ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ՝ ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԵԶԻ ՀԵՏ

ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ՝ ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԵԶԻ ՀԵՏ

0
7424

«ես ե­կայ որ կեանք ու­նե­նան
եւ ա­ւե­լի լաւ կեանք»
( ­Յով­հան­նէս 10:10)

­Սուրբ ծնուն­դի տօ­նը ընդ­հան­րա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ հայ­րե­րը կո­չե­ցին Աս­տո­ւա­ծա­յայտ­նու­թիւն, հիմ­նո­ւե­լով ­Մատ­թէոս ա­ւե­տա­րա­նի այն հա­տո­ւա­ծին վրայ ( 1:20-23), ուր ­Տի­րոջ հրե­շ­տա­կը ­Յով­սէ­փի կը յայտ­նէ, թէ իր նշա­նա­խօ­սեա­լը ­Մա­րիամ Ս. ­Հո­գիէն յղա­ցեալ զա­ւակ մը պի­տի ծնի եւ զայն պի­տի կո­չէ ­Յի­սուս­՝որ եբ­րա­յե­րէն լե­զո­ւով կը նշա­նա­կէ ­Տէ­րը կը փրկէ: Այս յայտ­նու­թիւ­նը պի­տի ըլ­լար նաեւ ի­րա­կա­նա­ցու­մը Ե­սա­յի մար­գա­րէի այն կան­խա­տե­սու­թեան, որ կ’ը­սէր ա­հա կոյ­սը պի­տի յղա­նայ եւ որ­դի մը ծնի, եւ զայն պի­տի կո­չեն Էմ­մա­նո­ւէլ որ կը նշա­նա­կէ Աս­տո­ւած մե­զի հետ:
Սուրբ Ծ­նուն­դի դէպ­քով Աս­տո­ւած տե­սա­նե­լի կեր­պով յայտ­նո­ւե­ցաւ մար­դոց: Աս­տու­ծոյ ­Բա­նին մար­դե­ղա­ցու­մը Ք­րիս­տո­սի ան­ձին մէջ, բա­ցա­յայ­տումն էր Աս­տու­ծոյ կամ­քին, ո­րուն խտա­ցեալ սահ­մա­նու­մը կը կա­տա­րէ ­Յով­հան­նէս Ա­ւե­տա­րա­նիչ. Աս­տո­ւած այն­քան սի­րեց աշ­խար­հը, որ իր միա­ծին Որ­դին տուաւ, որ­պէս­զի ա­նոր հա­ւա­տա­ցո­ղը չկոր­սո­ւի, այլ յա­ւի­տե­նա­կան կեանք ու­նե­նայ: Ո­րով­հե­տեւ Աս­տո­ւած իր Որ­դին աշ­խարհ ղրկեց՝ ոչ թէ որ­պէս­զի աշ­խար­հը դա­տա­պար­տէ, այլ որ­պէս­զի աշ­խար­հը փրկէ ( ­Յով­հան­նէս 3:16-18):
Աս­տու­ծոյ մա­սին մար­դուն ու­նե­ցած ծա­նօ­թու­թեան աղ­բիւ­րը Աս­տո­ւա­ծա­շունչն է՝ հին եւ նոր կտա­կա­րան­նե­րով: Աս­տո­ւած ինքզինք յայտ­նեց մար­դուն ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին հանգ­րո­ւա­նա­յին ձե­ւով եւ զա­նա­զան մի­ջոց­նե­րով: Աս­տու­ծոյ յայտ­նու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ եր­կու ե­րե­ւոյթ, մէ­կը հին կտա­կա­րա­նի մէջ ար­ձա­նագ­րո­ւած ա­նուղ­ղա­կի ձե­ւե­րով՝ ձայն, ան­կէզ մո­ռե­նի, տե­սիլք, ամպ եւ միւ­սը՝ ուղ­ղա­կի եւ յատ­նա­պէս՝ նոր կտա­կա­րա­նի Ա­ւե­տա­րա­նին մէջ ար­ձա­նագ­րո­ւած ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի երկ­րա­ւոր կեան­քի դէպ­քե­րուն ար­ձա­նագ­րու­թեամբ: ­Հին կա­տա­կա­րա­նի ժա­մա­նա­կաշրջա­նի մար­դոց հա­մար ան­կա­րե­լի էր զԱս­տո­ւած տես­նել, ո­րով­հե­տեւ ով որ աչ­քով ուղ­ղա­կի տես­նէր զԱս­տո­ւած, կը մեռ­նէր. ­Վասն զի մարդ չի կրնար ե­րեսս տես­նել ու ապ­րիլ (հին կա­տա­կա­րան՝ Ե­լից 33:20): ­Մինչ­դեռ Ա­ւե­տա­րա­նի մէջ Աս­տո­ւած Իր միա­ծին Որ­դիին մար­դե­ղու­թեամբ յայտ­նա­պէս ինք­զինք յայտ­նեց մար­դոց: ­Դուն կը հա­ւա­տա՞ս Աս­տու­ծոյ որ­դիին: ­Տէր, ո՞վ է որ­պէս­զի հա­ւա­տամ ա­նոր: ­Դուն ար­դէն տե­սար զայն, քե­զի հետ խօ­սողն է: կը հա­ւա­տամ տէր:(­Յով­հան­նէս 10:35-38)
­Բո­լոր կրօն­ներն ալ կը խօ­սին Աս­տու­ծոյ մա­սին եւ կարգ մը կրօն­ներ ալ հա­սա­րա­կաց նմա­նու­թիւն­ներ ու­նին: Ք­րիս­տո­նէու­թիւնն է միակ կրօն­քը, որ կը զա­տո­րո­շո­ւի միւս­նե­րէն՝ Աս­տու­ծոյ մար­դե­ղու­թեան աս­տո­ւա­ծա­բա­նու­թեամբ. ­Կէտ մը ո­րուն չեն կրնար հա­մա­ձայ­նիլ կրօն­նե­րը, ո­րոնք չեն կրնար ըմբռ­նել, որ ան­սահ­մա­նե­լի եւ ա­նըմբռ­նե­լի Աս­տո­ւած կրնայ նիւ­թե­ղէն աշ­խար­հի բնու­թեան վի­ճա­կի մէջ յայտ­նո­ւի ճշմար­տա­պէս: Այս պա­րա­գան շատ մը կրօն­ներ չեն ըն­կա­լեր եւ ո­մանք ալ ուղ­ղա­կի ի­րենց ու­սու­ցում­նե­րը այս ի­րա­կա­նու­թեան մեր­ժու­մի վրայ հիմ­նե­ցին, ինչ­պէս օ­րի­նակ Ե­րե­ւու­թա­կան­նե­րը, ո­րոնք Ք­րիս­տո­սի մար­դե­ղա­ցու­մը ոչ ի­րա­կան, այլ ե­րե­ւու­թա­պէս ըն­կա­լե­ցին, քա­նի որ Աս­տո­ւած ի­րենց հա­մար ան­կա­րե­լի է որ նիւ­թե­ղէն կե­րա­պա­րանք ստա­նայ:
­Բայց եւ այն­պէս, ­Սուրբ Ծնն­դեամբ Աս­տո­ւած յայտ­նա­պէս մար­դա­ցաւ եւ շրջե­ցաւ ու Աս­տու­ծոյ Ար­քա­յու­թիւ­նը ա­ւե­տեց: Իր ու­սու­ցում­նե­րը ե­ղան յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քի մա­սին, ի­րաւ կեան­քի մա­սին, մար­դուն փրկու­թեան մա­սին, որ Աս­տո­ւած ծրագ­րեց կոր­ծա­նա­րար ջրհե­ղե­ղէն ետք ծիա­ծա­նի նշա­նին ընդ­մէ­ջէն, մար­դու փրկու­թեան հա­մար Իր Փր­կա­գոր­ծա­կան ծրա­գի­րը դրաւ:
­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի մէ­ջէն մար­դը զԱս­տո­ւած տե­սաւ բայց չմե­ռաւ, այլ ընդ­հա­կա­ռա­կը, ա­ռա­ւել կեան­քի ար­ժա­նա­նա­լու ա­ռի­թին ու մա­նա­ւանդ պար­գե­ւին ար­ժա­նա­ցաւ:
Յի­սուս Ք­րիս­տո­սով յայտ­նո­ւե­ցաւ Ճշ­մա­րի­տը, Իս­կա­կա­նը: Ա­նոր ու­սու­ցում­նե­րով ուղ­ղա­կիօ­րէն կան­չո­ւե­ցաւ ճանչ­նա­լու , տես­նե­լու եւ ըն­դու­նե­լու ճշմա­րի­տը, Ե­թէ հա­ւա­տա­րիմ մնաք իմ ու­սու­ցում­նե­րուս՝ ճշմար­տա­պէս իմ ա­շա­կերտ­ներս ե­ղած կ­’ըլ­լաք. Ճշ­մար­տու­թիւ­նը պի­տի ճանչ­նաք եւ ճշմար­տու­թիւ­նը պի­տի ա­զա­տէ ձեզ (­Յով­հան­նէս 8:31-32):
­Սուրբ Ծ­նուն­դը՝ Փր­կի­չին մար­դե­ղա­ցու­մը, ան­կախ ­Խոր­հուրդ ­Մե­ծի յայտ­նու­մէն, եւ հե­տե­ւա­բար մար­դուն առ­ջեւ բա­ցա­յայ­տո­ւած ի­րաւ կեան­քի, յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քի ճշմար­տու­թիւն­նե­րէն, իբ­րեւ տօ­նա­կան ա­ռիթ եւ ան­կէ բխած պատ­գամ, նաեւ հրա­ւէր մըն է մեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րին հա­մար փնտռե­լու, տես­նե­լու եւ ըն­դու­նե­լու ճշմա­րի­տը: ­Յա­ճախ գոր­ծա­ծո­ւած ար­տա­յայ­տու­թիւն է` նիւ­թա­կան մսուր­ներ յար­դա­րե­լու փո­խա­րէն, պէտք է որ մեր սրտե­րը վե­րա­ծենք մսուր­նե­րու, ուր պի­տի եւ պէտք է ծնի ­Յի­սուս ­Մա­նու­կը:
­Յի­սուս աշ­խարհ գա­լով, մար­դա­նա­լով ե­ղաւ մար­դուն մօտ եւ հա­ւա­սար, հա­սա­նե­լի եւ տե­սա­նե­լի: Այլ խօս­քով, մարդ ա­րա­րա­ծը ­Յի­սու­սի ընդ­մէ­ջէն տե­սաւ, շօ­շա­փեց եւ ու­նե­ցաւ փոր­ձա­ռու­թիւ­նը եւ ճա­շա­կը ՃՇՄԱՐԻ­Տին. Ես եմ ճա­նա­պար­հը, ճշմար­տու­թիւ­նը եւ կեան­քը:
Ճշ­մա­րի­տին ­Յայտ­նու­թեան այս փոր­ձա­ռու­թեան պրիս­մա­կէն դի­տած, լու­սար­ձա­կի տակ կը բե­րենք մեր ան­հա­տա­կան կեան­քը մաս­նա­ւո­րա­պէս եւ մարդ­կա­յին ըն­կե­րու­թիւ­նը ընդ­հան­րա­պէս: ­Բո­լոր պա­րա­գա­նե­րուն ալ, ճշմա­րի­տին, հա­րա­զա­տին, ան­կեղ­ծին, ան­խար­դա­խին, բա­րիին բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը ախ­տա­ժէտ կա­ցու­թիւն կը ստեղ­ծէ: ե­թէ Ա­ւե­տա­րա­նի ճամ­բով ճշմա­րի­տին փոր­ձա­ռու­թիւ­նը եւ ծա­նօ­թու­թիւ­նը ու­նե­ցած չըլ­լա­յինք, հա­ւա­նա­բար այդ­քան մե­ղադ­րե­լի կամ այ­պա­նե­լի պի­տի չըլ­լար սու­տին ու կեղ­ծի­քին, խար­դա­խին ու պա­տի­րին ներ­կա­յու­թիւ­նը մեր կեան­քէն ներս, քա­նի որ պի­տի չու­նե­նա­յինք իս­կա­կա­նը կեղ­ծին հետ բաղ­դա­տե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը:
­Մար­դա­ցեալ Փր­կի­չը Ք­րիս­տոս նաեւ ը­սաւ ես ե­կայ որ կեանք ու­նե­նան եւ ա­ւե­լի լաւ կեանք (­Յով­հան­նէս 10:10): ­Մեր ա­ռօ­րեայ կեան­քի ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, երբ ե­սա­մոլ ու շա­հախն­դիր, անձ­նա­կեդ­րոն կի­րե­րու մո­լուց­քէ տա­րո­ւած մար­դիկ ի­րենց կեան­քե­րը անձ­նա­սի­րու­թեամբ լաւ ապ­րե­լու եւ վա­յե­լե­լու, փա­փաք­նե­րուն եւ նպա­տակ­նե­րուն յա­գուրդ տա­լու հե­տա­մուտ են, կը տես­նենք, որ ա­մէն մի­ջո­ցի կը դի­մեն այդ բո­լո­րը յա­ջողցնե­լու հա­մար: ­Բայց դժբաղ­տա­բար, ճշմա­րիտ, ի­րա­կան եւ հա­րա­զատ ար­ժէք­նե­րու հե­տա­մուտ ըլ­լա­լու փո­խա­րէն, ա­նոնց հա­մար այդ նպա­տակ­նե­րը եւ փա­փաք­նե­րը ի­րա­կա­նաց­նե­լու գործ­նա­կան եւ հնա­րա­միտ ըլ­լա­լու գրա­ւա­կա­նը ե­ղած է ան­պար­կեշ­տու­թիւնն ու չա­րա­շա­հու­մը, սու­տը, ա­նար­դա­րու­թեան եւ սխա­լին նկատ­մամբ ան­տար­բեր մնա­լը: ­Քա­ղա­քա­վա­րու­թիւ­նը շփո­թո­ւած է կեղ­ծա­ւո­րու­թեան հետ, ա­ռանց մոռ­նա­լու սա­կայն դա­ւադրօ­րէն կրնա­կէն հա­րո­ւա­ծե­լը, այ­սինքն՝ ե­րե­սէն մեղր ու կա­րագ, կրնա­կէն սուր ու դա­նակ: Զր­պար­տու­թեամբ եւ բամ­բա­սան­քով ու­րիշ­ներն բա­րո­յա­կա­նօ­րէն սպան­նե­լը, ծան­րօ­րէն վի­րա­ւո­րե­լը եւ հո­գե­պէս խոր­տա­կե­լը: Վ­նասն ու վնա­սա­կա­րը տես­նե­լով հան­դերձ, շրջա­հա­տին հետ հա­մե­րաշխ անձ ըլ­լա­լը շփո­թո­ւած է ոչ ո­քի հետ հարց ու­նե­նա­լու, կար­ծիք եւ կե­ցուածք չու­նե­նա­լու վար­քա­գի­ծին հետ:
Սուրբ Ծնն­դեան տօ­նին պարզ ու յստակ պատ­գամն է ող­ջու­նել եւ ըն­դու­նիլ ճշմա­րի­տը մեր կեան­քե­րէն ներս: ­Սուրբ Ծ­նուն­դը նոր, լաւ եւ ա­ւե­լի լաւ կեան­քի մը ա­ւե­տումն է: ­Նոր կեանք մը, ո­րուն մէջ առ­կայ է յոյ­սը, թէ մար­դա­սէր եւ ո­ղոր­մած Աս­տո­ւած մե­զի հետ է. ըն­կերա­սի­րու­թիւ­նը, թէ մար­դը իր ըն­կե­րը իր ան­ձին պէս սի­րող անձ է. ­Հան­դուր­ժո­ղու­թիւ­նը, թէ մարդ նե­րո­ղա­միտ է. համն ու քաղցր ճա­շա­կը, թէ մարդն իր կեան­քով շրջա­պա­տին համ տո­ւող աղն է. ճշմա­րա­տա­սի­րու­թիւ­նը, որ վեր­ջին հա­շո­ւով ա­մէն ին­չը պարզ ու յստակ դարձ­նողն է ու մա­նա­ւանդ ա­զա­տա­րար, ինչ­պէս որ ­Յի­սուս ը­սաւ, ճշմար­տու­թիւ­նը պի­տի ա­զա­տէ ձեզ :
Երբ ա­րե­գա­կը կը ծա­գի, խա­ւարն ու մու­թը կը կոր­չին: Այդ­պէս ալ, երբ Ճշ­մա­րի­տը կը յայտ­նո­ւի, սուտն ու կեղ­ծը պէտք է կոր­չին մեր կեան­քէն ու շրջա­պա­տէն: Ա­հա այս­պի­սի նոր կեան­քի մը ա­ւե­տի­սը, բա­րի լու­րը կը բե­րէ մե­զի սուրբ Ծ­նուն­դը:
­Մեծ ա­ւե­տիս՝ Ք­րիս­տոս Ծ­նաւ եւ յայտ­նե­ցաւ:

­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան
Ա­ռաջ­նորդ ­Յու­նաս­տա­նի Հա­յոց թե­մին