Նշանակալից օր մը եղաւ Շաբաթ, 28 Յունուար 2023-ը՝ Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնի փակ մարզադաշտի անուանատուչութեան հանդիսութեամբ։ Մարզադաշտը անուանակոչուեցաւ նախկին յունահայ, ապա արժանթինաբնակ բարերարներու՝ «Վահան եւ Տիրուհի Տէր Յովսէփեան»ներու անունով, որոնք իրենց իշխանական նուիրատուութեամբ Յունաստանի Հ.Կ.Խաչին, իրենց ուխտը կատարեցին հանդէպ այն դպրոցին ու հայակերտումի դարբնոցին, որուն մէջ ծաղկեցուցին իրենց պատանեկան եւ երիտասարդական ծլարձակումները։
Համավարակի երեւումէն առաջ էր, երբ բարերար Տիրուհի Տէր Յովսէփեան կու գար 200.000 ամերիկեան տոլարի իշխանական գումարով իրագործել իր եւ հանգուցեալ եղբօր՝ Վահանին փափաքը՝ վերաջերմացնելու յիշատակները «Զաւարեան» ակումբէն եւ օժանդակելու այժմու կեդրոնի հսկայ կարիքներուն, որ իր 30-ամեայ գործածութեամբ կը գտնուէր անհրաժեշտ վերանորոգման ու կարգ մը շինութիւններու ստիպման տակ։
Նշենք, որ բարերարի պայմանն էր՝ գումարը ամբողջութեամբ յատկացնել «Զաւարեան» կեդրոնի շինարարական կարիքներուն, որպէսզի շէնքը որպէս հաստատութիւն, ակումբ, վարժարան եւ մարզարան ի վիճակի ըլլայ յաջորդ տասնամեակներուն եւս գործել որպէս հայապահպանման արդիական հաւաքատեղի յունահայութեան համար։
Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութիւնները նուիրատութեան եւ շէնքի նորոգումներուն հետ կապուած բոլոր ծրագրումներու ընթացքին համար հետեւողականօրէն տեղեակ պահեցին ազնիւ նուիրատուն ու իր անվերապահ աջակցութիւնը ունեցան կատարուելիք բոլոր շինութիւններուն առնչութեամբ, որոնք նպատակ ունէին աւելի արդիականացնել ու գործնական դարձնել շէնքի ու անոր յարմարութիւններու գործածութիւնը։
Այսպէս, առաջին հերթին, շէնքը օժտուեցաւ բնական կազի յարմարութեամբ, ապա հիմնովին վերանորոգուեցաւ խոհանոցը, զայն օժտելով բնական կազով գործող սարքերով։ Յաջորդաբար, շէնքի տարածքին տեղի ունեցան պատերու եւ ծեփերու շինութիւններ, նորոգելով բոլոր այն ծերպերը, որոնք տարիներու ընթացքին յառաջ եկած էին երկրաշարժներու ցնցումներէն։
Ծրագրուած աշխատանքներու լրջագոյն մասը գրաւեց փակ մարզադաշտի վերանորոգումը, որ ընդգրկեց ձայնարգել յատուկ խարիսխներու տեղաւորումը մարզադաշտի հսկայ պատերուն վրայ, առաւել՝ հիմնովին վերանորոգուեցան մարզիկներու լուացարանները, նոր եւ արդիական միջոցներով։ Մարզադաշտի աշխատանքը ամէնէն երկար եւ բարդ բաժինն էր մինչեւ օրս կատարուած շինութիւններուն, որով այլեւս կարելի պիտի ըլլայ զայն անարգել գործածել, թէ՛ մարզական, թէ՛ ամէն տեսակի հրապարակային ելոյթներու համար, առանց ձայնի ու աղմուկի նեղացուցիչ արձագանգին։ Ահա, աշխատանքներու այս հանգրուանը աւարտելէ ետք, Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութեան եւ տեղական «Վարանդեան» կոմիտէի համատեղ փափաքով, որոշուեցաւ մարզադաշտը անուանակոչել «Վահան եւ Տիրուհի Տէր Յովսէփեան» մարզադաշտ, ի պատիւ նախկին յունահայ երկու բարերարներուն, 28 Յունուար 2023-ի երեկոյեան, Համազգայինի երգապարային ելոյթի մեկնարկէն առաջ։
Հանդիսաւոր ելոյթը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ Պարէտ քհնյ. Խաչերեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Թագւոր Յովակիմեան եւ անդամները, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան եւ անդամները, Գոքինիոյ «Վարանդեան» կոմիտէի կազմը, Հ.Կ.Խաչի Շրջանային եւ Գոքինիոյ «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութեանց անդամները, Համազգայինի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ներկայացուցիչները եւ բազմաթիւ հայրենակիցներ։
Առաջնորդ Սրբազան հօր եւ Հ.Կ.Խաչի ատենապետուհի ընկ. Լիզա Աւագեանի ձեռամբ բացուեցաւ մարզադաշտի մուտքին վրայ զետեղուած ցուցատախտակը, որուն վրայ արձանագրուած է երկու բարերարներուն անունը։ Ներկաներուն ջերմ ծափահարութիւններուն վրայ, արդէն մարզադաշտը ստացաւ իր նոր անունը՝ «Վահան եւ Տիրուհի Տէր Յովսէփեան մարզադաշտ»։
Յաջորդաբար, դաշտին մէջ, Համազգայինի ելոյթի սկիզբին, խօսք առաւ ընկ. Լիզա Աւագեան, որ Հ.Կ.Խաչի անունով արտայայտուեցաւ երկու բարերարներու կարեւոր ներդրումին մասին։ Ընկերուհիին խօսքը կու տանք առանձին։
Իր պատգամը փոխանցեց Թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ նախապէս վեր առաւ ազնիւ բարերարներու առատաձեռն նուիրատուութիւնը, ապա շեշտեց, թէ թել մը կը կապէ Համազգայինի ելոյթը նախապէս կատարուած անուանատուչութեան հետ։
Սրբազան հայրը դիպուկ խօսքերով բացատրեց, թէ Տէր Յովսէփեաններու նմանօրինակ նախաձեռնութիւններն ու նուիրատուութիւններն են, որոնք մեր ակումբները եւ հաստատութիւնները ոտքի կը պահեն, որպէսզի անոնց մէջ կարելի ըլլայ ուսուցանել մեր մեծասքանչ լեզուն, տարածել հայ երգն ու պարը, ծաղկեցնել հայ մշակոյթը, դարբնել հայ պատանիի մարմինն ու հոգին, սերունդներ հասցնել ու գոյատեւել որպէս ազգ եւ գաղութ։
Նշենք, որ շէնքի շինութիւններու ծրագիրը կ՚ընդգրկէ այլ կարեւոր եւ հիմնական վերանորոգումներ եւս, որոնք աստիճանաբար պիտի իրագործուին, համապարբակ եւ ամբողջական աշխատանք կատարելու նախանձախնդրութեամբ ու բարերարութեան ազնիւ նպատակը յաւերժացնելու պատասխանատուութեամբ։
«Վահան եւ Տիրուհի Տէր Յովսէփեան»
մարզադաշտի անուանատուչութեան
առիթով՝ ընկ. Լիզա Աւագեանի խօսքը
Սփիւռքի գաղութները կը գոյատեւեն եւ կը յարատեւեն հայապահպանման իրենց առաքելութեան մէջ՝ շնորհիւ կառուցուած ակումբներուն, դպրոցներուն, եկեղեցիներուն, որոնք իրենց կարգին կենսունակ կը մնան տուեալ ժողովուրդի ցուցաբերած գուրգուրանքէն, այսինքն բարոյական եւ նիւթական իրենց աջակցութենէն:
Գործը յառաջ կուգայ հայրենասիրութենէ եւ ազգասիրութենէ, ազդակներ որոնք կը խթանեն մեր հայրենակիցները քաջալերելու եւ թիկունք կանգնելու հայապահպանման ու հայակերտման այս ջանքերուն:
Փաստացի պարագայ է մեր այսօրուայ յարգած բարերարներու՝ Վահան եւ Տիրուհի Տէր Յովսէփեաններու 200.000 ամերիկեան տոլարի իշխանական նուիրատուութիւնը, որ փոխանցուած են Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութեան «Զաւարեան»ի կարիքները հոգալու նպատակով:
Այսօր, «Համազգային»ի պարի եւ երաժշտութեան այս խանդավառ ու տօնական օրուան առթիւ, որուն ներկայ են մեծ թիւով հայրենակիցներ եւ երիտասարդութիւն, փափաքեցանք կատարել անուանատուչութիւնը «Զաւարեան»ի գոց մարզադաշտին, անուանելով զայն «Վահան եւ Տիրուհի Տէր Յովսէփեան» մարզադաշտ, արտայայտելու համար յարգանքի, շնորհակալական եւ երախտագիտական մեր զգացումները հանդէպ մեր սիրելի բարերաներուն:
Սեղմ տողերու մէջ պիտի ուզէի որոշ տեղեկութիւններ փոխանցել մեր յարգելի բարերարներուն մասին:
Արժանթինաբնակ եղբայր եւ քոյր՝ Վահան եւ Տիրուհի Տէր Յովսէփեաններ, հին գոքինիաբնակ յունահայեր, հասակ առած եւ իրենց աշակերտական, պատանեկան եւ երիտասարդական կեանքը ապրած են «Զաւարեան» վարժարանի եւ ակումբի ազգային ջերմ մթնոլորտին մէջ:
Ինչպէս բազմաթիւ այլ յունահայեր, իրենք եւս կեանքի աւելի հեշտ պայմաններ ապահովելու նպատակով, 40-ական թուականներու վերջաւորութեան, կը գաղթեն դէպի Արժանթին, Պուէնոս Այրէս: Իրենց աշխատասիրութեամբ եւ տգնաջան աշխատանքով կ՚ապահովեն նիւթական բարօրութիւն, միշտ օժանդակելով իրենց տեղւոյն գաղութը եւ ոչ միայն:
Այսպէս, իրենց աշխատանքի արգասիքէն չեն մոռնար շօշափելի բաժին մը հանել նաեւ իրենց հոգհատար՝ «Զաւարեան»ին:
Այդ «Զաւարեան»ի յիշատակին՝ որ 1927-ին կը դառնար սփիւռքի առաջին կառոյցներէն մէկը, որ կոչուած էր ծառայելու ո՛չ միայն իբրեւ վարժարան, այլեւ իբրեւ հայապահպանման ամրոց ու գաղափարական պատնէշ:
Տարիներու ընթացքին սակայն, նախ շէնքի ֆիզիքական մաշումը ու ապա կեանքի պայմաններուն փոփոխութիւնները, շրջանը կը դնեն հին միայարկ շէնքը փլելու ու զայն բազմայարկ ու արդի պահանջներուն գոհացում տուող կեդրոնով մը փոխարինելու հարկադրանքին տակ: Այսպէս 1993-ի Յունուարին, ճիշդ 30 տարիներ առաջ բացումը կը կատարուէր նոր «Զաւարեան»ի շէնքին, օժտուած գոց մարզադաշտէ մը, վարժարանային յարմարութիւններով յարկաբաժինէ մը, միութեանց գրասենեակներէ, երկու սրահներէ եւ այլն:
Ներկայ շէնքը սակայն, 30 տարիներ վերջ, կարիքը կ՚ունենայ նորոգութիւններու:
Եւ հոս է ահա, որ կարծես երկինքէն ինկած նուէր մը կը հասնի, որն է սիրելի բարերարներու՝ սրտափուխ նուիրատուութիւնը, որուն համար Հայ Կապոյտ Խաչը եւ տեղւոյն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կոմիտէն իրենց անսահման երախտագիտութիւնը կը յայտնեն:
Փաստօրէն, այս դժուար ժամանակներուն, առանց ձեր այս ազնիւ, ազգանպաստ եւ առատաձեռն նուիրատուութեան, կարելի պիտի չ՚ըլլար այսօր իրագործել որոշ աշխատանքներ, որոնք պիտի ապահովեն յաջորդ տասնամեակներուն համար՝ մեր նոր սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան եւ հայապահպանման շարունակութիւնը:
Կատարուեցան կարեւոր նորոգութիւններ, ինչպէս այս գոց մարզադաշտի ձայնարգել սարքերու տեղադրումը, մարզիկներուն համար առողջապահական բոլոր նախապայմանները լրացնող լուացարաններու եւ գործարաններու արդիական շինութիւնը:
Յաւելեալ, կատարուեցաւ խոհանոցի ամենաարդի ելեկտրական սարքերու գնումը բնական կազի խողովակներու կապելով, իրագործում մը, որ մեծապէս կը դիւրացնէ խոհանոցային աշխատանքներն ու սպասարկութիւնը:
Կան անշուշտ շարք մը այլ նորոգութիւններ, որոնք յատուկ յառաջացուած յանձնախումբը կը քննէ եւ որոնք քայլ առ քայլ պիտի կատարուին:
Սիրելիներ՝ հանգուցեալ ընկ. Վահան եւ սիրելի ընկ.հի Տիրուհի, առանց ձեր առատաձեռն այս նուիրատուութեան կարելի պիտի չ‘ըլլար իրականացնել վերոնշեալ բոլոր այս աշխատանքները:
Թոյլ տուէք մեզի անգամ մը եւս յայտնելու մեր երախտագիտական անկեղծ զգացումները, շնորհակալ ենք ձեր օգնութեան համար, որ հասաւ ճիշդ յարմար ժամանակին: Վստահ եղէք, որ ձեր այս ազնիւ ու ազգասէր ժեստով պիտի յաւերժացնէք Տէր Յովսէփեան ընտանիքին անունն ու յիշատակը:
Վարձքերնի՛դ կատար: