­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Է­դո­ւարդ ­Նալ­բան­դեան չի բա­ցա­ռեր, որ մին­չեւ տա­րե­վերջ հա­ւա­նա­բար մէկ եր­կիր ճանչ­նայ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թիւ­նը, սա­կայն մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման հա­մար ա­տի­կա բա­ւա­րար չէ: Ինչ­պէս կը հա­ղոր­դէ «Ար­ցախփ­րես»-ը, այս մա­սին ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը յայ­տա­րա­րած է Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մէջ Ար­ցա­խի նա­խա­գահ ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեա­նի եւ ­Հա­յաս­տա­նի դես­պան­նե­րու հետ հան­դի­պու­մէն ետք:
«­Ղա­րա­բա­ղեան տագ­նա­պին վե­րա­բե­րեալ այն բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք այ­սօր կը վա­րո­ւին ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րուն հետ, կը նպա­տա­կադ­րեն տագ­նա­պը բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ ճամ­բով լու­ծել: Ազր­պէյ­ճա­նը կը ձա­խո­ղեց­նէ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը: Այդ երկ­րին ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ինք­զինք փա­կու­ղիի մէջ դրած է եւ կը փոր­ձէ ու­ժի կի­րար­կու­մով յա­ջո­ղու­թեան հաս­նիլ: ­Բայց ի պա­տիւ մեր զի­նո­ւած ու­ժե­րուն` ա­պար­դիւն կը դառ­նան նաեւ նման մտադ­րու­թիւն­նե­րը», ը­սած է ­Նալ­բան­դեան:
­Հա­յաս­տա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած դես­պա­նա­հա­ւա­քի հա­մար տար­բեր եր­կիր­նե­րու եւ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու մէջ հա­ւա­տար­մագ­րո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի դես­պան­նե­րը հա­սած են Ե­րե­ւան: Ա­նոնք այ­ցե­լած են նաեւ Ս­տե­փա­նա­կերտ եւ հան­դի­պում ու­նե­ցած Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեա­նին հետ: