­Ձե­ւա­ւո­րո­ւած ա­ւան­դոյ­թին հա­մա­ձայն` հեր­թա­կան ան­գամ զօ­րա­կո­չի մեկ­նար­կը հան­դի­սա­ւո­րու­թեամբ ազ­դա­րա­րո­ւած է խորհր­դան­շա­կան վայ­րի` ­Սար­դա­րա­պա­տի յու­շա­հա­մա­լի­րին մէջ: Հ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան տե­ղե­կա­տուու­թեան եւ հա­սա­րա­կու­թեան հետ կա­պե­րու վար­չու­թեան հա­ղոր­դած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով՝ Ար­մա­ւի­րի մար­զէն բա­նակ զօ­րա­կո­չո­ւող ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն բա­րի ծա­ռա­յու­թիւն մաղ­թե­լու, յի­շար­ժան օ­րը զօ­րա­կո­չիկ­նե­րու եւ ա­նոնց հա­րա­զատ­նե­րուն հետ կի­սե­լու գա­ցած են Հ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար ­Վի­գէն ­Սարգ­սեան, Ար­մա­ւի­րի մարզ­պետ, մար­զա­յին զօ­րա­կո­չա­յին յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ա­շոտ ­Ղահ­րա­մա­նեան, հայ ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ Ար­մա­ւի­րի թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Սիոն Ե­պիս­կո­պոս Ա­դա­մեան, բարձ­րաս­տի­ճան զի­նո­ւո­րա­կան­ներ, այլ պաշ­տօ­նեա­ներ:
­Ներ­կա­նե­րը խո­նար­հած են եւ ծա­ղիկ­ներ դրած Ար­ցա­խեան հե­րո­սա­մար­տին մարտն­չած եւ յա­նուն հայ­րե­նի­քի կեան­քը զո­հա­բե­րած մար­տիկ­նե­րու յի­շա­տա­կը յա­ւեր­ժաց­նող խաչ­քա­րին մօտ:
Ար­մա­ւի­րի թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Սիոն Ե­պիս­կո­պոս օրհ­նու­թեան խօսք յղած է զօ­րա­կո­չիկ­նե­րուն` կոչ ուղ­ղե­լով սրբու­թեամբ ու հա­ւա­տով պաշտ­պա­նե­լու եւ ա­նա­ռիկ պա­հե­լու հայ­րե­նի սահ­ման­նե­րը:
Ող­ջու­նե­լով եւ խա­ղաղ ծա­ռա­յու­թիւն մաղ­թե­լով նո­րա­կո­չիկ­նե­րուն՝ պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար ­Վի­գէն ­Սարգ­սեան ընդգ­ծած է, որ ծա­ռա­յու­թեան մեկ­նող իւ­րա­քան­չիւր ե­րի­տա­սարդ պէտք է գի­տակ­ցի, թէ հայ­րե­նի­քի կող­մէ պաշտ­պա­նո­ւած քա­ղա­քա­ցիէն այ­լեւս կը դառ­նայ հայ­րե­նի­քի պաշտ­պան, հա­յոց բա­նա­կի ար­ժա­նի զի­նո­ւոր, ո­րուն նա­յե­լով՝ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը կը գի­տակ­ցի, որ հայ­րե­նի­քը պաշտ­պա­նո­ւած է: ­Զի­նո­ւած ու­ժե­րու ղե­կա­վա­րու­թիւնն ու հրա­մա­նա­տա­րու­թիւ­նը, ի­րենց հեր­թին հնա­րա­ւոր ա­մէն ինչ պի­տի ը­նեն, որ­պէս­զի բա­նա­կա­յին եր­կու տա­րի­նե­րը ծա­ռա­յեն ի նպաստ հայ զի­նո­ւո­րի գի­տե­լիք­նե­րու եւ հմտու­թիւն­նե­րու հարս­տաց­ման, ա­նոր հայ­րե­նա­սի­րա­կան յատ­կա­նիշ­նե­րու ա­ռա­ւել բարձ­րաց­ման:
Հ.Հ. պաշտ­պա­նա­կան գե­րա­տես­չու­թեան ղե­կա­վա­րը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած է զօ­րա­կո­չիկ­նե­րու ծնող­նե­րուն՝ այն դաս­տիա­րա­կու­թեան ու հայ­րե­նա­սի­րա­կան ո­գիին հա­մար, որ­մով մեծ­ցու­ցած են ի­րենց զա­ւակ­նե­րը` ան­կա­խու­թեան սե­րուն­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը: ­Սե­րունդ, որ քաջ կը գի­տակ­ցի հայ­րե­նի­քի գի­նը, զի­նո­ւո­րա­կան ծա­ռա­յու­թեան դերն ու նշա­նա­կու­թիւ­նը: