«ԱԶԴԱԿ»

Ատր­պէյ­ճա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի հե­տե­ւեալ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը յա­տուկ դի­տարկ­ման եւ վեր­լուծ­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թեան առ­ջեւ է. «­Միան­գա­մայն հա­մո­զո­ւած եմ, որ ե­թէ ­Ռու­սիան հար­ցով զբա­ղի ա­մե­նայն լրջու­թեամբ, գո­յա­վի­ճա­կը կը փո­խո­ւի, տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ կը վե­րա­կանգ­նի կա­յու­նու­թիւ­նը եւ կ­՛ա­պա­հո­վո­ւի Ատրպէյ­ճա­նի «գրա­ւո­ւած տա­րածք»նե­րէն հայ­կա­կան զօր­քե­րու դուրս բե­րու­մը»:
Ա­սի­կա պաշ­տօ­նա­կան ­Պա­քո­ւի կող­մէ մե­ղադ­րանք եւ ամ­բաս­տա­նու­թիւն է ուղ­ղո­ւած ­Մոս­կո­ւա­յին, հե­տե­ւեալ պարզ տրա­մա­բա­նու­թեամբ.
­Նախ՝ այն, որ ­Ռու­սիան մին­չեւ հի­մա լրջու­թեամբ չէ զբա­ղած հա­կա­մար­տու­թեան լու­ծում ա­պա­հո­վե­լու հար­ցով, թէ՛ իբ­րեւ հա­մա­նա­խա­գա­հող եր­կիր եւ թէ՛ իբ­րեւ առն­չո­ւած կողմ, որ գեր-միջ­նոր­դա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւն կ­՛ի­րա­կա­նաց­նէ:
Ա­մե­նայն լրջու­թեամբ չվե­րա­բե­րե­լու հե­տե­ւան­քով՝ կը ստա­նանք այն, որ գո­յա­վի­ճա­կը կը պահ­պա­նո­ւի ­Մոս­կո­ւա­յի մեղ­քով. այ­սինքն` ա­սի­կա կը նշա­նա­կէ, որ ­Մոս­կո­ւա­յին վե­րագ­րո­ւող պա­հո­ւած­քին հա­մար է, որ ­Պա­քուն զի­նա­դա­դար կը խախ­տէ, թա­փանց­ման գոր­ծո­ղու­թիւն կ­՛ի­րա­կա­նաց­նէ, ապ­րի­լեան յան­կար­ծա­կի պա­տե­րազմ կը սան­ձա­զեր­ծէ եւ ան­զէն բնակ­չու­թիւն կը հրթի­ռա­կո­ծէ:
­Փոր­ձենք ու­րո­ւագ­ծել ­Մա­մե­տեա­րո­վի յայ­տա­րա­րու­թեան ընդ­հա­նուր պա­րու­նա­կը:
­Յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րու ընդ­հա­նուր շրջա­գի­ծը կը վե­րա­բե­րի պլո­կըր Ա­լեք­սանտր ­Լափ­շի­նի հար­ցին, ո­րուն մա­սին խօ­սած է ­Լաւ­րո­վը: Խն­դի­րը, ըստ Ատր­պէյ­ճա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րին, «կը դի­տար­կո­ւի ի­րա­ւա­կան հար­թու­թեան մէջ»: Ան, ­Մա­մե­տեա­րո­վի պնդու­մով, «ա­պօ­րի­նա­բար հա­տած էր Ատր­պէյ­ճա­նի պե­տա­կան սահ­մա­նը», եւ վեր­ջի­նիս ար­տա­յանձն­ման նպա­տա­կով ­Պե­լո­ռու­սիոյ ներ­կա­յա­ցո­ւած են բո­լոր հա­մա­պա­տաս­խան փաս­տա­թուղթ­նե­րը: ­Պա­քուն պաշ­տօ­նա­պէս կ­՛ա­ռա­ջադ­րէ ռուս պլո­կը­րի ար­տա­յանձ­նու­մը: ­Հա­կա­ռակ ա­նոր, որ խիստ հար­ցա­կան է ա­նոր ձեր­բա­կա­լու­թեան ի­րա­ւա­կա­նու­թիւ­նը պե­լո­ռու­սա­կան ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րուն կող­մէ:
­Միան­գա­մայն յստա­կաց­նենք, որ ան ա­ռա­ջին օ­տա­րերկ­րա­ցի անձ­նա­ւո­րու­թիւ­նը չէ, որ կ­՛այ­ցե­լէ Ար­ցախ. նման նա­խըն­թաց ե­րե­ւոյթ­նե­րու պա­րա­գա­յին, ա­նոնք կ­՛ար­ժա­նա­նա­յին ­Պա­քո­ւի սեւ ցու­ցա­կը հա­մալ­րե­լու կար­գա­վի­ճա­կին: Այժմ՝ ձեր­բա­կա­լու­թեան պա­հանջ, ձեր­բա­կա­լու­թիւն եւ ար­տա­յանձն­ման գոր­ծըն­թա­ցի սկսման պա­հանջ:
­Պա­քուն կ­՛աշ­խա­տի խստաց­նել Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թիւն այ­ցե­լող­նե­րու կար­գա­վի­ճա­կը` քրէա­կան հե­տապնդ­ման են­թա­կայ նկա­տել տա­լով ա­նոնք, ո­րոնք ատր­պէյ­ճա­նա­կան ըն­կա­լու­մով ա­պօ­րի­նա­բար կը հա­տեն Ատր­պէյ­ճա­նի պե­տա­կան սահ­մա­նը:
Ի­րա­ւամբ, պաղ ցնցու­ղի ազ­դե­ցու­թեամբ կ­՛ըն­կա­լո­ւի պաշ­տօ­նա­կան ­Մոս­կո­ւա­յի պա­տաս­խա­նը ատր­պէյ­ճա­նա­կան նկրտում­նե­րուն: ­Ռուս ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը յստա­կա­ցու­ցած է, որ ­Մոս­կո­ւան հա­մա­ձայն չէ լրագ­րո­ղի այս կամ այն տա­րա­ծաշր­ջա­նի այս կամ այն տա­րածք այ­ցե­լու­թիւ­նը քրէա­կա­նաց­նե­լու մօ­տեց­ման: Ա­ւե­լի՛ն. ան ը­սած է, որ ի­րենք դէմ են ո­րե­ւէ երկ­րի մէջ ձեր­բա­կա­լո­ւած ­Ռու­սիոյ քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն եր­րորդ երկ­րի ար­տա­յանձն­ման:
­Լաւ­րո­վի յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը նաեւ զգու­շա­ցում է ­Մինս­քին՝ ար­տա­յանձ­նու­մը չի­րա­կա­նաց­նե­լու: ­Պա­քուն եր­րորդ երկ­րի հետ գոր­ծարք­նե­րով ար­տա­յանձ­նում ի­րա­կա­նաց­նե­լու վատ նա­խըն­թաց ու­նի եւ մար­դաս­պա­նին ոչ թէ ար­տա­յանձն­ման ըն­թա­ցա­կար­գը կամ պա­տի­ժի շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւ­նը ա­պա­հո­ված է, այլ զայն հե­րո­սա­ցու­ցած:
­Լաւ­րո­վի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը ե­թէ մէկ կող­մէ զգու­շա­ցում են ­Մինս­քին՝ նման քայ­լի չդի­մե­լու, միւս կող­մէ նաեւ ա­նուղ­ղա­կի մե­ղադ­րանք են ­Պա­քո­ւին՝ շփման գի­ծե­րու վրայ վե­րահս­կո­ղա­կան գոր­ծի­քա­կազմ­ներ չստեղ­ծե­լու յան­ցան­քով: ­Մա­մե­տեա­րո­վի յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը միայն իբ­րեւ պա­տաս­խան ար­ձա­գանգ կա­րե­լի է ըն­կա­լել ­Լաւ­րո­վի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն:
­Մա­մե­տեա­րո­վը կա­րե­ւոր քայլ մը ա­ռաջ գա­ցած է՝ պլո­կը­րի խնդի­րը տե­ղա­փո­խե­լով նաեւ գո­յա­վի­ճա­կի պահ­պան­ման մէջ մե­ղադ­րե­լով ­Մոս­կո­ւան. այս պա­րա­գա­յին հա­կա­մար­տու­թեան լուծ­ման գոր­ծըն­թա­ցը սա­ռե­ցո­ւած պա­հե­լու ա­ռու­մով:
­Մոս­կո­ւան մէկ կող­մէ կը շա­րու­նա­կէ մեր­ձեց­ման յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը Ան­գա­րա­յի հետ, միւս կող­մէ խիստ ու­ղերձ­ներ կը փո­խան­ցէ ­Պա­քո­ւին` պաղ ցնցու­ղի ազ­դե­ցու­թեամբ: ­Չէ բա­ցա­ռո­ւած, որ Ան­գա­րա փոր­ձէ կան­խար­գի­լել ­Մոս­կուա-­Պա­քու յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ ե­րեւ­ցող հա­կա­սու­թիւն­նե­րու զար­գա­ցու­մը: Իսկ յատ­կա­պէս պլո­կը­րին խնդի­րով՝ ­Լաւ­րո­վի այս բա­ցա­յայտ դիր­քո­րո­շու­մէն ետք, դժո­ւար թէ ի­րա­կա­նա­նայ ար­տա­յանձ­նու­մը: