Նոյեմբեր 24-25ին, Զմիւռնիոյ (Իզմիր) «Ատնան Սայկուն» գեղարուեստի կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ երկօրեայ գիտաժողով մը՝ «Զմիւռնիոյ եւ շրջակայքի հասարակական, մշակութային եւ տնտեսական փոփոխութեան հարիւր տարին, 1850-1950» նիւթով:
Քաղուած՝ Բագրատ Էսդուգեանի թղթակցութենէն — «Ակօս»
Միջոցառման բացման խօսքը կատարեց պատմաբան Այհան Աքթար եւ զեկոյց ունեցաւ Էլչին Մաճար:
Մաճար իր զեկոյցին մէջ յիշատակեց յոյն ակադեմական Վանկելիս Քեհլիյոթիսի վաստակը՝ ուղղուած Զմիւռնիոյ պատմութեան: Քեհլիյոթիս անցեալին դասախօսած էր Պողազիչի համալսարանի պատմութեան բաժինին մէջ եւ իր վաղահաս մահով մեծ կորուստ պատճառած ակադեմական շրջանակներուն:
Այս երկու ելոյթներէն ետք, կայացաւ օրուան առաջին նիստը՝ դարձեալ փրոֆ. Աքթարի ժողովավարութեամբ: Այս նիստին, Էվանկելիա Աքլատի խօսեցաւ Ա. Համաշխարհային Պատերազմի տարիներուն Իզմիրի կուսակալ Մուսթաֆա Ռահմիի կեանքին եւ գործունէութեան մասին: Իսկ Ճանան Պոլէլ իբրեւ նիւթ ունեցաւ քաղաքի հրեայ համայնքը եւ ԺԹ. դարուն այդ քաղաքը եկող սկովտիացի աւետարանիչներու աշխատանքները: Երկրորդ նիստը կը քննարկէր տնտեսական եւ հասարակական փոփոխութիւնները: Հարիս Էքզերցօղլուի ժողովավարութեամբ կայացած սոյն նիստին, Այչա Աքարչայի, Նուրհան Տաւութեանի եւ Սեզին Փոլաթի միացեալ ուսումնասիրութիւնը ներկայացուց Աքարչայ՝ «Կայսրութենէն Հանրապետութեան անցման միջոցին Եգէականի շրջակայքի գիւղատնտեսական արդիւնաբերութիւնը» նիւթով:
Էմրէ Էրօլ Իզմիրի մերձակայ գաւառներէն Ֆոքայի կենսունակ առօրեային ամայանալու երեւոյթը, իսկ Էլինոր Մոլաքալ Հանրապետութեան առաջին տարիներուն Զմիւռնիոյ անհետացած քրիստոնեայ ինքնութիւնը նկարագրեցին:
Յետ-միջօրէի առաջին նիստի ժողովավարն էր Տիմիդրիս Քամուզիս: Այս նիստին, Անտրէաս Պալթաս խօսեցաւ յոյն ազգային գաղափարախօսութեան եւ մարզական կեանքի առնչութեան մասին՝ 1890-1922ին, իսկ Անահիտ Քարտաշեան ներկայացուց Զմիւռնիոյ հայութեան օսմանականութիւնը խրախուսելու նպատակով կազմակերպուած տօնակատարութիւնները: Այս նիստի վերջին ատենախօսն էր Նիքոս Օրտուլիտիս, որ զեկուցեց յունական «էսթուտիանթինա» ոճի երաժշտութեան համաշխարհային տարածման մասին:
Օրուան վերջին նիստը կայացաւ «Նոր հաստատումներ, նոր գաղափարներ» ընդհանուր խորագիրին տակ եւ Էլչին Մաճարի ժողովավարութեամբ: Այս նիստին, Էսին Պերքթաշ խօսեցաւ Ի. դարու ընթացքին Պասմանէ թաղամասին կրած փոփոխութիւններուն մասին: Նիքոլա Ուզունօղլու Զմիւռնիոյ «Արեւելքէն բարձրացող լոյսը» համալսարանի արխիւը ծանօթացուց, իսկ Անտրէա Պուրութիս նիւթ ունեցաւ քաղաքի միջազգային դպրոցները՝ «Քաղքենիութիւնը կրթել» ենթախորագիրով:
Չորս նիստերու աւարտին, «Ակօս»ի աշխատակից Զաքարիա Միլտանօղլու հանդէս եկաւ յատուկ զեկոյցով մը՝ ներկայացնելով Զմիւռնիոյ հայ մամուլին պատմութիւնը:
Հակառակ անոր, որ առաջինը աշխատանքային օր էր, բանախօսութեան երկու օրերուն ալ սրահը ամբողջութեամբ լեցուն էր հետաքրքիր զանգուածով:
Բոլորին ծանօթ է, որ երկիրը ունի արհեստական եւ յերիւրածոյ պատմութիւն մը, որուն մէջ շատ կարեւոր տեղ կը գտնեն Իզմիրի ու շրջակայքի անցուդարձերը: Դէպքերը շրջելու, իմաստազրկելու կամ անոնց բոլորովին հակառակ իմաստներ վերագրելու աւանդոյթը առասպելներով օժտած է նաեւ այս քաղաքը:
Արդարեւ, երկրորդ օրուան ասուլիսներու առաջին նիստը յատկացուած էր Զմիւռնիոյ հրդեհին: Հանրապետութեան շրջանի պաշտօնական պատմութեան տեսութիւնը յարատեւօրէն կը պնդէր, թէ Սեպտեմբեր 9ին, 1922ին, թրքական բանակը ազատագրած է Զմիւռնիան՝ «ծով թափելով արշաւիչ յոյները»: Ապա՝ կ՛աւելցնէ եւս սուտ մը, ըստ որուն՝ յոյները փախուստի ժամանակ հրկիզած են քաղաքը: Մինչդեռ, պատերազմի ժամանակագրութիւնը փաստացի կերպով կը հաստատէ, թէ Յունաստանէն եկած զօրամասերը քաղաքի անկումէն երկու օր առաջ արդէն հեռացած էին իրենց նաւատորմով, իրենց հետ տանելով նաեւ քաղաքի կարգ մը մեծահարուստները եւ աւագանին: Արդարեւ, թրքական բանակը Զմիւռնիա արշաւած ժամանակ քաղաքին մէջ ոչ մէկ դիմադրութիւն կայացաւ:
Սուաւի Այտընի ժողովավարութեամբ կայացող նիստի առաջին զեկուցողը՝ Միխայիլ Վարլաս, վերը նշուածը ներկայացուց՝ ընդգծելով մանաւանդ հրդեհի առասպելը, եւ փաստացի տուեալներով պարզեց, թէ հրդեհը թուրք զինուորներուն քաղաք արշաւելէն ետք տեղի ունեցած է, կանխելու համար յունաց հաւանական վերադարձը:
Յասմիկ Գրիգորեան այս բաժինով օրակարգի վրայ բերաւ շատ կարեւոր նիւթ մը, որն է՝ Զմիւռնիոյ աղէտի շրջանին արձանագրուած հաւաքական անձնասպանութեան երեւոյթները: Նման երեւոյթ արդէն ծանօթ է հայ անհատին, քանի որ լսած ենք այս բնոյթի բազմաթիւ դէպքեր, յատկապէս՝ աքսորի կարաւանները Եփրատ գետ անցնելու պահուն: Արի Շեքերեան եւս ընտրած էր ուշագրաւ նիւթ մը, որ կը քննարկէր զինադադարի տարիներուն զարգացած յոյն եւ հայ բարեկամութեան երեւոյթները: Երկրորդ նիստը եւս ունէր ուշագրաւ խորագիր մը՝ «Ազգայնականութիւն, վերակերտում եւ սեփականութիւն»: Երիտասարդ ակադեմական Մեհմետ Փոլաթելի վարած այս ժողովին, Ալփ Եուճել Քայա եւ Էրքան Սերչէ ներկայացուցին 1873-1896 տարիներուն ապրուած մեծ ճգնաժամի օրերուն Զմիւռնիոյ բանուոր դասակարգին վիճակիը: Էմրէ Էրտեմ լքեալ կալուածներու իւրացման գործառոյթին մէջ կատարուածները ուսումնասիրեց՝ մեկնելով «Զիրաաթ» դրամատան ազդերէն: Իւմիտ Քուրթ եւս անդրադարձաւ ապրանքներու յափշտակման խնդիրին եւ այդ առթիւ տեղի ունեցած դատավարութիւններուն: Իսկ Թալաթ Ուլուսոյ «Սուտ քաղաքին իրողութիւնը» խորագրեալ զեկոյցով մի առ մի հրապարակեց պաշտօնական տեսութեան հիւսած կեղծիքները:
Էսրա Տանաճըօղլու Թամուրի ժողովավարութեամբ կայացող նիստը եւս լեցուն էր ուշագրաւ զեկոյցներով: Այս նիստին Ալեքսանդրոս Լամբրու՝ երիտասարդութիւն, բռնութիւն եւ ազգայնականութիւն եզրերուն ներքոյ ներկայացուց 1934ի ամրան աշակերտութիւնը Զմիւռնիոյ փոքրամասնութիւններուն դէմ գրգռելու երեւոյթները: Յովանիս Գարաքրիստոս Իզմիրի եւ շրջակայքի յոյն հասարակութեան մշակոյթին եւ սեռային ինքնութիւններու երեւոյթներուն մասին խօսեցաւ, իսկ Օնուր Ինալ զեկուցեց Իզմիրի եւ շրջակայքի պատմութեան մասին:
Երկօրեայ բանախօսութեանց վերջին նիստը վարեց Ալփ Եիւճել Քայա: Այս նիստին Էսրա Տանաճըօղլու Թամուր՝ «Մեծ պատմութեան փոքր պատումները», իսկ Իւմիտ Էսեր՝ «Կորսուած երկիր. խամրած օսմանեան միութիւն՝ յետ-պատերազմեան շրջանին իզմիրցի երեք յոյներ» խորագրեալ զեկոյցները ներկայացուցին: Օրուան աւարտին, Այհան Աքթար ընդհանուր վերլուծումը ըրաւ երկօրեայ գիտաժողովին եւ ներկաները հրաւիրեց իրենց կարծիքները յայտնելու:
Ինչպէս նախորդ օրինակները, այս վերջինն ալ յաջողութեամբ պսակուած աշխատութիւն մը եղաւ՝ Հրանդ Տինքի անուան հիմնարկին հաշւոյն. այժմ, կազմակերպութիւնը կը մասնակցի մինչեւ ընթացիկ տարուան աւարտը «Անարատ Յղութիւն» շէնքի «Հաւաք» սրահին մէջ կայանալիք ասուլիսներու շարքին, որուն առաջին նիւթը պիտի ըլլայ Պոսնիա Հերցեկովինայի պատերազմի սարսափին հետ առերեսուելու եղանակները: Այս բնոյթի գիտաժողովներ նշանակալից են նաեւ տուեալ քաղաքին մէջ կատարուած ըլլալու յատկութեամբ: Սուրճի դադարներուն, ներկաները յուզումով կ՛անդրադառնային բոլոր այն ստացուած գիտելիքներուն, որոնց մասին աւանդականօրէն սխալ պատկերացում ունեցած էին: Գիտաժողովի տեսանիւթերը յառաջիկայ օրերուն պիտի զետեղուին www.hrantdink.org կայքին վրայ: