ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Այն­քան շատ բան ը­սո­ւե­ցաւ ու գրո­ւե­ցաւ, այն­քան վեր­լու­ծում­ներ կը շա­րու­նա­կո­ւին տա­կա­ւին ­Ղա­րա­բա­ղեան երկ­րորդ պա­տե­րազ­մին մեր կրած խայ­տա­ռակ պար­տու­թեան մա­սին, որ մարդ կը դժո­ւա­րա­նայ ինքն ալ կար­ծիք­ներ յայտ­նե­լու, չմատ­նո­ւե­լու հա­մար ը­սո­ւած-գրո­ւած­նե­րը կրկնո­ղի ան­բաղ­ձա­լի վի­ճա­կին: ­Կը դժո­ւա­րա­նայ նաեւ՝ ազ­գա­յին նո­ւաս­տա­ցու­մի ու խո­րունկ յու­սա­խա­բու­թեան պատ­ճա­ռած ցա­սումն ու զայ­րոյ­թը զսպե­լու եւ ազ­գա­յին մեծ սու­գի, յու­զու­մի ու խառ­նաշ­փո­թու­թեան սա տխուր օ­րե­րուն հան­դարտ հո­գե­վի­ճա­կով հա­մա­կար­գի­չի վրայ կարգ մը մտա­ծում­ներ մատ­նագ­րե­լու:
­Սա­կայն կեան­քը պի­տի շա­րու­նա­կո­ւի եւ մենք պար­տա­ւոր ենք ը­նե­լու կա­րե­լին, որ­պէս­զի գա­լի­քին հո­լո­վոյ­թը կա­րե­նանք հա­կակշ­ռել ու զայն են­թար­կել մե­զի, այ­սինքն ազ­գի ու հայ­րե­նի­քի շա­հե­րուն:
Ա­ռա­ջին մտա­ծու­մը, զոր մարդ կ­՚ու­նե­նայ, մե­զի դէմ պա­տե­րազ­մող­նե­րու մա­սին է: ­Կաս­կած չկայ, որ հա­մաթր­քու­թեան ծրագ­րի հե­տա­մուտ թուրք-ա­զե­րի տան­դե­մին գործ­նա­պէս օ­ժան­դա­կած էր Իս­րա­յե­լը իր ո­րա­կեալ զի­նա­տե­սակ­նե­րու տրա­մադ­րու­մով:Ա­նոնց վրայ գու­մա­րենք նաեւ ար­հես­տով մար­դաս­պան-ոճ­րա­գործ վարձ­կան­նե­րը եւ ար­ձա­նագ­րենք, որ.
­Հա­կա­ռակ ­Հա­յաս­տա­նի ներ­կայ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու ա­պի­կա­րու­թեան ու ա­պաշ­նորհ կա­ռա­վար­ման, հա­կա­ռակ հայ­կա­կան բա­նա­կի վեր­նա­խա­ւի կա­մա­կո­րու­թեան, հա­կա­ռակ նաեւ թշնա­մի­նե­րուն՝ ո­րա­կով ու քա­նա­կով մե­րի­նին հետ չհա­մե­մա­տո­ւող ա­ւե­րիչ զի­նա­տե­սակ­նե­րու պա­շա­րին ու ա­նոնց անխ­նայ գոր­ծա­ծու­թեան, ինչ­պէս նաեւ կռո­ւող­նե­րու թո­ւա­յին ան­հա­մե­մա­տօ­րէն հսկայ տար­բե­րու­թեան, մեր զի­նո­ւոր­նե­րը մէ­կու­կէս ա­միս դի­մադրե­ցին թշնա­միին ա­նակն­կալ ու ա­հա­ւոր յար­ձա­կու­մին ու տո­կա­ցին…: ­Պա­տե­րազմ­նե­րու հմուտ մեկ­նա­բան ըլ­լա­լը պայ­ման չէ կռա­հե­լու հա­մար, թէ ո­րե­ւէ այլ պա­րա­գա­յի, ան­հա­ւա­սա­րու­թեամբ չհա­մե­մա­տո­ւող ու­ժե­րու մի­ջեւ այդ­պի­սի ծա­ւա­լով ու տա­րո­ղու­թեամբ եւ մա­հաս­փիւռ զի­նա­տե­սակ­նե­րու անս­պառ պա­շա­րով օժ­տո­ւած նա­խա­յար­ձակ կող­մը քա­նի մը օ­րե­րու մէջ ընդ­հան­րա­պէս կը հաս­նի իր նպա­տա­կին, ինչ որ չյա­ջո­ղո­ւե­ցաւ Ատրպէյ­ճա­նին, ո­րով­հե­տեւ թշնա­մին ա­պա­ւէն ու­նէր իր զի­նա­կան ու­ժը եւ կը կռո­ւէր հո­ղա­տա­րածք գրա­ւե­լու մի­տու­մով, իսկ հայ զի­նո­ւո­րը կը վստա­հէր իր քա­ջու­թեան եւ կեան­քի գնով կը կռո­ւէր հայ­րե­նի հո­ղը պաշտ­պա­նե­լու հա­մար: Ա­հա թէ ին­չու եւ ինչ­պէս տո­կա­ցինք մէ­կու­կէս ա­միս:
­Փա՜ռք՝ ճա­կատ­նե­րուն վրայ հե­րո­սա­բար կռո­ւած ու նա­հա­տա­կո­ւած, ինչ­պէս նաեւ պա­տե­րազ­մի ար­հա­ւիր­քէն վե­րապ­րած բո­լոր հա­յոր­դի­նե­րուն, ո­րոնց քա­ջու­թիւ­նը բազ­մի­մաստ ու նո­ւի­րա­կան ու­ղերձ մըն է՝ ուղ­ղո­ւած հայ­րե­նի քա­ղա­քա­կան ու զի­նո­ւո­րա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան, որ ե­րէ­կի զան­ցա­ռու­թիւն­նե­րը չկրկնո­ւին այ­սու­հետ: Ու­ղերձ մըն է նոյն­պէս մեր մեծ դաշ­նա­կի­ցին, որ վստա­հու­թեամբ իր գրա­ւը կրնայ դնել հա­յու քա­ջու­թեան վրայ եւ նո­ւի­րո­ւա­ծու­թեա­նը՝ իր հայ­րե­նի­քին:
Ու­ղեր­ձը ուղ­ղո­ւած է նաեւ մեր թշնա­միին, որ մա­հու-կե­նաց կռի­ւին մէջ մա­հէն չխու­սա­փող հայ բա­նա­կա­յի­նը ա­ւե­լի սար­սա­փե­լի է քան ա­նոր սպառ­նա­լիքն ու մա­հաս­փիւռ զէն­քերն են:
­Հար­ցու­մը սա­կայն, որ մեր պար­տու­թե­նէն ի վեր կը մրճա­հա­րէ այն է, թէ կրնա­յի՞նք ար­դեօք անց­նող տա­րի­նե­րուն այն­պի­սի նե­րուժ ամ­բա­րել, որ այս ան­գամ եւս ա­ւար­տը մեր յաղ­թա­նա­կո­վը պսա­կո­ւէր, ինչ­պի­սին ­Ղա­րա­բա­ղեան ա­զա­տագ­րա­կան ա­ռա­ջին պա­տե­րազ­մին էր: ­Թե­րեւս ա­յո՛, կրնա­յինք, ե­թէ…
­Գի­տեմ, որ «Ե­թէ»ի վրայ հիմ­նո­ւած ա­մէն հե­տե­ւու­թիւն կամ պատ­կե­րա­ցում են­թադ­րա­կան է, մտա­ցա­ծին է, ա­նի­րա­կան եւ ա­նար­ժէք: ­Բայց կայ նա­խըն­թա­ցի մը փաս­տը, որ դրա­կան կը թո­ւի հար­ցու­մին պա­տաս­խա­նը:
­Հոս, կարգ մը վե­րա­պա­հում­նե­րով, փոր­ձու­թեան կը մատ­նո­ւիմ ա­կա­մայ զու­գա­հեռ մը կա­տա­րե­լու: Ազ­գա­յին նկա­րագ­րի յատ­կա­նի­շե­րով թէեւ հիմ­նո­վին տար­բեր, բայց պատ­մա­կան ճա­կա­տագ­րի տե­սա­կէ­տէն մե­զի հետ ո­րոշ հան­գի­տու­թիւն­ներ ու­նե­ցող օ­րի­նա­կը բե­րե­լու հրեա­նե­րու, ո­րոնք ա­ւե­լի քան եր­կու հա­զար տա­րի աս­տան­դա­կան ու պե­տա­կա­նա­զուրկ կեան­քէ ետք, միայն վեց-եօթ հա­րիւր հա­զար բնակ­չու­թեամբ եւ ­Հա­յաս­տա­նէն շատ ա­ւե­լի փոքր պա­ղես­տի­նեան տա­րած­քի մը մէջ ան­կա­խու­թիւն հռչա­կե­ցին 1947-ին, ինչ որ ճա­նա­չում գտաւ տա­րի մը ետք:
Չ­գիտ­ցող չկայ, որ այդ պե­տու­թիւ­նը Ա­րեւ­մուտ­քի ձկնածն էր, կա­խեալ էր Ա­րեւ­մուտ­քէն, կը վա­յե­լէր ա­նոր նե­ցուկն ու պաշտ­պա­նու­թիւ­նը: Այ­սու­հան­դերձ, կա­րե­լի չէ չըն­դու­նիլ, որ երկ­րի կա­ռուց­ման բուն ճար­տա­րա­պետ­նե­րը ան­կա­խու­թեան հիմ­նա­դիր սե­րուն­դը ե­ղաւ, որ գիտ­ցաւ պատ­մու­թեան հետ ժա­մադ­րո­ւիլ եւ որ միա­ժա­մա­նակ ներ­գաղ­թի բա­րեն­պաստ պայ­ման­ներ ստեղ­ծե­լով ազ­գաբ­նակ­չու­թիւ­նը շու­տով հաս­ցուց մէ­կու­կէս մի­լիո­նի:
Այ­սօր ար­դէն կը հա­շո­ւէ շուրջ ութ-ին­նը մի­լիոն եւ կա­խեալ չէ Ա­րեւ­մուտ­քէն, քա­նի այ­լեւս ոչ միայն ա­նոր կա­րի­քը չու­նի, այլ նոյ­նիսկ իր շա­լա­կին ա­ռած է ա­րեւ­մուտ­քի ռազ­մա­վա­րա­կան հա­շիւ­նե­րուն բե­ռը՝ տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ: ­Ներ­կա­յիս, ան դար­ձած է նաեւ փնտռո­ւած զի­նա­տե­սակ­նե­րու մեծ վա­ճա­ռող, ո­րով եւ այն­քան ինք­նավս­տահ է ան իր ու­ժին, որ ինք­զին­քին ի­րա­ւունք կու­տայ լկտիա­բար ար­հա­մար­հե­լու մի­ջազ­գա­յին օ­րէնք­ներն ու կա­ռոյց­նե­րու ո­րո­շում­նե­րը եւ իր ռազ­մա­վա­րա­կան պայ­ման­նե­րը կը փոր­ձէ պար­տադ­րել շրջա­պա­տին…:
­Նա­խա­պէս պե­տա­կան փորձ ու կա­ռոյց­ներ չու­նե­նա­լով հան­դերձ եւ միա՛յն 20 տա­րո­ւան ըն­թաց­քին հրեա­նե­րը հզօր պե­տու­թիւն ու բա­նակ կազ­մե­ցին եւ աշ­խարհ վկա­յեց այդ հզօ­րու­թիւ­նը 1967-ին…:
­Վե­րի զու­գա­հե­ռով տես­նենք մե՛րը: ­Մենք ալ ու­նինք գո­յու­թե­նա­կան վտանգ ու հա­յա­հա­ւա­քի անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն: Հ­րեա­նե­րէն նո­ւազ հայ­րե­նա­սէր չենք: ­Մենք ալ ու­նինք սփիւռք, ո­րու գոր­ծու­նու­թիւ­նը (աք­տի­ւու­թիւ­նը) փաստ է, ­Հայ­րե­նի­քին կա­պո­ւա­ծու­թիւ­նը կաս­կա­ծե­լի չէ եւ ո­րու նե­րուժն ու կա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը բնաւ ար­հա­մար­հե­լի չեն: ­Շա­տե­րու, նոյ­նիսկ հրեա­նե­րու վկա­յու­թեամբն իսկ, հա­յու խելքն ու ձեռ­նե­րե­ցու­թիւ­նը ո­չին­չով կը զի­ջին հրեա­նե­րու խել­քէն ու ձեռ­նե­րե­ցու­թե­նէն: ­Թէեւ խա­թա­րո­ւած, բայց ի տար­բե­րու­թիւն ա­նոնց ու­նէինք պե­տա­կան փորձ ու կա­ռոյց­ներ եւ հուժ­կու դաշ­նա­կից: Իսկ իբ­րեւ մար­տու­նակ ազգ, ցոյց տուած ենք մեր մար­տու­նա­կու­թիւ­նը թի­ւով ու զէն­քով մեզ­մէ բազ­մա­պա­տիկ ա­ւե­լի թշնա­միի դէմ կռիւ­նե­րու ըն­թաց­քին՝ ­Սար­դա­րա­պա­տի մէջ, ­Զան­գե­զու­րի մէջ, ­Ղա­րա­բա­ղի ա­զա­տագ­րա­կան պա­տե­րազ­մի մէջ՝ յաղ­թա­նակ­նե­րու ել­քով: ­Նոյն­պէս այս վեր­ջի­նին՝ պար­տու­թեան մէջ…:
Այս այ­պէս ըլ­լա­լով հան­դերձ, մե­րը ա­ռաւ հա­կա­ռակ ըն­թաց­քը: ­Վե­րան­կա­խա­ցու­մէն ետք հայ­րե­նի ազ­գաբ­նակ­չու­թիւ­նը փո­խա­նակ ա­ւել­նա­լու պակ­սե­ցաւ, ազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւ­նը տժգու­նե­ցաւ, պե­տու­թիւն եւ քա­ղա­քա­ցիու­թիւն ի­րար­մէ խոր­թա­ցան, հա­կա­ռակ խա­բու­սիկ հռե­տո­րա­բա­նու­թեան՝ սփիւռք հայ­րե­նիք վստա­հու­թիւն չկա­յա­ցաւ եւ… Ար­ցա­խի ա­զա­տագ­րա­կան փա­ռա­ւոր յաղ­թա­նա­կէն 30 տա­րի վերջ՝ ան­փա­ռու­նակ պար­տու­թիւն կրե­ցինք եւ այլն, եւ այլն: Ին­չո՞ւ այս ձա­խա­ւե­րու­թիւն­նե­րը: ­Խոս­տո­վա­նինք, որ անց­նող 30 տա­րի­նե­րուն մեր իշ­խա­նա­ւոր­նե­րը ար­դէն իսկ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող կա­ռոյց­նե­րը ա­ռող­ջաց­նե­լու եւ պե­տա­կա­նու­թեան հի­մե­րը ամ­րաց­նե­լու փո­խա­րէն, հե­տա­մուտ ե­ղան այդ կա­ռոյց­նե­րով կազ­մա­կեր­պե­լու վար­չա­կարգ մը, որ պի­տի ա­պա­հո­վէր սե­փա­կան իշ­խա­նու­թիւ­նը եւ պի­տի ե­րաշ­խա­ւո­րէր այդ իշ­խա­նու­թեան վե­րար­տադ­րու­թիւ­նը։
Չկր­ցա՛նք, նոյ­նի՛սկ չփոր­ձե­ցինք պե­տա­կա­նու­թիւն կա­ռու­ցել ու ամ­րաց­նել այն­պէս, որ ան կա­րե­նար տէր կանգ­նիլ Ար­ցա­խեան յաղ­թա­նա­կին եւ պա­տո­ւար դառ­նալ հա­մաթր­քու­թեան սպառ­նա­լի­քին դի­մաց: ­Մեր ա­պա­հո­վու­թիւ­նը վստա­հե­ցանք մեր մեծ դաշ­նա­կի­ցին եւ ան­կէ կա­խեալ մնա­լու հո­գե­բա­նու­թիւ­նը ա­ճե­ցու­ցինք այն աս­տի­ճան, որ նոյ­նիսկ ներ­քա­ղա­քա­կան այս կամ այն ու­ժին ու գոր­ծի­չին յա­ջո­ղու­թեան յու­սա­լիու­թիւ­նը կա­պե­ցինք ա­նոնց այդ կա­խեա­լու­թե­նէն…: Չ­հասկ­ցանք, որ ա­մէն ին­չով մեր կա­խեա­լու­թիւ­նը բեռ մըն է մեծ դաշ­նա­կի­ցի մը հա­մար, ո­րուն ռազ­մա­վա­րա­կան հա­շիւ­նե­րը ե­թէ պա­հան­ջեն, ան ի հար­կին պի­տի չտա­տամ­սի գոր­ծար­քի մէջ մտնե­լու իր ու մեր թշնա­միին հետ՝ ի վնաս մե­զի: Չմ­տա­ծե­ցինք, որ մեծ պե­տու­թիւն­նե­րը նպաս­տա­բաշխ կամ բա­րե­սի­րա­կան հաս­տա­տու­թիւն­ներ չեն, որ ա­մէն ին­չի մէջ օգ­նեն մե­զի: Ա­նոնք ու­նին ռազ­մա­վա­րա­կան նպա­տակ­ներ եւ ըստ այդ նպա­տակ­նե­րուն կ­՚ընտ­րեն ի­րենց փոքր դաշ­նա­կից­նե­րը՝ ո­րոշ սպա­սում­նե­րով:
Ա­ւե­լորդ է ը­սել, որ ռազ­մա­վա­րա­կան կա­րե­ւոր դիրք ու­նի ­Հա­յաս­տա­նը: ­Ցա­րա­կան շրջա­նին աշ­խար­հագ­րա­կան ա­նար­դար դա­սա­ւո­րում­նե­րը ե­թէ ազ­գա­մի­ջեան տա­րա­կար­ծու­թիւն­ներ միշտ ար­ծած պա­հե­լու նպա­տակ կը հե­տապն­դէին, ա­պա ու­րեմն հա­մայ­նա­վա­րու­թեան օ­րե­րուն, ­Քե­մա­լին մեծ օգ­նու­թեան տա­լով եւ ա­նոր պա­հանջ­նե­րուն ըն­դա­ռա­ջե­լով հան­դերձ, այդ նպա­տա­կին վրայ կ­՚ա­ւել­նար ­Պարս­կաս­տա­նի ա­զե­րի զան­գո­ւա­ծը եւ ­Թուր­քիան Ատր­պէյ­ճա­նէն կտրե­լու նպա­տա­կը: Ա­սի­կա կը նշա­նա­կէ, թէ հա­մաթր­քու­թեան կամ հա­մա­թու­րա­նա­կա­նու­թեան սպառ­նա­լի­քը միայն մեր մղձա­ւան­ջը չէ, այլ չբարձ­րա­ձայ­նո­ւած լրջա­գոյն մտա­հո­գու­թիւնն է նաեւ ռու­սին ու պար­սի­կին եւ բնա­կա­նա­բար՝ այ­լոց:
­Հա­մաթր­քու­թեան սպառ­նա­լի­քի մղձա­ւան­ջը,- եւ ոչ միայն ան, — եւ մեր իսկ գո­յա­տե­ւումն ու բար­գա­ւա­ճու­մը ա­պա­հո­վե­լու հրա­մա­յա­կա­նը նո­ւի­րա­կան ու ան­յե­տաձ­գե­լի պարտք կը դնէին մեր ու­սե­րուն՝ կազ­մա­կեր­պե­լու այն­պի­սի ամ­րա­պինդ պե­տու­թիւն, որ պի­տի դառ­նար ­Կով­կա­սի ար­թուն եւ ան­պար­տե­լի պա­հա­կը գէթ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող «սթա­թուս»-ին, ինչ որ մեր բա­րե­կամ թէ չա­րա­կամ հա­րե­ւան­նե­րուն պի­տի ներշն­չէր յար­գանք մե­զի հան­դէպ եւ փո­խա­դար­ձա­բար՝ իբր փոքր դաշ­նա­կից, մենք ալ մեր կար­գին նպաս­տած պի­տի ըլ­լա­յինք մեր մեծ դաշ­նա­կի­ցին ռազ­մա­վա­րա­կան հա­շիւ­նե­րուն, շա­հե­լով նաեւ ա­նոր վստա­հու­թիւ­նը: ­Բայց այդ­պէս չե­ղաւ, չը­րինք, հա­կա­ռակ որ 30 տա­րի ժա­մա­նակ ու­նէինք ա­տի­կա ը­նե­լու:
Մեր պար­տու­թիւ­նը շա՜տ, շա՜տ մեծ ու կոր­ծա­նա­րար պա­տիժ էր մե­զի՝ պատ­մու­թեան բազ­միցս կրկնած դա­սը սոր­ված չըլ­լալ­նուս առ այն, որ որ­քան շատ յոյ­սեր կա­պես ու­րի­շին, այն­քան ու ա­ւե­լի՛ խոր կ­՚ըլ­լայ յու­սա­խա­բու­թիւնդ ու ցաւդ: ­Յա­մե­նայն­դէպս. ինչ որ պա­տա­հե­ցաւ, ող­բեր­գա­կա՛ն ու նո­ւաս­տա­ցու­ցի՛չ, ար­դէն ան­ցեալ է: ­Վեր­ջին եր­կու տա­րի­նե­րու Հ.Հ.-ի քա­ղա­քա­կան իշ­խա­նու­թեան եւ զի­նո­ւո­րա­կան վեր­նա­խա­ւի ա­պաշ­նոր­հու­թեան ու ա­պի­կա­րու­թեան տխուր փա­կա­գի­ծը պատ­ճառ պի­տի չդառ­նայ, որ հող ու սքան­չե­լի՜ սե­րունդ կորսնց­նե­լէ ետք, կորսնց­նենք նաեւ ազ­գա­յին մեր ինք­նավս­տա­հու­թիւ­նը:
Ն­ման պա­րա­գա­նե­րուն է, որ ժո­ղո­վուր­դը կ­՚ը­սէ, թէ՝ «­Վա­ղը նոր օր է», որ կը նշա­նա­կէ նոր սկիզբ՝ սթա­փու­թեան, բա­րե­կա­մին թէ թշնա­միին անձ­նա­տուր չըլ­լա­լու ան­շեղ ու­ղեգ­ծին եւ նո՛ր ղե­կա­վա­րու­թեամբ ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան նո­րո­վի՛ կա­ռու­ցու­մին: Այ­լա­պէս, պատ­մու­թեան առ­ջեւ յան­ցա­ւո­րի խա­րա­նը պի­տի կրենք բո­լո՛րս, ազ­գո­վի՛ն: