«Զաւարեան» վարժարանի հիմնադիրներուն միտքէն իսկ արդեօք անցա՞ծ էր, թէ Սիմոն Զաւարեանի անունով կոչուած մեր սիրելի վարժարանը պիտի գոյատեւէ 90 երկար տարիներ՝ յաղթահարելով բոլոր արգելքները. տնտեսական տագնապներ, պատերազմներ, ազգայնամոլ վարչակարգներ…։ Սերունդներ եւ սերունդներ դաստիարակուեցան «Աշխարհիկ Սուրբ»ին շունչով, գաղափարով, հաւատքով եւ ահա՛ 90ամեայ գործունէութեան տօնակատարութիւնը արդարացուց զանոնք. հաստատեց անոնց կամքն ու հաւատքը։
Չորեքշաբթի՝ 17 Հոկտեմբեր 2018ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնի պատշաճօրէն կահաւորուած մարզադաշտին մէջ, տօնակատարուեցաւ մեր դպրոցին գործունէութեան 90ամեակի յոբելեանը։
Ներկայ էին յունահայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան, Յունաստանի կրթութեան, կրօնի եւ հետազօտութեան նախարար պրն. Կոստանդինոս Ղաւրօղլու, Յունաստանի մօտ Հ.Հ. դեսպան պրն. Ֆաթէյ Չարչօղլեան, Նիքէայի քաղաքապետ պրն. Ղ. Իոաքիմիտիս, Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն.Պօղոս Չոլաքեան, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կ.Կ.ներկայացուցիչ պրն.Քերոբ Էքիզեան, Հ.Կ.Խաչի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի տիկին Լիզէթ Շանկայեան-Գիրազեան, Ուսումնական Խուրհուրդի ատենապետ պրն.Թագւոր Յովակիմեան, հայ կաթողիկէ առաջնորդ Յովսէփ Ծ. Վրդ. Պէզազեան, Ատտիկէի հայոց առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերը, ներկայացուցիչներ՝ «Համազգային»ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութիւններու եւ «Հայաստան» Համահայկան Հիմնադրամի յանձնախումբին, Բիրէայի դպրոցներու գործադիր տնօրէն պր.Լէոնիտաս Նիքաս, Սիմոն Զաւարեանի շառաւիղներ, վարժարանիս բարերարներ, Նիքէայի Ուսուցիչներու Միացեալ Կազմի ատենապետ պրն. Ղ. Տիմիդրաքոփուլոս, շրջանի դպրոցներու խորհրդատուներ եւ գործընկերներ, հայկական եւ յունական կառոյցներու ներկայացուցիչներ եւ անդամներ, վարժարանի Ծնողական Միութեան վարչութեան կազմը, շուրջ 400 կրթասէր հայրենակիցներ եւ դպրոցի աշակերտներ։
Օրուան հանդիսավարը՝ դպրոցի ուսուցիչ Ապարեան Խաչիկ, բացման խօսքին մէջ, ի միջի այլոց՝ ըսաւ նաեւ.- «..Կրթական հաստատութեան մը 90ամեակին նշումը արդէն ինքնին կարեւոր եղելութիւն մըն է, մանաւանդ երբ գաղութի մը իրագործումն է… Մեր դպրոցը եթէ ոչ ամենահինը, Նիքէայի առաջին դպրոցներէն եղաւ։ …Ծնաւ դժուար պայմաններու մէջ, սակայն մինչեւ այսօր կը գործէ, առաջնահերթ է իր արդի մանկավարժութեամբ… եւ այս բոլորը կարելի պիտի չըլլար առանց գաղութի կառոյցներուն՝ Ազգային Վարչութեան եւ Խորհուրդներուն, Հ.Կ.Խաչի, Հ.Յ.Դաշնակցութեան, Ծնողական Միութեան եւ Յունաստանի կրթութեան նախարարութեան բարոյական եւ նիւթական օժանդակութեան…»։
Յաջորդեց ցուցադրութիւնը վարժարանի 90 տարուան ուղեւորութեան տեսերիզին, որ կ՛ընդգրկէր նաեւ երկլեզու բանաւոր յիշատակներ ու սրտի խօսքեր նախկին ու ներկայ տնօրէններէն՝ Մկրտիչեան Կիրակոս, Մինասեան Հայկանուշ, նախկին ու ներկայ ուսուցիչներէն՝ Էլմասեան Շաքէ, Մինասեան Քուին, Ապարեան Խաչիկ եւ շրջանաւարտներէն՝ Ֆարաճեան Շահան եւ Աւագեան Յակոբ։
Ապա տնօրէնուհին՝ Մինասեան Հայկանուշ բարի գալուստի խօսքին մէջ, մէջբերաւ նաեւ դպրոցին անուանումը՝ «Սիմոն Զաւարեան».- «…ինչո՞ւ մեր հիմնադիրները անոր անունը տուին, ո՞վ էր ան, ի՞նչ էր անոր տարած գործունէութիւնը։ Պատասխանը պիտի տայ պրն. Ապարեան Խաչիկը. ան պիտի ներկայացնէ Սիմոն Զաւարեան մարդն ու գործիչը»։ Միաժամանակ՝ բեմի պաստառին վրայ երեւցաւ 6րդ դասարանի աշակերտներուն գծագրութիւնը (պատրաստեցին հետեւելով նկարիչ Լութֆիկ Զատիկեանի ուղղութիւններուն), հիմնուած Կարօ Սասունիի Սիմոն Զաւարեանի մասին հետեւեալ գրութեան վրայ. բնագրէն փոքր բաժին մը արտասանեց տնօրէնուհին, իսկ յունարէնի թարգմանութիւնը կ՛երեւէր գեղանկարչութեան հետ զուգահեռ.- «Տեսուչը կ՛անցնէր գիւղերէն, ձեռքը հովուական գաւազան մը։ Հագած էր պարզուկ ու անխնամ։ Ուսէն կախուած էր կաշիէ պայուսակ մը, ուր զետեղուած էին իր տետրերը եւ կտոր մը հաց։ Ալեխառն մօրուքն ու մազերը հովին տուած՝ կ՛անցնէր ծաղկած անդաստաններէն…։ … Ան տաք ու համատարած շունչի մը պէս կը բացուէր իր շրջապատին վրայ, կ՛ընդգրկէր հայ հողն ու գիւղացին, մարդն ու բնութիւնը։ Անոր տեսքէն կ՛արտացոլար համակ նուիրում մը. կարծես, թէ լեռներէն նոր իջած հինաւուրց ճգնաւոր մըն էր, որու լռութենէն իմաստութիւնն ու բարութիւնը կը կաթկթէին…»։
Ապարեան Խաչիկ յունարէն լեզուով ներկաներուն ներկայացուց Սիմոն Զաւարեանի կենսագրականը։ Տեղեկութիւններ տուաւ անոր մասին. գաղափարախօս մարդը, հայութեան խիղճը, յեղափոխական գործիչը։
Յայտագիրը մէջ ընդ մէջ կը բովանդակէր գեղարուեստական միջնարարներ։ Այսպէս, դպրոցի շրջանաւարտներէն՝ Մինասեան Ազատ եւ Խաչատրեան Մարիաննա մեներգեցին «Հինկալա» երգը։ Իրենց ընկերակցեցան 6րդ դասարանի աշակերտուհիներէն Էքիզեան Նաթալի՝ թաւ-ջութակով եւ Մարտիկեան Մարիա՝ դաշնակով։
Սիրելի հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց, իրենց ողջոյնի խօսքերը արտասանելու համար, յաջորդաբար Ուսումնական Խուրհուրդի ատենապետը, Հ.Կ.Խաչի Շրջ.Վրչ. ատենապետուհին, Հ.Յ.Դ. Կ.Կ.ի ներկայացուցիչը, Հ.Հ.պարոն դեսպանը, Յունաստանի կրթութեան նախարարը եւ Գերաշնորհ Առաջնորդը։ Հարկ է նշել, թէ կրթութեան նախարարը, շնորհաւորելէ ետք դպրոցը, անգամ մը եւս շեշտեց Յունաստանի կրթութեան նախարարութեան յանձնարարութիւնը. հոգատար ըլլալ մեր դպրոցներու յոյն եւ հայ ուսուցիչներուն նկատմամբ.-«…Նախարարութիւնը չ՛օգներ, այլ՝ պարտաւորութիւնն է օժանդակելու եւ ամէն գնով բաց պահելու դպրոցները…»: Նաեւ՝ յայտնեց նախարարութեան ցանկութիւնը եւ բաղձանքը հայագիտութեան ամպիոն հիմնելու Քսաթիի Տիմոքրիթիօ համալսարանին մէջ:
Այնուհետեւ բացառիկ կատարումով հանդէս եկաւ հանրաճանաչ կիթառիստ Յակոբ (Եաքովոս) Գոլանեան։ Սիրելի շրջանաւարտը նուագած կտորը ձօնեց վաստակաւոր ուսուցչուհի Աւշարեան Գեղանոյշի յիշատակին։ Ապա օրուան բանախօսը՝ վարժարանիս վաստակաւոր տնօրէն Մկրտիչեան Կիրակոս, փոխանցեց օրուան պատգամը (Խօսքը կու տանք առանձին)։
Նախակրթարանիս աշակերտները երգեցին հայկական եւ յունական երկու երգեր։ Դպրոցի աշակերտները եւ շրջանաւարտները յաջորդաբար պարեցին հայկական ժողովրդային պարեր, խանդավառելով ներկաները:
Պարոն հանդիսավարը, փակման խօսքէն առաջ, ներկայացուց 90ամեակին առթիւ հրատարակուած 128 էջերէ բաղկացած երկլեզու գունաւոր յուշամատեանը, որ բացի շրջանաւարտներուն եւ դպրոցի 90 տարուան առօրեայէն առնուած նկարներէն, կը ներփակէ Մեծն Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառին եւ յունահայոց թեմի առաջնորդ Սրբազան Հօր Օրհնութեան Գիրերը, Կրթութեան Նախարարին ու Հ.Կ.Խաչին Շրջ.Վրչ. շնորհաւորագիրները եւ 90 տարիներու ստեղծագործական ուղեւորութեան հակիրճ պատմական անդրադարձ մը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց «մեծ ու պզտիկ» մեկենասներուն ու բոլոր անոնց, որոնք օգնեցին, որպէսզի 90ամեակի յոբելեանը յաջողի։ Ի մասնաւորի՝ վարժարանիս 70ամեակին առթիւ հրատարակուած առաջին յուշամատեանի մեկենասին՝ Աւշարեան Գեղանոյշին, վարժարանի ուսուցչական կազմին եւ յատկապէս տնօրէնուհիին, որ հաւատաց, կառչած մնաց ու ճիգ չխնայեց այս ձեռնարկութեանց իրականացման ու յաջողութեան համար: Հ.Կ. Խաչի Գոքինիոյ «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհիին՝ Եզեկիէլեան Նոյեմի, անդամուհի Գէորգեան Մարիռոզ եւ անդամներուն, «Զաւարեան» Կեդրոնի Խորհուրդին, դպրոցի Ծնողական Միութեան վարչութեան ատենապետուհիին՝ Մանիկեան-Չալեան Էլվանիկ եւ անդամուհիներուն, «Համազգային»ի Պարի Միաւորին, յատկապէս պարուսոյցներուն՝ Էկեան Էտկար, Պօղոսեան Աննա, Մարտիրոսեան Ռոզա:
Յունական եւ հայկական ազգային ոգերգներով փակուեցաւ Հ.Կ.Խաչի «Զաւարեան» ազգային վարժարանին 90ամեակի յոբելեանին նուիրուած տօնակատարութիւնը։
Շաբաթ՝ 20 Հոկտեմբեր 2018ի երեկոյեան ժամը 9:30էն ետք, «Զաւարեան» Կեդրոնի «Զաքարեան – Սարաճեան» սրահներուն մէջ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտներու համախմբման — Reunion Party — պար-հաւաքոյթը: Ձեռնարկին հասոյթը տրամադրուեցաւ դպրոցի աշակերտներուն կրթաթոշակին: Այս ուղղութեամբ մեր շնորհակալութիւնները կը յայտնենք հետեւեալներուն՝ օր. Եզեկիէլեան Լուսի, պարոններ Եղիշէյեան Սերճօ, Սերոբեան Յարութ, Տէօքմէճեան Սերգօ, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան Գոքինիոյ «Փոթորիկ» խումբի վարչութեան ընկերներուն, վարժարանի Շրջանաւարտներու Միութեան վերակազմուած յանձնախումբի անդամներուն՝ Սլտրեան Նորա, Չերչեան Արմիկ, Աճէմեան Արմէն Հայկի, Աճէմեան Արմէն Յարութիւնի, Եզեկիէլեան Վիգէն, Սավուլեան Վազգէն ու բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներկայութեամբ քաջալերեցին ու սատարեցին հաւաքոյթի նպատակին յաջողութեան:
Վարձքը կատար բոլորին՝
Տնօրէնութիւն՝ Հ.Կ.Խաչի «Զաւարեան» ազգային վարժարանի
«Զաւարեան» վարժարանի 90ամեակ -Ա.
Հ.Կ.Խաչի «Զաւարեան» ազգային վարժարանի 90ամեայ գործունէութեան յոբելեանը