­Յու­նիս 11ի գի­շե­րո­ւան ժա­մը 9:45ին, Ա­թէն­քի Ո­ղիմ­պիա­կան մար­զա­դաշ­տին մէջ, «Euro 2020» եւ­րո­պա­կան մրցա­շար­քի ծի­րէն ներս, ­Հա­յաս­տա­նի ոտ­նագն­դա­կի հա­ւա­քա­կա­նը կա­րե­ւոր մրցում մը պի­տի ու­նե­նայ ­Յու­նաս­տա­նի հա­ւա­քա­կա­նին հետ։
­Բա­ցա­ռիկ այս հան­դի­պու­մը հպար­տու­թիւն կը պատ­ճա­ռէ յու­նա­հա­յու­թեան, ո­րով­հե­տեւ եր­կար տա­րի­նե­րէ յե­տոյ, ա­ռի­թը պի­տի ու­նե­նանք ան­գամ մը եւս վա­յե­լե­լու հայ մար­զիկ­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը եւ խա­ղար­կու­թիւ­նը ­Յու­նաս­տա­նի մէջ։
Այս ա­ռի­թով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջ. ­Վար­չու­թիւ­նը կոչ կ­­՚ուղ­ղէ մար­զա­սէր մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն, ­Միու­թեան ան­դամ­նե­րուն եւ ժո­ղո­վուր­դին, ներ­կայ ըլ­լա­լու մար­զա­դաշ­տէն ներս եւ զօ­րակ­ցե­լու ­Հա­յաս­տա­նի խում­բին։ ­Կա­րե­ւոր է գտնո­ւիլ մեր մար­զիկ­նե­րու կող­քին ու քա­ջա­լե­րել ա­նոնց ջան­քե­րը՝ յաղ­թա­նակ ա­պա­հո­վե­լու հա­մար։
Մր­ցու­մի տոմ­սե­րուն ա­պա­հո­վու­մը պի­տի ըլ­լայ հե­տե­ւեալ ձե­ւե­րով.-
­Հա­մա­ցան­ցի ճամ­բով՝ «pame-ethniki.gr» կայ­քէ­ջէն։
Ե­րեք­շաբ­թի՝ 4 Յու­նի­սէն մին­չեւ Ուր­բաթ՝ 7 Յու­նիս, ինչ­պէս նաեւ Կի­րա­կի՝ 9 Յու­նի­սին եւ Եր­կու­շաբ­թի՝ 10 Յու­նի­սին  տոմ­սե­րը պի­տի տրա­մադ­րո­ւին ե­լեկտ­րա­կան գնաց­քի «Ի­րի­նի»
կա­յա­նի կրպա­կէն՝ ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10էն մին­չեւ ե­րե­կո­յեան ժա­մը 6։
Ե­րեք­շաբ­թի՝ 11 Յու­նի­սին, տոմ­սե­րը տրա­մադ­րե­լի պի­տի ըլ­լան նոյն կա­յա­նի կրպա­կէն,
ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10էն մին­չեւ մր­ցու­մի սկիզ­բը եւ ո­ղիմ­պիա­կան մար­զա­դաշ­տի 12րդ մուտ­քէն, ե­րե­կո­յեան ժա­մը 3էն մին­չեւ մրցու­մի սկիզ­բը։
Տոմ­սե­րու գի­ներն են՝ 10, 15 եւ 20 եւ­րօ։ Փոք­րե­րու եւ պա­տա­նի­նե­րու հա­մար, մին­չեւ 17 տա­րե­կան, պի­տի տրո­ւի 50% զեղչ։ Փոք­րե­րու տոմ­սե­րը կա­րե­լի է գնել միայն վե­րեւ նշո­ւած կրպա­կէն կամ մար­զա­դաշ­տի 12րդ մուտ­քէն։
Տոմ­սե­րու ա­պա­հով­ման հա­մար, նկա­տի պէտք է ու­նե­նալ, թէ Հա­յաս­տա­նի ոտ­նագն­դա­կի ֆե­տե­րա­սիո­նը յայ­տա­րա­րած է, որ հայ­կա­կան հա­ւա­քա­կա­նի մար­զա­սէր­նե­րուն հա­մար մաս­նա­ւո­րա­պէս տրա­մադ­րո­ւած են
Ա­թէն­քի ո­ղիմ­պիա­կան մար­զա­դաշ­տի 19րդ­ եւ 21րդ բա­ժին­նե­րը։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջ. Վար­չու­թիւն