Հոկտեմբեր 31ի այս օրը մեր ժողովուրդը կը նշէ ծնունդը միջազգային համբաւի տիրացած տաղանդաւոր հայ գեղանկարիչ Էտկար Շահինի։
Ազգային ինքնատպութեամբ եւ բարձրարուեստ տաղանդով օժտուած նկարիչ է Էտկար Շահին, որ իր ստեղծագործական հարուստ ժառանգութեամբ բարձունք մը նուաճեց արուեստի աշխարհին մէջ՝ համաշխարհային ճանաչում ապահովելով հայկական գծանկարչութեան ու, յատկապէս, փորագրական գեղանկարչութեան։
Էտկար Շահին կը հանդիսանայ ճառագայթող դէմքերէն մէկը 19րդ դարավերջի եւ 20րդ դարասկիզբի հայ երիտասարդ գեղանկարիչներու փարիզեան սերունդին (Տիգրան Փօլատ, Վարդան Մախոխեան, Յակոբ Կիւրճեան, Երուանդ Քոչար)։ Ան հայկական գեղանկարչութիւնը բացաւ նոր հորիզոններու, այլեւ՝ հայ անունը եւ հայկական տաղանդը պանծացուց ինչպէս Ֆրանսայի մէջ, նոյնպէս եւ աշխարհի չորս ծագերուն՝ գեղեցիկի պաշտամունքով ապրող արուեստասէր հասարակութիւնը գերելով։
Էտկար Շահին լոյս աշխարհ եկաւ 144 տարի առաջ, Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ, հայկական համեստ ընտանիքի մը յարկին տակ։
Էտկար Շահին մանկութեան եւ պատանեկութեան տարիները անցուց Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, ուր յաճախեց Գատըգիւղի «Մխիթարեան» վարժարանը եւ կանուխ տարիքէն աշակերտեց յայտնի նկարիչ Մելքոն Տիրացուեանին։ 1890-92ին ուսումը շարունակեց Վենետիկի «Մուրատ-Ռափայէլեան» վարժարանին մէջ, իսկ 1893ին հաստատուեցաւ Փարիզ, ուր գեղանկարչական իր տաղանդը կատարելագործեց մեծահռչակ Ժիւլիէն Ակադեմիային մէջ։
1896էն սկսեալ, «Մարդկային թշուառութիւն» ընդհանուր խորագիրը կրող գեղանկարչական աշխատանքներով («Մուրացկանը» — 1896, «Փողոցի անկիւն մը» — 1897, «Շնչահեղձը» — 1898, «Անապաստանը» — 1899 եւ «Փողոց՝ Մոնմարթրի մէջ») մասնակցեցաւ տարբեր ցուցահանդէսներու: 1899ին ան ձեռնամուխ եղաւ փորագրական գեղանկարչութեան, որ անմիջապէս լայն ճանաչում ապահովեց երիտասարդ արուեստագէտին։
1901ին մասնակցեցաւ Վենետիկի պիենալէին:
Սկզբնական շրջանի իր փորագրութիւնները («Աղբահաններ», «Պետրոս Շահին», «Անատոլ Ֆրանս», «Լաթահաւաք կինը», «Զբօսանք», «Հայկական երեկոյի ծրագիր», «Ճեմմա», «Լիլի», «Լուիզ Ֆրանս», «Բեռնակառք», «Գործազուրկը», «Թխահերն ու շիկահերը», «Ինկած ձին») կը յատկանշուին մէկ կողմէ մարդոց գոյութեան պայքարն ու թշուառութիւնը, իսկ միւս կողմէ պերճանքն ու շռայլանքը խորութեամբ պատկերող ինքնուրոյն արուեստով:
Շահին իր գործերուն մէջ կիրարկեց փորագրութեան գրեթէ բոլոր եղանակները (օֆորթ, փափուկ լաք, աքուաթինթա), սակայն իր նախընտրութիւնը միշտ ալ եղաւ չոր ասեղով փորագրութիւնը, որ կատարելութեան հասաւ իր բարձրարուեստ մշակումով:
1905էն սկսեալ Շահին պարբերաբար ապրեցաւ ու ստեղծագործեց նաեւ Իտալիոյ մէջ։ Հռչակաւոր են իր «Իտալական տպաւորութիւններ» շարքի գործերը («Կուլոնի աբբայարանը» — 1915, «Սուրբ Պետրոսի ջրանցքը», «Ոգիներու տունը», «Սուրբ Մարկոսի հրապարակը», «Ի՜նչ գեղեցիկ հայկական քիթ» — 1921, «Հմայիչ կինը», «Հրաշալի երեխան», «Ֆրանչեսկոնի» — երեքն ալ 1922-25 տարիներուն եւայլն): Այդպէ՛ս, ան արժանացաւ Վենետիկի մեծ նկարիչի եւ պատուաւոր քաղաքացիի տիտղոսին:
Է. Շահինի կենսագրութիւնը ներկայացնող որոշ հեղինակներ կարեւորութեամբ կ’ընդգծեն, որ 1900ականներու վերջերէն մինչեւ Ա. Աշխարհամարտի աւարտը, հայ մեծ նկարիչը ունեցաւ ստեղծագործական տեղատուութեան տագնապալի շրջան մը։
Կենսուրախ մարդ եւ բեղմնաւոր ստեղծագործող՝ Շահին այդ տարիներուն քաշուեցաւ իր պատեանին մէջ եւ կորսնցուց իր թափը։ Սիրած աղջկան կորուստին առթած վիշտը պատճառներէն մէկն էր։ Բայց հայ արուեստագէտին համար ուղղակի տառապանքի եւ անձկութեան աղբիւր դարձան թրքական պետութեան կողմէ կազմակերպուած 1909ի Կիլիկիոյ կոտարածն ու, քանի մը տարի ետք, Հայոց Ցեղասպանութեան արհաւիրքը։
Մեծ Եղեռնի սահմռկեցուցիչ լուրերը խորապէս ցնցեցին բարիին ու գեղեցիկին պաշտամունքով շնչող Էտկար Շահինի յուզաշխարհը։
Միայն 1921էն ետք էր, որ արդէն ֆրանսական քաղաքացիութիւն ստացած ու վերջնականապէս Փարիզ հաստատուած՝ Էտկար Շահին վերագտաւ ստեղծագործական իր թափը։
1930ականները Շահին ստեղծագործական աշխատանքով անցուց Պրեթանյը շրջանին մէջ եւ Լա Մանշի ափերուն, ստեղծեց բացառիկ գեղեցկութեամբ բնանկարներու շարք («Քրաուզիկ», «Ձկնորսական նաւակներ», «Փոքրիկ լողափ» եւ այլն):
Երկարամեայ իր ստեղծագործական բեղուն գործունէութեան ընթացքին, Շահին ստեղծեց նաեւ հայ իրականութենէն վերցուած մեծարժէք գործեր, որոնց շարքին են «Ալեւոր հայը», Պողոս Նուպարի, Տիկին Զարմիկեանի, օրիորդ Երամի եւ ուրիշներու դիմանկարները: Գրիգոր Զօհրապի առաջարկութեամբ ստեղծեց մետաղի վրայ փորագրութիւն մը, ուր պատկերուած են ջարդէ փրկուած հայ որբեր, իսկ խորքին՝ Անիի հանրածանօթ Հովիւի եկեղեցին է:
Շահինի ժառանգութեան մաս կը կազմեն նաեւ գիրքերու նկարազարդման մեծարժէք գործեր։ Ձեւաւորած ու նկարազարդած է Անաթոլ Ֆրանսի «Կատակերգական պատմութիւն»ը, Կիւստաւ Ֆլոպէրի «Նոյեմբեր»ը, Կապրիէլ Մուրէի «Փարիզի տօնավաճառի մարդիկ» (140 օֆորթ), Մօրիս Պարէսի «Վենետիկի մահը», Վերգիլիոսի «Մշակականք»ը (Տիգրան Փօլատի ու 15 այլ նկարիչներու հետ) եւ այլ գիրքեր:
Շահին ընտրուեցաւ բազմաթիւ ընկերութիւններու (Հռոմի իտալական գեղարուեստի ազգային, Լոնտոնի գեղարուեստի թագաւորական եւ այլն) եւ միութիւններու (Փորագրողներու եւ այլն) անդամ: 1928ին հեռակայ կարգով ընտրուեցաւ Հայաստանի կերպարուեստագէտներու միութեան պատուաւոր անդամ: 1936ին Երեւանի ու Թիֆլիսի, իսկ 1940ին՝ Լենինկրատի Էրմիթաժ թանգարաններուն մէջ կազմակերպուեցան Շահինի փորագրութեանց ցուցահանդէսները։ Շահին իր գործերէն շուրջ 160ը նուիրեց Հայաստանին եւ Երեւանի Ազգային Պատկերասրահին մէջ ունեցաւ իր յատուկ բաժինը: 1974ին, 1994ին եւ 2004ին Երեւանի մէջ կազմակերպուեցան Էտկար Շահինի ծննդեան 100, 120 եւ 130ամեակներուն նուիրուած ցուցահանդէսներ:
Է. Շահինի գործերը կը պահուին Փարիզի Ազգային Գրադարանին, Վենետիկի Քաղաքային Թանգարանին, Հայաստանի Ազգային Պատկերասրահին (300է աւելի), Էրմիթաժի, Մոսկուայի Պուշկինի անուան կերպարուեստի կեդրոնին ու եւրոպական բազում երկիրներու թանգարաններուն մէջ:
Իր կենդանութեան Էտկար Շահին արժանացաւ Ոսկէ Շքանշանի (1900ին, Փարիզ) եւ Ոսկէ Մեծ Մրցանակի (1903ին, Վենետիկ), Ֆրանսայի Պատուոյ Լեգէոնի Ասպետի աստիճանին եւ շքանշանին:
Էտկար Շահինի ստեղծագործական ժառանգութեան մաս կը կազմեն մօտ 450 օֆօրթ, գիրքերու 430 նկարազարդում, 300 գեղանկար, բազմաթիւ գունամատիտանկար եւ գծանկարներ:
Հայ մեծանուն գեղանկարիչը վախճանեցաւ Փարիզ, 1947ի Մարտ 18ին։
Էտկար Շահինի արուեստին ու ժառանգութեան բարձր գնահատականներ նուիրած են ֆրանսացի, եւրոպացի եւ այլ օտար հեղինակաւոր արուեստաբաններ։ Արուեստաբանները միաժամանակ կարեւորութեամբ շեշտած են ազգային՝ հայկակա՛ն արմատներուն շեշտակի ներգործութիւնն ու արժէքը Է. Շահինի ստեղծագործութեան մէջ։
Մաքս Ռոժէի գնահատումով՝ «Այն հարստութիւնը, որ մեզ պարգեւեց Շահինը, կը պարտաւորեցնէ աւելիով գնահատել անոր տաղանդին հզօրութիւնն ու հմայքը»:
Շառլ Շէնեոլի վկայութեամբ՝ «Էտկար Շահին. ահա՛ մեր կերպարուեստին նորայայտ փառքերէն մէկը: Դիտեցէք իր օֆորթները (մետաղի վրայ փորագրութիւնները). օր մը պիտի նախընտրէք անոր «Պառաւ»ը, յաջորդ օրը՝ «Շաթօ Ռուժ»ը եւ այսպէս շարունակ: Այս ամէնուն համար միայն մէկ բառ կայ՝ «ապշեցուցիչ»:
Իսկ Փ. Օքքինիի արժեւորումով՝ «Շահինը ոչ միայն նրբաճաշակ արուեստագէտ է, այլեւ՝ նրբազգաց հոգեբան, պատմագէտ»:
Իբրեւ այդպիսին՝ իբրեւ 20րդ դարու փորագրական գեղանկարչութեան նշանաւոր վարպետ մը, որուն ազգային ինքնատիպ արուեստը կը նկատուի հայ եւ եւրոպական կերպարուեստի փոխ-պատուաստման նշանակալի երեւոյթներէն մէկը, Էտկար Շահին իրաւամբ կը հանդիսանայ հայ ժողովուրդին պարծանքը՝ աշխարհաքաղաքական սահմաններէ վեր կանգնող արուեստի աշխարհէն ներս։
Էտկար Շահին հպարտութեամբ կþոգեւորէ հայոց սերունդները։
Հայ մեծանուն գեղանկարիչը վախճանեցաւ Փարիզ, 1974ի Մարտ 18ին։
Էտկար Շահին (1874-1947)
Էտկար Շահին (1874-1947). Գեղանկարչական աշխարհի մեծատաղանդ հայ վարպետը Ն.