Պարէտ քհնյ. Խաչերեան
Զարթի´ր, որդեա՛կ, աշխարհի չորս ծագերուն, պատերազմի փողն հնչեց։ Քու հայրենիքդ՝ Հայաստան աշխարհն ու անբաժան Արցախը, իրենց ճակատագիրը ճշդորոշող պատերազմը կը մղեն։
Մեր թշնամին նոյնն է՝ թուրքը։ Անոր նպատակը եւս նոյնն է։ Անոր կողմնակից պետութիւններն անգամ տակաւին նոյնն են։ Ինչպէս 1915-ի ցեղասպանութեան ժամանակ, ներկայիս եւս մեր թշնամիին բարեկամ պետութիւնները կը կիրարկեն տնտեսական շահի վրայ հիմնուած իրենց միեւնոյն վատ քաղաքականութիւնը։ Պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ։ Ժամանակներու միակ փոփոխութիւնը, մեր թշնամիին ունեցած ռազմական նորաձեւ ու մեծաթիւ սարքերն են։
Պատերազմը այս անգամ վճռական կը թուի ըլլալ։ Եւ շատ շուտ ի յայտ եկաւ, թէ թշնամին վաղուց արդէն ծրագրած էր զայն։ Ըստ լուրերուն, թշնամիին կրած վնասները չափազանց մեծ են եւ անսպասելի։ Միւս կողմէ մեր վնասներն ալ բաւական են։ Ճակատին վրայ մեր դէմ կանգնած են թուրքերը, ազերիներն ու իսլամ վարձկան ճիհատիստները։ Բայց պէտք է լաւ գիտնան, թէ այդ բոլորին դիմաց կանգնողը Վարդան Մամիկոնեանն է, Ղեւոնդ երէցն է ու հայոց կտրիճները։ Մեր պապենական հողերը պահպանողները մեր ազգի հերոս զաւակներն են։ Եւ օտար լրագրողներ, հիացմունքով կը վկայեն պատերազմի դաշտին վրայ մեր զինուորներու սխրագործութիւնները։ Մենք մահէն վախցող չունինք, քանի մեր մօտ հերոսները կ’անմահանան։
Պատահածը պատերազմ է եւ ոչ խորհրդաժողով կամ շրջապտոյտ։ Եւ հակառակ անոր, ամենայն ոգեւորութեամբ կը տեսնենք, թէ աշխարհի բոլոր ծագերէն հայորդիներ կը փութան մեկնիլ Արցախ, զինուորագրուելու ու պատերազմելու իրենց հարազատներուն կողքին։ Կը մեկնին նաեւ բժիշկներ, օգտակար դառնալու վիրաւորներու բուժման կարեւոր աշխատանքին։ Հայրենասիրութեան ոգին թրծած է անոնց ներաշխարհն ամբողջ։ Իսկ զոհողութեան պատրաստակամութիւնը հասած է իր գագաթնակէտին։ Հայ ժողովուրդին մօտ ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքը անզիջելի է եւ ի հարկին, պատերազմի դաշտը շատ յստակ։ Ուստի ով որ քաջ է ի՞նչ կ’սպասէ։
Զարթի´ր, որդեա՛կ, աշխարհի չորս ծագերուն, պատերազմի փողն հնչեց։ Մէկ կողմէ պատերազմի դաշտ, իսկ միւս կողմէ քաղաքականութեան ճակատ։ Այս է կառուցուածքն ու ընթացքը աշխարհին։ Ու այստեղ եւս, մեծ հպարտանքով կը տեսնենք հայրենի պետութեան խիզախ կեցուածքը ու սփիւռքահայութեան հրաշագործութիւնը։ Արցախի պատերազմի առաջին իսկ փամփուշտին, հազարաւոր հայորդիներ տասնեակ երկիրներու բազմաթիւ քաղաքներու հրապարակները ողողեցին։ Բողոքի ցոյցեր ու քայլարշաւներ կազմակերպեցին։ Առաւել եւս երգեցին ու պարեցին։ Այսպիսով անոնք տեղւոյն պետութիւնները ցնցեցին ու անոնց անտարբերութեան հանդէպ դժգոհութիւն յայտնեցին։
Օրեր շարունակ սփիւռքի հայութիւնը հրապարակներէն չհեռացաւ։ Անոնք պահանջատիրութենէն երբեք չյոգնեցան ու չյուսահատեցան։ Եւ ի վերջոյ, այդ հրապարակներէն ոմանք իրենց դրական արդիւնքը տուին։ Այդ հրապարակները մղեցին կարգ մը պետութիւններուն դատապարտելու մեր թշնամին եւ յաւելեալ քայլեր առնելու։ Առաւել եւս, պատմական ճշմարտութեան ու արդարութեան սիրոյն, բազմաթիւ օտար քաղաքացիներ միացան մեր շարքերուն։ Պատմութիւնը բազմիցս ցոյց տուած է, թէ հզօր պետութիւններ ընդհանրապէս բռնատէր ու պատերազմասէր պետութեանց հետ դաշնակից կը դառնան, անշուշտ որոշ շահերու վրայ հիմնուելով։ Մեզի համար սա կարեւոր չէ։ Այսօր աշխարհի հրապարակները մերն են։ Եւ երթալով աւելի ազդու պիտի ըլլայ մեր ներկայութիւնը ու աւելի ուժեղ պիտի հնչէ մեր ձայնը։
Ուրեմն ով հայորդի, լսէ քու հարազատներուդ ձայնը եւ ելիր հրապարակ։ Որովհետեւ ներկայութիւնդ թիւ է։ Մասնակցութիւնդ ձայն է։ Իսկ բրունձքդ յաղթանակի ուժ։
Զարթի´ր, որդեա՛կ, աշխարհի չորս ծագերուն, պատերազմի փողն հնչեց։ Եւ ահա առաջին իսկ ռումբի պայթումին, սկսան ղօղանջել մեր եկեղեցիներու զանգերը եւ հայ ժողովուրդը դարձեալ դիմեց իր Փրկիչին՝ Քրիստոսին։ Մենք աշխարհի առաջին քրիստոնեաներն ենք։ Եւ այս մէկը կրօնական պատկանելիութենէն, ծէսէն ու հպարտանքէն աւելի, մեզի համար կեանքի ուղի է։
Մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ ընդմիշտ յատուկ տեղ գրաւած է մեր կրօնքը։ Քանիցս փորձուած է անոր ազդեցութիւնը տկարացնել, բայց միշտ ձախողած է։ Մենք Քրիստոսի հետեւորդներն ենք եւ վտանգի կամ փորձանքի պահուն կը դիմենք մեր Փրկիչին, խնդրելով օգնութիւնը եւ օրհնութիւնը։
Այսօր պատերազմի ճակատին վրայ, հայ զինուորը զէնքը իր ձեռքին դարձեալ կ’աղօթէ եւ անոր հետ ամբողջ ժողովուրդը կ’աղօթէ։ Յիշենք հայոց պատմութեան այն էջերը, որոնք սքանչելիօրէն եւ յուզականութեամբ կը նկարագրեն պատերազմներու նախօրեակին, հայոց բանակավայրէն ներս կատարուած պատարագները, քարոզներն ու ճառերը։ Հայոց քաջարի բանակը կարիքն ունի Աստուծոյ շունչին ու հոգեպարար արարողութեան։ Այդ խոր հաւատքէն մեկնած այսօր Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մեր բոլոր եկեղեցիներէն ներս, վասն խաղաղութեան պատարագներ կը մատուցուին, ժամերգութիւն ու մոմավառութիւն կը կատարուի։ Իսկ նահատակներուն համար՝ հոգեհանգիստ։
Քրիստոնեայ ենք, սակայն կը յարգենք միւս բոլոր կրօնները։ Բայց երբ մեր թշնամին իր կրօնքը այսօր եւս իր զէնքերէն մին կը դարձնէ, կրօնական իմ պատկանելիութիւնը բնականէն ծայրահեղութեան աստիճանին կը հասնի։ Ու այդ տագնապէն մղուած, բարձրաձայն ու բարկացած հարց կու տամ. «Ո՞ւր է քրիստոնեայ Եւրոպան։ Ո՞ւր են քրիստոնեայ Ամերիկան ու Ռուսիան»։ Թշնամին կրօնքի անուան տակ եւս, քրիստոնեայ առաջին ժողովուրդին դէմ անցեալի ցեղասպանութիւնը կը շարունակէ։ Միեւնոյն ժամանակ Յունաստանի, Կիպրոսի, Սուրիոյ, Լիբանանի, Իրաքի, Եգիպտոսի ու Լիպիոյ հետ քաղաքական հարցեր կ’ստեղծէ։ Մինչ քրիստոնեայ Եւրոպան, միջնադարիան իր քաղաքակրթութիւնը տակաւին կը քարոզէ։ Միւս կողմէ Ամերիկան, թուրքիայէն շահած տոլարները կը հաշուէ, իսկ Ռուսիան կազատար խողովակներուն ծրագիրները կը մշակէ։ Սոյն ձախող քաղաքականութեան պատճառով, մօտ յիսուն տարիներ ետք, Եւրոպայի բնակչութեան քառասուն առ հարիւրը իսլամներէ պիտի բաղկանայ։ Եւ այս մտահոգութեան նշանները բացայայտօրէն կարելի է տեսնել Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Հոլանտայի, Պելճիքայի, հիւսիսային Յունաստանի մէջ եւ այլուր։ Նոր խաչակրութեան կարիքը կա՞յ արդեօք։
Արդ ով հայորդի, վստահիր միայն քու Փրկիչիդ՝ Քրիստոսին։ Եկեղեցի գնա, մոմ վառէ եւ մեր հայրենիքի ու Արցախի խաղաղութեան համար, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի վերջնական յաղթանակին համար աղօթէ։ Վասնզի քու աղօթքդ պիտի խրախուսէ ու գօտեպնդէ հայ զինուորին։
Զարթի´ր, որդեա՛կ, աշխարհի չորս ծագերուն, պատերազմի փողն հնչեց։ Հայ ժողովուրդը մարդկային արժէքներով հարուստ ժողովուրդ մըն է։ Եւ ներկայի մեծ պատերազմին, մեր ժողովուրդի առաքինի զաւակները զինուորագրութեան, ցոյցերուն ու աղօթքներուն կողքին, բերին նաեւ իրենց նիւթաբարոյական մասնակցութիւնը։ Շատ կարճ ժամանակի մը մէջ գնահատելի գումար հաւաքուեցաւ եւ ղրկուեցաւ Հայաստան ու Արցախ, մեր հարազատներուն տեսակաւոր կարիքները հոգալու համար։ Այսօր ամբողջ աշխարհը հիացմունքով կ’արտայայտուի մեր միասնականութեան ու զոհողութեան ոգիին մասին։
Հետեւաբար ով հայորդի, դժուարին այս պահուն նիւթական նուիրատուութեամբ օգտակար դարձիր հայրենիքի ու Արցախի հարազատներուդ։
Զարթի´ր, որդեա՛կ, աշխարհի չորս ծագերուն, պատերազմի փողն հնչեց։ Այս կանչը թերեւս կարեւորագոյնն է ու ամենէն յուզիչը։ Որովհետեւ սոյն զգայացունց կանչը յատուկ կերպով ուղղուած է օտարացած, անտարբեր եւ անյայտ հայերուն։ Այս երեւոյթը, մեր ժողովուրդի մնայուն խոցելի կէտը հանդիսացած է։ Մեծ Եղեռնէն ետք ստեղծուած մտահոգութիւն մըն է, որ ցաւօք սրտի տակաւին գոհացուցիչ լուծում մը չէ ունեցած, հակառակ բոլորի բազմապիսի ջանքերուն։ Եւ դժբախտաբար անոնց թիւը շատ մեծ է. աներեւակայելի մեծ։ Հայ ժողովուրդը ուրեմն երկու մնայուն մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ. թուրքը եւ օտարացումը։ Պէտք է յաղթել երկուքին։
Այսօր բազմաթիւ երկիրներու մէջ, մեծ թիւով օտարներ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն մեր ցոյցերուն, աղօթքներուն ու դրամահաւաքին։ Մինչ այսպէս կոչուած «Մերինները» չկան, կորսուած են դժբախտաբար։ Ո՞ւր են, չենք գիտեր։ Սակայն մեր հաւատքն ու յոյսն է, որ ազգային զօրակոչի ճակատագրական այս պահուն, աշխարհատարած մեր նախաձեռնութիւնները, հրաշքի զօրութեամբ կը կարողանան այդ հատուածին մէջ վերստին կենդանացնել հայկական շունչն ու ոգին եւ պատկանելիութեան գիտակցութիւնը։ Այսօր անոնցմէ մէկունն իսկ ներկայութիւնը հազար կ’արժէ։