Հ.Կ.Խաչի Գոքինիոյ «Զաւարեան» ազգային վարժարանի 6րդ դասարանի աշակերտները միացան Ուիքիփետիայի արեւմտահայերէն խմբագրութեան աշխատանքներուն:
Աշակերտական այս խմբակը իր «խմբագրական» առաջին փորձառական քայլերը սկսաւ Ուիքիփետիայի արեւմտահայերէն Ուիքիդարան բաժնին մէջ՝ Յակոբ Պարոնեանի «Ազգային ջոջեր» գիրքի թուայնացուած տարբերակի սրբագրութեամբ:
Ուիքիդարանը ազատ բովանդակութեան հրատարակումներու առցանց գրադարան մըն է, ուր ամէն անհատ կրնայ մտնել ու կարդալ գրական գործի մը՝ պատմուածք կամ վէպ, թուայնացուած տարեբակի սրբագրութիւնը:
Անոր խմբագրական աշխատանքը կը պարունակէ գործեր, որոնց վրայ ապագայի խմբագիրներ կամ պարզապէս հայերէնով հետաքրքրուողներ, իրենց առաջին շփումը կ՚ունենան արեւմտահայերէնով Ուիքիփետիայի ընտանիքին հետ եւ կը զարգացնեն հայերէնի իրենց մակարդակը: Այսպէս, կը սրբագրեն գրական գործերու թուայնացած տարբերակները, այսինքն՝ դիտելով բնագիրը կը սրբագրեն սխալագիր բառերը եւ նախադասութիւնները։
«Զաւարեան» վարժարանի 6րդ դասարանի աշակերտներու պարագային, սոյն աշխատանքի վերջաւորութեան, Յակոբ Պարոնեանի «Ազգային ջոջեր» գիրքը՝ սրբագրուած եւ էջադրուած տարբերակով, պիտի տեղադրուի Ուիքիդարանին մէջ եւ մատչելի պիտի ըլլայ բոլոր հետաքրքրուող ընթերցողներուն։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք «Զաւարեան» վարժարանը մաս կը կազմէ Ուիքիփետիայի արեւմտահայերէն խմբագրութեան
«Զաւարեան» վարժարանը մաս կը կազմէ Ուիքիփետիայի արեւմտահայերէն խմբագրութեան
«Զաւարեան» վարժարանը մաս կը կազմէ Ուիքիփետիայի արեւմտահայերէն խմբագրութեան