Ե­րեք­շաբ­թի՝ 28 ­Մար­տին, պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի (Պ.Բ.) ա­րե­ւե­լեան ճա­կա­տը պաշտ­պա­նող զօ­րա­մա­սե­րէն մէ­կուն պահ­պա­նու­թեան դիր­քե­րուն վրայ, թշնա­միին ար­ձա­կած կրա­կո­ցէն զո­հո­ւե­ցաւ 1997ին ծնած զի­նո­ւոր Ար­տակ Է­դի­կի ­Ռա­ֆա­յէ­լեան:
Ար­տակ, որ ­Յու­լի­սին պի­տի ա­ւար­տէր իր զի­նուո­րա­կան ծա­ռա­յու­թիւ­նը, ­Կո­տայ­քի մար­զի Հ­րազ­դան քա­ղա­քի բնա­կիչ էր: Ըն­տա­նի­քի ա­ւագ որ­դին հան­դի­սա­ցող Ար­տա­կի կրտսեր եղ­բայ­րը այս տա­րի պի­տի զօ­րա­կո­չո­ւի բա­նակ:
­Զո­հո­ւած զի­նո­ւո­րի ըն­տա­նի­քը տնտե­սա­կան ծանր վի­ճա­կի մէջ կ­՛ապ­րի:
Ար­տակ իր պա­տա­նե­կան հա­սա­կին զբա­ղո­ւած է սի­րո­ղա­կան բռնցքա­մար­տով: Ա­նոր ա­նու­նը «­Կի­նես» գիր­քին մէջ ար­ձա­նագ­րո­ւած է՝ պառ­կած դիր­քէն 11.000 ան­գամ յե­նո­ւիլ-ծա­լո­ւիլ վար­ժու­թիւ­նը կա­տա­րե­լու կա­րո­ղու­թեան հա­մար:
­Նա­հա­տակ զի­նո­ւո­րը նաեւ լաւ գնդաց­րորդ էր. Ապ­րի­լեան քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մի ա­տեն, ան դի­պուկ ու նպա­տա­կա­յին գոր­ծա­ծած է իր գնդա­ցի­րը: