2020-ի արցախեան պատերազմէն ետք, թուրքեւատրպէյճանական կողմէն շղթայազերծուած՝ հայութեան դէմ բազմապիսի սադրանքներու քաղաքականութեան կիրարկումը, անմասն չէ թողած նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման ընթացքը։ Արցախի ողբերգական կորուստին դիմաց, թշնամիին կողմէ կիրարկուած հայրենիքին ի վնաս հողային եւ քաղաքական պահանջներուն կողքին, Հայաստանի ամբողջականութեան վրայ սպառնացող վտանգաւոր զարգացումներուն հետ, հայ ժողովուրդը դէմ յանդիման կը գտնուի ո՛չ միայն իր ազգային խորհրդանիշները կասկածի ու վերացման տակ դնելու սադրանքին, այլեւ Հայոց ցեղասպանութեան իրաւական եւ քաղաքական ճշմարտացիութիւնը հարցականի տակ դնելու թրքական կողմի բացայայտ պահանջին։
Դժբախտաբար, հայրենի կողմն աշխարհի անպակաս չեն նաեւ իշխանական շրջանակներուն կողմէ թշնամիին ջաղացքին մէջ ջուր հոսեցնելու ապազգային կեցուածքները, երբ պատմական Հայաստանի ու հայ ազգի պահանջատիրութեան գաղափարը ուժաթափ ընելու սադրիչ արտայայտութիւններէն ետք, կը լսուին նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան անհամար զոհերու ցանկագրումի՝ անուն մականունով ու ծննդավայրի ճշդութեամբ անհիմն պնդումները, իբրեւ թէ այդպիսի քայլ մը իրաւական հիմերու վրայ պիտի զետեղէր Ցեղասպանութեան ճշմարտացիութեան էութիւնը։
Հայութեան ծոցէն հնչած հաւաքական հակազդեցութեան ձայնը կրցաւ որոշակիօրէն նահանջի ենթարկել արտասանուած խօսքերն ու ջլատիչ քաղաքական քայլերու դիմելու՝ միայն վտանգ յարուցանող եւ իրաւական ուժէ պարպուած արտայայտութիւնները։
Անցնող Ապրիլին, հայաշխարհի ամբողջ տարածքին իրագործուած Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչական ելոյթներն ու հաւաքները, ո՛չ միայն Թուրքիան ու Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան կանչելու հայութեան միահամուռ կամքի դրսեւորումներ հանդիսացան, այլեւ հաւաքական ու միատեղ ձայնով՝ հայրենի իշխանաւոր խմբակի ապազգային մտածումներուն եւ արարքներուն դէմ ամբողջական մերժումի յստակ կեցուածք բնորոշեցին։ Արդէն, Տաւուշի մէջ ծայր առած, ատրպէյճանական կողմին հետ սակարկութեան գալու եւ նախքան որեւէ սահմանազատման ու սահմանագծման հոլովոյթը միջազգային օրէնքի հիմերուն վրայ ամրապնդելու, Հայաստանի իշխանական խաւը տարածքներ կը յանձնէ դիմացի կողմին, առանց պահանջելու ատրպէյճանական ուժերու հեռացումը ապօրինի գրաւած Հայաստանի ինքնիշխան մասերէն։ Առաւել, լուռ կրաւորականութեամբ կը դիմագրաւէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի՝ օրէ օր սաստկացող պահանջներու յորձանքը, թէ՛ հայոց պետականութեան հիմերը քայքայելու փորձով, թէ՛ տարիներէ ի վեր արտայայտուած ու մերժուած՝ Ցեղասպանութեան փաստը պատմաբաններու քմահաճոյքին թողելու վարկածով։
Յունահայութիւնն ալ, իր կարգին, համայն հայութեան ձայնին միանալով, այս տարի եւս պատշաճ զգօնութեամբ եւ ուժերու լարումով, պետական ամէնէն բարձր մակարդակի վրայ, նշեց Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցը, յստակ ուղերձ ղրկելով Թուրքիոյ այժմու ղեկավարութեան, թէ Ցեղասպանութեան ու հայ ժողովուրդի իրաւական փաստը անսակարկելի իրողութիւններ են, իսկ հայ ժողովուրդը տրամադիր չէ նժարի վրայ դնելու իր արդար իրաւունքներու թղթածրարը։
Հոս, պէտք է անգամ մը եւս նշել, թէ 1996-ին Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման քաջ որոշումը, պետական օրէնսդրութեան մէջ ներառած է նաեւ անոր նշումի ու պետականօրէն յարգանքի տուրք մատուցելու բացառիկ առաւելութիւնը։ Այդպէս եղաւ այս տարի եւս՝ Աթէնքի, Թեսաղոնիկէի եւ Գոմոթինիի մէջ իրագործուած քաղաքական կեդրոնական ելոյթներուն ընթացքին, ուր կառավարութեան, խորհրդարանի, մարզպետական եւ համալսարանական կարգերու, առաւել նաեւ Յունաստանի ակադեմիոյ ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ ու խօսքով, Յունաստան իր արժանի տուրքը տուաւ Հայոց մեծ Եղեռնի ոճրագործութեան անհամար զոհերուն, միաժամանակ մատնանշեց նորագոյն Թուրքիոյ եւ իր արբանեակ Ատրպէյճանի ուռճացող վտանգը տարածաշրջանային եւ աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններուն դիմաց։ Աւելին, երկրի բարձր ղեկավարութեան եւ քաղաքական ուժերուն կողմէ արտասանուած ուղերձները, անգամ մը ցոյց տուին հայ ժողովուրդին համար արդարութեան վերատիրացման զօրավիգ կանգնելու կեցուածքը։
Երկար ճամբայ կայ կտրելիք։ Հայրենիքին վրայ սպառնացող ներքին եւ արտաքին վտանգներուն դէմ մեր պայքարը աւելի հիմնաւորուած եւ կուռ շարքերով ամրապնդելու հրամայականին առջեւ կը գտնուինք։
Չի բաւեր միայն պատմական յիշողութիւնը վառ պահելու հայու հոգեմտաւոր զարթնումը, այլեւ հետզհետէ աճող մասնակցութեան, ժողովրդային շարքերը աւելի խտացնելու, քաղաքական եւ պահանջատիրական ելոյթներուն մէջ ամրակուռ եւ հսկայածաւալ մասնակցութիւն ապահովելու գրաւականը մեր օրակարգի առաջնահերթ բաժինը պէտք է ըլլայ։
Առաւել, կը սպասենք, որ մեր քաղաքական բոլոր ելոյթներուն մէջ եւս, ունենալ հայրենի պետութեան անվերապահ եւ ամբողջական ներկայութիւնը, չբաւաւարուիլ միայն սոսկ ներկայացուցչական եւ անգոյն մասնակցութեամբ, այլ մեր դիւանագիտական զօրաշարժը ի սպաս դնել սփիւռքի պահանջատիրութեան մէջ։ Հոս տեղին է մատնանշել, թէ երբ երկար տարիներ, քաղաքական եւ ոգեկոչական ելոյթներուն ընթացքին, կը վայելէինք յունաց սպայից վարժարանէն ներս ուսանող՝ ապագայ հայ զինուորականներու ամբողջական մասնակցութիւնը, որոնք իրենց համազգեստով եւ խրոխտ շարքերով ներշնչման աղբիւր կը հանդիսանային հայրենիքէն հեռու ապրող զանգուածներուն համար, խոտոր կը համեմատի քանի մը տարիներէ ի վեր զանոնք հեռու պահելու անբացատրելի կեցուածքը։
Վերջապէս, Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումը միասնական, բոլոր առողջ ուժերու միացեալ համակազմակերպութեամբ դարձեալ կեանքի կոչելու հրամայականը անյետաձգելի պայման ու պարտաւորութիւն է։ Այլամերժ ու վանողական միտքերուն դիմաց, վերստին պէտք է տիրապետեն ողջմիտ եւ շրջահայեաց կեցուածքները, թօթափելով հնամաշ բարդոյթներն ու անիմաստ պատրանքները։ Անոնք տեղ չունին Հայ դատի ու հայրենիքի ամրապնդման արդար պայքարի համազգային մեր ուխտին մէջ։
Պետականութեան ու հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն տէր կանգնելու համահայկական ուխտը կը պահանջէ զգօնութիւն եւ աչալրջութիւն։ Հաւաքական ուժ ըլլալու հրամայականը տիրական գաղափար դարձնելու մեր հետապնդումը կը պահանջէ գաղութային միաւորում, այլեւ համահայկական զօրաշարժ։
Յունահայութիւնը պիտի շարունակէ իր պահանջատիրական երթը։
Այդ երթը պէտք է իր մէջ պարփակէ ողջ յունահայութիւնը, երիտասարդութեան պայքարող ոգին, մեր զաւակներու ձեռք-ձեռքի բռնած միասնական բռունձքը։