Մ.Ք.

­Մեր ըն­թեր­ցող­նե­րուն տօ­նա­կան տրա­մադ­րու­թիւ­նը պի­տի չու­զէինք ստո­ւե­րել յի­շե­լով եւ յի­շեց­նե­լով, թէ մուտք կը գոր­ծենք 2023 տա­րե­թի­ւին, որ կը զու­գա­դի­պի տխրահռ­չակ դաշ­նագ­րի մը 100-ա­մեա­կին: ­Պի­տի չու­զէինք անդ­րա­դառ­նալ չա­րա­շուք ա­մեա­կի մը, ե­թէ այ­սօր ալ չգտնո­ւէինք մօ­տա­ւո­րա­պէս նոյ­նան­ման պայ­ման­նե­րու կրկնու­թեան տխուր ի­րա­կա­նու­թեան մը մէջ…:
1923-ի ­Յու­լիս ամ­սուն, ­Զո­ւի­ցե­րիոյ ­Լո­զան քա­ղա­քին մէջ, հա­մաշ­խար­հա­յին ա­ռա­ջին պա­տե­րազ­մի դաշ­նա­կից պե­տու­թիւն­նե­րը նոր ա­ւար­ներ յափշ­տա­կե­լու նպա­տա­կով տա­պա­նա­քար դրին հայ­կա­կան հար­ցին վրայ, իբ­րեւ թէ վե­րաքննե­լու հա­մար ե­րեք տա­րի ա­ռաջ (1920 Օ­գոս­տո­սին) ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Թուր­քիոյ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու իսկ ստո­րագ­րու­թիւն­նե­րով հաս­տա­տո­ւած ­Սեւ­րի դաշ­նա­գի­րը, որ ար­դա­րու­թիւ­նը վե­րա­կանգ­նե­լով ամ­րագ­րած էր, թէ ի­րենց փոքր դաշ­նա­կի­ցը՝ հայ ժո­ղո­վուր­դը իր պա­պե­նա­կան հո­ղե­րուն վրայ պի­տի ու­նե­նայ շուրջ 165.000 քառ.քի­լո­մեթր տա­րած­քով ­Հա­յաս­տան ՝ ծո­վա­յին ել­քով մը: ­Սեւ­րի դաշ­նագրին մե­լա­նը տա­կա­ւին չչոր­ցած՝ մե­ծե­րը լքած էին ար­դէն ի­րենց փոքր դաշ­նա­կի­ցը, թոյլ տա­լով, որ ­Քե­մա­լի «նոր» ­Թուր­քիան, հա­մայ­նա­վար ­Ռու­սիոյ օրհ­նու­թեամբ նոր գրա­ւում­ներ կա­տա­րէ եւ ­Հա­յաս­տա­նին մնայ ե­րե­սուն հա­զար քառ.քմ. տա­րածք մը միայն: ­Լո­զա­նի մէջ, Անգ­լիոյ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ լորտ ­Քըր­զըն ­Թուր­քիոյ ներ­կա­յա­ցուց­չին կը սպառ­նար. «­Կամ ­Մու­սու­լը (քա­րիւ­ղի հան­քե­րով հա­րուստ) կը յանձ­նէք մե­զի, կամ սե­ղա­նին կը դնեմ հայ­կա­կան հար­ցը…:
­Թուր­քիան կը հրա­ժա­րէր քա­րիւ­ղով հա­րուստ շրջան­նե­րէն, միայն թէ հայ­կա­կան հարց յի­շող չգտնուէր: ­Թուր­քիոյ այս զի­ջո­ղու­թիւ­նը, այ­սինքն հայ­կա­կան հո­ղե­րը ի­րեն պա­հե­լու նա­խընտ­րու­թիւ­նը լրջա­գոյն հե­տե­ւու­թիւն­ներ հա­նե­լու ա­ռիթ է մե­զի եւ շա­հագր­գիռ պե­տու­թեանց հա­մար, ինչ կը վե­րա­բե­րի հա­մաթր­քու­թեան փայ­փա­յո­ւած մեծ ծրագ­րին…:
­Լո­զա­նը ժո­ղով մը ըլ­լա­լէ ա­ռաջ ու ետք՝ «շու­կայ մը» ե­ղաւ, ուր հայ­կա­կան ա­րիւ­նը սա­կար­կո­ւե­ցաւ ա­րա­բա­կան քա­րիւ­ղին հետ:
­Միշտ այդ­պէս է եւ այ­սու­հե­տեւ ալ պի­տի մնայ նոյ­նը: ­Զօ­րա­ւո­րի տրա­մա­բա­նու­թեան մէջ դա­շինք­ներն ու հա­մա­ձայ­նագ­րե­րը, մի­ջազ­գա­յին օ­րէնք­ներն ու ա­տեան­նե­րը շու­կայ են, ուր կը շա­հի հնա­րա­մի­տը կամ ճար­պի­կը այն­քան ա­տեն, որ կա­րի­քը չի զգա­ցո­ւիր զէն­քի ու­ժին: Այս ը­սո­ւա­ծին նո­րա­գոյն ցու­ցա­նի­շը Էր­տո­ղանն է, որ վեր­ջերս աչք տնկած ըլ­լա­լով Ե­գէա­կան ծո­վուն եւ յու­նա­կան կղզի­նե­րուն վրայ կը յայ­տա­րա­րէր, թէ «հա­մա­ձայ­նագրե­րու օ­րե­րուն տկար էինք եւ ըն­դու­նե­ցինք ա­նոնց յու­նա­պատ­կա­նու­թիւ­նը, բայց հի­մա զօ­րա­ցած ենք եւ մեր ստո­րագ­րած­նե­րը վե­րա­նա­յե­լու կա­րո­ղու­թիւ­նը ու­նինք, այ­լա­պէս ու­ժի պի­տի դի­մենք…»: Եւ ինչ որ Էր­տո­ղան օ­դին մէջ կը սպառ­նայ, իր ցե­ղա­կի­ցը՝ Ա­լիեւ գետ­նի վրայ կը գոր­ծադ­րէ՝ իր դի­մա­ցը տես­նե­լով պար­տու­թե­նէն կա­մա­զուրկ ու ներք­նա­պէս պա­ռակ­տո­ւած խար­խա­փող ­Հա­յաս­տան մը…: ­Հա­մա­ձա­յա­գի՞ր, մի­ջազ­գա­յին օ­րէ՞նք, ա­նոնք չպայ­քա­րող տկար­նե­րուն հա­մար են, որ­պէս­զի ա­նոնց­մով յոյս սնու­ցա­նեն եւ այդ յոյ­սին կառ­չին: ­Միա’յն ­մենք՝ հա­յերս ե­ղանք, պար­զա­միտ­ներս, որ Ար­ցա­խի ա­ռա­ջին պա­տե­րազ­մին յաղ­թա­կան ու զօ­րա­ւոր դիր­քէ՝ «մե­ծա­հո­գու­թեամբ» ո­չինչ ա­ռինք, ո­չինչ շա­հե­ցանք…: Ինչ եւ է, մնանք խմբագ­րա­կա­նի նիւ­թին մէջ, չտա­րա­ծո­ւինք:
­Մի­ջազ­գա­յին ո­րո­շու­մով եւ փո­խա­դարձ հա­մա­ձայ­նու­թեամբ բա­ցա­ռո­ւած էր զէն­քի լու­ծու­մը Ար­ցա­խի հար­ցին, ո­րու հա­մար ալ աշ­խար­հի ե­րեք մեծ պե­տու­թիւն­ներ՝ յա­նուն Մ.Ա.Կ.-ին ու Ա­պա­հո­վու­թեան խոր­հուր­դին ե­րաշ­խիք ու յանձ­նա­ռու դար­ձած էին, որ խնդի­րը պի­տի կար­գա­ւո­րեն բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րով:
Ա­ւե­լին. 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մէն քա­նի մը ա­միս ա­ռաջ, ի­րեն հարց տո­ւող ա­զե­րի լրագ­րո­ղի մը որ­պէս պա­տաս­խան՝ ­Ռու­սիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Լաւ­րով սաս­տով կը յայ­տա­րա­րէր ի լուր մարդ­կանց, թէ՝ «­Գիտ­ցէ’ք, որ ­Ղա­րա­բա­ղի խնդի­րը դադ­րած է այ­լեւս ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ հարց մը ըլ­լա­լէ, ան վե­րա­ծո­ւած է մի­ջազ­գա­յին խնդի­րի եւ մի­ջազ­գա­յին ա­տեանն է, որ լու­ծում պի­տի տայ ա­նոր…»:
­Տե­սանք մի­ջազ­գա­յին ա­տեա­նի յանձ­նա­ռու­թիւ­նը 44 օր տե­ւած պա­տե­րազ­մին ու այ­նու­հետ: ­Տե­սանք ու կը շա­րու­նա­կենք տես­նել նաեւ վե­րա­բե­րու­մը ­Ռու­սիոյ, ո­րուն յա­ռա­ջա­ցու­ցած եւ հո­վա­նա­ւո­րած զի­նակ­ցու­թեան ոչ միայն մաս կը կազ­մէ ­Հա­յաս­տան, այլ նաեւ ա­նոր հետ ու­նի փո­խա­դարձ պաշտ­պա­նու­թեան եր­կուս­տեք ստո­րագ­րո­ւած դաշ­նա­գիր՝ 45 տա­րո­ւած ժամ­կէ­տով…: ­Մի­ջազ­գա­յին ա­տեան­նե­րը եւ ­Ռու­սիան եւ վերջ­նոյն հո­վա­նա­ւո­րած զի­նակ­ցու­թիւ­նը համ­րա­ցած են՝ ի տես ­Հա­յաս­տա­նի սահ­ման­նե­րէն ներս Ազր­պէյ­ճա­նի զի­նո­ւո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն: Ա­նոնք ե­թէ ի­րենց համ­րու­թիւ­նը եր­բեմն կը խզեն՝ պար­զա­պէս ի ցոյց մար­կանց «ազ­նիւ» խօս­քե­րով շրթուն­քի ծա­ռա­յու­թիւն կա­տա­րե­լու հա­մար է միայն:
Ու դեռ ա­ւե­լին. պար­տու­թե­նէն ետք, 9 ­Նո­յեմ­բե­րի ­Հա­յաս­տա­նի անձ­նա­տո­ւու­թեան տխրահռ­չակ պայ­մա­նագ­րին յօ­դո­ւած­նե­րը պատ­րաս­տողն ու այդ պայ­մա­նագ­րի գոր­ծադ­րու­թեան ե­րաշ­խա­ւո­րը ե­ղաւ նոյ­նինքն մե­զի զի­նա­կից ­Ռու­սիոյ մե­ծա­զօր նա­խա­գա­հը: ­Սա­կայն հե­տա­գայ պա­տա­հար­նե­րը տե­սա­նե­լի կը դարձ­նեն, որ ան ալ իր յանձն ա­ռած ե­րաշ­խա­ւո­րու­թիւ­նը սա­կար­կու­թեան դրած է ­Թուր­քին ու ա­զե­րիին հետ: ­Թե­րեւս նաեւ 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մը մէկ ե­րեսն էր սա­կար­կու­թեան այդ պա­զա­րին…:
­Լո­զա­նի յա­ջոր­դող տա­րի­նե­րը դիւ­րին չե­ղան հա­յու­թեան հա­մար ե՛ւ հա­մայ­նա­վա­րա­ցո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի ե՛ւ կողմ­նա­ցոյ­ցէ զուրկ սփիւռ­քի տա­րած­քին:
Դիւ­րին չե­ղաւ, բայց ի վեր­ջոյ վե­րա­կանգ­նե­ցաւ ազ­գը:
­Ներ­կա­յիս ալ, ­Նո­յեմ­բեր 9-ի անձ­նա­տո­ւու­թե­նէն ետք մեծ դժո­ւա­րու­թեանց մատ­նո­ւած է մեր ժո­ղո­վուր­դը: ­Բայց ան­կաս­կած է, որ այ­սօ­րուան փոր­ձու­թիւն­ներն ալ պի­տի թօ­թա­փենք ան­պայ­ման ու պատ­մա­կան մեր եր­թը պի­տի շա­րու­նա­կենք հպար­տու­թեա’մբ­ ու հա­ւատ­քո՛վ:
Ո­րով­հե­տեւ գի­տենք եւ վկա­ներ ենք, որ ա­նի­րաւ դաշ­նագ­րե­րով կամ քա­ղա­քա­կան պա­զար­ներ սար­քե­լով չէ, որ կը ճշդո­ւի ազ­գի ա­պա­գան, այլ ան կ­՚ե­րաշ­խա­ւո­րո­ւի ա­նոր զա­ւակ­նե­րուն զո­հա­բե­րու­թեամ­բը ու ան­յու­սա­հատ պայ­քա­րո­վը, ո­րով­հե­տեւ գի­տենք եւ վկա­ներ ենք, որ մեծ կամ փոքր, զօ­րա­ւոր կամ տկար, յաղ­թող կամ պար­տո­ւող մնա­յուն ազ­գեր չկան: Ա­րե­ւուն տակ գո­յու­թեան ու տե­ւե­լու ի­րա­ւունք կ­՚ա­պա­հո­վեն միայն ու միայն պայ­քա­րող ազ­գե­րը:
­Պայ­քար՝ ար­տա­յայ­տու­թեան բո­լոր ձե­ւե­րով ու դրսե­ւո­րում­նե­րով եւ տար­բեր ճա­կատ­նե­րու վրայ։
Այս ե­ղած է մեր ուս­մուն­քը: Այս է նաեւ պատ­մու­թեան տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը եւ վճի­ռը:
­Պի­տի հե­տե­ւի՛նք մեր ուս­մուն­քին: Վճ­ռա­կա՛ն ու ա­նե­րե՛ր: ­Կը հա­ւա­տա՛նք։