Մեր հայրերէն մեզի աւանդուած
ժառանգութիւններէն ամէնէն շքեղը, ամէնէն իրականը մեր գեղեցիկ, հարուստ եւ
մեծավայելուչ լեզուն է, պէտք է պահպանենք
յուզումով, հրայրքով եւ խանդավառութեամբ:
Ես վստահ եմ, որ կը պաշտպանենք:
4 Փետրուարի ծնունդ է տաղանդաւոր կին գրող, այլեւ հայ իրականութեան մէջ հոգեվերլուծական վիպագրութեան յառաջապահ դրօշակիր Զապէլ Եսայեան, որ իր մնայուն ու բարձրարժէք պատուանդանը ունի հայ գրականութեան վաւերական մեծերու համաստեղութեան մէջ։
Պատահականօրէն ընտրուած չէ խորագրային բնութագրումը Զապէլ Եսայեանի։ Հայ գրականութեան կանացի շունչին փառքն ու ողբերգութիւնը մարմնաւորող հեղինակութիւնն է ան։
Մէկ կողմէ Հայ Կնոջ խղճմտանքի ձայնը առաւելագոյն հնչեղութեամբ լսելի դարձաւ Զապէլ Եսայեանի գրական ստեղծագործութեան մէջ եւ փայլք ու փառք ապահովեց գրողին։
Իսկ միւս կողմէ կանացի ինքնակեդրոնութիւնը, որ մարդկային այդ ընդհանուր տկարութեան ամէնէն բուռն դրսեւորումը կը հանդիսանայ, տիրական յատկանիշը եղաւ Զապէլ Եսայեան մարդուն եւ քաղաքացիին՝ միանգամայն պատճառ դառնալով անոր… ողբերգութեան։
Հակի՛րճ. մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կործանումն ու հայոց նորաստեղծ պետականութեան խորհրդայնացումը, Զապէլ Եսայեանի գրական ստեղծագործութիւնը նուիրուեցաւ աստուծոյ, իսկ այնուհետեւ՝ ծառայեց կայսեր, որուն անխնայ հարուածին «արժանացաւ» Զապէլ Եսայեան… 1937ի ստալինեան մաքրագործումներուն զոհ երթալով եւ անյայտ վախճան մը ունենալով։
Զապէլ Եսայեան «պապէն աւելի պապական» դարձաւ՝ ի քարոզչութիւն Հայաստանի պարտադրուած խորհրդային կարգերուն։ Թէեւ շատ լաւ կը գիտակցէր Լենին-Քեմալ մեղսակցութեամբ հայ ժողովուրդին հասցուած հարուածին ահաւորութեան, բայց ուզեց հաւատալ ու հաւատացնել, որ «Պրոմէթէոս ազատագրուած» է, ինչպէս որ 1920ականներուն իր գրած համանուն եւ անորակ վէպով ան կը պնդէր։
Զուգահեռաբար բաղդատական նշում մը կատարելով կ՛արժէ ընդգծել, որ եթէ Եղիշէ Չարենց նոր մուտք կը գործէր հայ գրականութեան ասպարէզ եւ կենսափորձ չունէր, որպէսզի զգուշաւորութեամբ խանդավառուէր «Խելագարուած ամբոխներ»ով, անդին՝ Զապէլ Եսայեան բաւարար կենսափորձ ունէր եւ գաղափարական կազմաւորման իր շրջանը աւարտած էր արդէն, երբ այդպէս խորհրդային «ազատագրում»ին գովքը սկսաւ հիւսել եւ, ողբերգականօրէն, արժանացաւ չեկիստական «երախտագիտութեան», անյայտ կորսուելով հեռաւոր ու խուլ անկիւն մը խորհրդային սարսափի կայսրութեան խաւարին մէջ։
Աւելի՛ն. Զապէլ Եսայեան եղաւ իր ժամանակի արեւմտահայ առաջին գրողն ու ազգային-քաղաքական գործիչը, որ փարիզեան իր հանգիստ կեանքն ու ունեցուածքը ետին ձգեց, իր երկու զաւակներով 1934ին փութաց Խորհրդային Հայաստան՝ վերջնականապէս հոն հաստատուելու որոշումով, բայց միայն երեք տարի կրցաւ վայելել բերկրանքը հայրենի հողին. 1937ին ձերբակալուեցաւ եւ աքսորուեցաւ…
Այս աստիճան ողբերգական վախճան ունեցաւ Զապէլ Եսայեան։
Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասին մէջ ապրող Յովհաննէսեաններու բարեկեցիկ յարկին տակ ծնաւ Զապէլ։ Տարրական կրթութիւնը ստացաւ Պոլսոյ «Ս. Խաչ» վարժարանին մէջ եւ 1895ին գնաց Փարիզ՝ բարձրագոյն ուսման հետեւելու համար։ Յաճախեց Սորպոնի համալսարանը, բազմակողմանի զարգացման տիրացաւ գրականութեան եւ փիլիսոփայութեան մէջ եւ ուսումը աւարտեց փայլուն արդիւնքով։ Փարիզի մէջ ալ ամուսնացաւ նկարիչ Տիգրան Եսայեանի հետ եւ գրական ասպարէզ մուտք գործեց Զապէլ Եսայեան ստորագրութեամբ։
Մինչեւ 1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումը, Փարիզ ապրելով եւ ստեղծագործելով, Զապէլ Եսայեան իր առաջին գործերը լոյս ընծայեց Արշակ Չոպանեանի «Ծաղիկ» եւ «Անահիտ» գրական հանդէսներուն, ինչպէս նաեւ ֆրանսական պարբերականներու մէջ։ Այդ շրջանի իր երկու ուշագրաւ գործերն են «Սպասման սրահին մէջ» (1903) եւ «Շնորհքով մարդիկ» (1907) վէպերը։
Իր մշակուած արեւմտահայերէնով, պարզ ու հաղորդական, այլեւ խորազգած ոճով եւ ազգային, քաղաքական ու հասարակական, յատկապէս կանանց իրաւունքներու եւ ազատագրումին առ ի պաշտպանութիւն խիզախ պատգամով՝ Զապէլ Եսայեան արդէն ուշադրութիւն գրաւած հեղինակ էր, երբ Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք վերադարձաւ Պոլիս եւ լծուեցաւ գրական թէ հասարակական աշխոյժ գործունէութեան։
Շռնդալից ազդեցութիւն գործեց 1909ին լոյս տեսած իր «Կեղծ հանճարներ» վէպը, ուր անխնայ հեգնանքի նշաւակ դարձուցած էր այլապէս հայ գրականութեան իւրօրինակ ու տարօրինակ հսկաներէն Տիրան Չրաքեանը՝ ԻՆՏՐԱն։ Այդ շրջանէն իսկ զգալի դարձաւ ներքին հակասականութիւնը Զապէլ Եսայեան ԵՐԵՒՈՅԹին.- Որքան սիրելի եւ հարազատ էր վիպագիրը, այնքան յաւակնոտ եւ ինքնակեդրոն էր մարդ-քաղաքացին։
1909ին, Ատանայի կոտորածներուն առիթով, Զապէլ Եսայեան մաս կազմեց ջարդի պատասխանատուներու Քննիչ Յանձնախումբին։ Մօտէն իրազեկ դարձաւ ոչ միայն հայոց ողբերգութեան, այլեւ՝ ընդհանրապէս Կիլիկիոյ հայութեան մեծ տառապանքին թրքական բռնատիրութեան ներքեւ։ Այդ ամբողջը գրականօրէն յաւերժութեան յանձնեց 1911ին լոյս տեսած իր «Աւերակներու մէջ» վէպով, որ կը նկատուի իր կարեւորագոյն գործերէն մէկը։
Եղեռնի նախօրեակին, Պոլսոյ հայ կեանքին եւ յատկապէս գրական-մշակութային մեծ զարթօնքին գլխաւոր դրօշակիրներէն եղաւ Զապէլ Եսայեան։ Գեղապաշտ սերունդի յառաջապահներէն էր, միաժամանակ հանդիսացաւ իր պատկանած կուսակցութեան՝ Դաշնակցութեան Պոլսոյ պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»ի էջերուն տիրական ներկայութիւն հաստատած հայ ազգային-ազատագրական շարժման կարեւոր պատգամաբերներուն ամէնէն դիւրահաղորդը եւ ժողովրդականը։
Թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան նախօրէին Զապէլ Եսայեան անցաւ Պուլկարիա՝ խոյս տալով թրքական ոստիկանութեան հետապնդումներէն։ Հոնկէ՝ Սեւ Ծովու վրայով անցաւ Թիֆլիս, ուր շարունակեց իր աշխոյժ գործունէութիւնը թէ՛ գրական-ստեղծագործական, թէ՛ ազգային-քաղաքական բնագաւառներու մէջ։ Այդ շրջանին կարեւոր աշխատակցութիւն բերաւ Ռուբէն Դարբինեանի խմբագրած «Գործ» հանդէսին։ Այդ շրջանին գրեց Սեբաստացի Մուրատի սեւ-ծովեան հերոսական ճամբորդութեան նուիրուած յուշավէպը։ 1919ին, երբ վերստին հաստատուած էր Փարիզ, մաս կազմեց Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան եւ իր մասնակցութիւնը բերաւ խաղաղութեան համար գումարուած խորհրդաժողովներուն՝ հայոց իրաւունքները յիշեցնելով եւ Արդարութեան մեր պահանջին իրաւատէր կանգնելով։
Նոյն այս շրջանին Զապէլ Եսայեան ապրեցաւ իր կեանքին մեծագոյն շրջադարձը։ Նախ՝ ամբողջապէս հիասթափուեցաւ եւրոպական դիւանագիտութենէն եւ մեծապետական շահամոլութենէն, ինչ որ պոլշեւիկեան «արեւածագ»ին նկատմամբ թիւրահաւատութեան մղեց զինք։ Բայց նաեւ թունդ դաւանափոխութիւն ունեցաւ՝ գինիէն դարձած քացախի պէս… ոչ միայն կռնակ դարձուց երէկի իր պաշտամունքին առարկան եղող արժէքներուն, այլեւ՝ կատաղի եւ մաղձոտ պայքար բացաւ անոնց դէմ։ Միայն մէկ օրինակ տալու համար կ՛արժէ առանձնացնել Աւետիս Ահարոնեանի նկատմամբ Զապէլ Եսայեանի… «սրտափոխութիւն»ը։ «Հայ գրականութեան թուխ Արամազդ» հռչակումը Ահարոնեան ստացած էր նոյնինքն Զապէլ Եսայեանէն, 1910ականներուն, իսկ 1926ին — արդէն խորհրդային հակադաշնակցական ատելութեան անձնատուր դարձած — Զապէլ Եսայեան միայն հեգնանքի եւ արգահատանքի արժանի կը նկատէր Հայկական Ազատամարտի մեծանուն երգիչին։
Զապէլ Եսայեանի գրական ժառանգութեան եւ գաղափարական աշխարհին կ’արժէ պարբերաբար՝ կրկին ու կրկին անդրադառնալ։ Իսկ Յուշատետրի այսօրուան էջով, հայ գրականութեան կանացի շունչին փառքն ու ողբերգութիւնը լուսարձակի տակ առնելով, կþարժէ եզրափակել երկու խօսուն նշումներով։
17 Դեկտեմբեր 1934ին, Երեւանէն Աւետիք Իսահակեանի ուղղուած նամակի մը մէջ, Զապէլ Եսայեան ջերմագին կը յորդորէր այդ ժամանակ դեռ արտասահման ապրող Իսահակեանին, որ այլեւս վերադառնայ Հայաստան, ուր կը կերտուի հայ ժողովուրդին լուսաւոր գալիքը…
Իսկ 2003ին, Զապէլ Եսայեանի ծննդեան 135ամեակին առթիւ, տեղի ունեցաւ առաջին ցուցադրութիւնը մեծանուն հայ կին գրողին նուիրուած վաւերագրական ժապաւէնի մը, որուն սկզբնաւորութեան կը ներկայացուէին երեւանեան փողոցներու մէջ պատահական անցորդներու հետ ոտքի վրայ կատարուած արագ զրոյցներ՝ Զապէլ Եսայեանի մասին անցորդներու ունեցած տեղեկացուածութիւնը ստուգելու նպատակով։
«Ազգ»ի 11 Մարտ 2003ի համարին վկայութեամբ՝ անցորդներէն ոչ մէկուն ծանօթ էր… Զապէլ Եսայեան անունը։
Ահա՛ ողբերգական երեսը Զապէլ Եսայեանի փառքին։
Այդ բոլորով Զապէլ Եսայեան նուաճեց բարձրադիր իր պատուանդանը հայ ժողովուրդի մտքին ու սրտին մէջ՝ արժանանալով Մեծն Յակոբ Օշականի բացարձակ գնահատանքին՝
«Մեր գրականութեան մէջ ամէնէն կանացի զգայնութիւնն է անիկա.- քնքշութիւն, գորով, գութ, վայելչութիւն եւ ճաշակ։ Իր գործին երեք մեծ կեդրոնները կազմեցին Փարիզ, Պոլիս, Հայաստան, որոնց գոյները կը պահեն բնականութիւն, որքան տեղական հաստատ նկարագիր։ Զ. Եսայեանի մէջ հայ գրականութեան ամէնէն սխրալի շնորհները, կանացի զգայնութեան ամէնէն սրտայոյզ խռովքները ու մեր ժողովուրդի հոգիին ամէնէն խորունկ սարսուռները իրարու կը միանան։ Անիկա խղճմտանք մըն է, սիրտ մըն է, միտք մըն է, հաւասար ամրութեամբ ու արդարութեամբ։ Տիկին Եսայեանի գործը ամբողջ մըն է։ Անոր երկու մեծ բեւեռները՝ անհատներու հոգին եւ ժողովուրդներուն հաւաքական զգայնութիւնը ընդմիշտ նուաճուած կը մնան անխորտակելի գործերու մէջ։ Զ. Եսայեան արեւմտահայ գրականութեան ամէնէն ամբողջ յաջողութիւնն է»։