Չո­րեք­շաբ­թի, 22 ­Փետ­րո­ւար 2022-ի ա­ռա­ւօ­տուն, «Ա­զատ Օր»-ի խմբագ­րա­տու­նը լե­ցո­ւե­ցաւ ա­շա­կեր­տա­կան խան­դա­վառ ձայ­նե­րով։ Հ.Կ.­Խա­չի ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի Զ. կար­գի ա­շա­կերտ­նե­րը, դպրո­ցի տնօ­րէ­նու­հի տիկ. ­Հայ­կա­նուշ ­Մի­նա­սեա­նի ու­ղեկ­ցու­թեամբ, այ­ցե­լե­ցին թեր­թիս գրա­սե­նակ­նե­րը եւ մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցան ա­նոր գոր­ծու­նէու­թեան։
Եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր պա­հո­ւող գե­ղե­ցիկ եւ կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն կը հան­դի­սա­նայ հայ ա­շա­կեր­տու­թեան այ­ցե­լու­թիւ­նը, որ հա­մա­վա­րա­կի շրջա­նին ստի­պո­ղա­բար կանգ ա­ռած էր։ Ա­ւե­լի բա­րեն­պաստ պայ­ման­նե­րուն մէջ, այ­լեւս սոյն այ­ցե­լու­թիւ­նը ի­րա­կա­նու­թիւն դար­ձաւ, մեր մատ­ղաշ սե­րուն­դին ծա­նօ­թաց­նե­լով հայ մա­մու­լի աշ­խար­հը։
­Փոք­րիկ­նե­րը դի­մա­ւո­րո­ւե­ցան «Ա­զատ Օր»-ի պաշ­տօ­նէու­թեան կող­մէ, ա­պա սե­ղա­նին շուրջ բո­լո­րո­ւած՝ հե­տաքրք­րու­թեամբ լսե­ցին յու­նա­հայ մա­մու­լի պատ­մու­թիւ­նը, օ­րա­թեր­թի ստեղծ­ման ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րը, ա­նոր հանգ­րո­ւան­նե­րը, ա­ռա­քե­լու­թիւնն ու նպա­տա­կը, հա­յա­պահ­պան­ման սա­տա­րե­լու ջան­քե­րը, այ­սօ­րո­ւան պատ­կե­րը, հայ­րե­նի­քի ու սփիւռ­քի ի­րա­կա­նու­թեան ներ­կա­յա­ցու­մը, ինչ­պէս նաեւ գա­ղու­թի կեան­քին մա­սին տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան ա­մե­նա­կա­րե­ւոր մի­ջո­ցը ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քը։
Այ­ցե­լու­թեան ա­մէ­նէն հե­տաքրք­րա­կան պա­հե­րէն ե­ղաւ հար­ցում­նե­րու եւ պա­տաս­խան­նե­րու բա­ժի­նը։ Իս­կա­պէս, խան­դա­վա­ռող ե­րե­ւոյթ մըն էր տես­նել ա­շա­կերտ­նե­րու հե­տաքրք­րու­թիւ­նը թեր­թին առն­չու­թեամբ, որ ար­տա­յայ­տո­ւե­ցաւ բազ­մա­թիւ հար­ցում­նե­րով։ ­Բո­լո­րին հա­մար տրուե­ցան անհ­րա­ժեշտ պա­տաս­խան­նե­րը, ա­պա պա­տա­նի­նե­րը յան­դուգն ո­ճով ան­ցան զա­նա­զան ա­ռա­ջարկ­նե­րու ներ­կա­յաց­ման։
­Յատ­կան­շա­կան ե­ղաւ ի­րենց խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը՝ մին­չեւ դպրո­ցա­կան տա­րե­վերջ պատ­րաս­տե­լու ի­րենց գրու­թիւն­ներն ու մտա­ծում­նե­րը, ո­րոնք տեղ պի­տի գտնեն «Ա­զատ Օր»-ի է­ջե­րուն մէջ։
­Յա­ջոր­դա­բար, այ­ցե­լե­ցին թեր­թի զա­նա­զան բա­ժին­նե­րը, մօ­տէն տես­նե­լու հա­մար խմբագ­րու­մի, է­ջադ­րու­մի եւ ա­ռօ­րեայ աշ­խա­տանք­նե­րու ձեւն ու ծա­ւա­լը։ ­Տեղ­ւոյն վրայ եւս ա­շա­կերտ­նե­րը ի­րենց հար­ցում­նե­րով ու­զե­ցին ա­ւե­լի ի­մա­նալ թեր­թի ձե­ւա­ւո­րու­մի ու պատ­րաս­տու­թեան զա­նա­զան հանգ­րո­ւան­նե­րուն մա­սին։ Ա­նոնք նաեւ հե­տաքրք­րու­թեամբ թղթա­տե­ցին «­Նոր Օր»-ի եւ «Ա­զատ Օր»-ի հին տո­մար­նե­րը, ան­ցեալ տաս­նա­մեակ­նե­րու թի­ւե­րուն մէ­ջէն տես­նե­լով օ­րա­թեր­թե­րու ձե­ւա­ւո­րու­մի տար­բեր մի­ջոց­նե­րը՝ տա­ռե­րը ձեռ­քով շա­րե­լու նախ­նա­կան գոր­ծե­լա­ձե­ւէն մին­չեւ հա­մա­կար­գիչ­նե­րու ըն­ծա­յած դիւ­րու­թիւն­նե­րը։ Ա­նոնք ի­րա­զեկ դար­ձան թեր­թի ե­լեկտ­րո­նա­յին տար­բե­րա­կի ու կայ­քէ­ջի պատ­րաս­տու­թեան մա­սին։ Ա­ւար­տին, տե­ղի ու­նե­ցաւ փոքր հիւ­րա­սի­րու­թիւն եւ խում­բը մեկ­նե­ցաւ գո­հու­նակ զգա­ցում­նե­րով։