Հ.Կ.Խաչի Շրջ. Վարչութեան եւ Ուսումնական Խորհուրդի գործակցութեամբ, պատրաստուած է գեղատիպ գունաւոր թերթիկ մը, որուն մէջ տեղ գտած են ընդարձակ տեղեկութիւններ եւ կարեւոր հաստատումներ Հ.Կ.Խաչի ազգային վարժարաններուն մասին։
Թերթիկին հրատարակութիւնը նպատակ ունի հայ ծնողներուն ծանօթացնելու յունահայ դպրոցներու առաքելութիւնը՝ անոնց կրթական բոլոր առաւելութիւններով եւ հայաբոյր մթնոլորտով։
Անոր մէջ կը կարդանք, թէ մեր վարժարանները՝ «դաստիարակեցին ու կը շարունակեն դաստիարակել սերունդներ, որոնք յաջողութիւններ կ՚արձանագրեն իրենց հետագայ ուսմանց ընթացքին, ինչպէս նաեւ արհեստավարժական, գիտական եւ ընկերային կեանքէն ներս, որպէս Յունաստանի արժանի քաղաքացիներ, միաժամանակ կը պահպանեն իրենց ազգային ինքնութիւնն ու գիտակցութիւնը, գործօն մասնակցութիւն բերելով յունահայ կեանքին մէջ»։
Այս սեղմ տողերու մէջ ամփոփուած է մեր դպրոցներու գոյութեան նպատակը ու առաքելութեան իմաստը՝ մեր մատշաղ սերունդներու ազգային եւ անհատական նկարագրի կերտման համար։
Դպրոցական տարեշրջանի աւարտին, երբ արդէն յաջորդ շրջանի արձանագրութիւնները կը սկսին, թերթիկը «Ազատ Օր»ի ճամբով բաժնուեցաւ մեր ընթերցողներուն։ Անկէ ետք, պէտք է զայն տարածել ամէն ձեւով՝ յառաջիկայ ամավերջի հանդէսներուն, հրապարակային ելոյթներուն, եկեղեցիներէն ներս, ակումբներուն մէջ, որպէսզի հասանելի ըլլայ առաւելագոյն թիւով հայկական ընտանիքներու։
Հիմա յարմարագոյն ժամանակն է համոզելու համար աւելի մեծ թիւով ծնողներ՝ հայ դպրոցի առաւելութիւններուն մասին։
Ժամանակն է, որ ամէն մէկ հայրենակից այս թերթիկը առնէ ու տարածէ իր անմիջական ընտանեկան եւ ընկերային միջավայրին մէջ, խօսի հայկական վարժարաններու անփոխարինելի արժէքին մասին, համոզէ երիտասարդ ծնողներուն, որպէսզի անոնք հայկական դպրոցը եւ անոր հայաբոյր միջավայրը նախընտրեն իրենց զաւակներու կրթութեան համար։
Զօրակցի՛նք մեր դպրոցներուն։ Մե՛ր գաղութի ապագային համար։
ԴԻՏՈՂ