«Եւ Բանն մարմին եղեւ եւ բնակեաց ի մեզ»։
(Յովհ. 1:14)
Բանն Աստուծոյ մարդեղութեան խորհուրդին բացայայտումը Ս. Ծննդեան դէպքով սկիզբ կ’առնէ¸ որ Աստուծոյ կատարած խոստումին իրագործման առհաւատչեան է¸ ինչպէս որ Պօղոս Առաքեալ իր Կորնթացիներուն երկրորդ նամակին մէջ կ’ըսէ. «Արդարեւ, Քրիստոս Աստուծոյ բոլոր խոստումներուն Այո-ն է» (Բ. Կորնթ. 1:20)։ Փրկիչին ծնունդով ծալք առ ծալք սկսաւ բացուիլ Աստուծոյ՝ մարդուն փրկութեան ծրագիրը։
Ս. Ծննդեան տօնը¸ իրեն առնչուած աւետարանական պատումներով եւ դէպքերով¸– ինչպէս՝ հրեշտակապետին աւետումը Մարիամին¸ Յիսուս Մանուկի ծնունդը¸ արեւելքէն երեւցող աստղին առաջնորդութեամբ երեք մոգերու խորհրդաւոր գալուստը, Բեթղեհէմի մսուրին պարզուկ՝ բայց տաքուկ պատկերը, եւ այս բոլորին հետ կապուած դարերու խորքէն եկած ժողովրդային բարեպաշտական աւանդութիւններ¸– տօնին տուած են իւրայատուկ գրաւչութիւն մը¸ խորհրդաւորութիւն մը։ Եւ այս բոլորը ժամանակի ընթացքին մեր ուշադրութիւնը առաւելաբար կեդրոնացուցած են Մանուկ Յիսուսի ծնունդի դէպքին վրայ եւ Ծնունդի խորհուրդը անով սահմանափակած են։ Մինչդեռ Ս. Ծնունդը պէտք է դիտել Փրկիչին աշխարհ գալու առաքելութեան ամբողջական շրջագիծին մէջ, որ ամբողջութեամբ կը պարփակէ Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր կեանքն ու ուսուցումները¸ զորս արձանագրեցին չորս աւետարանիչները։
Աստուծոյ Բանը՝ Խօսքը մարմին առաւ եւ տեսանելի դարձաւ մարդոց։ Աստուած տեսանելի եւ զգալի ձեւով սկսաւ խօսիլ մարդոց հետ։ Հայ Եկեղեցւոյ արարողութեանց ընթացքին երբ աւետարան պիտի կարդացուի, հաւատացեալները յոտնկայս ուշքի եւ ուշադրութեան սարկաւագին հրաւէրէն ետք միաբերան կ’ըսեն «ասէ Աստուած», այսինքն՝ Աստուած է որ կը խօսի։
Ի՞նչ է այդ խօսքը¸ եթէ ոչ Աստուծոյ խօսքը¸ որ ինքնին ճշմարտութիւնն է, ինչպէս որ Յիսուս ըսաւ. «Ես եմ ճշմարտութիւնը» (Յովհ. 14:6)։ Քրիստոս երբ կը խօսի մեզի¸ ճշմարտութիւնն է, որ կը լսենք Իրմէ։ Խաչելութենէն առաջ¸ Պիղատոսէն հարցաքննուելու պահուն¸ Յիսուս ըսաւ անոր. «Ես ծնած եւ աշխարհ եկած եմ մէկ բանի համար¸ որպէսզի վկայեմ ճշմարտութեան։ Ով որ կողմնակից է ճշմարտութեան՝ անիկա իմ խօսքս կը լսէ»։ Պիղատոս հարցուց. «Ի՞նչ է ճշմարտութիւնը» (Յովհ. 18:37-38)։
Պատմութեան ամբողջ հոլովոյթին ընթացքին¸ բոլոր կրօններն ու փիլիսոփայական դպրոցները ջանացին գտնել եւ ճանչնալ ճշմարտութիւնը եւ անով հասկնալ ու բացատրել տիեզերքի համակարգը¸ աշխարհի իմաստն ու մարդկային կեանքը։
Ճշմարտութիւնը իրականութիւն է, արդարութիւն է¸ ապահովութիւն է¸ ազատութիւն է¸ գիտութիւն է¸ զօրութիւն է, յաւիտենական է։
Ամէն տարեմուտի, իր ու շրջապատին նկատմամբ պատասխանատու անձ մը կոչուած է իր մտածելակերպը, ապրելակերպն ու գործելակերպը հաշուեյարդարի նժարին վրայ կշռելու՝ միշտ աւելի լաւ¸ որակաւոր¸ իսկական արժէքներով կեանք մը շահելու համար։ Ս. Ծննդեան տօնը «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի, որ յայսմ աւուր յայտնեցաւ…» շարականին բառերով ինչպէս որ Հայ Եկեղեցւոյ շարականագիրը կը նկարագէ¸ իր Մեծ Խորհուրդով, որ կը բացայայտուի մեզի¸ հրաւէր մըն է մեզմէ իւրաքանչիւրին Քրիստոսի վկայած ճշմարտութեան լոյսին տակ բերելու մեր կեանքն ու գործը՝ տեսնելու համար, թէ որքա՛ն ճշմարիտին ու ճշմարտութեան համապատասխան են անոնք։
Ի վերջոյ¸ ի՞նչ են մեր ազգային հաւաքական կեանքի պահպանման¸ գոյապայքարին¸ ազգի յաւերժութեան հիմնական սկզբունքները։ Հաւաքական կեանքը¸ որուն կենսատու արեան նոր բջիջները նոր սերունդի զաւակներն են¸ որոնց պէտք է տրուին ազգային այնպիսի՛ ճշմարիտ արժէքներ¸ որոնցմով երաշխաւորուի մեր հաւաքական կեանքի ամբողջական պահպանումը։ Այս ճշմարիտ արժէքներուն պահապաններն ու պահակները եղած են եւ են մեր քրիստոնէական հաւատքը¸ հայեցի դպրութիւնն ու կրթութիւնը¸ մշակոյթն ու ազգի նկարագրին¸ պատմական աշխարհագրական միջավայրին¸ բարքին ու կենցաղին արտայայտութիւնը հանդիսացող նախնեաց աւանդութիւնները։
Ս. Ծննդեամբ երբ Մարդեղացեալ Բանն Աստուծոյ լոյսը կը ծագի մեր կեանքին¸ մտքին ու հոգիներուն մէջ¸– որ երկնային պարգեւ մըն է¸– որպէսզի մեր անձերն ու կեանքի վաստակը զերծ պահենք նիւթաբարոյական ամէն տեսակի կեղծ¸ խաբուսիկ ու պատիր¸ փուճ ու դատարկ¸ անցաւոր եւ կորստական բովանդակութենէ։
Ս. Ծնունդը մարդու կեանքը ճշմարիտ արժէքներով զարդարելու եւ հարստացնելու առիթն է¸ որ մեզմէ իւրաքանչիւրին անհատապէս եւ ազգովին հաւաքաբար կը տրուի ամէն նոր տարիի։
«Ճշմարտութիւնը պիտի ճանչնաք եւ ճշմարտութիւնը Ձեզ պիտի ազատէ» (Յովհ. 8:32)։
Ս. Ծննդեան աւետիսն է ահա¸ որ դարերէ ի վեր ուրախութեամբ կ’աւետենք՝ ըսելով.
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ,
Ձեզի եւ մեզի մեծ աւետիս։
Գեղամ Արք. Խաչերեան
Առաջնորդ Յունաստանի Թեմին
5 Յունուար 2022