Ա­մե­րի­կեան մե­ծա­գոյն թեր­թե­րէն «Ո­ւոլ Սթ­րիթ ­Ճըր­նըլ» եւ «­Նիւ Եորք ­Թայմզ» կը տե­ղե­կագ­րեն, որ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու դա­տա­խա­զու­թիւ­նը մե­ղադ­րա­կան ամ­բաս­տա­նա­գիր ներ­կա­յա­ցու­ցած է ­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ ­Ռե­չեփ ­Թա­յիփ Էր­տո­ղա­նի տա­սէ ա­ւե­լի թիկ­նա­պահ­նե­րուն դէմ, ո­րոնք մաս­նա­կից ե­ղած էին Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ թրքա­կան դես­պա­նա­տան առ­ջեւ խա­ղաղ ցու­ցա­րար­նե­րու դէմ կա­տա­րո­ւած ծեծկռ­տու­քին:
­Թուր­քիա-­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ սրում յա­ռա­ջաց­նող այս քայ­լին դի­մե­լով՝ դաշ­նակ­ցա­յին դա­տա­խա­զու­թիւ­նը կրնայ պա­հան­ջել ամ­բաս­տա­նեալ­նե­րու ար­տա­յանձ­նու­մը ­Թուր­քիա­յէն, կամ՝ ար­գի­լել ա­նոնց Ա­մե­րի­կա մուտ­քը:
«­Խա­ղաղ ցու­ցա­րար­նե­րու վրայ դա­ժան յար­ձա­կում» ո­րա­կո­ւած այս յան­ցա­գոր­ծու­թեան ար­ձա­գան­գող­նե­րը ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու կա­ռա­վա­րու­թե­նէն կտրուկ քայ­լեր պա­հան­ջե­ցին ­Թուր­քիոյ դէմ: Ե­ղան նաեւ ­Թուր­քիոյ դես­պա­նը Ո­ւա­շինկ­թը­նէն վտա­րե­լու պա­հանջ­ներ:
­Յի­շեց­նենք, որ նա­խօ­րէին ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը թուրք ծա­գու­մով եր­կու ա­մե­րի­կաց­ներ՝ Է­յուպ Եիլ­տի­րիմն ու ­Սի­նան ­Նա­րի­նը ձեր­բա­կա­լած էր, մե­ղադ­րե­լով զա­նոնք «դա­ժան յար­ձա­կու­մին» մաս­նա­կից ըլ­լա­լու յան­ցան­քով: ­Գա­նա­տա­յի քա­ղա­քա­ցի եր­կու այլ թուր­քեր եւս մե­ղադ­րո­ւած են նոյն յան­ցան­քով:
Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բը պա­հան­ջած է նա­խա­գահ ­Տա­նըլտ Թ­րամ­փի վար­չա­կազ­մէն, որ զրկէ Էր­տո­ղա­նի թիկ­նա­պահ­նե­րը ան­ձեռնմ­խե­լիու­թեան ի­րա­ւուն­քէն:
«Ա­մե­րի­կեան ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րը ի­րենց գոր­ծը կը կա­տա­րեն: ­Հի­մա կար­գը նա­խա­գահ Թ­րամ­փի վար­չա­կազ­մին է, որ պէտք է ­Թուր­քիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րէն պա­հան­ջէ դի­ւա­նա­գի­տա­կան ան­ձեռնմ­խե­լիու­թե­նէ զրկել յան­ցա­գոր­ծու­թեան մաս­նա­կից­նե­րը»,- յայտ­նեց Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի գրա­սե­նեա­կի վա­րիչ տնօ­րէն Ա­րամ ­Համ­բա­րեան:
«Աս­պա­րէզ» հե­տե­ւալ տե­ղե­կագ­րու­թիւ­նը հրա­պա­րա­կեց իր առ­ցանց է­ջին վրայ.
­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը ձեր­բա­կա­լած է ­Մա­յիս 16ին թրքա­կան դես­պա­նա­տան դի­մաց խա­ղաղ ցոյց կա­տա­րող­նե­րու վրայ յար­ձա­կող եր­կու թուրք տղա­մար­դիկ, ո­րոնք ա­մե­րի­կա­յի բնա­կիչ­ներ են:
«­Տը ­Տէյ­լի ­Քո­լըր»ի վե­րոն­շեալ տե­ղե­կու­թիւ­նը փո­խան­ցող աղ­բիւ­րը ձեր­բա­կա­լեալ­նե­րուն ինք­նու­թիւ­նը չէ բա­ցա­յայ­տած:
­Մինչ այդ, Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ գրա­սե­նեակ ու­նե­ցող թրքա­կան «Ո­ւա­շինկ­թըն ­Հաթ­թի» լրա­տո­ւա­կան ծա­ռա­յու­թիւ­նը կը յայտ­նէ, որ ձեր­բա­կա­լեալ­նե­րէն մէ­կը՝ շի­նա­րա­րա­կան ըն­կե­րու­թեան մը սե­փա­կան­տէր Է­յուպ Եըլ­տի­րիմ, ­Յու­նիս 14ին կա­լա­նո­ւած էր ­Նիւ ­Ճըր­զիի մէջ: ­Ձեր­բա­կա­լո­ւած երկ­րորդ ան­ձը ­Վըր­ճի­նիա­յի բնա­կիչ ­Սի­նան ­Նա­րինն է:
Եըլ­տի­րիմ տե­սե­րի­զով նկա­րո­ւած է ­Լու­սի Ու­սո­յեա­նը ծե­ծե­լու ըն­թաց­քին: ­Ծա­գու­մով քիւրտ ­Լու­սին հի­ւան­դա­նոց փո­խադ­րո­ւած էր՝ գլու­խէն ստա­ցած հա­րուած­նե­րուն պատ­ճա­ռով:
Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Ա­րամ ­Համ­բա­րեան այս առ­թիւ յայտ­նեց.- «­Մենք ան­հան­գիստ ենք, ո­րով­հե­տեւ ա­հա մէկ ա­միս ան­ցած օ­տար կա­ռա­վա­րու­թեան գոր­ծա­կալ­նե­րու կող­մէ այս դա­տա­պար­տե­լի յար­ձա­կու­մէն եւ տա­կա­ւին Էր­տո­ղա­նի թիկ­նա­պահ­նե­րը ի­րենց յան­ցա­գոր­ծու­թեան հա­մար չեն մե­ղադ­րո­ւած եւ նա­խա­գահ Թ­րամ­փի վար­չա­կար­գը չէ պա­հան­ջած Ան­գա­րա­յէն, որ այս յար­ձակ­ման մաս­նա­կից­նե­րը զրկէ ան­ձեռնմ­խե­լիու­թե­նէ»:
­Համ­բա­րեան շա­րու­նա­կեց՝ ը­սե­լով.- «Այս ձեր­բա­կա­լու­թիւն­նե­րը լաւ սկիզբ են: ­Սա­կայն, այս դէպ­քը սոսկ յան­ցա­գործ­ներ պատ­ժե­լով կա­րե­լի չէ ա­ւար­տած նկա­տել»: