2016-2017 տա­րեշր­ջա­նին շրջա­նա­ւարտ­նե­րը.- ­Ձա­խէն աջ՝ ­Տէր-Ար­թի­նեան ­Ռո­պերդ, ­Տօ­նա­պե­տեան Ա­լեք­սան, ­Մով­սէ­սեան Գ­րի­գոր, ­Մի­նա­սեան Ա­րեգ­նազ, ­Սար­գի­սեան ­Մա­րիա, ­Տօ­նի­կեան ­Մա­րիամ, ­Մի­խա­յի­լի­տու ­Վար­դու­հի եւ ­Մա­նու­կեան ­Վա­լեն­թի­նա։

­Սի­րե­լի ծնող­ներ, հան­դի­սա­կան­ներ, գոր­ծա­կից­ներ , շատ սի­րե­լի ա­շա­կերտ­ներ.

­Վե­ցե­րորդ ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նին ա­շա­կերտ­ներս,

Կը գտնո­ւիք ձեր կեան­քին կա­րե­ւոր ան­կիւ­նա­դարձ­նե­րէն մէ­կուն վրայ։ «­Զա­ւա­րեան»ի մէջ ձեր ներ­կա­յու­թիւ­նը ա­մէ­նօ­րեայ էր. ի­րա­կա­նու­թիւն մը՝ որ վստահ պի­տի շա­րու­նա­կո­ւի։
­Տա­րի­ներ՝ հա­րուստ յի­շա­տակ­նե­րով. յու­զո­ւի՞լ, խնդա՞լ…
­Բախ­տը ու­նե­ցաք ըլ­լա­լու «­Հա­յաս­տան Ու­շագ­լեան» նո­րա­կա­ռոյց ման­կա­պար­տէ­զի ­Կո­կոն դա­սա­րա­նին ա­ռա­ջին ա­շա­կերտ­նե­րը։ 2011ի ­Մարտ 20ին, ման­կա­պար­տէ­զի պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման օ­րը, բո­լո­րո­ւած տի­կին Ա­նիին շուրջ, ձեր խան­դա­վառ եր­գե­րով, պա­րե­րով, ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով, ար­դա­րա­ցու­ցիք այդ օ­րե­րու Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան խի­զախ ո­րո­շու­մը՝ կեր­տել ­Գո­քի­նիոյ մէջ ար­դի ման­կա­վար­ժու­թեան յար­մար, ե­զա­կի՛ ման­կա­պար­տէզ մը։ Այդ օ­րը հրճո­ւե­ցանք, յու­զո­ւե­ցանք ու խրա­խու­սո­ւե­ցանք ձեզ­մով. եւ փաս­տը՝ այս օ­րը եւ ձեր բո­լո­րած նա­խակր­թա­րա­նի փայ­լուն տա­րի­նե­րը։
­Մատ­ղաշ տա­րի­քէն ծա­նօ­թա­ցաք եր­կու մեծ մշա­կոյթ­նե­րուն՝ հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան, յու­նա­կան եւ հայ­կա­կան, ու ա­ւե­լի ետք՝ անգ­լիա­կան եւ ֆրան­սա­կան։ Շ­նոր­հիւ մեր ու­սուց­չա­կան կազ­մե­րուն լայ­նա­միտ ման­կա­վար­ժու­թեան ու դաս­տիա­րա­կու­թեան, սոր­վե­ցաք նախ ծա­նօ­թա­նալ, լու­սա­բա­նո­ւիլ, փնտռտել, հարց­նել, սոր­վիլ, ա­պա՝ դա­տել ու ար­ժե­ւո­րել՝ միշտ վե­հանձ­նու­թեամբ։
­Մեր ան­թիւ խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն, զրոյց­նե­րուն ըն­թաց­քին, չեմ վա­րա­նիր հոս վկա­յե­լու՝ ձեր ծնող­նե­րուն առ­ջեւ, հպա՛րտ կը զգա­յի ու ե՛մ ձեզ­մով։ «­Զա­ւա­րեան»ի մէջ ձեր ա­ռած բազ­մա­տե­սա­կի դաս­տիա­րա­կու­թեամբ, խո­րար­մատ հա­յե­ցիու­թեամբ, ա­պա­գայ քա­ղա­քա­ցիի արթ­նա­միտ ողջմ­տու­թեամբ՝ պատ­րաստ էք յաղ­թա­հա­րե­լու դուր­սի հրա­պու­րիչ գրգռու­թիւն­նե­րը. զերծ նա­խա­պա­շա­րում­նե­րէ՝ ա­ռողջ ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թեամբ, հե­ռու՝ մո­լե­ռանդ ցե­ղա­պաշ­տու­թեան եր­թա­լէ։
­Ձեր շա­րադ­րու­թիւն­նե­րուն մէջ ար­տա­յայ­տո­ւած կար­ծիք­նե­րը, մտա­ծում­նե­րը ըլ­լան Ա­զատ ու Ան­կախ հայ­րե­նի­քին մա­սին, ըլ­լան Ս­փիւռ­քի եւ Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի ի­րա­կա­նու­թեան շուրջ, մայ­րե­նի լե­զուին, մեր ­Պա­հան­ջա­տի­րա­կան ­Դա­տին՝ ­Հայ ­Դա­տին, դպրո­ցին եւ ­Զա­ւա­րեան կեդ­րո­նին մա­սին, մա­նա­ւա՛նդ ձեր կող­մէ քա­նիցս գրո­ւած նա­մակ­նե­րը՝ ուղ­ղո­ւած Ար­ցա­խի մեր հե­րոս զի­նո­ւոր­նե­րուն, հա­րա­զատ ար­տա­յայ­տու­թիւնն են մեր վար­ժա­րա­նին մէջ տի­րող ազ­գա­յին եւ հայ­րե­նա­սի­րա­կան մթնո­լոր­տին. մէկ խօս­քով՝ հայ­կա­կան այն շուն­չին, որ մե­զի կտա­կե­ցին 90 տա­րի­ներ ա­ռաջ այս վար­ժա­րա­նին հիմ­նա­դիր­նե­րը՝ ­Սի­մոն ­Զա­ւա­րեա­նի մա­քուր-ա­նա­րատ ու պայ­ծառ յի­շա­տա­կին։
Իս­կա­պէս, այդ պատ­ճա­ռով ալ Ան սի­րո­ւե­ցաւ պարզ ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ, ռա­մի­կէն, բա­նո­ւո­րէն, ա­շա­կերտ­նե­րէն, ու­սա­նող­նե­րէն… Աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն պի­տի հան­դի­պիք ա­նոր ա­նու­նով՝ հա­ւա­քա­վայ­րե­րու, վար­ժա­րան­նե­րու, ու­սա­նո­ղա­կան թէ ա­շա­կեր­տա­կան միու­թիւն­նե­րու։
­Սի­րե­լի Ա­շա­կերտ­ներս, հա­կա­ռակ ձեր պա­տա­նի տա­րի­քին, գի­տա­կից էք ձեր պատ­կա­նե­լիու­թեան ու պար­տա­կա­նու­թեան։ Ա­մէ­նօ­րեայ ձեր ներ­կա­յու­թիւ­նը, մաս­նակ­ցու­թիւնն ըլ­լայ այդ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մար­զա­կան եւ սկաու­տա­կան խում­բե­րուն մէջ, ­Հա­մազ­գա­յի­նի պա­րա­խում­բին, ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան եւ կամ պար­զա­պէս ա­զատ ժա­մե­րը հոս, «­Զա­ւա­րեան» ա­կում­բին մէջ ան­ցը­նե­լը ա՛յդ կը փաս­տեն։
­Մեր կա­ռոյց­նե­րուն մէջ գոր­ծող ձեր մեծ-հայ­րե­րուն եւ մեծ-մայ­րե­րուն, հայ­րե­րուն ու մայ­րե­րուն ար­ժա­նի փո­խա­րի­նող­նե­րը պի­տի ըլ­լաք։ Այն սե­րունդ­նե­րուն, ո­րոնք ե­կան գաղ­թա­կան, շէն­ցու­ցին ու ծաղ­կե­ցու­ցին զի­րենք հիւ­րըն­կա­լող եր­կի­րը՝ ­Յու­նաս­տա­նը, ուր հաս­տա­տո­ւե­ցան եւ այն­քան սի­րե­ցին ու յար­գե­ցին, սա­կայն եր­բեք չմոռ­ցան հայ մնա­լը, խո­նար­հա­բար ծա­ռա­յե­լը ժո­ղո­վուր­դին ու հայ­րե­նի­քին։ ­Նոյ­նան­ման կրնայ ըլ­լալ, սա­կայն տար­բեր կեր­պով՝ ըստ տա­րի­նե­րու պա­հան­ջին, որ դուք ալ գոր­ծէք՝ ա­կան­ջի օղ ու­նե­նա­լով ­Զա­ւա­րեա­նին պատ­գա­մը.- «­Խօս­քը ա­ռանց գոր­ծի մե­ռեալ է»։
Ապ­րի՛ք, հա­զա՛ր ապ­րիք ու բա­րի շա­րու­նա­կու­թիւն ու­նե­նաք…։

Մր­ցա­նակ­ներ

Ա­մէն տա­րի Հ.Կ.­Խա­չի Շրջ. ­Վար­չու­թիւ­նը ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նէն տա­րեշր­ջա­նի ըն­թաց­քին, հա­յե­րէն լե­զո­ւին մէջ լա­ւա­գոյն ար­դիւնք բե­րող ա­շա­կեր­տին կը պար­գե­ւատ­րէ ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան ա­մա­ռո­ւան բա­նա­կու­մի մաս­նակ­ցու­թեան մրցա­նա­կով։ Այս տա­րի 8 շրջա­նա­ւարն­տերն ալ` ­Սար­գի­սեան ­Մա­րիա, ­Մա­նու­կեան ­Վա­լեն­թի­նա, ­Մի­նա­սեան Ա­րեգ, ­Մի­խա­յի­լի­տու ­Վար­դու­հի, ­Տօ­նի­կեան ­Մա­րիամ, ­Մով­սէ­սեան Գ­րի­գոր, ­Տէր-Ար­թի­նեան ­Ռո­պերդ, ­Տօ­նա­պե­տեան Ա­լեք­սան, բա­ցա­ռիկ աշ­խա­տանք տա­րին ու գե­րա­զանց ար­դիւնք­ներ բե­րին։
Մր­ցա­նա­կը պի­տի վա­յե­լէ Ա­լեք­սան ­Տօ­նա­պե­տեա­նը։

Կր­թա­թօ­շակ

­Տէր եւ տի­կին ­Բիւ­զանդ եւ ­Պեր­ճու­հի Ուն­ճեան, 2013-14 տա­րեշր­ջա­նի ա­ւար­տէն սկսեալ, ա­մէն տա­րի 500 եւ­րո­յի կրթա­թօ­շա­կով կը պար­գե­ւատ­րեն հայ­կա­կան դա­սա­նիւ­թե­րուն մէջ բա­ցա­ռիկ ճիգ թա­փող եւ գե­րա­զանց ար­դիւնք­ներ ձեռք­բե­րող ա­շա­կերտ մը։ 2017-18 տա­րեշր­ջա­նին հա­մար սոյն կրթա­թօ­շա­կին կ­՛ար­ժա­նա­նայ ­Սան­դուր­ճեան ­Մա­րիա­մը ։

­Մեր շնոր­հա­կա­լա­կան խօս­քը կ­՚ուղ­ղենք՝

­Թե­միս ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր.
­Յու­նաս­տա­նի մօտ Հ.Հ. յար­գե­լի պա­րոն դես­պա­նին.
Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան, Ու­սում­նա­կան եւ Տն­տե­սա­կան ­Խոր­հուրդ­նե­րուն.
Ս.­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ ­Հո­գե­ւոր ­Հո­վի­ւին ու ­Թա­ղա­յին ­Մարմ­նոյ.
­Գա­լուստ ­Կիւլ­պէն­կեան հիմ­նար­կի հայ­կա­կան բաժ­նին.
Ա­մե­րի­կա­յի ­Յու­նա­հա­յե­րու ­Միու­թեան.
«Ա­զատ Օր» օ­րա­թեր­թի եւ «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի խմբագ­րու­թեանց.
«­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նի խոր­հուր­դին.
­Յա­տուկ շնոր­հա­կա­լան խօսք ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չին Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան Եւ քոյր մաս­նա­ճիւ­ղե­րու ­Վար­չու­թեանց.
­Վար­ժա­րա­նիս Ծ­նո­ղա­կան ­Միու­թեան ­Վար­չու­թեան.

­Սան պա­հող բա­րե­րար­նե­րուն՝
­Տի­կին Ա­նուշ Ճ­րա­գեան,
­Տի­կին ­Պեր­ճու­հի Ուն­ճեան
Պր. ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­միան
Պր. Ա­րա­պեան ­Գէորգ

­Նո­ւի­րա­տու­նե­րուն՝

Ա­րամ եւ Իոան­նա ­Գա­սար­ճեան, ­Բա­րի Ար­շա­կու­նի, ­Հայկ Ա­ճէ­մեան, ­Ռա­ֆա­յէլ ­Չա­լեան, ­Թա­գու­հի ­Մար­գա­րեան, Ա­րաք­սի Ա­բե­լեան, ­Կա­րի­նէ ­Մի­քա­յէ­լեան-­Մար­տի­կեան, ­Մա­րի-­Ռոզ ­Գէոր­գեան, ­Նո­յե­մի Ե­զե­կիէ­լեան, ­Չա­լեան ­Վարդ եւ Ատ­րի­նէ Գ­նու­նի։
Եւ մեր բո­լոր բա­րե­կամ­նե­րուն, ո­րոնք թի­կունք կանգ­նե­ցան մեր վար­ժա­րա­նին ու հո­գա­ցին վար­ժա­րա­նիս բազ­մա­տե­սակ կա­րիք­նե­րը։

­Վարձ­քը կա­տար՝

— ­Մեր սի­րե­լի ա­շա­կերն­տե­րուն, ո­րոնք տա­րեշր­ջա­նի ըն­թաց­քին, բա­ցի ի­րենց ա­մէ­նօ­րեայ պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րէն, գուր­գու­րա­ցին «­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րա­նը, ի­րենց դա­սա­րան­նե­րը։ Այս­պէ՛ս, գե­ղե­ցիկ սո­վո­րու­թիւն դար­ձած «­Մաք­րու­թեան Օր»ը ա­նոնք տէ՛­րը ե­ղան ի­րենց վար­ժա­րա­նին։ Դպ­րո­ցին յար­կը, աս­տի­ճան­ներն ու բա­կը փայ­լե­ցան, երբ ստա­ցան մեր ա­շա­կերտ­նե­րուն խնամ­քը։
— ­Վար­ժա­րա­նիս ման­կա­պար­տէ­զի ու նա­խակրթա­րա­նի բո­լոր ու­սու­ցիչ­նե­րուն, ո­րոնց հաս­կա­ցո­ղու­թեան, ան­կեղծ գոր­ծակ­ցու­թեան շնոր­հիւ՝ մեր վար­ժա­րա­նը կը զար­գա­նայ, կը բար­գա­ւա­ճի ու օ­րի­նա­կե­լի դար­ձած է իր մա­կար­դա­կով եւ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով ­Նի­քէա­յի ու ­Փի­րէա­յի մէջ։ ­Յատ­կա­պէս հայ ման­կա­վարժ ու­սուց­չու­հի­նե­րուն՝ հայ ա­շա­կերտ­նե­րուն մեծ բա­րե­կամ­նե­րը, յոյն ու­սու­ցիչ­նե­րուն ան­կեղծ գոր­ծա­կից­նե­րը։ Ա­մէն ջանք կը թա­փեն, որ­պէս­զի մեր ա­շա­կերտ­նե­րը ո՛չ միայն հա­յե­րէն գրել ու կար­դալ սոր­վին, հա­յե­րէն խօ­սին ու եր­գեն, այլ՝ ապ­րու­մով ճանչ­նան մեր հե­քիաթ­նե­րը, ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը, հա­յոց պատ­մու­թիւ­նը, մեր հա­րուստ մշա­կոյթն ու գրա­կա­նու­թիւ­նը։ Այս­պէ՛ս կը կազ­մեն հա՛­յօ­րէն ապ­րող, ստեղ­ծող ինք­նավս­տահ հայ ան­հատ­ներ՝ ան­վա­րա՛ն ճանչ­նա­լու տար­բե­րը, եւ քա­ղե­լու լաւն ու բա­րին։
­Տե­սա՛նք ու ապ­րե­ցանք, ըլ­լա՛յ այ­սօր, ըլ­լա՛յ ման­կա­պար­տէ­զին հան­դէ­սին։
Շ­նոր­հիւ մեր հայ ու­սուց­չա­կան կազ­մին լայ­նամ­տու­թեա՛ն, աշ­խա­տու­նա­կու­թեան, Եր­կու­շաբ­թիէն մին­չեւ ո՛չ թէ Ուր­բաթ, այլ՝ յա­ջորդ Եր­կու­շաբ­թի ուղ­ղու­թիւն տա­լու ա­նոր բա­րեա­ցա­կամ դիր­քին, հե­ռու ­Տէր ­Թո­թի­կեան հաս­կա­ցո­ղու­թիւն­նե­րէն է, որ մեր «­Զա­ւա­րեան»ի մէջ կը տի­րէ ա­զատ ու կիրթ մթնո­լորտ, ան­կեղծ, ջերմ ու հա­ղոր­դա­կան մի­ջա­վայ­րի մէջ։

Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն՝

Դպ­րո­ցի մա­տա­կա­րար տի­կին ­Մա­րի Ա­ռա­քե­լեա­նին.
Դպ­րո­ցա­կան ինք­նա­շարժ­նե­րու վա­րորդ­նե­րուն՝ ­Գաբ­րիէլ ­Ֆեն­տեան եւ Ար­սէն ­Սարգ­սեան, ու­ղեկ­ցող տի­կին­նե­րուն՝ Ա­րուս ­Փոս­տա­ճեան եւ ­Զո­ւարթ ­Թո­քաթ­լեան։

Ու ­Ձե­զի՝

­Շատ սի­րե­լի ծնող­ներ, որ մե­զի կը վստա­հիք ձեր զա­ւակ­նե­րը, ձեր աչ­քի լոյ­սե­րը։ ­Դուք՝ ան­կեղծ գի­տա­կից հայ­կա­կան դպրո­ցի ա­ռա­քե­լու­թեան, հա­մես­տօ­րէն կը շա­րու­նա­կէք ա­նոր նե­ցուկ կանգ­նիլ։

Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն։

­Մի­նա­սեան ­Հայ­կա­նուշ
տնօ­րէ­նու­հի Հ. Կ. Խ. «­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րա­նի