Երէկ, Յունաստանի առողջապահութեան նախարարը յայտարարեց երկրի տարածքին բոլոր պետական ու անձնական վարժարաններու եւ կրթարաններու փակումը 14 օրերու համար։
Մինչեւ երէկ գիշեր, Յունաստանի մէջ արդէն գրանցուած էին «Քորոնա» ժահրէն վարակուածներու 89 պարագաներ։
Պետական մեքենան օրեր շարունակ հետեւելով ժահրի տարածումի ծաւալին, անմիջապէս որոշեց վարժարաններու փակումը, որպէսզի երեխաները եւ պատանիները հեռու մնան համատարած վարակումներէ, որոնք աւելի լուրջ կացութիւններու կրնան առաջնորդել եւ համաճարակի բնոյթ ստանալ։
Բնականաբար, այս որոշումին կ՚ենթարկուին ամբողջ գաղութի տարածքին գործող ամենօրեայ վարժարանները եւ միօրեայ դպրոցները։ Արդէն, երէկ երեկոյեան, Հ.Կ.Խաչը դիմատետրի ճամբով կոչ ուղղեց բոլոր ծնողներուն ուշադրութեամբ հետեւիլ բոլոր կանոններուն եւ իրենց զաւակները զերծ պահել հանրային վայրերէ եւ շփումներէ։
Օրեր առաջ, յունահայ միութիւնները, մէկը միւսին ետեւէն առկախեցին հրապարակային բոլոր ելոյթները, Պատանեկան եւ Սկաուտական հաւաքները կանգ առին, պտոյտներու թուականները փոխուեցան։ Երկու խօսքով, մեր համայնքային կառոյցները արագ եւ անմիջական քայլերով անհրաժեշտ նախազգուշական քայլերը առին՝ դժուար կացութիւններէ խուսափելու համար։
Պէտք է սակայն նկատի ունենալ, թէ գաղութային գործունէութիւնը կարելի չէ ամբողջովին կասեցնել։ Անիկա կապուած է յատկապէս եկեղեցական եւ ակմբային կեանքին հետ, ուր արարողութիւնները եւ ընտանեկան պարտականութիւնները (հոգեհանգիստ, եւ այլն), կամ կառոյցներու կարեւոր ժողովները հաւանաբար կարելի չէ յետաձգել։
Այս բոլոր ստիպողական պարագաներուն համար, ամէն մէկս պարտաւոր ենք հետեւիլ առողջապահական սպասարկութիւններու կոչերուն, լրջութեամբ կիրարկել անհատական մաքրութեան համար յայտարարուած բոլոր կանոնները, համայնքային վայրերուն մէջ խուսափիլ ողջագուրուելէ կամ ձեռնուելէ։
Նոյնիսկ եթէ անհանգստութեան ամէնէն փոքր նշոյլն իսկ կը զգանք, խուսափինք տունէն դուրս գալէ, կատարենք բժիշկներու հրահանգները եւ հոգ տանինք մեր առողջութեան։
Կոչ կ՚ուղղենք մեր հայրենակիցներուն եւ մասնաւորապէս ծնողներուն, լրջութեամբ հետեւիլ փոքրիկներու առողջութեան եւ անոնց հեռու պահել հանրային վայրերէ կամ ընկերային-բարեկամական հաւաքներէ։ Վարժարաններու 14օրեայ փակումը պէտք չէ նկատել արձակուրդ կամ խաղի առիթ տուներէն դուրս, այլ զսպուած մնալու պարտականութիւն՝ թէ՛ փոքրերուն, թէ՛ չափահասներուն համար։
Վստահ ենք, որ զգուշաւոր մնալու գիտակցութեամբ, բոլորս պիտի կարողանանք հեռու պահել մեր անձերը եւ ընտանիքները դժուար կացութիւններէ։
«Ազատ Օր»
«Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխելու համար, յառաջիկայ 14 օրերուն համար Յունաստանի բոլոր վարժարանները փակ պիտի մնան։ Սոյն հրահանգին կ՚ենթարկուին նաեւ Հ.Կ.Խաչի «Ճէնազեան», «Զաւարեան» եւ «Ս. Յակոբեան» ազգային վարժարանները։