Աննա Գազանճեան
Կիրակի՝ 10 Նոյեմբերի երեկոյեան, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնէն ներս Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութիւնը կազմակերպեց ձեռնարկ՝ նուիրուած՝ բժիշկ, բազմամեայ մարդասիրական գործունէութիւն ունեցող ու նախկին եւրոերեսփոխան տոքթ. Էլէնի Թէոխարուսին հետ: Ներկայ էին թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Ազգային վարչութեան ատենապետը եւ անդամները, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչը եւ անդամները, շրջանի հոգեւոր հովիւը, Փանտիոյ համալսարանի դասախօս՝ պրն. Խրիսթոտուլոս Եալուրիտիս, Յունաստանի Պոնտոսական կազմակերպութիւններու նախագահը, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հոծ թիւով հայրենակիցներ, որոնք ծայրէ-ծայր լեցուցած էին «Զաւարեան» կեդրոնի զոյգ սրահները:
Ելոյթը սկսաւ տոքթ. Թէոխարուսի կենսագրականը ներկայացնող տեսաերիզի մը ցուցադրութեամբ՝ իր նուաճումներով գիտական, գրական, մարդասիրական ու քաղաքական մարզերէն ներս:
Յաջորդաբար, Հ. Կ. Խաչի Շրջ. վարչութեան ատենապետուհի ընկ. Լիզէթ Գիրազեան ձեռնարկի բացումը կատարեց եւ խօսեցաւ տոքթ. Թէոխարուսի անձնաւորութեան մասին:
Թէոխարուս մօտէն ապրած է Արցախի ազատագրական պայքարը իր սկիզբէն՝ հայ ժողովուրդին դիկունք կանգնելով իբրեւ բժիշկ ու բարեկամ: Արժանացած է տասնեակ շքանշաններու եւ պարգեւատրումներու միջազգային մակարդակի վրայ իր երկարամեայ մարդասիրական գործունէութեան համար աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ: Անցնող ամիս, ան պաշտօնական հիւրն էր Հ.Օ.Մ.ի համահայկական պատգամաւորական ժողովին Գանատայի մէջ, ուր անգամ մը եւս պարգեւատրուեցաւ հայ ժողովուրդին ի նպաստ իր ծառայութեան համար:
Անցնելով ձեռնարկի գեղարուեստական յայտագրին՝ Հռիփսիմէ Կարապետեան ապրումով ասմունքեց Գէորգ Էմինի «Սասնոյ պարը», իսկ Ռոզինա Մարտիրոսեան սանթուրի վրայ նուագեց ու երգեց երկու յատկանշական ժողովրդային երգեր: Ներկաները ջերմ ծափահարութիւններով գնահատեցին անոնց կատարումները:
Յաջորդաբար, երկրորդ տեսաերիզ մը ներկայացուեցաւ, ուր տոքթ. Թէոխարուս յուզումով կ՚անդրադառնար իր կազմակերպած մարդասիրական պատուիրակութիւններուն, Արցախեան պայքարի առաջին տարիներէն իրենց դիմագրաւած դժուարութիւններուն, իր մշակած սերտ կապերուն հայութեան հետ, որոնց պատճառով ան մեզ ազգակից կը նկատէ: Առաւել, ան կ՚ակնարկէր Կիպրոսի հելլէն ժողովուրդին, որ յաջողեցաւ 250.000 կիպր. ոսկի հանգանակել Ստեփանակերտի հիւանդանոցը օժտելու համար անհրաժեշտ բժշկական իրերով ու դեղերով:
Ցուցադրումէն ետք ընկ. Լիզէթ Գիրազեան բեմ հրաւիրեց օրուան պատուոյ հիւրը:
Տոքթ. Թէոխարուս պատմեց, միաժամանակ նկարներ ցոյց տալով պաստառի վրայ, ինչպէս առիթը ունեցաւ մտաւորականներ ճանչնալու, ինչպիսի են՝ Գէորգ Էմին, Սիլվա Կապուտիկեան, Նազիմ Հիքմէթ՝ Հայաստան ու Արցախ ճամբորդութիւններուն ընթացքին:
Ան ծանօթացաւ նաեւ հայ ժողովուրդին ու հասկցաւ Արցախեան պայքարի բուն իմաստն ու նպատակը, որ ուրիշ բան չէ՝ քան 1922ին, Խորհրդային Միութեան ժամանակ, ապօրինի կերպով Ատրպէյճանին կցուած հայկական հողերու ազատագրումը եւ ոչ անոնց խզումը ազերիներու երկրէն: Յիշեց ազատագրական պայքարի առաջին օրերը, երբ հայ զինուորները կը կռուէին տարրական զէնքերով, իսկ ան իր գործակիցներով ճիգ չէին խնայեր վիրաւորները բուժելու, ծայրայեղ դժուար պայմաններու տակ, այսինքն՝ սաստիկ ցուրտ, դեղորայքի եւ կարեւոր բժշկական սարգաւորումներու չգոյութիւն:
Հայաստանի, ինչպէս նաեւ Յունաստանի եւ Կիպրոսի աջակցութեան շնորհիւ կարելի եղաւ զինուորներու զինումը եւ անհրաժեշտ բժշկական գործիքներու եւ դեղերու առաքումը: Հ.Օ.Մ.ը, այլ մարդասիրական կազմակերպութիւններու կարգին, իր ներդրումը ունեցաւ եւ աստիճանաբար Արցախեան պայքարը նուաճումներ արձանագրեց:
Տոքթ. Թէոխարուս բացատրեց, որ 1994ին զինադադարի ստորագրումէն ետք եւրոերեսփոխաններու խումբ մը Ֆրանք Էնկէլի գլխաւորութեամբ, սկսաւ Արցախեան պայքարի հարցը արծարծել Պրիւքսէլի մէջ քաղաքական ու դիւանագիտական ասպարէզի վրայ:
Տոքթ. Էլէնի Թէոխարուս նշեց, որ իր գործունէութիւնը հիմնուած է բարոյական արժէքներու վրայ եւ ինք առաջնահերթ կը նկատէ աղքատութեան ու սովի դէմ պայքարը, մարդկային կեանքի պաշտպանութիւնը, տկարներու օժանդակութիւնը եւ բռնութեան կասեցումը եւ այս առումով իր երթը կը զուգադիպի Հ.Օ.Մ.ի մարդասիրական ծրագիրներուն: Ան նմանութիւններ կը գտնէ հայ ու կիպրացի յոյն ժողովուրդներուն միջեւ եւ կը հաւատայ, որ պէտք է պայքարիլ ինքնորոշման իրաւունքին համար: Իր խօսքի աւարտին, յայտարարեց յուշարձանի մը կառուցման ծրագիրը Կիպրոսի մէջ, որ նուիրուած պիտի ըլլայ ազատագրական պայքար մղող ժողովուրդներուն, որոնց մէջ են նաեւ հայերը:
Յաջորդաբար, առիթը տրուեցաւ ներկաներուն կարծիքներ արտայայտելու կամ հարցումներ ուղղելու խօսողին:
Հետաքրքրական էր տոքթ. Թէոխարուսի տեսակէտը երբ հարցուեցաւ Արցախի հարցին շուրջ զարգացումներու մասին, որու համաձայն՝ Հայաստան պատճառ չունի Արցախի հանրապետութիւնը ճանչնալու, որովհետեւ կրնայ անմիջապէս յայտարարել Արցախի միացումը Հայաստանին, մէկ ու միացեալ պետութեան հիմքերը դնելով:
Ընկ. Լիզէթ Գիրազեան տոքթ. Թէոխարուսին յանձնեց խորհրդանշական յուշանուէր մը Հ. Կ. Խաչին կողմէ, շնորհակալութիւն յայտնելով իր բազմամեայ ծառայութեան համար հայ ժողովուրդին եւ յաջողութիւն մաղթեց իր ապագայի ծրագիրներուն:
Ձեռնարկի աւարտէն առաջ, Սրբազան հայրը իր գնահատական խօսքը փոխանցեց տոքթ. Թէոխարուսին, որուն ծանօթացած էր երկար տարիներ առաջ, Թեսաղոնիկէի մէջ, երբ կը պատրաստուէր Արցախ ճամբորդելու իր պատուիրակութեան հետ:
Ողջունեց իր անձնաւորութեան վեհութիւնը եւ իր անսահման սէրը մարդուն հանդէպ: Ողջունեց նաեւ իրեն իբրեւ հայ ժողովուրդի բարեկամ եւ մեծ հոգեկան ուժ ունեցող կին: Սրբազանը ողջունեց նաեւ Հ.Օ.Մ.ը, որ իր հիմնադրումէն ի վեր, իր բարեսիրական ու խնամատարական առաքելութենէն անդին, միշտ կը նպաստէ հայ կնոջ: Վերջանալով, տոքթ. Թէոխարուսին մաղթեց, որ միշտ օգտակար ըլլայ, ուր որ ան գտնուի:
Ձեռնարկը փակուեցաւ Սրբազան հօր «Պահպանիչ»ով:
Յաջորդեց ճոխ հիւրասիրութիւն: