Զարեհ Խրախունի (Ճիւմպիւշեան Արթօ)

Զարեհ Խրախունի (Ճիւմպիւշեան Արթօ, ծնեալ 1926). Արեւմտահայ գրականութեան անզուգական Պոլիսը վերակենդանացնող նորարար ձայնն ու շունչը Ն.

0
2804

Ա­րեւմ­տա­հայ գրա­կա­նու­թեան օր­րան ­Պո­լի­սը եր­բեք չցամ­քե­ցաւ։ 24 Ապ­րիլ 1915ի ցե­ղաս­պա­նա­կան մա­հա­ցու հա­րո­ւածն ան­գամ, հա­կա­ռակ իր ա­հա­ւոր տա­րո­ղու­թեան, հա­կա­ռակ ­Պոլ­սոյ մէջ կեդ­րո­նա­ցած ա­րեւմ­տա­հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան սե­րուց­քը ան­ճի­տե­լու իր մո­լեգ­նու­թեան՝ չկրցաւ ար­մա­տէն չորց­նել հնա­ւանդ, այ­լեւ մշտա­նո­րոգ կաղ­նին հայ մտքի եւ մշա­կոյ­թի ար­գա­սա­բե­րու­թեան։
­Հոկ­տեմ­բեր 16ի այս օ­րը, 92 տա­րի ա­ռաջ, ­Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ մէջ լոյս աշ­խարհ ե­կած բա­նաս­տեղ­ծը՝ ­Զա­րեհ Խ­րա­խու­նի ա­ռան­ձինն կը բա­ւէ աշ­խար­հին վկա­յե­լու հա­մար, որ ցե­ղաս­պան թուրք պե­տու­թեան եա­թա­ղանն ան­գամ չկրցաւ ար­մա­տէն պո­կել ու աշ­խար­հի ե­րե­սէն ջնջել հայ ազ­գի փոքր ա­ծուն։
Ա­հա՛ 1991ին գրո­ւած եւ «Այս ծա­ռը սուրբ» խո­րագ­րով ՀԱՅՈՒ ԱՆՄԱՀՈՒԹԻՒ­Նը վկա­յող ­Զա­րեհ Խ­րա­խու­նիի անլ­ռե­լի ձայնն ու անս­պառ շուն­չը.-

­Ծառ տնկե­ցէք եղ­բայր­ներ
կաղ­նի սօ­սի ե­ղե­ւին
­Պար­տէ­զին մէջ — դաշ­տե­րուն
­Լե­րան վրայ — ժայ­ռե­րուն
քար­քա­րու­տին ա­պա­ռա­ժին
­Ձեր թա­ղա­րին սո­վո­րա­կան
կամ սե­ղա­նին ա­մէ­նօ­րեայ
­Ծառ տնկե­ցէք — պի­տի բռնէ ան­պայ­ման —
Ա­պա­ռա­ժը երբ փշրո­ւի հող կը դառ­նայ ար­դէն, չէ՞…
­Թէ թա­ղա­րին հո­ղը քիչ է, շա՜տ է կա­ւը բրու­տին.
­Սե­ղանն — ը­սես — չոր տախ­տակ է
կ­՛ը­սեմ քե­զի՝ ա­ռաջ փայտ էր, փայտն ալ ծառ
Ի՞նչ գի­տես, թէ ցամ­քած փայ­տը չ­՛ար­բե­նար
վրան դրո­ւած շո­ճիի թարմ ա­ւի­շէն
­Չի փաթ­թո­ւիր մատ­ղաշ ու թաց ար­մատ­նե­րուն
Ու չի՜ խրեր իր ոտ­քերն ալ հո­ղին մէջ
ինքն ալ ար­մատ չի՞ դառ­նար…
­Ծառ տնկե­ցէք — ո՛ւր ալ տնկէք՝ պի­տի բռնէ ան­պայ­ման…
­Դա­րա­կու­տակ սպա­սու­մի ու անհ­նար ըղ­ձան­քի
­Հողն է պա­րարտ — հողն է հպարտ — ջուրն հան­դարտ
թա­փո­ւած ա­րեան եւ ար­ցուն­քին պէս ա­ռատ —
Այս ծա­ռը սուրբ պի­տի կանգ­նի պի­տի ա­ճի ուռ­ճա­նայ
­Պի­տի եր­կինք բարձ­րա­նայ
Ա­մէն առ­տու այ­գա­բա­ցին ստո­ւերն ա­նոր պի­տի հաս­նի մեծ լե­րան
­Շուք պի­տի տայ ա­րե­ւա­փառ ոս­կե­ծա­ծան հան­դե­րուն
­Հա­զար բա­րեւ ու բիւր բա­րիք պի­տի առ­նէ ամ­պե­րէն
ո­րոնք կու­գան աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րէն
ու կը շո­յեն սա­ղարթն ա­նոր մշտա­դա­լար — ա­լե­ւոր…
Օ՜ տնկե­ցէք
Ա­մուր ձեռ­քով խնա­մե­ցէք
զար­դա­րե­ցէք
պաշտ­պա­նե­ցէք
պաշ­տե­ցէք
Ա­զա­տու­թեան ծառն է այս …:

Ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով ­Ճիւմ­պիւ­շեան Ար­թօ՝ ­Զա­րեհ Խ­րա­խու­նի ծնած է ­Պո­լիս, 1926ին։ Ա­ւար­տած է «Մ­խի­թա­րեան» վար­ժա­րա­նը եւ ­Պոլ­սոյ հա­մալ­սա­րա­նի փի­լի­սո­փա­յու­թեան ճիւ­ղը: Ա­պա՝ հե­տե­ւած է գրա­կա­նու­թեան եւ ա­րո­ւես­տի պատ­մու­թեան դա­սըն­թացք­նե­րու ­Փա­րի­զի մէջ:
Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տէն ետք մուտք գոր­ծած է գրա­կան աս­պա­րէզ՝ նոր ո­ճով գրո­ւած բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներ լոյս ըն­ծա­յե­լով։ ­Մաս­նակ­ցած է ­Պոլ­սոյ մէջ այդ շրջա­նին թափ ա­ռած գրա­կան զար­թօն­քի շար­ժու­մին՝ նո­րա­րա­րա­կան շունչ տա­լով ա­նոր:
Գ­րա­կան աս­պա­րէզ մուտք գոր­ծած է 1943ին՝ նոր ո­ճով գրո­ւած բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներ լոյս ըն­ծա­յե­լով։ Ա­ռա­ջին հրա­տա­րա­կո­ւած գոր­ծը՝ «­Յաղ­թա­կա­նը», լոյս տե­սած է 1948 թո­ւա­կա­նին, Մ­խի­թա­րեան ­Սա­նուց ­Միու­թեան «­Սան» գրա­կան ամ­սա­թեր­թին մէջ։ Այդ շրջա­նէն դար­ձած է յա­ռա­ջա­պահ­նե­րէն մէ­կը ­Պոլ­սոյ մէջ թափ ա­ռած գրա­կան զար­թօն­քի շար­ժու­մին՝ նո­րա­րա­րա­կան շունչ տա­լով ա­նոր:
1952էն 1958 պաշ­տօ­նա­վա­րած է «Է­սա­յեան» վար­ժա­րա­նին մէջ՝ դա­սա­ւան­դե­լով փի­լի­սո­փա­յու­թիւն, տրա­մա­բա­նու­թիւն, հո­գե­բա­նու­թիւն եւ հա­յե­րէն։ ­Հե­տա­գա­յին դա­սա­ւան­դած է «­Կեդ­րո­նա­կան» վար­ժա­րա­նի մէջ, ուր ե­ղած է տնօ­րէ­նի օգ­նա­կան։
­Ծա­ւա­լած է գրա­կան բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թիւն։ Հ­րա­տա­րա­կած է բազ­մա­թիւ բա­նաս­տեղ­ծա­կան ժո­ղո­վա­ծու­ներ, յօ­դո­ւած­ներ, ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ, գրա­խօ­սա­կան­ներ, խմբագ­րա­կան­ներ, կա­տա­րած է թարգ­մա­նու­թիւն­ներ՝ յատ­կա­պես ֆրան­սա­կան ար­դի գրա­կա­նու­թե­նէն։ Ե­ղած է 1959 թո­ւա­կա­նէն ­Պո­լիս հրա­տա­րա­կո­ւած «­Թօ» գրա­կան հան­դէ­սի խմբա­գիր­նե­րէն։
­Զա­հրա­տի եւ ­Ռո­պէր ­Հատ­տէ­ճեա­նի հետ միա­սին, ­Զա­րեհ Խ­րա­խու­նի կը հան­դի­սա­նայ իր սե­րուն­դի բա­նաս­տեղ­ծա­կան թռիչ­քին գլխա­ւոր յա­ռա­ջա­պահ­նե­րէն՝ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան նոր աշ­խարհ մը բա­նա­լով մեր ժո­ղո­վուր­դին առ­ջեւ:
­Հա­տո­րով լոյս տե­սած իր գոր­ծե­րու շար­քին են՝ «­Քար-կա­թիլ­ներ» (­Պո­լիս, 1964), «­Լուս­նա­պար­տէզ» (1968), «­Տօ­նա­կարգ» (1973), «Զ­բօ­սապ­տոյտ» (1978), «Ամպ ու ա­ւազ ա­փե­րուս» (1982), «Ես եւ ու­րիշ­ներ» (Ե­րե­ւան, 1982), «Ս­տո­ւեր եւ ար­ձա­գանգ» (1988), «Ա­զա­տեր­գու­թիւն» (1993), «­Քար ­Հա­յաս­տա­նի» (1997), «Սր­տի խօսք» եւ «­Կա­թիլ­ներ, կա­թիլ­ներ», (­Պո­լիս, 2013)։
Զ. Խ­րա­խու­նի ու­նե­ցած է նաեւ խմբագ­րա­կան աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թիւն։ ­Պա­տաս­խա­նա­տու մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րած է «­Սան» հան­դէ­սի հրա­տա­րա­կու­թեան։ Խմ­բագ­րած է «­Մար­մա­րա» թեր­թի գրա­կան բա­ժի­նը։
­Զա­րեհ Խ­րա­խու­նի վախ­ճա­նե­ցաւ ­Պո­լիս, 27 ­Նո­յեմ­բեր 2015ին։
Ս­տո­րագ­րած է գրա­կան թէ ի­մաս­տա­սի­րա­կան յօ­դո­ւած­ներ։ ­Կա­տա­րած է թարգ­մա­նու­թիւն­ներ:
Ս­փիւռ­քա­հայ գրա­կա­նու­թեան 88ա­մեայ այս մե­ծա­տա­ղանդ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը ու­նե­ցած է ու­սուց­չա­կան եր­կա­րա­մեայ գոր­ծու­նէու­թիւն:
ԻՆչ­պէս որ իր սերն­դա­կից եւ գրչեղ­բայր ­Ռո­պէր ­Հատ­տէ­ճեան կը վկա­յէ՝
«Խ­րա­խու­նի անվ­հատ եր­գիչ մըն է, որ շա­րու­նակ կը պե­ղէ հա­մա­մարդ­կա­յին պատ­մու­թիւ­նը, զոր ար­դէն շատ լաւ կը ճանչ­նայ: ­Քիչ բա­նաս­տեղծ­ներ մեր մէջ այն­քան մօ­տէն կը հա­ղոր­դո­ւին գլխա­գիր ­Պատ­մու­թեան հետ, որ­քան կը հա­ղոր­դո­ւի Խ­րա­խու­նի: ­Մեր դա­րաշր­ջա­նը, որ այժմ կը պսա­կո­ւի նոր հա­զա­րա­մեա­կով մը, եւ ­Մի­ջին ­Դա­րը, որ մնա­ցած է պատ­մու­թեան խո­րու­թիւն­նե­րուն մէջ, սան­դու­խի մը մէկ քա­նի աս­տի­ճան­նե­րով կը կա­պո­ւին ի­րա­րու եւ մեր բա­նաս­տեղ­ծը, գիտ­նա­կա­նի ու պատ­մա­բա­նի հմտու­թեամբ կ­՚իջ­նէ-կ­՚ել­լէ այդ սան­դու­խէն, իւ­րա­քան­չիւր աս­տի­ճա­նի վրայ կանգ առ­նե­լով ու դի­տե­լով հա­մայ­նա­պատ­կե­րը, որ, որ­քան ալ օ­տար աշ­խար­հագ­րու­թեան մը պատ­կա­նի, ան­պայ­ման պատ­կա­ռազ­դու հայ մը բեմ կը հա­նէ հոս կամ հոն:
«Խ­րա­խու­նի բա­նաս­տեղծ ըլ­լա­լէ ա­ռաջ, փի­լի­սո­փայ է: Եւ Խ­րա­խու­նիա­կան ա­րո­ւես­տին վրայ փի­լի­սո­փա­յու­թիւնն է, որ տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին հետզ­հե­տէ տի­րա­պե­տող դար­ձու­ցած է ա­նոր ազ­դե­ցու­թիւ­նը, ան­դին հրե­լով բուն իսկ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան ու ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան գրա­կա­նու­թեան դրոշմ­նե­րը: ­Բայց այս­քան ալ չէ: ­Փի­լի­սո­փա­յա­կան մտա­ծումն ալ իր պար­տէ­զին դռնե­րը լայ­նօ­րէն բա­ցած է գի­տա­կան ու գե­ղա­րո­ւես­տա­կան աշ­խար­հէ ստա­ցո­ւած գի­տե­լիք­նե­րու ով­կիա­նո­սի մը, ծա­նօ­թու­թիւն­նե­րու շտե­մա­րա­նա­յին պա­շա­րի մը, որ Խ­րա­խու­նիին մաս­նա­յատ­կու­թիւ­նը կը կազ­մէ»:
­Զա­րեհ Խ­րա­խու­նիի ծննդեան տա­րե­դար­ձին նուի­րո­ւած այս հա­կիրճ անդ­րա­դար­ձը շնչա­ւո­րե­լու կը ծա­ռա­յեն մեծ բա­նաս­տեղ­ծին գրա­կան ժա­ռան­գու­թեան «պար­տէզ»ին մէջ կա­տա­րո­ւած հե­տա­գայ դե­գե­րում­նե­րը, քա­ղո­ւածքն ու վկա­յու­թիւն­նե­րը.

— Եր­դիք­նե­րէն Ան­հա­մար եր­դիք­նե­րէն մէկ հա­տին Եզ­րին վրայ կամ ծայ­րին ­Ջու­րի կա­թիլ մը կը սա­հի կը հան­դի­պի ու­րի­շի մը ու կ’ը­սէ.- ­Գի­տե՞ս ինչ բան ­Քու մէջդ ինչ բան ա­մէ­նէն շատ Ա­մէ­նէն շատ կը սի­րեմ — ­Դուն ոչ մէ­կուն եւ ոչ մէ­կուն կը նմա­նիս…
­Տա­նիք­նե­րէն ­Բիւ­րա­ւոր տա­նիք­նե­րէն ­Մէ­կուն ծայ­րին կամ եզ­րին ­Ջու­րի եր­կու կա­թիլ­ներ — կա­թիլ­նե­րուն պէս բո­լոր Ա­րե­ւուն նոյն ճա­ռա­գայ­թէն նե­տա­հար Ու նո­րա­բաց ծիա­ծա­նովն ար­բե­ցած ­Կը միա­նան իբ­րեւ պտուկ մը լոյ­սի ­Կը միա­նան իբ­րեւ պտուղ երկ­նա­ծին Ու միա­ձոյլ — ծան­րա­ցած Կ­’իյ­նան հո­ղին եր­ջան­կու­թեան ար­տա­սու­քի պէս վճիտ Ու մին կ’ը­սէ միւս կէ­սին — ­Գի­տե՞ս ինչ բան ա­մէ­նէն շատ ­Պի­տի ու­զեմ յա­ջորդ ան­գամ Երբ աշ­խարհ գամ ու կա­թիմ — ­Յար եւ նման քե­զի նման կա­թի­լի մը հան­դի­պիլ…

— ­Հայ­կա­կան բա­նաս­տե­ղու­թեան «Ե­զա­կի պար­տէզ»ին ՊԱՐՏԻԶՊԱ­Նը խո­րագ­րին տակ, Խ­րա­խու­նիի մա­հո­ւան ա­ռի­թով՝ հայ­րե­նի ծա­նօթ գրա­գէտ ՊԵՏՐՈՍ ԴԵՄԻՐՃԵԱՆ գրեց.-
Աշ­խար­հա­ցունց տագ­նա­պա­լից այս օ­րե­րի մէջ ա­հա եւս մի ցա­ւա­լի լուր՝ այ­լեւս մեզ հետ չէ ­Պոլ­սոյ հայ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան ինք­նա­տիպ ան­հա­տա­կա­նու­թիւն­նե­րից մէ­կը՝ ­Զա­րեհ Խ­րա­խու­նին: ­Պոլ­սա­հայ գրա­կան հրա­շա­լի ե­ռեա­կի՝ «ե­րեք հրա­ցա­նա­կիր­ներ»ի (Գ­րի­գոր ­Շա­հի­նեա­նի բնո­րո­շու­մով) ան­բա­ժա­նե­լի ան­դամ­նե­րից մէ­կը, ո­րոնք «բա­րե­կամ­ներ էին կեան­քի մէջ եւ խո­հա­կից­ներ՝ գրա­կա­նու­թեան» եւ ո­րոնք, ան­ցեալ դա­րի կէ­սե­րին, մեծ ճի­գե­րի ու պայ­քար­նե­րի գնով, կա­րո­ղա­ցան շա­րու­նա­կել, զար­գաց­նել ու դա­սա­կան մա­կար­դա­կի հասց­նել վա­ղա­մե­ռիկ ­Կար­պիս ­Ճան­ճի­կեա­նի ու ­Հայ­կա­զուն ­Գա­լուս­տեա­նի սկզբնա­ւո­րած ոչ միայն պոլ­սա­հայ, այ­լեւ սփիւռ­քա­հայ նո­րա­գույն պոե­զիան ընդ­հան­րա­պէս:
«­Հա­շի­ւով պի­տի ը­նես ա­մէն բան…
…­Կա­մաց դան­դաղ անզ­գա­լի անշ­շուկ
ա­մէն օր ա­մէն վայր­կեան
հա­շի­ւով պի­տի մեռ­նիս…
գրել է բա­նաս­տեղ­ծը քեր­թո­ւած­նե­րից մէ­կում: ­Բայց չէ՞ որ բա­նաս­տեղ­ծի բառն ու խօս­քը, բա­ռա­րա­նա­յին ի­մաստ­նե­րից դուրս, բա­զում շեր­տեր ու­նի, ո­րոնք խորն են այն­քան, որ­քան խորն է գրո­ղի հո­գին: Եւ Խ­րա­խու­նու ա­սա­ծը ի­րա­կա­նում շեշ­տադ­րում է ա­րո­ւես­տա­գէ­տի ­Պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը ­Կեան­քի, ­Ժո­ղովր­դի եւ ­Մար­դու հան­դէպ: Ինչ­պէս իր գրչեղ­բայր ­Զահ­րա­տը կ’ա­սէր՝ «Ին­չո՞ւ էիր աշ­խարհ ե­կեր: Ի՞նչ հասկ­ցար, ի՞նչ ը­րիր, ին­չո՞ւ»: ­Յայտ­նի է մեծն ­Թէ­քէեա­նի դա­սա­կա­նա­ցած պա­տաս­խա­նը՝ «Ի՞նչ մնաց, կեան­քէն ին­ծի ի՞նչ մնաց. // ինչ որ տո­ւի ու­րի­շին, տա­րօ­րի­նակ, այդ միայն»: ­Բայց մի­թէ՞ բո­լոր ճշմա­րիտ բա­նաս­տեղծ­ներն էլ, ա­մէն մէ­կը իւ­րո­վի, նոյ­նը չեն ա­ւան­դում: Ա­հա Խ­րա­խու­նին եւս, որ գրում է՝
Ես պար­տիզ­պանն եմ այս ե­զա­կան պար­տէ­զին:
Առ­տու ցե­րեկ ի­րի­կուն // կո­րա­քա­մակ ու ծնրա­դիր հո­ղե­րուն
խո­տին բոյ­սին ծա­ղիկ­նե­րուն ծա­ռե­րուն
հոգ կը տա­նիմ օրն ի բուն…
Եւ դեռ խա­րիսխն է՝ այս կեան­քի օվ­կիա­նի ա­լե­կո­ծու­թիւն­նե­րի մէջ, հա­զար-հա­զար այ­գի­նե­րի տե­սակ-տե­սակ որ­թե­րի տե­րեւ­նե­րի ու ող­կոյզ­նե­րի մէջ կոր­սո­ւած՝ «շուտ ա­նուշ­ցա՛ծ» խա­ղո­ղի հա­տի­կը, «ճամ­բու եզ­րին –­ ա­րե­ւուն տակ» նստած քար տա­շող վար­պե­տը, որ դեռ չգի­տի՝ սե­րունդ­նե­րից պաշ­տո­ւե­լիք ա­պա­գա­յի ար­ձա՞ն է շի­նում, «քան­դա՞կ մը նուրբ յոյ­սի լոյ­սի տա­ճար­նե­րու ճա­կա­տին», հայ­րե­նա­կան ա­ւանդ­նե­րին կո­թո­ղո­ւած խաչ­քա՞ր, թէ՞ «քար մը պարզ /… /ա­րե­ւուն տակ միս-մի­նակ»: ­Նա մի բա­նաս­տեղծ էր, որ լոյ­սի ճամ­բա­ներ, լու­սա­ծա­ռե­րի ծա­ռու­ղի­ներ էր ե­րա­զում մարդ­կանց հա­մար, որ ու­նէր իր ժո­ղովր­դի ու հայ­րե­նի­քի պաշ­տա­մուն­քը: ­Ժո­ղո­վուրդ, ո­րը թէեւ փոք­րա­թիւ, բայց հա­զո­ւա­դէպ է հան­ճա­րի նման, հա­զո­ւա­գիւտ՝ շո­ղակ­նի եւ «հա­զա­րէն մէկ ընտ­րո­ւած // հա­զա­րին մէկ գոր­ծա­ծո­ւած» դափ­նիի տե­րե­ւի նման։
­Ռո­պէր ­Հատ­տէ­ճեա­նը, տա­րի­ներ շա­րու­նակ պտոյտ­ներ կա­տա­րե­լով հայ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան պար­տէ­զի մէջ, նկա­տում է, թէ «այս պար­տէ­զը սո­վո­րա­կան պար­տէ­զի չի նմա­նիր: Ան­գամ մը ծաղ­կած է, այ­լեւս կը մնայ: /…/ ­Մար­դի­կը կ’անց­նին կ’եր­թան, պար­տէ­զը կը մնայ: Եւ քա­նի որ կը մնայ, օր մը ան­պայ­ման մար­դիկ դար­ձեալ կը սկսին մտնել հոն­կէ ներս: /…/ ­Փառք ու պա­տիւ բո­լոր այն բա­նաս­տեղծ­նե­րուն, ո­րոնք մեր ժո­ղո­վուր­դը ազ­նո­ւա­ցու­ցին ի­րենց ա­րո­ւես­տով ու ներշն­չում­նե­րով»: Եւ ա­պա ա­ւե­լաց­նում՝
« …Կ­’ար­ժէր, որ ա­մէն ­Կի­րա­կի, Ս. ­Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին, ­Պա­տա­րա­գիչ մը իր սո­վո­րա­կան ա­ղօթ­քին մէջ յի­շէր նաեւ մեր գրա­կա­նու­թիւ­նը եւ ը­սէր.
­Տէ՜ր, փրկէ ազգս հա­յոց,
եւ պա­հէ, պահ­պա­նէ պար­տէ­զը՝ ազ­գիս բա­նաս­տեղ­ծու­թեան»:
­Պար­տէզ, ո­րի յա­ւեր­ժա­կան բնա­կիչ­նե­րից է այ­լեւս անկրկ­նե­լի ­Զա­րեհ Խ­րա­խու­նին, ով իր զու­լալ ու ան­խար­դախ քնա­րով մշտա­պէս մնա­լու է մեր ժո­ղո­վուր­դը ազ­նո­ւաց­նող քեր­թող­նե­րից մէ­կը:

— ԼԵՌՆ Ի ՎԵՐ
Այս այն լեռն է
Որ ա­մէ­նուս բի­բին խորն է բե­ւե­ռո­ւած
Որ ա­մէ­նուս մոր­թին տակն է — միս ոս­կոր,
Որ ապ­րում է գո­յու­թիւն է ի­րա­կան
Ու ե­րազ է ա­ռաս­պել է ան­սահ­ման
Այս այն լեռն է
Որ­մէ կու­գայ վճիտ ջու­րի ուղ­խե­րու պէս ա­րիւ­նը մեր ե­րա­կին
Ո­րուն կ’եր­թայ օ­դաս­լաց համ­բոյ­րի
պէս վեր­ջին շուն­չը մեր կուրծ­քին
Այս այն լեռն է
Որ­մէ որ­քան կը հե­ռա­նանք այն­քան կը զգանք թէ իրն ենք
Ո­րուն որ­քան կը մօ­տե­նանք այն­քան կը զգանք թէ ինչ ենք…

— Ա­խոր­ժա­լուր ձայ­նե­րը չեն, որ կը շի­նեն ե­րաժշտու­թիւ­նը, քաղց­րա­հունչ բա­ռե­րը չեն, որ կը կազ­մեն բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը, գե­ղա­տե­սիլ գոյ­նե­րը չեն, որ կը կեր­տեն նկա­րը: Ի­մա՛ստն է, որ կը բնո­րո­շէ ա­րո­ւես­տը: Ի­մաս­տը յա­րա­բե­րու­թիւն մըն է` ձայ­նե­րու, բա­ռե­րու, գոյ­նե­րու, ձե­ւե­րու, շար­ժում­նե­րու, ե­ւայլն: ­Նո՛ր յա­րա­բե­րու­թիւն մը մա­նա­ւանդ: ­Յա­րա­բե­րու­թիւն մը, որ մե­զի բան մը կ’ը­սէ, բան մը կը թե­լադ­րէ, բան մը հասկց­նել կ’ու­զէ: ­Նոր բան մը` ան­սո­վոր, ինք­նա­տիպ, անկրկ­նե­լի ձե­ւով մը տրո­ւած: