Քսան տարիներ առաջ էր՝ 1997ին, երբ Հայ Կապոյտ Խաչի Գոքինիոյ ազգային «Զաւարեան» վարժարանի հիմնադրութիւն-գործունէութեան 70րդ տարեդարձը կը նշուէր ու, այդ առիթով, ձեռնարկուած այլ աշխատանքներու կողքին, լոյս կը տեսնէր յուշամատեան մը, որ տարեթիւային կարգով կը պարփակէր 70 տարիներու ընթացքին «Զաւարեան» վարժարանը աւարտողներու խմբանկարը, իրենց ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու անուն-մականուններու յիշատակութեամբ:
Այդ առիթով՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրը, «Զաւարեան» վարժարանի տնօրէնութեան ուղղուած իր օրհնութեան եւ գնահատանքի գիրին մէջ, հետեւեալը կը մաղթէր՝ «թող անհատնում ըլլան ազգային «Զաւարեան» վարժարանի ամեակներուն օղակները»:
Այսօր քսան տարիներ ետք դարձեալ հոս ենք, քանի 70 օղակներուն վրայ նոր քսան՝ անդուլ, անխոնջ տարիներու վաստակի մը յաւելումն արդէն արձանագրուած է, որպէս 90ամեայ յուշագրում:
Սիրելիներ, լաւ պէտք է իմանանք, որ անգիտութենէն, մոռացութենէն ու անոր պատճառած չարիքներէն հալածուելէ ետքն է, որ վերջը — մահը կը պատահի…
Փորձենք խնայել երանելիներուն, որոնք մեր ժողովուրդի ու մեր աչքերուն մէջ կը կարդան այն սարսափելի պատկերը, որը թէեւ մոխիրի ու աւազի ցոլացումներն ունի, սակայն անոր պահուածքին խորը, ուրուագծուած նորոգման — վերակենդանացման խորհրդանիշը՝ յաւիտենական «փիւնիկը» (ο φοίνικας) իրենց աչքէն կը վրիպի…
Վերջապէս կեանքին օրէնքը տակաւին այդպէս է սիրելիներս, մարդերը տակաւին չեն կրցած իրենց նմաններուն ըմբռնել, հասկնալ…
Եկէ՛ք այսօր միասին փնտռենք մեր ժողովուրդի՝ անոնց անցեալի եւ մեր ներկայի, մեր տասն եւ հինգ դարերու մէջ «լինել չլինելու» (να ζει κανείς ή να μη ζει) պատմութիւնը մեր «փոքր ածուին»ն ու «սակաւաթիւ» մեր ժողովուրդին՝ ստեղծագործութիւններն, ինչպէս նաեւ անոր կեանքը, որպէս՝ տոկունութիւն-տեւողութիւն:
Առաւել նաեւ անոր որակին հռչակը (φήμη), ապրումները, վերջապէս ցաւին ու արիւնին երակը…
Վստահաբար պիտի հաստատէ՛ք, թէ մահն ու կեանքը ոչ մէկ ատեն այնքան մօտ չեն եղած իրարու, որքա՜ն եղած է հայութեան ցրւումը, կոտորակումն (διαμελισμός) ու որբութիւնը եւ միաժամանակ հայութեան իմացական վաստակը, դպրութիւնն ու անոր միշտ կենդանի ուժը, որը մեծագոյն իր իրաւութիւնն է, ես աւելին պիտի ըսէի՝ իր գոյութեան էատարրն է (η πεμπτουσία):
Փորձեցէ՛ք փնտռել որեւէ ժողովուրդ, որ անհատական թէ հաւաքական կեանքի վերոյիշեալ պայմաններուն մէջ ստեղծած ըլլայ՝
1.- իր ոսկեդարը (Ք. ե., Ե. դարուն), գիրերու գիւտը՝ Ս. Սահակ – Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եւ անոնց աշակերտներուն, Սուրբ Գիրքի թարգմանութիւնը, յունարէնէն ու ընդհանրապէս ընդարձակ գրականութիւնը, յունարէնէ եւ ասորերէնէ:
Մէկ խօսքով՝ թարգմանչաց հրաշալի դարը հայոց գրականութեան՝ հիմնաքարը մեր գոյութեան, լինելութեան…
Ինչպէս նաեւ աւելի ետք՝ Զ. դարու սկիզբը, հելլենաբանութեան շրջանի (ελληνιστική περίοδος) բոլոր ազնիւ՝ բառական, հոլովական, ոճաբանական կամ ալ շարահիւսական ձեւերու փոխ առութիւնը (δάνειο), որը մեծ նպաստ մը, օգնութիւն մը եղաւ մեր լեզուական գեղեցկութեան մէջ առանց երբեք մեր հոգիին պատկերը աղաւաղելու (μεταβάλλω, νοθεύω) խանգարելու:
2.- Իր միջնադարը 11րդ — 14րդ դարուն (1080-1375) Կիլիկեան՝ Ռուբինեան իշխանութիւն — թագաւորութեան շրջանը, երբ կը փակուի հոգեշունչ (θεόπνευστος) կամ սրբազան գրականութեան անցեալ մը ու կը բացուի մեր աշխարհայնութեան (εκκοσμίκευση), այսօրուան համաշխարհայնացման (παγκοσμιοποίηση) օրինակով նոր շրջան մը՝ միջին հայերէնի դարը ազդուած այլ զանազան ժողովուրդներէն ու անոնց լեզուամտածողական արտայայտութիւններէն, բառապաշարներէն…
Ասկէ ետք, մենք արդէն գրեթէ կանգնած ենք մեր ժամանակակից պատմութեան ամէնէն տխուր մէկ էջին՝ թուրք-պարսկական աղէտին առջեւ, 17րդ դարու սկիզբը, սարսափելի պատերազմներու առաջ: Ինչպէս մեր պատմութեան բոլոր արիւնալի օրերուն հոս ալ հայ մտքին ու հոգիին վերելքը կը նկատուի:
Ազատ ձգենք վայրկեանի մը համար մեր երեւակայութիւնը ու պահ մը մտածենք…
Օրինակ՝ արեւելեան թէ արեւմտեան ճակատներուն վրայ, այսինքն Հնդկաստանի՝ Կալկաթա-Մատրասէն մինչեւ Վենետիկ եւ Ամսթերտամ պատահած աներեւակայելի տպագրութեան ճիգերուն, աւելի ճիշդ յանդուգն նախաձեռնութիւններուն, մեր անցեալի սերունդներուն:
Օրինակ 1512էն 1515, առաջին հայ տպագրութիւններն են, որ տեղի կ՚ունենան, ինչպէս ծանօթ է, տպագրութեան գիւտէն շատ քիչ ժամանակ ետք՝ 1440էն:
Վենետիկ — Նոր Ջուղա 1640էն 1642:
Հռոմ, Լիվորնօ — 1645ին ու Վենետիկ — Ամսթերտամ կրկին 1660ին եւայլն:
3.- Իր «Զարթօնք»ը, 18րդ դարուն՝ 1606էն 1707 դար մը ամբողջ ազգային, քաղաքական նոր զարթօնք, (πνευματική — εθνική — πολιτική αφύπνιση, έγερση) Մխիթարեան շարժում՝ Վենետիկ ու ազատագրական մտահոգութիւններ (απελευθερωτικές ανησυχίες):
Պարսկերէնը, թուրքերէնը, վրացերէնը՝ հայութիւնն ամբողջ կասկածի տակ դնելու չափով ծանր կը կշռեն. սակայն զարմանալիօրէն, ո՛չ մէկ դար այնքան հայ եղած է հոգիով, որքան եղած է այդ խառնուրդ լեզուին տակ…
4.- Մեր վերջին հարիւր տարուան փառքերը միծագոյն՝ սեփական, հայու մայր հողի ազատագրման համար մղուած պայքարները ու հազարաւոր «ֆետայիներու» թափած ծով արիւնը, ապա… ցեղասպանութիւնը ու երեք տարիներ ետք լրիւ արիւնաքամ դարձած ժողովուրդին յառնումը՝ (αναβίωση) Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծման աներեւակայելի, անբացատրելի արարքով… հրաշքներո՜ւն հրաշքո՜վ:
Ու ապա՝ հայու պատմութեան թաւալ-գլորում, գլխիվայր անկում՝ տեղահանութիւն-գաղթականութիւն… սփիւռք՝ մնացած սահմանափակ քանակի, թիւի տարտղնում (διασκορπισμός), աշխարհի չորս ծագերուն:
Թէեւ փորձուեցաւ պարտադրանքով մը անսովոր, արեւելք-արեւմուտքի իրենց մարտակառքներուն (άρμα) լծել զմեզ՝ յաւէտ բաժանուած պահելու ռազմավարական ծրագրի մը հետեւողական գործադրումով:
Թէեւ իրարմէ անջատուեցանք, սակայն երբեք-երբեք չբաժնուեցանք, չեղանք ամբոխ (όχλος), չեղանք խուժան (άγριοι-βάρβαροι):
Լեզուն մեր Աստուածառաք (θεόσταλτος-η), Արագածի լուսաւորչի կանթեղէն որպէս անմար ճառագայթում լուսաւորեց Հայաստանի թէ արտաշխարհի մեր հոգեկան ու մտային վերելքը՝ հայ ժողովուրդի մշակոյթի, լեզուի, գիրի, դպրութեան ըմբռնումներու վերասլաց իրողութիւնը եւ ուրիշներէն տարբերելու ճիգով մը մեզի պահեցինք մեր մեծ բարոյական կռուանը՝ (έρισμα) դպրութեան (φιλολογία) դպրոցներուն, մեր գոյատեւման անբասիր (άμεμπτος) ակը ու անոր շուրջ միատեղուած կազմակերպեցինք ու սրեցինք մեր տոկալու աներեւակայելի կարողութիւնները:
Արժեցուցինք մեր մեծութիւնը, անգամ մը եւս հերքելով (διαψεύδοντας) պատմութիւնը, երբ ուրիշներ նոյն պայմաններուն տակ կորսուեցան, երբ թուային ու զինուորական իմաստով մեզմէ աւելի զօրաւոր էին, ինչպէս պարթեւները, մարերը … պարզապէս որովհետեւ անոնք վահանընկեց (ριψασπίς) էին եղած փոխան պայքարողի, մարտնչողի…
Իսկապէս փառք ու պատիւ մեր ընդհանրական սփիւռքեան ու յատկապէս Յունաստանի հողատարածքէն ներս բացառիկ եւ օրինակելի մեր ռահվիրաներուն կազմակերպչական անբացատրելի կարողութիւններուն, երբ մեր ժողովուրդը, պատմութենէն հալածուած ու հողմացրիւ դարձած անոր մէկ բեկորը, ողբերգական ու բախտորոշ թուականին՝ 1922ին յոյն հազարաւոր գաղթականներուն հետ կուգար հաստատուելու Յունաստանի հիւրընկալ գրկին մէջ:
Հինգ տարիներ ետք՝ 1927ին, Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային Վարչութեան անդամներ՝ Ռամելա Ղազարոսեան, տոքթ. Գրիգոր Էօտէմիշլեան, տոքթ. Եղիա Արշակունի, Մայքըլ Ալմուխեան, Առաքել Կիւրիւնլեան եւ իրենց օժանդակ մարմնի հոյլ մը նուիրեալներ՝ Վահան Աւշարեան, Սարգիս Տէր-Գրիգորեան, Յովհաննէս Մանկոյեան եւ Թագւոր Աւետիքեան, ներքին անզսպելի մղումով, գաղթականի վիճակին առթած յուսալքութիւնը ոտնակոխ ընելու ճիգով եւ հայեցի նկարագրի անաղարտ պահպանման յարումով (με προσήλωση), Գոքինիոյ հայ գաղթականի կից, հողաշերտի մը վրայ, 750 տրախմիի հիմնադրամով, հիմը կը դնէին քարաշէն ու հոյակերտ մարտկոցին՝ (προπύργιο — πολεμίστρα) «Զաւարեան»ին:
Նոյն տարին վարձուած շէնքի մը մէջ, Զաքար Զաքարեանի տնօրէնութեամբ կը բացուէր ու կը գործէր «Զաւարեան» նախակրթարանը 6 ուսուցիչներով եւ 80 աշակերտ-աշակերտուհիներով:
Վերականգնումի եւ վերակենդանացման դարաւոր ոգին էր, որ կ՚արթննար ու կը համակէր Գոքինիոյ շրջանի ողջ հայութիւնը, որոնց նիւթական թէ բարոյական ծառայութիւններով, 1928-29 ուսումնական տարեշրջանի սկիզբը, բացումը կը կատարուէր «Զաւարեան» — «Հռիփսիմեանց» անուանակոչումով, Սօս-Վանիի տնօրէնութեամբ եւ 280 երկսեռ աշակերտութեամբ:
Անցնող ժամանակաշրջանը, տարուէ-տարի կուգար շեշտելու շէնքին առջեւ ցցուող կարիքներու անբաւարարութիւնը՝ որպէս դպրոց եւ որպէս ակումբ, ինչ որ պատճառ կը դառնար, շրջանի բոլոր ազգայիններուն մօտ հասունցնելու, ինքնակերտումի եւ ազգակերտումի զոյգ հրամայականներով՝ նոր «Զաւարեան»ի մը շինութեան գաղափարը:
Ազգայիններու փոքրաթիւ հոյլի մը, շինութեան յանձնախումբի անդամներու՝ Օննիկ Շանկայեանի, Մինաս Ադամեանի, Կարօ Յովակիմեանի (Ռուլի), Գէորգ Աւագեանի, Յարութիւն Նաճարեանի, Պաղտիկ Սլտրեանի, Արա Մանկոյեանի, Պերճ Գրիգորեանի եւ Վարուժան Էլմասեանի, սրբազան «խենթութեան» համազօր շինարարական նախաձեռնութեամբ ու շրջանի ժողովուրդի, ինչպէս նաեւ Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային Վարչութեան ու մասնաճիւղներու անվերապահ նիւթական քաջալերանքով՝ «Զաւարեան» կեդրոնի հիմը կը դրուէր 1989ի աշնան:
Հոյակապ շէնքը ամբողջութեամբ կը լրանար 1992ի վերջաւորութեան, զոյգ գործակատարներու՝ Յարութիւն Եզեկիէլեանի (որպէս ճարտարագէտ-հսկող) եւ Շահան Ֆարաճեանի (որպէս ճարտարապետ) անդուլ ու անսակարկ նուիրումին անոնց…
Այո՛, իննիսուն երկար տարիներու անդուլ, անխոնջ վաստակին յուշագրումն է, ցնծատօնն է, որ կը կատարենք այս երեկոյ…
Յիշելով ու յիշեցնելով, որ մեր ազգային իրականութենէն ներս գործող իւրաքանչիւր կազմակերպութիւն կամ ալ մեր այսօրուան պարագային, վարժարանային հաստատութիւն, սրբազան պատգամաբեր մըն է, որուն ձայնը պէտք է, պահանջելի է, այսօր աւելի քան երբեք, բարձր հնչելու (προφέρω-ηχώ) մեր ականջներուն, պատմելու համար մեր գաղութի, հայեցի հիմնական կրթութիւն ու ազգային ոգի ջամբող (διαπαιδαγωγώ), պողպատող մեր «մարտկոցներէն» մէկուն «Զաւարեան»ի ու նա մանաւանդ հոն ծառայողներուն՝ մեր նորագոյն առաքեալներուն՝ վարժուհիներու, վարժապետներու ճիգերէն, իրագործումներէն (από τις πραγματοποιήσεις)…
Այո՛, վարժապետ-վարժուհիներ ձեր ծառայութեան յանկարծակի ճառագայթումէն լուսաւորուածներ, նուիրումի կատարելութեամբ տոկուն սրբութիւններ մեր նորագոյն պատմութեան…
Ներեցէ՛ք, որ այսօր, ձեր երանելի քունն է, որ կը խանգարենք:
Այս անգամ ըսինք «տօնական սեղանի» շուրջ բոլորել ձեզ այնպէս մը, որ լրիւ կերպով տեղաւորուիք ձեր սէրերով, ձեր անհամաձայնութիւններով, ձեր զգայնութիւններով ու տրամաբանութիւններով, ինչպէս ձեր գաղափարներով ու արարքներով, ձեր նոյնիսկ տկարութիւններով, ձեր սպասումներով ու յաջողութիւններով եւ կամ ալ ինքնախաբէութիւններով (αυταπάτες)…
Պէտք է ու հարկը կը զգանք այսօր գովելու (επαινώ) դրուատելու ձեր ծառայութիւնը հաւանաբար ու վստահաբար դաստիարակուելու համար ձեր նուիրումէն կամ ալ լիցքաւորուելու — զրահուելու հրամայական կարիքէն (φορτίζομαι με το αίσθημα της πληρότητας/θωρακίζομαι από την επιτακτική ανάγκη):
Շատ անգամ կը մտածենք ու հարց կուտանք.- Ովքե՞ր էիք վերջապէս, որ համատարած մոխիրէն կայծեր դուրս բերիք… կամ ալ նոր կայծեր ստեղծեցիք…
Երբ փոքր էինք ձեր հասակին ձեւերն ու չափերը մարմարեայ զօրութենէն կերտուած կէս-աստուածներուն համեմատութիւններուն կը հասնէին, այնքան որ մեր երեւակայութեան մէջ չէիք սեղմեր անգամ…
Ու միշտ հարց կուտայինք՝ ծառայութիւն — նուիրումը երբ եկաւ ու զարկաւ ձեր աղքատիկ տուներուն դուռերը, կուպրացած խաւարին ընդմէջէն, ինչպէ՞ս զանազանեցիք զայն, կամ ալ անոր արձագանգելու ձեր որոշումը, ինչպէ՞ս առիք անմիջապէս:
Պարզապէս մենք կը հաւատանք, որ «գոյատեւել» բառին առթած (προξενώ-προκαλώ ταραχή) խռովքէն էր, որ մեծասիրտ հայրենասէրը՝ «վարժուհին» կամ «վարժապետը» կարիքն զգաց նուիրուելու — ծառայելու իր սիրոյ ենթակային (το θέμα της ασχολίας, της φροντίδας):
Այսօր մեր հոգիներն ու սրտերը հպարտութեամբ ու հրճուանքի անբացատրելի զգացումներով առլի (πλήρης) բարի տարեդարձ ու տարեդարձներ կը մաղթենք՝ հայ ժողովուրդի մշակոյթի ու հոգեկան արժէքներու պահապան մեր «տաճարներուն» ընդհանրապէս ու 90ամեայ «Զաւարեան»ի կրթական վաստակին, ինչպէս յատկապէս փա՜ռք ու պատիւ անխտիր բոլոր-բոլոր մեր կրթական մշակներուն, որոնք կը շարունակեն կանգուն պահել հոգեկան, մեր վերելքը դարձեալ դէպի Արագածի «լուսաւորչի կանթեղ»ը վառ (διάπυρος):
«Զաւարեան» վարժարանի 90ամեակ — Բ.
«Զաւարեան» վարժարանի հիմնադրութեան 90ամեակը Բանախօսութիւն՝ Կիրակոս Մկրտիչեանի