ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ-ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ — ԱԶԴԱԿ
Ժպտուն, լուրջ, գլխարկով, առանց գլխարկի… Զատիկ կղզիի հսկայ արձաններէն իւրաքանչիւրը ունի իրեն յատուկ գիծեր: Անոնք շատ գեղեցիկ են, սակայն նաեւ՝ խորհրդաւոր… Փորձենք ծանօթանալ այս տարօրինակ քանդակներուն պատմութեան:
Երկար ճամբորդութիւն մը
Զատիկ կղզիի արձաններուն հասնելու համար, ոեւէ հետախոյզ պէտք է քաջութիւնը ունենայ նաւարկելու մինչեւ Հարաւային Ամերիկայի ափերը:
Չիլիի ծովափէն հեռու, Խաղաղական ովկիանոսին մէջ է, որ կը գտնուի այս խորհրդաւոր կղզին: Ան գտնուած է եւրոպացիներու կողմէ, 1722ին, Կիրակի օր մը: Հոլանտացի նաւարար Ճաքոպ Ռոկըվիին կը փորձէր հասնիլ Աւստրալիա, սակայն ան սխալմամբ հասաւ այդ փոքր կղզիին: Այդ օրը Եւրոպայի մէջ Զատիկը կը տօնուէր: Այս պատճառով այս կղզին կոչուեցաւ Զատիկ կղզի:
Զատիկ կղզիի քաղաքակրթութիւնը
Իր երկիրը վերադառնալէ ետք, հոլանտացի հետախոյզը պատմեց, թէ ինք տեսած է հազարաւոր անձեր Զատիկի կղզիին վրայ: Ասիկա կը նշանակէ, որ այդ հողերուն վրայ կ՛ապրէին մարդիկ, եւ` շատ հին ժամանակներէն: Հնագիտական պեղումներու շնորհիւ` մասնագէտները կ՛ենթադրեն, թէ կղզի հասած առաջին մարդիկը եկած են Փոլինեզիայէն` Խաղաղական ովկիանոսին մէջ արշիպեղագոսէ մը: Աշխարհէն կտրուած` անոնք ստեղծած են իրենց յատուկ քաղաքակրթութիւնը եւ սովորութիւնները:
Այդ աւանդութիւններուն կարգին է հսկայական արձաններու` Մոայներու շինութիւնը:
Այս արձանները շինելու համար կղզիին բնակիչները հանած են Ռանօ-Ռարաքու մեծ հրաբուխէն ժայռի կտորներ: Կ՛ենթադրուի, որ անոնք այս աշխատանքները սկսած են 10րդ դարուն: Շատ դժուար աշխատանքներ, որոնք տեւած են հարիւրաւոր տարիներ (մօտաւորապէս վեց դար): Այս մեծ ճիգերէն մէջտեղ եկած են մօտաւորապէս հարիւր Մոայ: Անոնք տարածուած են կղզիին չորս կողմերը:
Քարէ հսկաներուն գաղտնիքները
Տակաւին այսօր Զատիկ կղզիի քարէ հսկաները բազմաթիւ գաղտնիքներ կը պահեն: Անկարելի է գիտնալ, թէ ճիշդ ե՛րբ անոնք տաշուած են, եւ մարդիկ տակաւին հարց կու տան, թէ ինչպէ՞ս այդ հին ժամանակներուն մարդիկ կրցած են այդքան մեծ արձաններ քանդակել: Մոայներուն հասակը կրնայ հասնիլ մինչեւ 20 մեթրի, եւ անոնք կը կշռեն, միջին հաշուով, տասնըչորս թոն:
Ասիկա կը համապատասխանէ երկու ափրիկեան փիղերու ծանրութեան:
Կղզիին վրայ գոյութիւն ունին աւելի ծանր արձաններ նաեւ:
Սակայն ինչո՞ւ կղզիի բնակիչները որոշած են ստեղծել այս հսկաները: Հաւանաբար` ներկայացնելու համար իրենց կրօնքի աստուածները: Այս պատճառո՞վ է արդեօք, որ բոլոր արձաններու շինութիւնը չէ վերջացած, արդեօ՞ք կղզիին բնակիչները դադրած են այս արձանները շինելէ, երբ անոնց հաւատքը փոխուած է…