ՀՕՄի գաղափարը իրականութեան վերածած՝
Էտուար Ակնունիի ծննդեան 155-ամեակին առիթով
Ալիս Յարութիւնեան
Եթէ Էտուար Ակնունին երկար ապրած ըլլար Ճոն Լենոնին ճանչնալու համար, վստահաբար համաձայն գտնուած պիտի ըլլար իր խօսքերուն, երբ կ’ըսէր, թէ «Առանձին երազածդ պարզ երազ մըն է. Ուրիշներու հետ միասին սակայն նոյն երազը ունենալը՝ իրականութիւն է»։
Եւ այդպէս էր Ակնունիին համար։ Հրապարակախօս ու քաղաքական գործիչ Էտուար Ակնունի երազ մը ունէր։ Այդ երազը իրականութիւն դարձաւ, երբ 1910 թուականի Սեպտեմբերին, Ակնունի այցելեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, տեղւոյն հայ համայնքին հետ տեսակցութիւններ ունենալու համար։ Ան աւարտած էր Թիֆլիսի դպրոցը, ապա իր ուսումը շարունակած էր Ժընեւի մէջ, միաժամանակ անդամագրուելով Հ. Յ. Դաշնակցութեան։ Հասարակական գործիչ էր, հեռատես ու եռանդուն հայրենասէր երիտասարդ մը, որ քարոզչական մեծ աշխատանք ստանձնած էր Եւրոպայի մէջ, ի նպաստ Հայ Դատին։ Ան թրծուած էր Քրիստափոր Միքայէլեանի կողքին, աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալելով Եգիպտոսի, Լիբանանի, Զմիւռնիոյ, Էրզրումի եւ այլ շրջաններու մէջ։ Երբ Ամերիկա այցելեց, երկու-երեք ամիս մնալու ծրագիր մը ունէր միայն, սակայն իր այցելութիւնը երկար տեւեց, իր խօսքերու հմայքով եւ անձնական վառ նկարագրով ան խրախուսեց ժողովուրդին, որպէսզի կառչած մնայ հայրենիքին ու հայութեան նպատակներուն։ Հայ Դատի պաշտպան մըն էր ան, ազդեցիկ ակտիվիստ մը։ Իր ճանապարհորդութեան ընթացքին ան բազմաթիւ հայ կիներու կը հանդիպէր, որոնք պատրաստ էին ծառայելու իրենց գաղութին, իրենց ազգին։ Եւ այդ կիներու աշխոյժ կեցուածքը՝ արիւն ու սիրտ տուաւ իր երազին, երբ միաւորելով անհատները՝ ան հիմը դրաւ կանանց ուժեղ ու զարգացող կազմակերպութեան մը։ Իր ոգեշնչող տեսիլքի արդիւնքը եղաւ Հ.Օ.Մ.ի հիմնադրութիւնը։ Նիւ Եորքի մէջ հիմնուեցաւ Հ.Օ.Մ.ը, ապա շատ արագ տարածուեցաւ ու կայացած իրականութիւն դարձաւ աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն մէջ, ընդարձակելով իր գործունէութիւնը բոլոր այն բնագաւառներուն մէջ, ուր հայ երեխային, հայ ընտանիքին, հայ կարիքաւորին կրնար օգնել։ Ակնունիի տեսլականով, մտայղացումով եւ կազմակերպական խիստ ջանքերով հիմնուած կազմակերպութիւնը, թեւեր առաւ իր բազմահազար ուխտեալ անդամուհիներուն հաւատքով ու կարողութիւններով, որոնք անվերապահ զոհաբերութեամբ նուիրուեցան Հ.Օ.Մ.ի գործին։
Մեր սիրած կազմակերպութեան պատմութիւնը լեցուն է՝ այր թէ կին նուիրեալներու կատարած գործով։ Իրենց ձեռքբերումներուն շնորհիւ է, որ կենդանի ու առողջ կազմակերպութեան մը կ’անդամակցինք, որ միայն հպարտութիւն եւ ներշնչում կուտայ մեր բոլորին։
Մարտահրաւէրներուն առջեւ դեռ աւելի ամուր կանգնելով, անցեալի անձնուէրներու գործէն օրինակուելով, մեր միութեան ճանապարհէն կը քալենք։ Որպէսզի Ակնունիի երազը շարունակենք արդարացնել՝ այսօր եւ վաղը եւ միշտ։
*Էտուար Ակնունի ծնած էր 1863ին, Մեղրի։ Ան Մեծ Եղեռնի զոհերէն է։ Կեանքը կորսնցուց 1915ին։ Իր իսկական անունը՝ Խաչատուր Մալումեան էր, սակայն գործեց Է. Ակնունի անունով։