Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւնն ու «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութիւնը 16 Յունուարին Հայաստանի մօտ Պելոռուսիոյ դեսպանատան առջեւ կատարած են բողոքի ցոյց մը` առ ի զօրակցութիւն 15 Դեկտեմբերին Մինսքի մէջ Ատրպէյճանի պահանջով ձերբակալուած, Իսրայէլի եւ Ռուսիոյ քաղաքացի Ալեքսանտր Լափշինի ուղղուած մեղադրանքին` առանց Ատրպէյճանի թոյլտուութեան 2011 եւ 2012 թուականներուն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն այցելելուն համար: Ատրպէյճան զայն ներառած է իր սեւ ցանկին մէջ, եւ դատախազութիւնը քրէական գործ յարուցած է` Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ոտնահարման մեղադրանքով:
Այժմ Ալեքսանտր Լափշին կրնայ յանձնուիլ Պաքուի իշխանութիւններուն, ուր ան կրնայ դատուիլ:
«Մեր բողոքի գիրը կ՛ուզենք յղել Պելոռուսիոյ Հանրապետութեան` Հայաստանի մօտ Պելոռուսիոյ դեսպանատան միջոցով, եւ պիտի հետեւինք քաղաքական զարգացումներուն, Պելոռուսիոյ քաղաքականութեան շարունակութեան` գիտնալու, թէ Ալեքսանտր Լափշինը արդեօք պիտի արտայանձնե՞ն Ատրպէյճանին: Նամակին մէջ նշուած է, թէ այնքան ատեն, որ յստակ է տարիներ շարունակ Ատրպէյճանի վարած քաղաքականութիւնը, ապա՝ Լափշինը Ատրպէյճանին արտայանձնելը կրնայ շատ վատ հետեւանքներ ունենալ, եւ անոր հիմնական իրաւունքները ամբողջովին խախտած են: Պելոռուսիա պէտք չէ տուրք տար Ատրպէյճանին, ընդառաջէր անոր պահանջին եւ ձերբակալէր Լափշինը: Նշենք, որ Լափշինը Իսրայէլի եւ Ռուսիոյ քաղաքացի է, եթէ ըլլար Ատրպէյճանի քաղաքացի` տրամաբանական պիտի ըլլար անոր Ատրպէյճանին արտայանձնումը, բայց այս պարագային Ատրպէյճան իրաւունք չունի պահանջելու, որ այլ երկրի քաղաքացի մը իրեն արտայանձնուի»,- նշած է Հ.Յ.Դ. Հ.Ե.Մ. անդամ Սեւակ Նազարեան:
Նշենք, որ երիտասարդները նամակ-պահանջը կ՛ուզէին յանձնել դեսպանին կամ գոնէ դեսպանատան ներկայացուցիչին, սակայն ոչ ոք դուրս ելած է դեսպանատունէն` նամակը ստանձնելու:
Դեսպանատունէն երիտասարդներուն կոչ ուղղեցին` նամակը նետելու դեսպանատան նամակատուփին մէջ, ցուցարարները զայրոյթով բացագանչեցին` «Ամօ՛թ», «Տուրք մի՛ տաք Ատրպէյճանի քաղաքականութեան» եւ նման նախադասութիւններ:
Ի վերջոյ, երիտասարդները որոշեցին նամակը նամակատան փոխարէն զետեղել դեսպանատան դրան առջեւի գորգին վրայ: Իսկ իրենց հետ բերած պաստառները երիտասարդները փակցուցին դեսպանատան դարպասներուն: Անոնք իրենց այս քայլը բացատրեցին իբրեւ պատասխան դեսպանատան անտեսումի կեցուածքին: Նկատի ունենալով, որ դեսպանատունէն ոչ ոք երեւցաւ, իրենք նպատակայարմար գտած են նամակը նամակատուփին փոխարէն զետեղել գորգին վրայ: «Անհրաժեշտ չենք նկատեր նամակը դնել նամակատուփին մէջ, քանի որ գիտենք, որ եթէ այս ծրարը հոն զետեղենք, արձագանգ պիտի չստանանք, կը դնենք հոս, որպէսզի անպայման տեսնեն, քանի որ, ինչպէս կը տեսնէք, փափաք չունին դուրս ելլելու եւ ծանօթանալու մեր պահանջներուն: Այս ձեւով ալ որոշեցինք մեր բողոքը յայտնել անոնց կեցուածքին եւ հետեւողական պիտի ըլլանք, հետագային եւս յստակ, աւելի կտրուկ քայլերու պիտի դիմենք եւ մեր բողոքի ձայնը հասանելի պիտի դարձնենք անոնց»,- ըսած է Սեւակ Նազարեան:
Նշենք, որ դեսպանատան պաշտօնեաները իջնելու ու նամակը առնելու փոխարէն նախընտրեցին պատուհանէն լուսանկարել ցուցարարները:
Լրագրողներու ՊաշտպանութեանԿոմիտէն կը յորդորէ ազատ արձակել Ալեքսանտր Լափշինը
Լրագրողներու Պաշտպանութեան Կոմիտէն յորդորած է Պելոռուսիոյ իշխանութիւններուն անյապաղ ազատ արձակել Ալեքսանտր Լափշինը:
Լրագրողներու Պաշտպանութեան Կոմիտէի յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Ատրպէյճանն ու Պելոռուսիան դիւանագիտական սերտ յարաբերութիւններ ունին: Իսկ Պելոռուսիոյ գլխաւոր դատախազը քանի մը օր առաջ ըսած էր, թէ կ՛ուսումնասիրէ Լափշինը արտայանձնելու Ատրպէյճանի պահանջը:
«Ալեքսանտր Լափշին պէտք չէ բանտարկուի իր կարծիքը արտայայտելուն կամ վիճելի շրջան այցելելուն համար: Մենք կոչ կ՛ուղղենք Պելոռուսիոյ իշխանութիւններուն՝ առանց նախապայմաններու ազատ արձակելու պլոկըրը եւ թոյլ տալու անոր` վերադառնալու տուն»,- յայտարարած է Լրագրողներու Պաշտպանութեան Կոմիտէի Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ համակարգողը:
Լրագրողներու Պաշտպանութեան Կոմիտէն կը յիշեցնէ, որ Ատրպէյճան 180 լրագրող նկատած է «անբաղձալի անձ»` Լեռնային Ղարաբաղ իրենց այցելութեան համար:
Ընդհանուր առմամբ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան այդ ցանկը, որ վերջին անգամ թարմացուած է 7 Դեկտեմբեր 2016ին, կը ներառէ 623 հոգի: