ԱՆԻ ԱԲԻԿԵԱՆ — ԱՆՈՅՇ ԲԻԼԱՖԵԱՆ
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքը Յուլիս 17էն մինչեւ Օգոստոս 11, արեւմտահայերէնի զարգացման իր հնգամեայ ծրագրին համաձայն, ձեռնարկեց «ԶԱՐՄԱՆԱԶԱՆ» կրթական ծրագիրը՝ Ֆրանսայի Լա Պուրպուլ քաղաքին մէջ: Նոյն վայրին մէջ մէկտեղեց երկու ճիւղեր: Մէկը եղաւ ամառնային ճամբար մը, ուղղուած՝ 10էն 15 տարեկան պատանիներու, զուարճալի ու ստեղծագործական միջավայրի մը մէջ, որուն նպատակը եղաւ արեւմտահայերէնի գործածութեան խրախուսումը համագործակցութեամբ «Հազար ու մէկ աշխարհ» ընկերակցութեան:
Իսկ երկրորդը, առաջին անգամ ըլլալով՝ արհեստագիտական վարժընթաց — պատրաստութեան ծրագիր մը, ուղղուած՝ Սփիւռքի արեւմտահայերէնի գործող եւ ապագայ ուսուցիչներուն, հաստատուած համալսարանական վկայականով մը փափաքողին համար, Ֆրանսայի Արեւելեան Լեզուներու եւ Քաղաքակրթութիւններու Ազգային Հիմնարկի (INALCO) համագործակցութեամբ:
Ճամբարի խումբին մաս կը կազմէին 40 սփիւռքահայ պատանիներ՝ հասած զանազան երկիրներէ: Իրենց 15 փորձառու ուղղեկիցներուն հետ ապրեցան ամբողջովին արեւմտահայ մթնոլորտի մէջ, ստեղծագործական եւ զուարճալի պահեր ունենալով, ընկերանալով եւ բնական ձեւով իրարմէ սորվելով: Երաժշտութիւն, պար, թատրոն, գեղարուեստի աշխատանոցներ, ինչպէս նաեւ զանազան մարզախաղեր եւ խաղեր. ծրագիրները եւ միջոցը եղան՝ արեւմտահայերէն սորվելու միջավայրը ստեղծելու համար: Փոքրիկները զարգացնելով միաժամանակ լեզու եւ երեւակայութիւն՝ ստեղծեցին իրենց երգերը, պարերն ու թատրոնները, ամէն մէկը գծագրեց իր անհատական գծագրութիւնը, որ խմբային պատի մը չափ գեղարուեստական աշխատանքի մը մաս կը կազմէր, ճաշեր ու անուշներ եփեցին, ձայնասփիւռի ծրագիր նախաձեռնեցին, բնութեան մէջ խուզարկումներ կատարեցին եւ բնութենէն ապրանք գործածելով գլուխ-գործոցներ շինեցին, գիրք մը գրեցին եւ երիզներ պատրաստեցին:
Ուսուցիչներու վերապատրաստութեան հաւաքին մաս կազմեցին, սփիւռքեան ամէնօրեայ եւ միօրեայ վարժարաններէ եկած, 15 ուսուցիչներ եւ ուսանողներ: Դասընթացքի նպատակներն էին կրթութեան մարզէն գիտելիքներ հայթայթել, ուսուցանելու լաւագոյն մանկավարժական կերպեր ներմուծել՝ փոխանցելու համար կենդանի լեզու մը սորվողին, կեդրոնացնող միջավայրի մը մէջ եւ յարգելով ու տեղ ձգելով ուսուցիչին ստեղծագործութեան: Այս նպատակով մասնակիցները հետեւեցան խտացեալ ուսումնակրթական ծրագրի մը, որ ընդգրկեց գործնական վարժընթաց, ներգործօն դասախօսութիւններ՝ նորագոյն մանկավարժական մօտեցումներու եւ միջոցներու կիրարկումով եւ փորձագէտի վերահսկողութեամբ, ընթերցողի եւ գրողի աշխատանոցներ: Երկրորդ լեզուի ուսուցման եւ քննադատողական մտածողութեան մեթոտներով ուսուցիչները, դպրոցական տարուան մէջ, պիտի շարունակեն աշխատանք պատրաստել ու ներկայացնել: Նաեւ՝ անակնկալ մը մասնակցողներուն համար, Փորթուկերէն լեզուի դասերու մասնակցութիւնը, որպէսզի աշակերտի մը դիտանկիւնէն լեզուի իւրացումը ապրին: Վերջապէս սեմինարը ուսուցիչներուն փոքրիկներուն հետ գործնական փորձառութիւն մատուցանեց:
Բոլոր մասնակիցները առիթը ունեցան արշաւներու մասնակցելու դէպի մօտակայ միջնադարեան Besse St. Anastaise գիւղը, քայլարշաւ ընելու Chaudefourի ձորը, ծառարշաւ ընելու Mont le Dor, ճոպանուղիով ելլելու Puy de Sancyի հրաբխային գագաթը, միջնադարեան Chateau De Murol բերդը այցելել, Lac Chambon լիճը լողալ եւ Լա Պուրպուլի ճամբաներուն սլքտալ:
Ամբողջ «Զարմանազան»ի գաղափարը ծագեցաւ բաժամունքի արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման ծրագիրներու աւագ վարիչ Անի Կարմիրեանի կողմէն: Ուսուցիչներուն աշխատանոցը կազմակերպուեցաւ ու համադրուեցաւ Անի Կարմիրեանի եւ INALCOի հայագիտութեան ղեկավար Անահիտ Տօնապետեանի կողմէ: Դասախօսներու խումբը բաղկացած էր հետեւեալներէն՝ Անգը Պադայնէ, Յակոբ Եագուպեան, Amy Hughs եւ Անա Մատուրէյրա:
Մէկ կողմէ բարձր համալսարանական կարգի կիրարկուած դասընթացքի նիւթերը եւ միւս կողմէ աչքի առջեւ մասնագէտ ուղեկիցներու զերոյէն կազմած արեւմտահայ աշխարհը՝ մասնակից ուսուցիչներուն ուժ եւ գործիք փոխանցեցին, որպէսզի արեւմտահայերէնի ուսուցումը ժամանակակից ձեւերով հաճելի դառնայ եւ լեզուն վստահաբար ապրի յաջորդ սերունդներուն մէջ: Բոլորին համար դժուար եղաւ վայրէն հեռանալ եւ մէկը միւսէն բաժնուիլ, իսկ վերջին օրը լեցուն էր պատանիներուն եւ չափահասներուն զօրաւոր զգացումներով եւ յուզումով: