Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւ­նը 25 տո­կո­սով պի­տի մեծց­նէ ­Հա­յաս­տա­նի զար­գաց­ման ուղ­ղո­ւող ա­ջակ­ցու­թիւ­նը` տրա­մադ­րե­լով նաեւ ար­հես­տա­գի­տա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան եւ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան մի­ջեւ «­Հա­մա­պար­փակ եւ ընդ­լայ­նուած գոր­ծըն­կե­րու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գիր»ի ի­րա­կա­նաց­ման նպա­տա­կով, որ պի­տի կազ­մէ ա­մե­նա­մեայ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ծրագ­րին մեծ մա­սը: «Ար­մենփ­րես»ի փո­խանց­մամբ` այս մա­սին լրագ­րող­նե­րու հետ հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ տե­ղե­կա­ցու­ցած է ­Հա­յաս­տա­նի մօտ Ե.Մ. պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ղե­կա­վար, դես­պան ­Փի­թըր ­Սո­ւի­թալս­քի:
«­Մին­չեւ 2020 թո­ւա­կա­նը միաս­նա­կան ա­ջակ­ցու­թեան ծի­րէն ներս պի­տի տրա­մադ­րո­ւի 170 մի­լիոն եւ­րօ: ­Սա­կայն ա­սի­կա չի սպա­ռեր այն հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք կրնան բա­ցո­ւիլ այս հա­մա­ձայ­նա­գի­րի ստո­րագ­րու­մով»,- ը­սած է պաշ­տօ­նա­տա­րը:
Անդ­րա­դառ­նա­լով հա­մա­ձայ­նա­գի­րէն բխող քայ­լե­րու կա­տար­ման ար­դիւն­քով սպա­սո­ւող տնտե­սա­կան օ­գուտ­նե­րուն` ­Փի­թըր ­Սո­ւի­թալս­քի նկա­տել տո­ւած է, որ այս փաս­տա­թուղ­թը կը պա­րու­նա­կէ նոր տար­րեր, ո­րոնք հա­մադ­րե­լի են Ա­ռեւ­տու­րի ­Հա­մաշ­խար­հա­յին ­Կազ­մա­կեր­պու­թեան կար­գին հետ, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ կրնան ծա­ռա­յել իբ­րեւ ե­րաշ­խիք եւ­րո­պա­ցի տնտես­վա­րող­նե­րու եւ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու հա­մար` մեծց­նե­լու հա­մար ա­ռեւ­տու­րի ծա­ւալն ու ներդ­րում­նե­րը ­Հա­յաս­տա­նի մէջ:
«­Մենք յոյս ու­նինք, որ այս տար­րե­րը հան­դէս կու գան որ­պէս ե­րաշ­խիք` վկա­յե­լով ­Հա­յաս­տա­նի մէջ գոր­ծա­րա­րու­թեան ժա­մա­նա­կա­կից, ա­րեւմ­տեան չա­փո­րո­շիչ­նե­րուն մա­սին: ­Մենք կը կար­ծենք, որ այս հա­մա­ձայ­նա­գի­րը խրա­խու­սող դեր պի­տի ու­նե­նայ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու հա­մար»,- ա­ւել­ցու­ցած է ­Փի­թըր ­Սո­ւի­թալս­քի:
­Յի­շեց­նենք, որ Պ­րիւք­սէ­լի մէջ ­Նո­յեմ­բեր 24ին Հ.Հ. նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի եւ Եւ­րո­պա­կան ­Խոր­հուր­դի նա­խա­գահ ­Տա­նըլտ ­Թուս­քի ներ­կա­յու­թեամբ ստո­րագ­րո­ւած էր ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան եւ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան մի­ջեւ «­Հա­մա­պար­փակ եւ ընդ­լայ­նո­ւած գոր­ծըն­կե­րու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գիր»ը։