Կի­րա­կի՝ Ապ­րիլ 2ին, Ի­րա­քեան ­Քիւր­տիս­տա­նի ­Զա­խօ քա­ղա­քի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցո­ւած է Ս. ­Պա­տա­րագ եւ հո­գե­հանսգս­տեան պաշ­տօն՝ ­Քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մի հե­րոս նա­հա­տակ­նե­րուն հա­մար:Այս մա­սին «­Հա­յերն Այ­սօր»ին կը յայտ­նէ ­Զա­խո­յի հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Մամբ­րէ Քհնյ. Հ­մա­յեա­կեան, որ ե­կե­ղեց­ւոյ մուտ­քին տե­ղադ­րած է նա­հա­տակ­նե­րու ա­նուն­նե­րու ցան­կը, որ­պէս­զի ժո­ղո­վուր­դը ա­նուն­նե­րով ճանչ­նայ իր նա­հա­տակ հե­րոս­նե­րը: ­Տէր ­Հայ­րը քա­րո­զին մէջ նշած է, որ հայ ժո­ղո­վուր­դը միշտ ալ յաղ­թած է, երբ միաս­նա­կան ե­ղած է։ ­Նաեւ՝ խօ­սած է այն տե­սա­կէ­տին մա­սին, որ երկ­րի հա­սա­րա­կա­կան-տնտե­սա­կան վի­ճա­կին պատ­ճա­ռով մէկ օր ալ չենք դի­մա­նար պա­տե­րազ­մին. ա­տի­կա սուտ է, հա­յու սիր­տը ա­ռիւ­ծի սիրտ է, որ կը յի­շէ թուր­քե­րու ա­րարք­նե­րը իր նախ­նի­նե­րուն նկատ­մամբ, եւ այդ սիր­տը ոչ թէ փախ­չիլ կը նա­խընտ­րէ, այլ ինք­զինք նռնա­կով կը պայ­թեց­նէ՝ զինք շրջա­պա­տող թուր­քե­րուն հետ միա­սին: