Չորեքշաբթի ՝ 13 Դեկտեմբերի առաւօտեան, Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար պրն. Նիքոս Գոծիաս ընդունեց Հայաստանի իր պաշտօնակից պրն. Էտուարտ Նալպանտեանը, արտաքին գործոց նախարարութեան նստավայրին մէջ։
Առաջին հերթին տեղի ունեցաւ առանձին հանդիպում՝ երկու նախարարներուն միջեւ, ապա՝ յաջորդեցին ընդլայնուած խօսակցութիւնները հայկական եւ յունական պատուիրակութեանց միջեւ։
Խօսակցութեանց աւարտին երկու նախարարները ստորագրեցին գործակցութեան յատուկ համաձայնագիր մը։ Սոյն համաձայնագիրի հիմամբ՝ որոշուեցաւ աշխուժացնել երկու նախարարութեանց միջեւ գործակցութեան ընթացքը, ինչպէս նաեւ համաձայնութիւններ կայացան տնտետական զարգացման ոլորտէն ներս, երկողմանի գործակցութիւնը մասնաւորելով ուժանիւթի, արհեստագիտութեան եւ զբոսաշրջիկութեան բնագաւառներէն ներս։
Հանդիպումներու աւարտին, նախարարներ Գոծիաս եւ Նալպանտեան ներկայացան մամուլին եւ լրագրողներուն՝ միացեալ յայտարարութիւններով, որոնց ընդմէջէն շեշտուեցան երկու բարեկամ եւ գործակից երկիրներու սերտ կապերը եւ խօսակցութեանց ընթացքին տիրող արդիւնաւէտ մթնոլորտը։
Այնուհետեւ, պրն. Էտուարտ Նալպանտեան ընդունուեցաւ Յունաստանի հանրապետութեան նախագահ պրն. Փրոքոփիս Փաւլոբուլոսին կողմէ։
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան զանազան հարցեր, որոնք առնչուած են երկու երկիրներու միջեւ գործակցութեան հնարաւորութիւններու ընդլայնումին եւ ձեւաւորումին: Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ Յունաստանի արտաքին գործոց փոխ նախարար պրն. Եաննիս Ամանաթիտիս:
Նշենք, որ նախարար Նալպանտեանի բոլոր հանդիպումներուն ընկերակցեցան Յունաստանի մօտ Հ.Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պրն. Ֆաթէյ Չարչօղլեան, ինչպէս նաեւ Յունաստանի մօտ նախկին դեսպան եւ այժմ արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի հարցերու բաժանմունքի պատասխանատու պրն. Գագիկ Ղալաչեան։
«Հայաստան 2018ի գարունը պիտի դիմաւորէ առանց
Հայ-թրքական Արձանագրութիւններուն»
Հայաստանի Հանրապետութիւնը 2018ի գարունը պիտի դիմաւորէ առանց Զիւրիխի մէջ ստորագրուած Հայ-թրքական Արձանագրութիւններուն: Ըստ Armenpress.amի՝ այս մասին Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յարկին տակ յայտարարած է Հ.Հ. արտաքին գործոց նախարար Էտուարդ Նալպանտեան: Խօսելով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն մասին՝ նախարարը յիշեցուցած է, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախաձեռնութեամբ մեկնարկած էր Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթաց, որ յանգեցուց 2009ի Հոկտեմբերին Զիւրիխի արձանագրութիւններու ստորագրման: Այնուամենայնիւ, նախարարը ընդգծած է, որ մինչեւ օրս այս փաստաթուղթերը չեն վաւերացուած, քանի որ Թուրքիան ներկայացուցածած է անհիմն նախապայմաններ, որոնք կը հակասէին Արձանագրութիւններու տառին եւ ոգիին: «Այս փաստաթուղթերը չեն կրնար ընդմիշտ պատանդ մնալ, եւ այդ է պատճառը, որ Հայաստանի նախագահը Սեպտեմբերին Մ.Ա.Կ. Գլխաւոր Ասամպլէայի ամպիոնէն յայտարարեց, որ Հայաստանը արձանագրութիւնները առ ոչինչ պիտի յայտարարէ, քանի որ չկայ որեւէ դրական առաջընթաց անոնց իրականացման համար, եւ մենք 2018ի գարունը պիտի դիմաւորենք առանց այդ Արձանագրութիւններուն»,- յայտարարած է Նալպանտեան:
Յիշեցնենք, որ 2008ին Հ.Հ. նախագահի նախաձեռնութեամբ սկսաւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման նոր փուլ, որուն իբրեւ արդիւնք 2009 Հոկտեմբեր 10ին Զիւրիխի մէջ Հ.Հ. եւ Թ.Հ. Ա.Գ. նախարարները ստորագրեցին «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին» եւ «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման մասին» արձանագրութիւններ: