Հ.Կ.­Խա­չի Շրջ. ­Վար­չու­թեան հրա­ւէ­րով Ա­թէնք գտնո­ւող կիպ­րա­ցի հա­յա­սէր նախ­կին եւ­րոե­րես­փո­խան եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­զու­գա­կան բա­րե­կամ տոքթ. Է­լէ­նի ­Թէո­խա­րուս իր ու­նե­ցած հրա­պա­րա­կա­յին ե­լոյ­թին ա­ռի­թով, այ­ցե­լեց նաեւ յու­նա­հայ կա­ռոյց­նե­րուն։

Հ.Կ.­Խա­չի ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րէն ներս

Ա­ռա­ջին հեր­թին, յար­գե­լի հիւ­րը այ­ցե­լու­թիւն տո­ւաւ ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի «­Ճէ­նա­զեան, ­Յա­կո­բեան եւ ­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րան­նե­րը եւ մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցաւ հայ ա­շա­կեր­տու­թեան։ ­Մեր փոք­րիկ տղաքն ու աղ­ջիկ­նե­րը մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ մօ­տե­ցան տոքթ. Է­լէ­նի ­Թէո­խա­րու­սին եւ լսե­ցին իր կուռ եւ խրա­խու­սիչ խօս­քը։ Ան, փոք­րիկ­նե­րու հա­րա­զատ լե­զո­ւով եւ սրտբաց ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով յոր­դո­րեց ա­շա­կերտ­նե­րուն տէր կանգ­նիլ հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դար պա­հանջ­նե­րուն, նկա­րագ­րեց իր բժշկա­կան եւ խնա­մա­տա­րա­կան փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րը Ար­ցա­խի մէջ եւ պա­տաս­խա­նեց ա­նոնց հե­տաքրք­րա­կան բազ­մա­թիւ հար­ցում­նե­րուն Ար­ցա­խի մա­սին։ Ան, նաեւ անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց մա­նուկ­նե­րու եւ փոք­րիկ­նե­րու շա­հա­գործ­ման դէմ կա­տա­րո­ւած ջան­քե­րուն եւ ընդգ­ծեց ա­նոնց՝ մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը մարդ­կա­յին ըն­կե­րու­թեանց մէջ։ Ա­ւար­տին, տոքթ. ­Թէո­խա­րուս լու­սան­կա­րո­ւե­ցաւ ա­շա­կերտ­նե­րուն եւ ու­սու­ցիչ­նե­րուն հետ։

Այցելութիւն Ազգային Առաջնորդարան

Վարժարաններու այցելութիւններէն ետք, տոքթ. Թէոխարուս Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութեան ընկերուհիներու ընկերակցութեամբ այցելեց Յունահայոց Ազգային Առաջնորդարան եւ հանդիպում ունեցաւ թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Պօղոս Չոլաքեանի հետ:

«Ա­զատ Օր»ի խմբագ­րա­տան մէջ

­Նոյն օ­րո­ւայ կէ­սօ­րին, տոքթ. Է­լէ­նի ­Թէո­խա­րուս, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Հ.Կ.­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան ան­դա­մու­հի­նե­րուն այ­ցե­լեց միու­թեան նստա­վայ­րը եւ «Ա­զատ Օր»ի խմբագ­րա­տու­նը, ա­պա հե­տաքրք­րա­կան հար­ցազ­րոյց մը տո­ւաւ թեր­թիս, ո­րուն ըն­թաց­քին ան չզլա­ցաւ իր հա­յա­սի­րա­կան զգա­ցում­նե­րը յայտ­նե­լու, ինչ­պէս նաեւ ներ­կա­յաց­նե­լու իր հե­տաքր­քա­կան տե­սա­կէտ­նե­րը Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցի լուծ­ման հա­մար։ ­Յա­ջոր­դիւ, հար­ցազ­րոյ­ցը պի­տի հրա­տա­րա­կո­ւի ամ­բող­ջու­թեամբ։

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բին հետ հան­դի­պում

Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նէն ներս Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւն-­Հա­յաս­տան բա­րե­կա­մու­թեան խում­բի նա­խա­գա­հու­թիւ­նը վա­րած, ­Կիպ­րո­սի «Ա­լի­լեն­կիի» կու­սակ­ցու­թեան նա­խա­գահ տոքթ. Է­լէ­նի ­Թէո­խա­րուս այ­ցե­լեց Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի գրա­սե­նեա­կը Եր­կու­շաբ­թի՝ 11 ­Նո­յեմ­բեր 2019ի ե­րե­կո­յեան եւ հան­դի­պում ու­նե­ցաւ յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րուն հետ։ ­Ներ­կայ էին Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ան­դամ­ներ։
­Տոքթ. Է­լէ­նի ­Թէո­խա­րուս այն ե­զա­կի անձ­նա­ւո­րու­թիւնն է, որ գի­տակ­ցօ­րէն դար­ձած է հայ ժո­ղո­վուր­դի նո­ւի­րեալ բա­րե­կա­մը եւ յատ­կա­պէս՝ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի դժո­ւար պայ­քա­րին մաս­նա­կի­ցը, պա­տե­րազ­մի ա­ռա­ջին օ­րե­րէն սկսեալ, մին­չեւ Ար­ցա­խի պե­տու­թեան կա­յաց­ման բո­լոր հանգ­րո­ւան­նե­րը։ Ան, ա­մէն ա­ռի­թով, իր վա­րած պա­տաս­խա­նա­տու պաշ­տօն­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն, մի­ջազ­գա­յին քա­ղա­քա­կան բե­մե­րուն վրայ, քա­ջու­թեամբ եւ ան­կեղ­ծու­թեամբ պաշտ­պա­նած է հայ ժո­ղո­վուր­դի բո­լոր դա­տե­րը։
­Ջերմ եւ սրտա­մօ­տիկ մթնո­լոր­տի մէջ կա­յա­ցած հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին, ա­ռիթ տրո­ւե­ցաւ զրու­ցե­լու Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցին, ա­պա­գա­յի մար­տահրա­ւէր­նե­րուն, մի­ջազ­գա­յին բե­մե­րու վրայ առ­նո­ւե­լիք քայ­լե­րուն՝ ­Կիպ­րո­սի, ­Հա­յաս­տա­նի եւ տա­րա­ծաշր­ջա­նի ներ­կայ քա­ղա­քա­կան ի­րա­վի­ճա­կին շուրջ։ Ար­ծար­ծո­ւե­ցան տար­բեր ծրա­գիր­ներ եւ քննար­կո­ւե­ցան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հե­տա­գայ կա­րե­լիու­թիւն­ներ։