Զօրավար Արշակ ­ՏէրՂուկասով (1819-1881)

­Զօ­րա­վար Ար­շակ ­Տէր-­Ղու­կա­սով (1819-1881). ­Ցա­րա­կան ­Ռու­սաս­տա­նի կով­կա­սեան յաղ­թա­նակ­նե­րուն հա­յազ­գի կեր­տի­չը Ն.

0
1595

­Յու­նո­ւա­րի 8ի այս օ­րը, 137 տա­րի ա­ռաջ, ­Թիֆ­լի­սի մէջ վախ­ճա­նե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ռազ­մա­կան տա­ղան­դին ար­ժա­նա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն՝ ռուս ցա­րա­կան բա­նա­կի հա­յազ­գի զօ­րա­վար Ար­շակ ­Յա­րու­թիւ­նի ­Տէր-­Ղու­կա­սով։
­Յատ­կա­պէս 1877-78 թո­ւա­կան­նե­րու ­Ռուս-Թրքա­կան պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նակ, անդր­կով­կա­սեան ռազ­մա­ճա­կա­տին վրայ, ­Ցա­րա­կան ­Կայս­րու­թեան ռազ­մա­կան յաղ­թա­նակ­նե­րու կերտ­ման մէջ վճռո­րոշ ե­ղաւ դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը զօր. ­Տէր-­Ղու­կա­սո­վի։
­Ռազ­մա­կան ա­ռաս­պե­լա­տիպ հե­րո­սի իս­կա­կան մարմ­նա­ւո­րում էր 19րդ ­դա­րուն ապ­րած եւ գոր­ծած՝ ցա­րա­կան բա­նա­կի հռչա­կա­ւոր հրա­մա­նա­տար­նե­րէն մէ­կը հան­դի­սա­ցած այս մե­ծա­տա­ղանդ սպան, որ օ­տա­րի ծա­ռա­յու­թեան կո­չո­ւած եւ միայն ծա­գու­մով ու ա­նու­նով հա­յազ­գի զօ­րա­վար մը չե­ղաւ, այ­լեւ հան­դի­սա­ցաւ յա­ռա­ջա­պահ­նե­րէն մէ­կը Օս­մա­նեան ­Թուր­քիոյ լու­ծին դէմ հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­զա­տագ­րա­կան ծա­ռա­ցու­մին ու պայ­քա­րին։
­Հա­յոց պատ­մու­թիւ­նը կը յու­շէ եւ հայ­կա­կան ար­դի պատ­մա­վէ­պի ան­զու­գա­կան վար­պե­տը՝ ­Րաֆ­ֆի կը վկա­յէ, որ նոյ­նինքն հայ ժո­ղո­վուր­դի մար­տու­նակ մաս­նակ­ցու­թեան շնոր­հիւ հնա­րա­ւոր դար­ձան ցա­րա­կան յաղ­թա­նակ­նե­րը Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին, 19րդ ­դա­րուն եւ 20րդ ­դա­րաս­կիզ­բին մղո­ւած ­Ռուս-Թր­քա­կան բո­լոր պա­տե­րազմ­նե­րուն ըն­թաց­քին։ Իսկ զօ­րա­վար Ար­շակ ­Տէր-­Ղու­կա­սով հան­դի­սա­ցաւ ար­ժա­նա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն մէ­կը ­Ռու­սաս­տա­նի դէ­պի տաք ջու­րեր յա­ռաջ­խա­ղաց­քը նո­ւա­ճած ցա­րա­կան զօր­քե­րու հա­յազ­գի այն հրա­մա­նա­տար­նե­րուն, ո­րոնք գիտ­ցան շարժ­ման մէջ դնել հայ­րե­նի հո­ղի ա­զա­տագ­րու­թեան ե­րա­զով ոտ­քի կանգ­նած ու կռո­ւի դաշտ նե­տո­ւած հայ կա­մա­ւո­րա­կան­նե­րուն ռազ­մա­կան նե­րու­ժը՝ փա­ռա­ւոր յաղ­թա­նակ­ներ նո­ւա­ճե­լով։
­Ռուս պե­տա­կան միտ­քը ինչ­պէս ա­տե­նին, նաեւ հե­տա­գա­յին չու­զեց ըստ ար­ժան­ւոյն գնա­հա­տել հայ ռազ­մա­կան տա­ղան­դին ան­փո­խա­րի­նե­լի այդ նպաս­տը։ ­Ռուս մե­ծա­պե­տա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը ըն­դա­մէ­նը իր հա­շիւ­նե­րուն ծա­ռա­յող վստա­հե­լի յաղ­թա­թուղթ մը նկա­տեց ­Հայ­կա­կան ­Գոր­ծօ­նը։ ­Մինչ­դեռ հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը, ընդ­հա­կա­ռա՛կն, չյոգ­նե­ցաւ վերս­տին ու վերս­տին իր գրա­ւը դնե­լէ ­Ռու­սա­կան ­Գոր­ծօ­նին վրայ, որ­պէս­զի այս վեր­ջի­նի օգ­նու­թեամբ կա­րե­նար դի­մագ­րա­ւել եւ ձա­խո­ղու­թեան մատ­նել թուրք մե­ծա­պե­տա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան սադ­րանք­նե­րը, ո­րոնք ի վեր­ջոյ հե­տա­մուտ էին ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան կոր­ծա­նու­մին։
Ա­մէն պա­րա­գա­յի, պատ­մա­քա­ղա­քա­կան այդ գնա­հա­տա­կան­նե­րը ա­ռանց ան­տե­սե­լու, այ­սօր կ­’ո­գե­կո­չենք կեանքն ու գոր­ծը ­Հա­յու ­Ռազ­մա­կան ­Տա­ղան­դը մարմ­նա­ւո­րող զօ­րա­վար ­Տէր-­Ղու­կա­սո­վի։
­Հան­րա­գի­տա­կան տե­ղե­կան­քով՝ Ար­շակ ­Տէր-­Ղու­կա­սով սկզբնա­կան իր կրթու­թիւ­նը ստա­ցած էր ­Թիֆ­լի­սի ­Ներ­սի­սեան դպրո­ցին մէջ։ 1839 թո­ւա­կա­նին ա­ւար­տած էր ­Փե­թերս­պուր­կի հա­ղոր­դակ­ցու­թեան ճա­նա­պարհ­նե­րու ­Հիմ­նար­կը։ 1842-50 թուա­կան­նե­րուն, իբ­րեւ ճար­տա­րա­գէտ, աշ­խա­տած է ­Կով­կա­սի մէջ՝ ­Ռազ­մա­վա­րա­կան ­Ճա­նա­պար­հի շի­նա­րա­րու­թեան գոր­ծով, ա­պա նշա­նա­կո­ւած է ­Կով­կա­սի ­Ցա­րա­կան հա­ղոր­դակ­ցու­թեան վար­չու­թեան 2րդ ­բա­ժան­մուն­քի կա­ռա­վա­րիչ։ 1850 թո­ւա­կա­նին Ար­շակ ­Տէր-­Ղու­կա­սով մտած է ­Ցա­րա­կան ­Կայս­րու­թեան զի­նո­ւո­րա­կան ծա­ռա­յու­թեան մէջ։
1852էն սկսեալ, իբ­րեւ Ապ­շե­րո­նեան գուն­դի 3րդ ­գու­մար­տա­կի հրա­մա­նա­տար (կո­չու­մով՝ մա­յոր), մաս­նակ­ցած է կով­կա­սեան լեռ­նա­կան­նե­րի դէմ ցա­րա­կան զօր­քի մղած մար­տե­րուն, ո­րոնց ըն­թաց­քին իր ցու­ցա­բե­րած ա­նօ­րի­նակ խի­զա­խու­թեան հա­մար նշա­նա­կո­ւած է նոյն գուն­դի հրա­մա­նա­տար (1859)։
1859ի Օ­գոս­տո­սին ­Տէր-­Ղու­կա­սո­վի գլխա­ւո­րած Ա. եւ Դ. գու­մար­տակ­նե­րը, ա­րիւ­նա­հեղ մար­տե­րէ ետք, գրա­ւե­ցին կով­կա­սեան ի­մամ ­Շա­մի­լի ա­պաս­տան ­Գու­նիբ ա­ւա­նը. այդ յաղ­թա­նա­կին հա­մար ­Տէր-­Ղու­կա­սով պար­գե­ւատ­րո­ւե­ցաւ Սբ. ­Գէոր­գիի 4րդ­ աս­տի­ճա­նի շքան­շա­նով։
1865 թո­ւա­կա­նին ­Տէր-­Ղու­կա­սով ար­ժա­նա­ցաւ գե­նե­րալ-մա­յո­րի կոչ­ման եւ նշա­նա­կո­ւե­ցաւ ­Ցա­րա­կան 19րդ հ­րե­տա­նա­յին զօ­րա­բա­ժի­նի հրա­մա­նա­տա­րի տե­ղա­կալ։ 1868ին ան ստանձ­նեց ­Թե­րե­քի մար­զի ղե­կա­վա­րու­մը, իսկ 1869ի ­Մար­տին նշա­նա­կո­ւե­ցաւ 38րդ ­հե­տե­ւա­կա­յին զօ­րա­բա­ժի­նի հրա­մա­նա­տար։ Այս պաշ­տօ­նի վրայ ալ, 1874ին, ան ար­ժա­նա­ցաւ գե­նե­րալ-լեյ­տե­նան­տի զի­նո­ւո­րա­կան կոչ­ման։
­Տէր-­Ղու­կա­սո­վի զօ­րա­վա­րա­կան տա­ղան­դը ա­ւե­լի ակ­նա­ռու դար­ձաւ 1877-1878 թո­ւա­կան­նե­րու ­Ռուս-Թր­քա­կան պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նակ։ Ա­նոր հրա­մա­նա­տա­րու­թեան տակ գոր­ծող Ե­րե­ւա­նեան զօ­րա­ջո­կա­տը 1877ի Ապ­րիլ 18ին յաղ­թա­կան մուտք գոր­ծեց թրքա­կան զօր­քե­րէն ա­զա­տագ­րո­ւած ­Պա­յա­զէտ բեր­դա­քա­ղա­քը։ ­Փոք­րա­քա­նակ պա­հա­կա­զօր ձգե­լով բեր­դին մէջ, ­Տէր-­Ղու­կա­սով յա­ռա­ջա­ցաւ ­Կար­նոյ ( Էրզ­րում) ուղ­ղու­թեամբ, նոյն ամ­սուն գրա­ւեց ­Դիա­դի­նը եւ ­Ղա­րա­քի­լի­սան, ­Մա­յի­սին՝ Ա­լաշ­կեր­տը (ամ­սու 28ին) եւ ­Զեդ­կա­նը։ ­Յու­նիս 4ին՝ Դ­րամ­դա­ղի եւ 9ին՝ Դ­հա­րի ճա­կա­տա­մարտ­նե­րուն՝ ջախ­ջա­խեց ­Մուխ­թար փա­շա­յի գլխա­ւո­րած թրքա­կան մե­ծա­քա­նակ ու­ժե­րը։ Իսկ ­Յու­նիս 15ին կով­կա­սեան բա­նա­կա­յին զօ­րա­մա­սի հրա­մա­նա­տար ­Մի­քա­յէլ ­Լո­ռիս-­Մե­լի­քո­վէն հրա­ման ստա­նա­լով՝ հմտօ­րէն կազ­մա­կեր­պեց իր զօ­րա­ջո­կա­տի 8օ­րեայ նա­հան­ջը (շուրջ 200 վերստ) եւ մօտ 20.000 հայ բնա­կիչ­նե­րու գաղ­թը Իգ­դիր։ ­Նա­հանջն ի­րա­գոր­ծե­լու հա­մար պար­գե­ւատ­րո­ւե­ցաւ Ս­պի­տակ Ար­ծիւ շքան­շա­նով։ ­Գեր­մա­նա­ցի ռազ­մա­գէտ­նե­րը այդ նա­հան­ջը հա­մե­մա­տած են Ք­սե­նո­փո­նի նա­հան­ջին հետ։
Այդ շրջա­նին, ­Սամ­սոն ­Տէր-­Պօ­ղո­սեա­նէն (­Րաֆ­ֆիի հռչա­կա­ւոր եւ հա­մա­նուն վէ­պին նա­խա­տիպ ­Խեն­թէն) լուր ստա­նա­լով Իս­մա­յիլ փա­շա­յի 25 հա­զա­րա­նոց ու­ժե­րու կող­մէ ­Պա­յա­զէ­տի բեր­դին պա­շար­ման մա­սին, ­Տէր-­Ղու­կա­սով շտա­պեց բեր­դի կա­յա­զօ­րին (մօտ 1600 հո­գի) օգ­նու­թեան։ Այդ ա­ռի­թով ­Տէր-­Ղու­կա­սով ար­տա­սա­նեց իր նշա­նա­ւոր կո­չը.
— Եղ­բայր­նե՜ր, մե­րոնց սո­վա­մահ են ա­նում, մե­րոնք տանջ­ւում են եւ մեռ­նում ­Պա­յա­զէ­տում։ Գ­նանք նրանց հետ մեռ­նե­լու։
­Յու­նիս 28ին ՏԷր-­Ղու­կա­սո­վի զի­նո­ւոր­նե­րը ա­զա­տե­ցին ­Պա­յա­զէ­տի 27 օ­րո­ւան պա­շա­րեալ­նե­րուն։ ­Հոկ­տեմ­բեր 23ին ­Տէր-­Ղու­կա­սո­վի եւ ­Վա­սի­լի ­Հէյ­մա­նի գլխա­ւո­րած ու­ժե­րը ­Տե­ւէ­բոյ­նի ճա­կա­տա­մար­տին ուղ­ղա­կի ջախ­ջա­խե­ցին ­Մուխ­թար փա­շա­յի թո­ւա­կան ա­ռա­ւե­լու­թիւն ու­նե­ցող ու­ժե­րը։ ­Պա­յա­զէ­տի պա­շա­րու­մը ճեղ­քե­լուն հա­մար, 1878 թո­ւա­կա­նի ­Յու­լիս 22ին հա­յազ­գի զօ­րա­վա­րը պար­գե­ւատ­րո­ւե­ցաւ Սբ. ­Գէոր­գիի 3րդ­ աս­տի­ճա­նի շքան­շա­նով։
1878ի ­Յու­նո­ւա­րին ­Տէր-­Ղու­կա­սով նշա­նա­կո­ւե­ցաւ Ա­խալց­խա­յի ուղ­ղու­թեամբ գոր­ծող ռու­սա­կան զօր­քե­րու հրա­մա­նա­տար, իսկ պա­տե­րազ­մի ա­ւար­տէն յե­տոյ գլխա­ւո­րեց Անդր-կաս­պիա­կան զօր­քե­րը, այ­նու­հե­տեւ՝ ­Կով­կա­սեան 2րդ ­զօ­րա­մա­սը։
1880ին զօր. ­Տէր-­Ղու­կա­սով մեկ­նե­ցաւ ար­տա­սահ­ման՝ բու­ժո­ւե­լու։ ­Սա­կայն լրիւ չա­պա­քի­նած՝ վե­րա­դար­ձաւ ­Թիֆ­լիս, ուր եւ 1881ի ­Յու­նո­ւար 8ին, 62 տա­րե­կան հա­սա­կին, կնքեց մահ­կա­նա­ցուն՝ քա­ղա­քի «­Լոն­տոն» պան­դո­կին մէջ։
­Թա­ղու­մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր շու­քով եւ կա­ռա­վա­րու­թեան ծախ­սե­րով, 1881ի ­Յու­նո­ւար 11ին ­Թիֆ­լի­սի հայ­կա­կան Սբ. ­Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կը։ Վ­կա­յու­թեանց հա­մա­ձայն՝ «­Զի­նո­ւո­րա­կան հան­ճա­րի դա­գա­ղը տա­նող­նե­րի շար­քին էր նաեւ ­Կով­կա­սի փո­խար­քայ, ­Ցա­րի եղ­բայր, մեծ իշ­խան ­Մի­խա­յիլ ­Նի­կո­լա­յե­ւիչ։ ­Զօ­րա­վար ­Տէր-­Ղու­կա­սո­վի գե­րեզ­մա­նին վրայ դրո­ւե­ցաւ եր­կու պսակ՝ «­Թիֆ­լիս քա­ղա­քի կող­մից» եւ «Ա­լաշ­կեր­տի հայ գաղ­թա­կան­նե­րի կող­մից»։