Եր­կար տա­րի­նե­րու գե­ղե­ցիկ սո­վո­րու­թիւն դար­ձած է Հ.Կ.­Խա­չի ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու վե­րին կար­գի ա­շա­կեր­տու­թեան այ­ցե­լու­թիւ­նը «Ա­զատ Օր»-ի խմբագ­րա­տուն։ Այս տա­րի եւս, ու­րա­խու­թեամբ դի­մա­ւո­րե­ցինք ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» նա­խակր­թա­րա­նի Ե. Եւ Զ. դա­սա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը, ու­ղեկ­ցու­թեամբ վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի ընկ. ­Հայ­կան ­Մի­նա­սեա­նի եւ ու­սուց­չու­հի տիկ. ­Տես­փի­նա ­Մա­քե­տո­նո­փու­լո­ւի։­Ման­կա­կան փայ­լող աչ­քե­րուն մէջ տե­սա­նե­լի էր ծա­րա­ւը ի­մա­նա­լու թեր­թի հրա­տա­րա­կու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը, ա­նոր պատ­մա­կան եր­թը եւ սու­զո­ւե­լու «­Նոր Օր»-ի ու «Ա­զատ Օր»-ի հին տո­մար­նե­րուն մէջ։ Ա­նոնք բա­ցա­ռիկ հե­տաքրք­րու­թեամբ եւ նա­խա­պէս ար­դէն սոր­ված գի­տե­լիք­նե­րով հա­ղորդ դար­ձան  մեր թեր­թի տար­բեր հանգ­րո­ւան­նե­րու հրա­տա­րա­կու­թեան պատ­մու­թեան, ի­րենց միտ­քին մէջ տպա­ւո­րե­լով ան­ցեալն ու մա­նա­ւանդ ներ­կա­յի ար­դիա­կան մի­ջոց­նե­րու ձե­ւա­չա­փը։ Ան­պա­կաս էին բազ­մա­թիւ հար­ցում­ներն ու մատ­նան­շում­նե­րը թեր­թին ու հայ մա­մու­լի առն­չու­թեամբ , ո­րոնք գո­հու­նա­կու­թիւն պատ­ճա­ռող ե­րե­ւոյթ­ներ են, մա­նա­ւանդ ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րուն, երբ ե­լեկտ­րո­նա­յին ար­դի մի­ջոց­նե­րը կը տի­րա­պե­տեն տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան դաշ­տէն ներս։ Դպ­րո­ցա­կան ա­շա­կերտ­նե­րը նաեւ յայտ­նե­ցին, թէ «Ա­զատ Օր»-ի 80-ա­մեայ եր­թին ա­ռի­թով պի­տի պատ­րաս­տեն ի­րենց աշ­խա­տու­թիւն­նե­րը։