Հայ գիտական մտքի արժանաւոր ներկայացուցիչներէն եւ գիտական աշխարհէն ներս միջազգային հեղինակութիւն նուաճած մեծ դէմքերէն է Էմիլ Արթին, որու մահուան 55րդ տարելիցը կը լրանայ այսօր՝ Դեկտեմբեր 20ին։
Ուսողական գիտութեանց (Մաթեմաթիքա) ու յատկապէս Հանրահաշիւի (Algebra) մէջ իր կատարած յայտնագործումներով եւ հաստատած տարազումներով՝ Էմիլ Արթինեան կը նկատուի 20րդ դարու կարեւորագոյն գիտնականներէն մէկը, որուն նուիրուած արժեւորման իր էջով՝ հեղինակաւոր Topfamousbiography կայքէջը անվարան կը վկայէ.-
«Էմիլ Արթին դարաշրջանի առաջնորդող հանրահաշուագէտներէն մէկն էր, որ շատ աւելի մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ քան կարելի է ենթադրել՝ հիմնուելով մէկ հատորեայ իր դասախօսութեանց եւ զեկոյցներու Հաւաքածոյին վրայ (խմբագրուած իր ուսանողներուն՝ Սերժ Լէնկի եւ Ճոն Թէյթի կողմէ)։ Էմիլ Արթին կարեւոր յայտնագործող մըն էր Galois Theoryի, ինչպէս եւ Class Ring Theoryի մէջ կիրարկուած Group Cohomology Approachին — թուելու համար միայն երկու գլխաւոր գիտատեսական բնագաւառները, ուր իր տարազումները կարգաչափ (standard) դարձան»։
Գիտական աշխարհի հեղինակաւոր աղբիւրներուն համաձայն՝ Էմիլ Արթին կը համարուի Ժամանակակից Հանրահաշուի հիմնադիրը՝ Էմմի Նոյթըրի (Emmy Noether) հետ միասին։
Էմիլ Արթին (գերմաներէն՝ Emil Artin) ծնած է 3 Մարտ 1898ին, Վիեննա, որ այդ ժամանակ մայրաքաղաքն էր Աւստրօ-Հունգար Կայսրութեան։ Հօր անունն ալ Էմիլ էր, որ արուեստի գործերու վաճառական մըն էր։ Իսկ մայրը՝ Էմմա Լաուրա-Արթինը, օփերային երգչուհի էր: Արթինի որդւոյն՝ Մայքըլի հաստատումով, «Արթին»ը հայկական Արթինեան ազգանունի կրճատ տարբերակն է։ Դժբախտաբար կենսագրական տուեալները ժլատ են աշխարհահռչակ այս հայազգի մեծ գիտնականին եւ անոր ընտանիքին ազգային կենսագործունէութեան մասին։
Էմիլ միայն ութ տարեկան էր, երբ մահացաւ հայրը: 1907ին մայրը վերամուսնացաւ Ռայխենպերկ քաղաքէն (ներկայիս Չեխիայի Լիպերէց քաղաքը) գերմանախօս յաջողակ գործարար Ռուտոլֆ Հուպնէրի հետ: Սկիզբը մէկ տարի մանուկ Էմիլը ուղարկուեցաւ Աւստրիայի սահմանին մօտ՝ հարաւային Չեխոսլովաքիա գտնուող փոքրիկ Սթրոպնից քաղաքի դպրոցը, ուր աշակերտած ժամանակ ապրեցաւ տունէն հեռու, տեղական ագարակի մը մէջ։ Տարի մը ետք ան վերադարձաւ Ռայխենպերկ, ուր նախակրթական ուսումը շարունակեց մինչեւ 1916 թուականը, երբ ընդունուեցաւ Վիեննայի համալսարանը՝ մասնագիտանալու համար մաթեմաթիքայի մէջ։ Գերազանց արդիւնքով ուսումը աւարտելէ ետք, Էմիլ հաստատուեցաւ Համպուրկ՝ Գերմանիա, ուր դասախօսեց եւ գիտական իր պրպտումները յառաջ տարաւ մինչեւ 1937 թուականը, երբ նացիական իշխանութիւնները սկսան հալածանքի ենթարկել սեմական ծագում ունեցող քաղաքացիները։ Էմիլ 1932ին ամուսնացած էր Ռուսաստան ծնած հրէուհիի մը՝ Նաթաշա Ժասնիի (Natascha Jasny) հետ։ Նացիական հետապնդումներէ խոյս տալով՝ Էմիլ Արթին 1937ին ապաստանեցաւ Մ. Նահանգներ եւ շուտով ստացաւ ամերիկեան քաղաքացիութիւն։
1938ին դասախօսական պաշտօնի կոչուեցաւ Ինտիանայի, իսկ 1946ին Փրինսթընի համալսարաններուն մէջ։ Մ. Նահանգներու մէջ քսանամեայ իր պաշտօնավարութեան շրջանին էր, որ Էմիլ Արթին կատարեց իր յայտնագործումները եւ մշակեց իր տեսութիւնները, որոնք հանրահաշուի բնագաւառին մէջ մեծ հեղինակութիւն ապահովեցին իրեն։
1958ին Էմիլ Արթինեան վերադարձաւ Համպուրկ, ուր շարունակեց գիտական իր հետազօտութիւններն ու դասախօսական աշխատանքը մինչեւ 20 Դեկտեմբեր 1962ի իր վախճանը։
Գիտական աշխարհը մինչեւ այսօր կ’առաջնորդուի Հանրահաշուի բնագաւառին մէջ հայազգի այս մեծ գիտնականին մշակած տեսութիւններով։
Էմիլ Արթին (Արթինեան, 1898-1962)
Էմիլ Արթին (Արթինեան, 1898-1962). Ուսողական գիտութեանց, յատկապէս հանրահաշիւի աշխարհահռչակ գիտնականը Ն.