, Մ.Ա.Կ.ի խօս­քի, կար­ծի­քի ա­զատ ար­տա­յայտ­ման ի­րա­ւուն­քի խթան­ման եւ պաշտ­պա­նու­թեան յա­տուկ զե­կու­ցո­ղին, Մ.Ա.Կ.ի կրթու­թեան ի­րա­ւուն­քի յա­տուկ զե­կու­ցո­ղին, Ա.Մ.Ն.ի մօտ ­Թուր­քիոյ դես­պա­նին եւ ­Թուր­քիոյ մօտ Ա.Մ.Ն.ի դես­պա­նին:
­Զար­մա­նա­լի չէ, որ շա­բաթ­ներ անց, ո՛չ Էր­տո­ղա­նը, ոչ ալ ­Թուր­քիոյ վար­չա­պե­տը ար­ձա­գան­գե­ցին MESAի նա­մա­կին…
­Նաեւ՝ WATSի կազ­մա­կերպ­չա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վը 2017ի ­Սեպ­տեմ­բեր 18ին յայ­տա­րա­րու­թիւն տա­րա­ծեց` Ան­գա­րա­յի կող­մէ ­Պեր­լի­նի հա­մա­ժո­ղո­վին թուրք մտա­ւո­րա­կան­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեան ար­գել­քը ո­րա­կե­լով՝ «յար­ձա­կում ա­զատ խօս­քի եւ ա­կա­դե­մա­կան ա­զա­տու­թան վրայ. ա­ւե­լի՛ն, ընդ­լայ­նե­լով նման մտա­ւոր ճնշու­մը ­Թուր­քիոյ սահ­ման­նե­րէն դուրս: ­Մենք կը կի­սենք ­Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեան (MESA) մտա­հո­գու­թիւ­նը, որ նման գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը լուրջ եւ խայ­տա­ռակ կեր­պով կը վնա­սեն ուս­ման եւ գի­տե­լիք­նե­րու ա­զատ փո­խա­նակ­ման»։
WATS նշած է, որ հա­մա­ժո­ղո­վը «յար­ձակ­ման են­թար­կո­ւած է ­Թուր­քիոյ եւ ­Գեր­մա­նիոյ թրքա­կան ծայ­րա­յեղ ազ­գայ­նա­մոլ քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­նե­րու կող­մէ: ­Մի­ջազ­գա­յին աս­պա­րէ­զի մէջ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան եր­կա­րա­տեւ ժխտող­նե­րը յայ­տա­րա­րած են, որ հա­մա­ժո­ղո­վը «պի­տի ծա­ռա­յէ կայ­սե­րա­պաշ­տու­թեան եւ ­Քիւր­տիս­տա­նի շա­հե­րուն», եւ քրտա­կան խնդի­րը ձե­ւա­կեր­պո­ւած է իբ­րեւ «երկ­րորդ Իս­րա­յէլ», որ ակն­յայ­տօ­րէն հա­կա­սե­մա­կա­նու­թիւն է»:
WATS նաեւ յայ­տա­րա­րած է, որ «­Թուր­քիա կը տա­ռա­պի ներ­կայ ա­հա­բեկ­ման եւ սպառ­նա­լիք­նե­րու մթնո­լոր­տէն, ո­րուն մա­սին կը վկա­յէ վե­րա­բեր­մուն­քը ա՛յն մտա­ւո­րա­կան­նե­րուն հան­դէպ, ո­րոնք փա­փա­քած են մաս­նակ­ցիլ ­Պեր­լի­նի WATSի հա­մա­ժո­ղո­վին….
«­Մենք… կոչ կ­՝ը­նենք թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան՝ վե­րա­կանգ­նե­լու ա­կա­դե­մա­կան ա­զա­տու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք խախ­տո­ւած են եւ կը խախ­տո­ւին ­Թուր­քիոյ մէջ…
««­Նաեւ՝ կը պա­հան­ջենք, որ թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը հրա­ժա­րի մտա­ւո­րա­կան փո­խա­նա­կու­թեան ու ար­տա­յայ­տու­թեան մի­ջամ­տե­լէ ­Թուր­քիա­յէն դուրս:
«Ն­ման մի­ջամ­տու­թիւ­նը ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կար­գի խախ­տում է ­Թուր­քիոյ եւ հիւ­րըն­կա­լող եր­կիր­նե­րու մէջ: ­Պեր­լի­նի WATS հա­մա­ժո­ղո­վին շուրջ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը եւս մէկ օ­րի­նակ են, որ թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը կը հրա­ժա­րի յար­գե­լու մար­դու հիմ­նա­կան ի­րա­ւունք­նե­րը` թէ՛ թրքա­կան օ­րէն­քին, թէ՛ ­Թուր­քիոյ ստանձ­նած յստակ մի­ջազ­գա­յին պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն հա­մա­ձայն»:
­Վեր­ջա­պէս, ­Մի­շի­կը­նի հա­մալ­սա­րա­նի փրո­ֆե­սըր եւ ­Պեր­լի­նի հա­մա­ժո­ղո­վի հա­մա­կազ­մա­կեր­պիչ ­Ֆաթ­մա ­Մու­կէ ­Կո­չէք (ծնուն­դով` ­Թուր­քիա­յէն), 2017ի ­Նո­յեմ­բեր 10ին, մեկ­նա­բա­նու­թիւն մը գրեց Ո­ւա­շինկ­թը­նի Ahvalnews.com թրքա­կան կայ­քին մէջ` «­Թուրք գիտ­նա­կան­նե­րու հե­տապն­դու­մը Ա­րեւ­մուտ­քի մէջ պէտք է դադ­րե­ցո­ւի» վեր­նա­գի­րով:
Փ­րոֆ. ­Կո­չէք գրեց.- «Ես մշտա­պէս հե­տապն­դո­ւած եմ թրքա­կան պե­տու­թեան կող­մէ՝ իմ աշ­խա­տան­քին պատ­ճա­ռով: Այս հա­լա­ծան­քը ի­րա­կա­նա­ցո­ւած է առ­ցանց զրպար­տու­թեան ար­շաւ­նե­րու, ա­նա­նուն սպառ­նա­լիք­նե­րու ձե­ւով, ո­րոնց հետ­քե­րը կը տա­նին դէ­պի ­Թուր­քիա, եւ ա՛յն մար­դոց կող­մէ, ո­րոնք նշա­նա­կո­ւած են թրքա­կան պե­տու­թեան կող­մէ, եւ ո­րոնք փոր­ձած են մար­տահ­րա­ւէր նե­տել ու ստո­րաց­նել զիս: Ես հե­տապն­դում­նե­րու ենթ­ար­կո­ւած եմ ե՛ւ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու մէջ, ե՛ւ Եւ­րո­պա­յի մէջ, հա­կա­ռակ ա­նոր որ միայն դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ կար­դա­ցած եմ հա­մալ­սա­րան­նե­րու մէջ: Ան­գամ մը ստի­պո­ւած ե­ղած եմ դի­մե­լու ­Հե­տաքն­նու­թեան ­Դաշ­նակ­ցա­յին Գ­րա­սե­նեակ (FBI)` իմ ստա­ցած անձ­նա­կան սպառ­նա­լի­քի հե­տաքն­նու­թեան հա­մար: Այս ի­րա­վի­ճա­կը, որ ար­դէն իսկ վատ է եւ ամ­բող­ջո­վին կը հա­կա­սէ խօս­քի եւ կար­ծի­քի ար­տա­յայտ­ման ա­զա­տու­թեա­նը, այս տա­րի ա­ւե­լի վա­տա­ցած է»:
Այ­նու­հե­տեւ, փրոֆ. ­Կո­չէ­քը յայ­տա­րա­րած է, որ թուրք ցու­ցա­րար­նե­րը, ո­րոնք ե­կած էին ­Պեր­լի­նի հա­մա­ժո­ղո­վին, «ո՛չ միայն ընդ­հա­տած եւ տե­սան­կա­րա­հա­նած են մաս­նա­կից­նե­րը, այ­լեւ՝ փոր­ձած են ներ­խու­ժել դահ­լիճ: Ի վեր­ջոյ, թրքա­կան թեր­թե­րը մեր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը հա­մա­րե­ցին տա­րօ­րի­նակ դա­ւադ­րու­թիւն, որ պի­տի փոր­ձէ վե­րահս­կել ­Թուր­քիան եւ այն­տեղ ստեղ­ծել երկ­րորդ Իս­րա­յէլ»:
Ճ­րո­ֆե­սըր ­Կո­չէք իր քննա­դա­տա­կան մեկ­նա­բա­նու­թիւ­նը եզ­րա­փա­կած է` կոչ ը­նե­լով Ա­րեւ­մուտ­քի եր­կիր­նե­րուն մի­ջոց­ներ ձեռ­նար­կե­լու ­Թուր­քիոյ դէմ. «Ին­ծի հա­մար ա­ռա­ւել ան­հանգս­տաց­նող է ո՛չ միայն թրքա­կան պե­տա­կան բռնու­թեան հաս­տա­տու­մը ­Թուր­քիոյ մէջ, այ­լեւ ա­նոր տա­րա­ծու­մը երկ­րի սահ­ման­նե­րէն դուրս, ինչ­պէս ես զգա­ցած եմ մաշ­կիս վրայ Եւ­րո­պա­յի եւ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու մէջ: ­Ժա­մա­նակն է, որ Ա­րեւ­մուտ­քը ար­դիւ­նա­ւէտ կեր­պով հան­դէս գայ այս ա­ճող ոտնձ­գու­թեան դէմ իր սե­փա­կան հո­ղին վրայ: ­Կը կար­ծեմ, որ նման հե­տապն­դու­մը ա­հա­բեկ­չա­կան բռնու­թե­նէն կը տար­բե­րի մի­՛այն աս­տի­ճա­նով, քա­նի որ եր­կու­քի նպա­տակն ալ նոյնն է` մար­տահ­րա­ւէր նե­տել ա­րեւմ­տեան չա­փա­նի­շե­րուն եւ ար­ժէք­նե­րուն, եւ վնա­սել ու ա­պա­կա­յու­նաց­նել զա­նոնք: Ա­րեւ­մուտ­քը միայն ար­դիւ­նա­ւէտ դիր­քո­րո­շում որ­դեգ­րե­լով օ­տա­րերկ­րեայ պե­տա­կան հե­տապն­դում­նե­րու դէմ, պի­տի կա­րե­նայ պարտ­կել պա­տաս­խա­նատ­ւու­թեան բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը բռնու­թեան հա­մար, որ գո­յու­թիւն ու­նի այն­պի­սի բռնա­տի­րա­կան եր­կիր­նե­րու մէջ, ինչ­պի­սին է ­Թուր­քիան»: